24
êÇñ»ÉÇ Ñ³Ûñ»Ý³ÏÇóÝ»ñ, ÎÁ շ³րáõݳÏáõÇ ÐÚ¸ ÎÇåñáëÇ ÎáÙÇï¿áõû³Ý ѳݷ³Ý³ÏáõÃÇõÝÁ Ç Ýå³ëï »ñÇï³- ë³ñ¹³Ï³Ý Íñ³·ÇñÝ»ñáõ Çñ³·áñÍٳݣ سëݳÏó»ó¿°ù ëáÛÝ Ñ³Ý·³Ý³Ïáõû³Ý, Ó»ñ ëñï³μáõË ÝáõÇñ³ïáõáõÃÇõÝÝ»ñÁ ÷á˳Ýó»- Éáí Ñ»ï»õ»³É Ó»õ»ñáí. ²ÝÓ³Ùμª Ú³Ïáμ ¶³½³Ý×»³Ý 99394414, ì³Ñ³Ý ²Ûݿ׻³Ý 99627867, ê»õ³Ï ÎÇõñÇõÝÉ»³Ý 99202923, ð³ýýÇ Ø³Ñï»ë»³Ý 99441588, ²ñÃû ¸³õÇû³Ý 99633715£ öáëïáíª Armeniko Kentro Neoleas, POBox 21171, 1503 Lefkosia ¸ñ³Ù³ïݳÛÇÝ ÷á˳ÝóáõÙáíª Armeniko Kentro Neoleas a/c 010-21-006841 IBAN: 19 0030 0010 0000 0010 2100 6841 SWIFT Code: LIKICY2N ÎÆäð²Ð²Ú ¶²ÔàôÂÆ 30-ñ¹ î²ðÆ, #12, ¸ºÎîºØ´ºð 2011 ²Úê ÂÆôàì ²Úê ÂÆôàì ²Úê ÂÆôàì www.artsakank.com.cy 2-8 ÎÇåñ³Ñ³Û 17-20 Ð³Û Î»³Ýù 21-22 Նազարէթ Պէրպէրեան 9 30 î²ðÆ Յարութ Սասունեան 10 Շահան Գանտահարեան 9 Âáõñùdz 14-16 ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅ 3 ՀՅԴ 121 12-13 ՍԼԷՅՄԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ 4 ԱՀՄԵՏԻՆԵԺԱՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆ 4 Վերա Եագուպեան 11 ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբ 18 Թաթուլ Յակոբեան 17 Երեսփոխան Ժան Քրիսթոֆ Լակարտ ըսաւ, որ Նոր կեդրոն խմբակցութիւնը գոհ է այս օրէնքի բնագիրին հա- ւասարակշիռ բովանդակութենէն: «Հայոց ցեղասպանու- թեան ճանաչումը աւելի ուշ որդեգրուած է, քան հրէ- ականը, եւ ես կը կարծեմ, որ այս օրէնքի որդեգրումը Ֆրանսայի համար անհրաժեշտ յառաջընթաց մըն է», ըսաւ ան: Ըստ Լակարտի, ցեղասպանութեան ժխտումը պէտք է դատապարտել, հակառակ պարագային անիկա պիտի դառնայ նոր ցեղասպանութեան հիմք, եւ ֆրանսացի երեսփոխանները իրաւունք չունին աչք փակելու ցեղաս- պանութեան նկատմամբ: Իշխող Միութիւն յանուն ժողովրդային շարժումի կու- սակցութենէն երեսփոխան Ռընօ Միւսելիէ յայտարարեց, որ Թուրքիա իր միջազգային դիրքը պիտի ամրապնդէ, եթէ Գերմանիոյ նման իր անցեալը ընդունի: Ան անուղ- ղակի կերպով Էրտողանի վերջերս կատարած յայտարա- րութեան պատասխանելով ըսաւ, որ այս օրինագիծը Թուրքիոյ, թուրք ժողովուրդին կամ Ֆրանսայի թուրք հա- մայնքին դէմ ուղղուած չէ: Ըստ Միւսելիէի, այդ օրէնքը կը համապատասխանէ հանրապետութեան արժէքներուն եւ աւանդութիւննե- րուն: «Անգամ մը եւս ըսենք, որ այս օրէնքը Թուրքիոյ դէմ չէ եւ որեւէ համայնքի շահերը չի պաշտպաներ: Անիկա պարզապէս թոյլ կու տայ ժխտողականութեան երեւոյթէն պաշտպանուելու: Եւ վերջապէս կ՛ուզեմ ըսել, որ Թուր- քիոյ պաշտօնեաներուն պատիւ պիտի բերէ իրենց պատ- մութեան հայեացք նետելը», ըսաւ Միւսելիէ: Միութիւն յանուն ժողովրդային շարժումի կուսակցու- թենէն հայազգի երեսփոխան Փաթրիք Տեւեճեան խորհըր- դարանին առջեւ իր արտասանած խօսքին ընթացքին յայտնեց, որ կարծիքի ազատութիւնը եւ քարոզչութիւնը պէտք չէ իրարու հետ շփոթել: Ան ընդգծեց, որ քննար- կըւող օրինագիծը ուղղուած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտող Թուրքիոյ պետական քարոզչութեան դէմ: Օրինագիծի որդեգրումէն ետք, Ֆրանսայի Հայ դատի գրասենեակի տնօրէն Հրաչ Վարժապետեան խօսելով խորհրդարանին մէջ տիրած մթնոլորտին մասին յայտ- նեց. «Երկու բան շատ դիպուկ էր: Նախ ըսեմ, որ քննար- կումներուն համար միայն մէկուկէս ժամ տրամադրուած էր, սակայն անոնք տեւեցին երեքուկէս ժամ, ինչ որ ինք- նին կը վկայէ քննարկումներուն բուռն ըլլալուն մասին: Սակայն ըսեմ, որ արտայայտուող երեսփոխանները` ըլ- լան անոնք աջակողմեան, թէ ձախակողմեան, իշխանա- ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՑ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԺԽՏՈՒՄԸ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՆՈՂ ՕՐԷՆՔԸ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԺԽՏՈՒՄԸ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՆՈՂ ՕՐԷՆՔԸ Ֆրանսայի խորհրդարանը Դեկտեմբեր 22-ին աւելի քան երեքուկէս ժամ տեւած քննար- կումներէ ետք որդեգրեց Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը, որ խորհրդարանին ներկայացուած էր երեսփոխան Վալերի Պուայէի առաջարկով: Ան խորհրդարանին մէջ իր արտասանած խօսքին ընթացքին յայտնեց, որ թրքական սպառ- նալիքները չեն յարգեր Ֆրանսայի գերիշխանութիւնը, եւ իր գործընկերներուն կոչ ուղղեց որդեգրելու օրինագիծը, որ “որեւէ երկրի դէմ ուղղուած չէ”: ՀՄԸՄ-ՀԵՄ Պարահանդէս 20

Artsakank December 2011 issue

Embed Size (px)

DESCRIPTION

ARTSAKANK is the Armenian monthly newspaper of the Cyprus Armenian community, which goes to over a thousand addresses by post every month. www.artsakank.com.cy is updated daily with news in Armenian and English languages.

Citation preview

êÇñ»ÉÇ Ñ³Ûñ»Ý³ÏÇóÝ»ñ,

ÎÁ շ³րáõݳÏáõÇ ÐÚ¸ ÎÇåñáëÇ ÎáÙÇï¿áõû³Ý ѳݷ³Ý³ÏáõÃÇõÝÁ Ç Ýå³ëï »ñÇï³-

ë³ñ¹³Ï³Ý Íñ³·ÇñÝ»ñáõ Çñ³·áñÍٳݣ

سëݳÏó»ó¿°ù ëáÛÝ Ñ³Ý·³Ý³Ïáõû³Ý, Ó»ñ ëñï³µáõË ÝáõÇñ³ïáõáõÃÇõÝÝ»ñÁ ÷á˳Ýó»-

Éáí Ñ»ï»õ»³É Ó»õ»ñáí.

²ÝÓ³Ùµª Ú³Ïáµ ¶³½³Ý×»³Ý 99394414, ì³Ñ³Ý ²Ûݿ׻³Ý 99627867, ê»õ³Ï ÎÇõñÇõÝÉ»³Ý 99202923, ð³ýýÇ Ø³Ñï»ë»³Ý 99441588, ²ñÃû ¸³õÇû³Ý 99633715£ öáëïáíª Armeniko Kentro Neoleas, POBox 21171, 1503 Lefkosia ¸ñ³Ù³ïݳÛÇÝ ÷á˳ÝóáõÙáíª Armeniko Kentro Neoleas a/c 010-21-006841 IBAN: 19 0030 0010 0000 0010 2100 6841 SWIFT Code: LIKICY2N

ÎÆäð²Ð²Ú ¶²ÔàôÂÆ 30-ñ¹ î²ðÆ, #12, ¸ºÎîºØ´ºð 2011

²Úê ÂÆôàì²Úê ÂÆôàì²Úê ÂÆôàì

www.artsakank.com.cy

2-8

ÎÇåñ³Ñ³Û 17-20

Ð³Û Î»³Ýù

21-22

Նազարէթ Պէրպէրեան

9

30

î²ðÆ

Յարութ Սասունեան

10

Շահան Գանտահարեան

9

Âáõñùdz

14-16

ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅ

3

ՀՅԴ 121 12-13

ՍԼԷՅՄԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

4

ԱՀՄԵՏԻՆԵԺԱՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

4

Վերա Եագուպեան

11

ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբ

18

Թաթուլ Յակոբեան

17

Երեսփոխան Ժան Քրիսթոֆ Լակարտ ըսաւ, որ Նոր

կեդրոն խմբակցութիւնը գոհ է այս օրէնքի բնագիրին հա-

ւասարակշիռ բովանդակութենէն: «Հայոց ցեղասպանու-

թեան ճանաչումը աւելի ուշ որդեգրուած է, քան հրէ-

ականը, եւ ես կը կարծեմ, որ այս օրէնքի որդեգրումը

Ֆրանսայի համար անհրաժեշտ յառաջընթաց մըն է»,

ըսաւ ան:

Ըստ Լակարտի, ցեղասպանութեան ժխտումը պէտք է

դատապարտել, հակառակ պարագային անիկա պիտի

դառնայ նոր ցեղասպանութեան հիմք, եւ ֆրանսացի

երեսփոխանները իրաւունք չունին աչք փակելու ցեղաս-

պանութեան նկատմամբ:

Իշխող Միութիւն յանուն ժողովրդային շարժումի կու-

սակցութենէն երեսփոխան Ռընօ Միւսելիէ յայտարարեց,

որ Թուրքիա իր միջազգային դիրքը պիտի ամրապնդէ,

եթէ Գերմանիոյ նման իր անցեալը ընդունի: Ան անուղ-

ղակի կերպով Էրտողանի վերջերս կատարած յայտարա-

րութեան պատասխանելով ըսաւ, որ այս օրինագիծը

Թուրքիոյ, թուրք ժողովուրդին կամ Ֆրանսայի թուրք հա-

մայնքին դէմ ուղղուած չէ:

Ըստ Միւսելիէի, այդ օրէնքը կը համապատասխանէ

հանրապետութեան արժէքներուն եւ աւանդութիւննե-

րուն: «Անգամ մը եւս ըսենք, որ այս օրէնքը Թուրքիոյ դէմ

չէ եւ որեւէ համայնքի շահերը չի պաշտպաներ: Անիկա

պարզապէս թոյլ կու տայ ժխտողականութեան երեւոյթէն

պաշտպանուելու: Եւ վերջապէս կ՛ուզեմ ըսել, որ Թուր-

քիոյ պաշտօնեաներուն պատիւ պիտի բերէ իրենց պատ-

մութեան հայեացք նետելը», ըսաւ Միւսելիէ:

Միութիւն յանուն ժողովրդային շարժումի կուսակցու-

թենէն հայազգի երեսփոխան Փաթրիք Տեւեճեան խորհըր-

դարանին առջեւ իր արտասանած խօսքին ընթացքին

յայտնեց, որ կարծիքի ազատութիւնը եւ քարոզչութիւնը

պէտք չէ իրարու հետ շփոթել: Ան ընդգծեց, որ քննար-

կըւող օրինագիծը ուղղուած է Հայոց ցեղասպանութիւնը

ժխտող Թուրքիոյ պետական քարոզչութեան դէմ:

Օրինագիծի որդեգրումէն ետք, Ֆրանսայի Հայ դատի

գրասենեակի տնօրէն Հրաչ Վարժապետեան խօսելով

խորհրդարանին մէջ տիրած մթնոլորտին մասին յայտ-

նեց. «Երկու բան շատ դիպուկ էր: Նախ ըսեմ, որ քննար-

կումներուն համար միայն մէկուկէս ժամ տրամադրուած

էր, սակայն անոնք տեւեցին երեքուկէս ժամ, ինչ որ ինք-

նին կը վկայէ քննարկումներուն բուռն ըլլալուն մասին:

Սակայն ըսեմ, որ արտայայտուող երեսփոխանները` ըլ-

լան անոնք աջակողմեան, թէ ձախակողմեան, իշխանա-

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՑ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԺԽՏՈՒՄԸ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՆՈՂ ՕՐԷՆՔԸՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԺԽՏՈՒՄԸ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՆՈՂ ՕՐԷՆՔԸ

Ֆրանսայի խորհրդարանը Դեկտեմբեր 22-ին աւելի քան երեքուկէս ժամ տեւած քննար-կումներէ ետք որդեգրեց Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը, որ խորհրդարանին ներկայացուած էր երեսփոխան Վալերի Պուայէի առաջարկով: Ան խորհրդարանին մէջ իր արտասանած խօսքին ընթացքին յայտնեց, որ թրքական սպառ-նալիքները չեն յարգեր Ֆրանսայի գերիշխանութիւնը, եւ իր գործընկերներուն կոչ ուղղեց որդեգրելու օրինագիծը, որ “որեւէ երկրի դէմ ուղղուած չէ”:

ՀՄԸՄ-ՀԵՄ Պարահանդէս

20

2 Ð³Û Î»³Ýù

Ðñ³ï³ñ³ÏáõÃÇõÝ ÐÚ¸ §²½³ï³Ù³ñï¦

ºñÇï³ë³ñ¹³Ï³Ý λ¹ñáÝÇ

ì³ñÇã ÊÙµ³·Çñ

¸³õÇû³Ý ²ñÃû

ÊÙµ³·ÇñÝ»ñ ²Ûݿ׻³Ý ì³Ñ³Ý

¶³½³Ý×»³Ý Ú³Ïáµ

²ß˳ï³ÏÇóÝ»ñ ¸³õÇû³Ý ܳñ»Ï ¸³õÇû³Ý ê»åáõÑ

г×ÇÉÇñ³ë ²É»ùë³Ý¹ñ-ØÇù³Û¿É سÝáõß»³Ý سñÇÝ¿

¾ç³¹ñáõÙ ¸³õÇû³Ý ²ñÃû

γÛù¿çÇ ä³ï³ë˳ݳïáõ ÎÇõñÇõÝÉ»³Ý ê»õ³Ï

"ARTSAKANK" Monthly

Published by "Azadamard" Armenian Youth Centre

Nicosia, Cyprus

"ΑΡΤΣΑΚΑΝΚ" Μηνιαία Εφημερίδα Έκδοση Αρμενικού Κέντρου Νεολαίας Υπεύθυνος Έκδοσης: Άρτο Ταβιτιάν

P.O.Box 21171 CY-1503, Nicosia Cyprus

www.artsakank.com.cy [email protected]

¸ºÎîºØ´ºð 2011

մէտ թէ ընդդիմադիր, շատ յստակ կերպով մինչեւ

ծայր գացին օրինագիծի որդեգրման համար` զայն

տեղադրելով ֆրանսական օրէնքի սահմաններուն

մէջ, պաշտպանելու համար Ֆրանսայի հայ քաղա-

քացին, որ օրէնքով կ՛ուզէ պաշտպանուիլ թրքական

պետութեան ժխտողական քաղաքականութենէն:

«Երկրորդ յստակ կէտը այն էր, որ թրքական պե-

տութեան վերջին օրերու բոլոր սպառնալիքները,

ճնշումներն ու շանթաժները շատ յստակ կերպով

դատապարտուեցան ֆրանսացի երեսփոխաննե-

րուն կողմէ, որոնք յայտնեցին, որ Թուրքիան սպառ-

նալու փոխարէն պէտք է իր պատմութիւնը վերա-

տեսութեան ենթարկէ, եթէ կ՛ուզէ մեծ պետութեան

մը տիպար դիմագիծ ունենալ»:

Վարժապետեան յայտնեց, որ թուրքերը խորհըր-

դարանին առջեւ մեծաթիւ ցոյց մը կատարած են,

սակայն թրքավարի ցոյց մը, որուն ընթացքին բոլոր

պաստառներն ու կար-

գախօսերը հակա-

ֆրանսական եւ ցեղա-

պաշտական էին, ինչ-

պէս նաեւ Ֆրանսայի

դէմ եւ ոչ թէ հայու-

թեան, ինչ որ առիթ մը

եղաւ, որպէսզի այն

ֆրանսացիներն ու եւ-

րոպացիները, որոնք

նոր Թուրքիայով հմայ-

ւած են, տեսնեն, թէ ո՛վ

է նոր Թուրքիան:

Գնահատելով քուէարկութեան արդիւնքը` Հայ

դատի գրասենեակի տնօրէնը յայտնեց, որ «անիկա

արդիւնքն է հայ համայնքի բոլոր հոսանքներուն մի-

ացեալ հետապնդումին եւ պայքարին: Բնականա-

բար, զայն դրական կը գնահատենք: Շնորհակալ

ենք աջակողմեան եւ ձախակողմեան այն բոլոր

երեսփոխաններուն, որոնք կրցան իրենց բարձրու-

թեան վրայ մնալ եւ ի նպաստ այս օրէնքին քուէար-

կեցին:

Անշուշտ, որոշ վերապահութիւն կը պահենք յա-

ջորդ քայլերուն նկատմամբ: Այժմ այս օրինագիծը

պէտք է ծերակոյտին մէջ եւս վաւերացուի: Մենք

կ՛ակնկալենք, որ յառաջիկայ Յունուարին ծերա-

կոյտը եւս հետեւի խորհրդարանի դրական օրինա-

կին, որպէսզի Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը

քրէականացնող այս օրինագիծը միանգամընդմիշտ

Ֆրանսայի տարածքին օրէնքի ուժ ստանայ»:

ԹՐՔԱԿԱՆ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա որոշած է Ֆրանսայի հետ իր քաղաքական, տնտեսական եւ զինուո-

րական բոլոր ժողովները ջնջել, պաշտօնական հա-

ղորդակցութիւնը դադրեցնել եւ զինուորական հա-

մաձայնագիրները սառեցնել: Ան ըսաւ, որ Հայոց ցե-

ղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինա-

գիծի որդեգրման որոշումը Ֆրանսայի հետ յարա-

բերութեան մէջ դժուար բուժելի վէրք մը պիտի բա-

նայ, եւ ցեղապաշտական ու խտրականութեան հի-

մամբ կատարուած է: Նախքան օրինագիծի որդեգրումը Էրտողան յայ-

տարարած էր, որ «չպատասխանելով Թուրքիոյ ար-

տաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի հեռաձայնի զանգին, Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի քաղաքական մեծ սխալ կը գործէ»: Ան ըսած էր, որ «Թուրքիան օրինագիծի որդեգրման պարագային գործադրուելիք գործողութիւններու փուլային նախագիծ կը պատրաստէ»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնեց, որ օրինագիծի որդեգրումը թուրք ժողովուրդին նկատմամբ անարգանք է: Ըստ թրքական «Թէ.Ռէ.Թէ.» պատկերասփիւռի կայանին, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւ-փէ Տաւութօղլուին հեռաձայնելով յայտնած է, որ «դուք գիտէք հայկական վարկածներուն վերաբեր-եալ օրինագիծին նկատմամբ մեր կեցուածքը, եւ մեր երկկողմանի յարաբերութիւնները պէտք չէ վատ-թարանան»: Տաւութօղլու պատասխանած է հարց տալով. «Եթէ Փարիզ երթամ եւ ինծի այդ վարկած-ներուն վերաբերեալ հարցում ուղղուի, լուռ մնա՞մ, թէ՞ ըսեմ, որ ֆրանսական խորհրդարանը այս հար-ցէն աւելի տեղեակ է»` աւելցնելով, որ «յամենայն դէպս, պիտի չլռեմ եւ ճշմարտութիւններուն մասին պիտի խօսիմ»:

Անդրադառնալով Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի` իր թուրք պաշտօնակից Ապտիւլլա Կիւլի հեռաձայնի զանգերուն պատասխանել մեր-

ժելու կեցուածքին` Տաւութօղլու նշեց, որ «քաղա-

քակիրթ աշխարհի մը մէջ կ՛ապրինք, եւ նոյնիսկ պատերազմի կացութեան մէջ կարելի է տեսակէտ փոխանակել»: «Այս հեռաձայնի զանգերուն պա-

տասխանելու իրենց մերժումը ցոյց կու տայ, թէ մե-

զի ոչինչ ունին ըսելիք»: Օրինագիծի որդեգրումէն ետք, Անգարա Ֆրան-

սայի մէջ իր դեսպան Թահսին Պուրճուօղլուն տուն կանչեց: Ըստ թրքական «Սապահ» օրաթերթին` այդ քայլը ժամանակաւոր է:

«Միլլիյէթ» իր կայքէջին վրայ գրեց, որ «Ֆրանսա «Հայոց ցեղասպանութեան» ժխտումը քրէականա-

ցընող օրինագիծը որդեգրեց: Այսուհետեւ «ցեղաս-

պանութիւնը» մերժողները բանտ պիտի նստին»: «Սապահ» գրեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան ժըխ-

տումը քրէականացնող օրէնքը ձայներու մեծամաս-

նութեամբ որդեգրուեցաւ: Իսկ օրինագիծը պատմա-

բաններուն եւ ուսումնասիրողներուն յանձնելու առաջարկը մերժուեցաւ»: «Զաման» օրաթերթը գրեց, որ «հայ-ֆրանսական օրինագիծը որդեգրուե-

ցաւ: Այսպէս կոչուած Հայոց ցեղասպանութեան մերժման պարագային ազատազրկում եւ դրամա-

կան պատիժի սպառնալիք կայ»:

«ՄԵՆՔ ՄԵՐ ԹՈՒՐՔ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄՈԶՈՒՄՆԵՐԸ ԿԸ ՅԱՐԳԵՆՔ,

ԱՆՈՆՔ ԱԼ ՄԵՐ ՀԱՄՈԶՈՒՄՆԵՐԸ ՊԷՏՔ Է ՅԱՐԳԵՆ» Կ՛ԸՍԷ ՍԱՐՔՈԶԻ

Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի երէկ անդրադարձաւ Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրման եւ թրքական կողմին կոչ ուղղեց յարգելու ֆրանսական կողմին համոզում-ները:

«Ես յարգանքով կը վերաբերիմ մեր թուրք ըն-

կերներուն: Թուրքիա շատ մեծ երկիր է եւ շատ մեծ մշակոյթ ունի: Սակայն, անոնք եւս պէտք է յարգան-

քով վերաբերին մեր դիրքորոշումին», ըսաւ Ֆրան-

սայի նախագահը: Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը իր

կարգին յայտարարեց, որ Էրտողանի յայտարարու-

թիւնները չափազանցուած են: Նշենք, որ Էրտողան Ֆրանսան ամբաստանեց Ալճերիոյ մէջ ցեղասպա-

նութիւն գործելու յանցանքով: Ան ըսաւ, որ «եթէ Սարքոզի այդ մասին չի գիտեր, թող Ալճերիոյ մէջ ֆրանսական բանակին մէջ ծառայած իր հօր հարցնէ»:

«ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ ՈՐՈՇՈՒՄԸ ԱՆԸՆԴՈՒՆԵԼԻ Է»

Կ՛ԸՍԷ ՄԱՄԵՏԵԱՐՈՎ

ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով հետեւեալը յայտարարութիւնը կա-

տարած է. «Ֆրանսայի խորհրդարանին որոշումը մեզի հա-

մար անընդունելի է: Եթէ անոնք իրենց վերաբեր-

մունքը կ՛արտայայտեն հարիւր տարի առաջ տեղի ունեցածին նկատմամբ, ապա թող իրենց վերաբեր-

մունքը արտայայտեն նաեւ Խոջալուի ցեղասպա-

նութեան, մէկ միլիոն ազրպէյճանցիներու գաղթա-

կան, հարկադիր գաղթական դառնալու փաստին առնչութեամբ»:

3 Ð³Û Î»³Ýù ¸ºÎîºØ´ºð 2011

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԱԿԱՆ ՆԱՄԱԿ

ԿԸ ՅՂԷ ՍԱՐՔՈԶԻԻՆ

Նախագահ Սերժ Սարգսեան նա-

մակ յղեց Ֆրանսայի նախագահ Նիքո-

լա Սարքոզիին` Ֆրանսայի Ազգային ժողովին կողմէ ցեղասպանութիւննե-

րու ժխտումը դատապարտող օրինա-

գիծի ընդունման առիթով: Նախագահ Սերժ Սարգսեան իր

երախտագիտութիւնը յայտնեց Նիքո-

լա Սարքոզիին` ընդգծելով, որ Ֆրան-

սան վերստին ապացուցեց իր նուիր-

ւածութիւնը համամարդկային արժէք-

ներուն: «Հայաստան կատարած ձեր պատ-

մական այցելութենէն եւ Երեւանի մէջ Ցեղասպանութեան զոհերու յուշակո-

թողին մօտ, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի հրապարակին վրայ արտասանած ձեր վճռական խօսքերէն ընդամէնը երկուքուկէս ամիս ետք, Ֆրանսայի Ազգային ժողովին կողմէ ցեղասպա-

նութիւններու ժխտումը դատապար-

տող օրինագիծի ընդունումը լաւագոյն վկայութիւնն է ձեր անձնական յանձ-

նառութեան, հայ-ֆրանսական ամուր բարեկամութեան ձեր հաւատարմու-

թեան, մեր շրջանին մէջ բաժանարար գիծերու վերացման եւ ժողովուրդնե-

րու հաշտեցման ձեր նուիրուածու-

թեան», կ՛ըսուի Հայաստանի նախա-

գահի նամակին մէջ:

ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ. «ՖՐԱՆՍԱ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԵՑ

ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԻՐԱՒԱՆՑ ԲՆՕՐՐԱՆ ԸԼԼԱԼՈՒ ԻՐ ԲԱՐՁՐ ՀԱՄԱՐՈՒՄԸ»

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան յայտարարեց, որ Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին կողմէ ընդունուած ցեղաս-

պանութիւններու ժխտումը քրէակա-

նացնող օրինագիծով, Ֆրանսան վե-

րահաստատեց մարդկային իրաւունք-

ներու բնօրրան ըլլալու իր բարձր հա-

մարումը եւ անգամ մը եւս ապացու-

ցեց իր հաւատարմութիւնը մարդկա-

յին արժէքներուն: Այս առիթով նախարար Նալբանդ-

եան անգամ մը եւս երախտիքի խօսք ուղղեց Ֆրանսայի բարձրագոյն ղեկա-

վարութեան, Ազգային ժողովին եւ ֆրանսացի ժողովուրդին ընդգծելով, որ տակաւին 10 տարի առաջ օրէնքի ուժով ճանչնալով Հայոց ցեղասպա-

նութիւնը` ֆրանսացի ժողովուրդը ցոյց տուաւ, որ մարդկային իրաւունքները

բարձրագոյն արժէք կը ներկայացնեն: Ան աւելցուց, որ ընդունելով այս օրի-

նագիծը, Ֆրանսա վերահաստատեց, որ մարդկութեան դէմ գործած ոճիր-

ները վաղեմութեան ժամկէտ չունին եւ անոնց ժխտումը ենթակայ է միանշա-

նակ դատապարտման:

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԽՏՈՒՄԸ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՆՈՂ

ՕՐԷՆՔԻ ՀԵՂԻՆԱԿԸ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐ ԿԸ

ԴԻՄԱԳՐԱՒԷ

Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքի հե-

ղինակ Վալերի Պուայէ կը շարունակէ թուրքերէն սպառնալիքներ ստանալ: Թրքական լրատուամիջոցները կը հա-

ղորդեն, որ ան ֆրանսական «Պէ. Էֆ. Էմ.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ իրեն սպառնացած են սպաննել եւ բռնաբարել:

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը գրէ, որ Պուայէ այդ սպառնալիք-

ներուն եւ իր անվտանգութիւնը ապա-

հովելու առնչութեամբ արդէն դիմած է Փարիզի ոստիկանութեան:

Նախապէս թուրք համակարգչա-

հէններ կոտրած էին Պուայէի անձնա-

կան կայքէջը եւ այնտեղ անգլերէնով ու ֆրանսերէնով գրութիւն ձգած էին:

Գրութեան մէջ կ՛ըսուի, թէ իբրեւ թէ Ֆրանսա երկակի չափանիշերով կ՛ա-

ռաջնորդուի եւ չի յարգեր մտքի ազա-

տութեան իրաւունքը: «Ձեր խորհրդա-

րանը նախ թող Ալճերիոյ մէջ մարդ-

կութեան դէմ կատարուած յանցագոր-

ծութիւնը քննէ… Դուք` ֆրանսացի-

ներդ, քուէի համար պատմութիւնը անտեսող խեղճուկներ էք», ըսուած էր թուրքերուն ձգած գրութեան մէջ:

Կը հաղորդուի, որ Պուայէէն բացի, սպառնալիքներ ստացած են նաեւ ա-

նոր ընտանիքի անդամներն ու ֆրան-

սացի այլ երեսփոխաններ:

ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ ԲՌՆԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆ Կ՛ՈՐԱԿԷ

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԿԵՑՈՒԱԾՔԸ

Թրքական «Զաման» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գոր-

ծոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու խորհրդաժողովի մը ընթացքին յայտ-

նած է, որ «մենք պիտի երթանք եւ իւրաքանչիւր հայու խօսինք Ֆրան-

սայի որդեգրած կեղծաւոր կեցուած-

քին մասին: Անոնց պիտի ըսենք, թէ

ինչպէ՛ս Ֆրանսա եւ այլ երկիրներ մեր միջեւ հարցեր կը ստեղծեն»:

Խօսելով Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրման մասին` ան նշած է, որ «ա-

սիկա Միջին Արեւելքի բռնատիրու-

թիւններէն տարբեր չէ: Եւրոպական խորհրդարանին մէջ մեր ձայնը պիտի բարձրացնենք: Եթէ եւրոպացիները այս արժէքները չպաշտպանեն, մենք պիտի պաշտպանենք»` աւելցնելով, որ «Ֆրանսան է, որ քննութեան կ՛են-

թարկուի, ոչ թէ` Թուրքիան: Ֆրան-

սայի ծերակոյտը քննութեան կ՛են-

թարկուի»: ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

ՄԱՐՍԷՅԻ ՄԷՋ

Աշխատանքային այցով Մարսէյ գտնուող նախագահ Սերժ Սարգսեա-

նի ի պատիւ Դեկտեմբեր 7-ի երե-

կոյեան Մարսէյի քաղաքապետ Ժան-Քլոտ Կոտեն կազմակերպեց ընդունե-

լութիւն մը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ տեղւոյն հայ համայնքի ներկա-

յացուցիչները: Ընդունելութեան ընթացքին նախա-

գահ Սարգսեան արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ անդրադարձաւ Մարսէյ քաղաքի դերին` Հայոց ցեղասպանու-

թենէն վերապրած տարագիրները ըն-

դունելու հարցին մէջ: Դիմելով Մարսէյի հայ համայնքի

ներկայացուցիչներուն, որոնց մէջ քիչ չեն Հայոց ցեղասպանութենէն վերապ-

րածներու սերունդները, Սերժ Սար-

գըսեան վստահեցուց, որ Հայաստան թոյլ պիտի չտայ մոռացութեան մատ-

նել Մեծ եղեռնը: «Մենք վստահ ենք, որ Թուրքիա

պէտք է ապաշխարէ: Ատիկա ո՛չ նա-

խապայման է, ո՛չ ալ վրէժխնդրու-

թեան յագուրդ տալու ձգտում: Թուր-

քիա պէտք է դէմ յանդիման կանգնի իր պատմութեան հետ: Մեր դիրքորոշու-

մը չէ փոխուած, եւ անիկա յստակ է: Մենք պատրաստ ենք Թուրքիոյ հետ ունենալու բնականոն յարաբերու-

թիւններ, ինչպէս կը վայելէ դրացի եր-

կիրներուն: Ուշ կամ կանուխ ինքզինք եւրոպական երկիր նկատող Թուրքիա պիտի ունենայ եւրոպական ըլլալուն յարիր ղեկավարութիւն մը, որ գլուխ պիտի խոնարհէ Ծիծեռնակաբերդի մէջ: Աւելի լաւ է կանուխ, բայց ատիկա Թուրքիոյ ժողովուրդին գործն է: Մենք անոնց ոչինչ կը պարտադրենք: Ատի-

կա իրենք պէտք է կատարեն յանուն թուրք ժողովուրդին, ինչպէս որ Ուիլի Պրանտ ատիկա կատարեց յանուն գերմանացիներուն», ընդգծեց նախա-

գահ Սերժ Սարգսեան: Նախագահ Սարգսեան անդրա-

դարձաւ համաեւրոպական կառոյցնե-

րուն մէջ Հայաստանի տեղն ու դերը ապահովելու ուղղութեամբ տարուող աշխատանքին, եւ շնորհակալութիւն յայտնելով եւրոպացի գործընկերնե-

րուն ու մասնաւորաբար Ֆրանսայի

նախագահին Հայաստանի ջանքերուն սատար կանգնելու համար, այս հար-

ցին մէջ կարեւոր նկատեց նաեւ Եւրո-

պայի հայերուն դերը: «Մենք բոլորդ կը հրաւիրենք մաս-

նակցելու Հայաստանի խնդիրները լուծելու ազնիւ գործին: Սփիւռքի մէջ արիւնակիցներուն մենք կը դիմենք իբրեւ հարազատներ: Եւ հարազատու-

թեան իրաւունքով միասին պէտք է քննարկենք եղած թերութիւնները: Պի-

տի քննարկենք մեր խնդիրները` ա-

ռանց իւրաքանչիւրս իր պատասխա-

նատուութեան բաժինէն խուսափելու: Եւ առաջին պատասխանատուն այդ թերութիւններուն համար անշուշտ ես եմ: Բայց կ՛ուզեմ, որպէսզի բոլորդ մասնակցիք, մեզի հետ կիսէք պա-

տասխանատուութիւնը եւ, ինչպէս ը-

սի, նաեւ յաջողութեան պատիւը», ը-

սաւ հանրապետութեան նախագահը: Եզրափակելով իր խօսքը` նախա-

գահ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսային եւ ֆրանսահայե-

րուն, մարսէյցիներուն եւ մասնաւորա-

բար մարսէյահայերուն` «իրենց վերա-

բերմունքին, իրենց եռանդին եւ նաեւ իրենց յաջողութեան համար, որովհե-

տեւ աշխարհի որեւէ երկրի մէջ յա-

ջողութեան հասած հայը Հայաստանը աւելի ճանաչելի կը դարձնէ»:

Հայաստանի նախագահը անգամ մը եւս խորին շնորհակալութիւն յայտ-

նեց Կոտենին եւ հաճոյքով զայն Երե-

ւան հրաւիրեց: ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

ԻՏԱԼԻՈՅ ՄԷՋ

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Դեկ-

տեմբեր 12-ին պաշտօնական այցելու-

թեամբ մեկնեցաւ Իտալիա եւ Վատի-

կան, ուր հանդիպում ունեցաւ Իտալ-

իոյ նախագահ Նափոլիթանոյի հետ: Նախագահը նշեց, որ մինչեւ հիմա

մեծ սիրով կը յիշէ Իտալիոյ միաւոր-

ման 150-ամեակին առիթով իր այցե-

լութիւնը Իտալիա: Ան կարեւոր նկա-

տեց, որ հայ գրատպութեան 500-ամ-

եակի սկիզբը` Վենետիկի ցուցահան-

դէսը, տեղի կ՛ունենայ նախագահ Նա-

փոլիթանոյի բարձր հովանաւորու-

թեամբ: Այս առնչութեամբ Իտալիոյ նախա-

գահը ըսաւ, որ Վենետիկը հայերուն համար մեծ դերակատարութիւն ունե-

ցած է` յատկապէս կրթութեան, մշա-

կոյթի զարգացման առումով կարեւոր յենակէտ դառնալով:

Երկու նախագահները համոզում յայտնեցին, որ Հայաստանի նախագա-

հին այցելութիւնը լաւ կարելիութիւն է բարձր մակարդակով քննարկելու հայ-իտալական յարաբերութիւնները, ուր-

ւագծելու համագործակցութեան նոր եւ հեռանկարային մարզեր:

Նախագահներ Սարգսեան եւ Նա-

փոլիթանօ անդրադարձան նաեւ Հա-

յաստան-ԵՄ համագործակցութեան, շրջանային խնդիրներուն, ներառեալ` ԼՂ տագնապի հոլովոյթին:

4 Ð³Û Î»³Ýù ¸ºÎîºØ´ºð 2011

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՊԵՆԵՏԻԿՏՈՍ ԺԶ.

ՊԱՊԻՆ ՀԵՏ

Իտալիա այցելութեան ընփացքին նախագահ Սարգսեան Վատիկանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Հռոմի Պե-

նետիկտոս ԺԶ. պապին հետ: Հայաստանի նախագահը եւ Հռոմի

պապը գոհունակութեամբ անդրա-

դարձան Հայաստանի եւ Վատիկանի միջեւ բարձր մակարդակի յարաբերու-

թիւններուն: Կողմերը միտքեր փոխա-

նակեցին Ս. Էջմիածինի եւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ միջեւ համագործակցու-

թեան, յանուն համընդհանուր բարօ-

րութեան` հասարակութեան մէջ երկու եկեղեցիներուն ունեցած մեծ դերին մասին: Ընդգծուեցաւ սերունդները քրիստոնէական արժէքներու ոգիով դաստիարակելու կարեւորութիւնը:

Երկու կողմերուն միջեւ տեղի ու-

նեցած դռնփակ հանդիպումէն ետք տեղի ունեցաւ Հռոմի պապին հետ նա-

խագահին գլխաւորած պատուիրա-

կութեան ընդլայնուած կազմով հան-

դիպումը: Նախագահ Սերժ Սարգսեան հան-

դիպում ունեցաւ նաեւ Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար կարտի-

նալ Թարչիցիօ Պերթոնէի հետ: Կողմերը կարեւոր նկատեցին երկ-

կողմանի բարձր մակարդակի յարա-

բերութիւնները խորացնելու անհրա-

ժեշտութիւնը: Երկու կողմերը համո-

զում յայտնեցին, որ Հայաստանի եւ Վատիկանի մէջ դեսպաններու նշա-

նակումը նոր խթան պիտի հանդիսա-

նայ երկկողմանի յարաբերութիւննե-

րու խորացման համար: Կարտինալ Պերթոնէի հետ հանդի-

պումէն ետք Հայաստանի նախագահը Վատիկանի մէջ այցելեց Ս. Պետրոս Մայր տաճար եւ տաճարի արտաքին որմնախորշին մէջ տեղադրուած Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի արձան:

Այցելութեան առաջին օրը նախագահ Սարգսեան այցելեց նաեւ Հռոմի Հայ կաթողիկէ Ս. Նիկողայոս եկեղեցին:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Դեկտեմբեր 8-ի երեկոյեան պաշ-

տօնական այցելութեամբ Հայաստան ժամանեց Լիբանանի նախագահ Մի-

շել Սլէյման, որ յաջորդ առաւօտ իսկ այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահա-

մալիր, ծաղկեպսակ զետեղեց յուշա-

կոթողին եւ ծառ տնկեց Յիշողութեան պուրակին մէջ:

Այնուհետեւ Հայաստանի նախա-

գահի նստավայրին մէջ նախագահ Սլէյմանի դիմաւորման պաշտօնա-

կան այցելութենէն ետք տեղի ունեցաւ երկու երկիրներու ղեկավարներու դը-

ռընփակ հանդիպումը, որուն յաջոր-

դեցին երկու երկիրներու պատուիրա-

կութիւններու ընդլայնուած կազմով բանակցութիւնները:

Ողջունելով նախագահ Սլէյմանը` նախագահ Սերժ Սարգսեան նշեց, որ երկու ժողովուրդներու աւանդական բարեկամութիւնը կը պարտաւորեցնէ աւելի զարգացնելու երկկողմանի յա-

րաբերութիւնները:

Նախագահ Սլէյման շնորհակալու-

թիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ նշեց, որ լիբանանեան կող-

մին ցանկութիւնն է երկու երկիրնե-

րուն միջեւ յարաբերութիւնները բարձ-

րացնել որակապէս նոր մակարդակի: Ան կարեւոր նկատեց լիբանանահայ համայնքին դերը հայ-լիբանանեան յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի քաղաքական, տնտեսական, մշակու-

թային, կառավարման եւ այլ մարզե-

րուն մէջ:

Բանակցութիւններէն ետք տեղի ունեցաւ շարք մը մարզերուն մէջ երկ-

կողմանի համագործակցութեան ամ-

րապնդման եւ խորացման ուղղուած փաստաթուղթերու ստորագրումը:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կա-

յանը հաղորդեց, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան նախագահ Միշել Սլէյմա-

նի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը ամէնէն ջերմ զգա-

ցումները կը տածեն Լիբանանի նկատմամբ: Ըստ անոր, երկու երկիր-

ները իրարու կը կապեն պատմա-

մշակութային առնչութիւններ եւ դա-

րաւոր բարեկամութիւն, եւ պատմու-

թեան ընթացքին յաճախ երկու երկիր-

ները միասին դէմ դրած են նոյն բռնա-

կալներուն, կիսած են իրարու ցաւերը եւ ուրախութիւնները: Նախագահ Սարգսեան շեշտեց, որ հայ ժողո-

վուրդը երբեք չի մոռնար այն աջակ-

ցութիւնը, որուն Լիբանանի հիւրըն-

կալ հողին վրայ արժանացան անոր հազարաւոր բռնագաղթած զաւակնե-

րը: Նախագահ Սերժ Սարգսեան նաեւ

նշեց, որ Հայաստանի իշխանութիւն-

ները մշտապէս սերտ ուշադրութիւն յատկացուցած են արաբական աշ-

խարհին հետ համագործակցութեան ընդլայնման, իսկ Լիբանան այդ եր-

կիրներուն մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ:

Նախագահ Միշել Սլէյման իր կար-

գին շնորհակալութիւն յայտնեց նա-

խագահ Սարգսեանին Հայաստանի կողմէ Լիբանանի նկատմամբ ցուցա-

բերուած մնայուն աջակցութեան հա-

մար, «յատկապէս Լիբանանի այն ջանքերուն, որոնք կապուած են ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի բոլոր դրոյթներուն գործադրութեան հետ` մասնաւորա-

բար դիմագրաւելու համար իսրայէլ-

եան ոտնձգութիւնները եւ խախտում-

ները Լիբանանի գերիշխանութեան եւ տարածքներու ամբողջականութեան նկատմամբ»:

Երկու նախագահներու դռնփակ հանդիպումէն ետք, լիբանանցի բարձ-

րաստիճան հիւրին ի պատիւ տրուե-

ցաւ աշխատանքային ճաշ մը, որուն ընթացքին Հայաստանի վարչապետը ներկայացուց Հայաստանի տնտեսու-

թեան վիճակը եւ զարգացման հեռա-

նկարները: Նախագահ Սարգսեան անդրա-

դարձաւ նաեւ Լիբանանի մէջ տիրող ազատ քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային մթնոլորտին, որ կարե-

լիութիւն տուաւ հայ համայնքին լի-

արժէքօրէն համարկուելու Լիբանանի հասարակական կեանքին հետ եւ գոր-

ծուն մասնակցութիւն ունենալու Լի-

բանանի զարգացման եւ բարգաւաճ-

ման աշխատանքին մէջ` միեւնոյն ժա-

մանակ վառ պահելով ազգային ինք-

նութիւնը: Նախագահ Սարգսեան շեշտեց նա-

եւ հայ-լիբանանեան կապերու եւ յա-

րաբերութիւններու կարեւորութիւնը: Ըստ անոր, երկու ժողովուրդները բա-

րեկամներէ աւելի են, անոնք եղբայր-

ներ են: Ան յայտնեց, որ Պէյրութը, Պուրճ Համուտը եւ Այնճարը իւրա-

քանչիւրին սրտին մէջ է:

ՍԱՐԳՍԵԱՆ, ԱՀՄԱՏԻՆԵԺԱՏ ԳՈՀՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆ

ԿԸ ՅԱՅՏՆԵՆ

Դեկտեմբեր 23-ին պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան ժամանեց Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմա-

տինեժատ: Հայաստանի նախագահի նստա-

վայրին մէջ Իրանի նախագահի դիմա-

ւորման պաշտօնական արարողութե-

նէն ետք տեղի ունեցաւ նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Մահմուտ Ահ-

մատինեժատի դռնփակ հանդիպումը, որուն յաջորդեցին երկու երկիրներու պատուիրակութիւններու մասնակ-

ցութեամբ ընդլայնուած կազմով բա-

նակցութիւնները: Երկու երկիրներու նախագահնե-

րուն կողմէ ընդունուած միացեալ յայ-

տարարութեան մէջ նշուեցաւ, որ եր-

կու նախագահները գոհունակութիւն

յայտնեցին Հայաստանի եւ Իրանի մի-

ջեւ բարձր մակարդակի յարաբերու-

թիւններուն առիթով եւ վերահաստա-

տեցին իրենց վճռականութիւնը աւելի զարգացնելու երկկողմանի բարեկա-

մական ու փոխադարձ շահաւէտ յա-

րաբերութիւնները: Երկու նախագահները գոհունա-

կութիւն յայտնեցին ուժանիւթի մար-

զին մէջ ընդլայնող համագործակցու-

թեան գծով: Ողջունելով ելեկտրահա-

ղորդման 3-րդ գիծի ծրագիրի իրա-

գործման սկիզբը` անոնք ընդգծեցին զայն ըստ կարելւոյն սեղմ ժամկէտ-

ներու մէջ իրականացնելու անհրա-

ժեշտութիւնը: Նախագահները կարեւոր նկատե-

ցին Արաքս գետին վրայ ջրելեկտրա-

կայաններու, ինչպէս նաեւ երկու պե-

տութիւններու երկաթուղային ցանցե-

րը միացնող երկաթուղիի եւ Իրան-Հայաստան քարիւղատարի կառուց-

ման ռազմավարական ծրագիրներու իրագործումը: Համապատասխան նա-

խարարութիւններուն յանձնարարու-

թիւն տրուեցաւ յառաջիկայ 6 ամիս-

ներուն ընթացքին գործադրելու բոլոր ջանքերը` նշուած ծրագիրները գործ-

նական հանգրուան տեղափոխելու համար:

Հայաստանի եւ Իրանի նախագահ-

ները անհրաժեշտ նկատեցին շրջանին մէջ յարատեւ խաղաղութեան, կայու-

նութեան եւ ապահովութեան հաստա-

տումը եւ ամրապնդումը: Անդրադառնալով Լեռնային Ղա-

րաբաղի հիմնահարցի լուծման` երկու պետութիւններու նախագահները ընդ-

գծեցին խաղաղ ճամբով եւ միջազ-

գային իրաւունքի հիմնարար չափա-

նիշերուն եւ սկզբունքներուն վրայ հիմնուելով զայն լուծելու անհրա-

ժեշտութիւնը: Իրանի նախագահը նաեւ հանդի-

պում ունեցաւ Հայաստանի վարչա-

պետ Տիգրան Սարգսեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին զրուցա-

կիցները քննարկեցին երկկողմանի տնտեսական յարաբերութիւններու օ-

րակարգին մէջ գոյութիւն ունեցող ա-

ռաջնահերթութիւնները:

100 ՀԱՄԵՐԳ` ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ

100-ԱՄԵԱԿԻՆ

Դեկտեմբերի սկիզբը Արամ Խաչա-

տըրեանի անուան մեծ համերգասրա-

հին մէջ սկսաւ լայնածաւալ ծրագիր մը, որուն շրջագիծին մէջ նախա-

տեսուած է մինչեւ 2015 Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ կազմակերպել հարիւր համերգներ, որոնց կը մասնակցին հայ եւ միջազգային ճանաչում ունեցող երաժիշտներ: Կազմակերպիչները վստահ են, որ առանց աշխարհագ-

րական սահմաններու համերգաշարը հայերուն համար ցաւալի իրողութիւ-

նը դարձեալ բարձրաձայնելու հիա-

նալի առիթ մը պիտի ըլլայ:

5 Ð³Û Î»³Ýù ¸ºÎºØ´ºð 2011

Հայ ունկնդիրները առիթը ունեցան ունկնդրելու հայ դասականներու ստեղծագործութիւնները` Հայաստա-

նի երիտասարդական նուագախումբի եւ ԵՈՒՆԻՍԵՖ մանկական նուագա-

խումբերուն կատարումով: Յաջորդ համերգը կը նախատեսուի կայացնել Գերմանիոյ մէջ: Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած հա-

մերգներ տեղի պիտի ունենան նաեւՀայաստանի մարզերուն եւ Արցախի մէջ:

Համերգներու շարքը կը հովանա-

ւորէ «Փիւնիկ» մարդկային պաշար-

ներու համահայկական հիմնադրամը: 1988-Ի ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻՆ

23-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԸ

Դեկտեմբեր 7. այս թուականը շա-

տերուն համար կը մնայ սգոյ խոր-

հըրդանիշ, որովհետեւ 1988-ի երկրա-

շարժին 23-րդ տարելիցն է: Այս երկրաշարժը Հայաստանի մօտ

մէկ երրորդը` ներառեալ Երեւանէն ետք ամենամեծ քաղաքները` Հայաս-

տանի մշակութային մայրաքաղաք Գիւմրին ու Վանաձորը վերածեց աղէ-

տի գօտիի: Սպիտակի երկրաշարժը խլեց 25-30 հազար կեանք, հարիւր հա-

զարաւոր մարդիկ կորսնցուցին իրենց տանիքը, ընտանիքը եւ սիրելիները:

Ըստ Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան պաշտօնական տուեալներուն 1988-ի Սպիտակի երկ-

րաշարժի հետեւանքները ցոյց տուին, որ այն ժամանակ Խորհրդային Մի-

ութեան հովանիին տակ գործող երկ-

րաշարժէ պաշտպանութեան բոլոր օ-

ղակները բաւական ցած մակարդակի վրայ էին:

Կատարուած էր ոչ պատշաճ շինա-

րարական աշխատանք` ինկած քարա-

կըտորներու ու պատերու վրայ որոշ տեղեր բոլորովին սիմենթ չկար, հա-

սարակութիւնը չէր տիրապետեր ար-

տակարգ իրավիճակներուն անհրա-

ժեշտ տարրական գիտելիքներու: Անօթեւան գիւմրեցիներու մէկ մա-

սը վերաբնակուեցաւ Հայաստանի, արտերկրի մէջ, ոմանք դեռ կը սպա-

սեն հայրենի քաղաքի մէջ իրենց բնա-

կարանային խնդիրի լուծմանը: Իսկ այս ուղղութեամբ միայն վերջին տա-

րիներուն է, որ լուրջ քայլեր սկսած են իրականացուիլ:

«2008-ին Հայաստանի կառավա-

րութիւնը աղէտի գօտիի մէջ անօթե-

ւան բնակիչներու բնակարանային խնդիրի վերջնական լուծման ծրագիր մշակեց: Այդ ծրագրով 2008-2011-ին պետական պիւտճէէն յատկացուեցաւ 76 միլիառ դրամ, որով պէտք է բնա-

կարաններ կառուցուէին անօթեւան շուրջ 4860 ընտանիքներու համար:

2009-էն սկսան մեծածաւալ շինա-

րարական աշխատանքները: Երկու տարուան ընթացքին կատարուեցան 49,5 միլիառ դրամի ներդրումներ եւ

բնակարաններ ստացան 1566 ընտա-

նիքներ: 2011-ին պետական ներդրումները

աղէտի գօտիի մէջ շարունակուեցան, իրականացուեցան եւս 26 միլիառ դրամի շինարարական աշխատանք-

ներ եւ բնակարաններ ստացան եւս 3223 ընտանիքներ:

2012-ին ծրագիրը կը նախատեսուի շարունակել եւ բնակարանով ապա-

հովել 1720 ընտանիքի` վերջնակա-

նապէս լուծելով աղէտի գօտիի մէջ երկրաշարժի հետեւանքով անօթեւան դարձածներու բնակարանային հար-

ցը», կը գրէ հայրենի «Ազգ» օրա-

թերթը:

«ԳԱՐԵԳԻՆ ՆԺԴԵՀԻ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ

ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԷՋ» ՆԻՒԹՈՎ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ

Դեկտեմբերին 15-ին Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմի-

այի նախագահութեան նիստերու սրահին մէջ սկսաւ ՀՀ սփիւռքի նա-

խարարութեան, Հայաստանի գիտու-

թիւններու ազգային ակադեմիայի, Ե-

րեւանի պետական համալսարանի եւ «Նորավանք» գիտակրթական հիմնա-

դրամի նախաձեռնութեամբ կազմա-

կերպուած «Գարեգին Նժդեհի գործու-

նէութիւնը սփիւռքի մէջ» նիւթով գի-

տաժողովը` նուիրուած մեծ զօրավար եւ գաղափարախօս Գարեգին Նժդեհի 125-ամեակին:

Բացման խօսքը արտասանեց Երե-

ւանի պետական համալսարանի նա-

խագահ Արամ Սիմոնեան: Գիտաժո-

ղովի մասնակիցներուն ողջոյնի խօս-

քեր ուղղեցին Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Էդ-

ւարդ Շարմազանով եւ Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմի-

այի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան:

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքը ընթերցեց Հայաստանի սփիւռքի նախարարու-

թեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիր-

տուս Զաքարեան: Զեկուցումներ ներկայացուցին Ե-

րեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի վարիչ Էդիկ Մինասեան, Հայաստանի գի-

տութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի հին դարե-

րու բաժինի վարիչ Էդուարդ Դանիէլ-

եան, Խ. Աբովեանի անուան Հայաս-

տանի պետական մանկավարժական հիմնարկի Հայոց պատմութեան ամ-

պիոնի վարիչ Խաչատուր Ստեփան-

եան, Երեւանի պետական համալսա-

րանի փիլիսոփայութեան պատմու-

թեան ամպիոնի վարիչ Սէյրան Զա-

քարեան, պատմական գիտութիւննե-

րու թեկնածու Ռաֆայէլ Համբարձում-

եան, փիլիսոփայական գիտութիւննե-

րու թեկնածուներ Արմէն Սարգսեան եւ Սիլվա Պետրոսեան եւ ուրիշներ:

Ներկայացուեցան դրուագներ Գա-

րեգին Նժդեհի սփիւռքեան գործունէ-

ութենէն, ինչպէս նաեւ Գարեգին Նըժ-

դեհի դիտարկումները Հայաստանի ապագայի, ազգային ինքնութեան պահպանման հիմնահարցի, տնտե-

սագիտութեան եւ հայութեան տնտե-

սական կեանքի կազմակերպման վե-

րաբերեալ:

ՄԱՐՏՈՒՆԻԻ ՄԷՋ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑ ԿԸ

ԿԱՌՈՒՑՈՒԻ

«Հայաստան» հիմնադրամի ԱՄՆ

արեւելեան շրջանի մարմինը Լեռնա-

յին Ղարաբաղի Մարտունի քաղաքին

մէջ հիւանդանոց մը կը կառուցէ:

ԼՂՀ Մարտունի քաղաքի հիւանդա-

նոցի կառուցումը կը համա-ֆինանսա-

ւորեն Հիմնադրամի ԱՄՆ արեւելեան

շրջանի տեղական մարմինը, Հայ Բը-

ժիշկներու Հիմնադրամը եւ ԼՂՀ կա-

ռավարութիւնը:

Ներկայիս քաղաքային հիւանդա-

նոցը 1965 թուականի կառոյց է: Այսօր

պատշաճ բուժսպասարկում իրակա-

նացնելու համար ան այլեւս պիտանի

չէ: Նոր երկյարկանի հիւանդանոցը

բուժծառայութիւններու համար պիտի

ապահովէ ժամանակակից պայման-

ներ: Նորակառոյցի նկուղային յարկը

կը տեղակայուին պահեստներն ու

սպասարկման սենեակները, առաջին

յարկը վարչական մասը, պոլիկլինի-

կան, ախտորոշման, շտապ օգնության

եւ ինֆեկցիոն բաժանմունքները, իսկ

երկրորդ յարկը` վիրահատական, թե-

րապեւտիկ եւ գինեկոլոգիայի բաժան-

մունքները: Էլեկտրաենթակայանը,

ջեռուցման ու օդափոխութեան համա-

կարգերը հնարաւորութիւն կու տան

հիւանդանոցի արդիւնաւէտ շահա-

գործման: Ընդարձակ բակը կը բա-

րեկարգուի հիւանդներու հանգիստին

ծառայելու նպատակով:

Նորակառոյցը պիտի ունենայ 2470

քմ մակերես: Կառուցուած են նկուղը

եւ առաջին յարկը, ընթացքի մէջ է երկ-

րորդ յարկի շինարարութիւնը: Հիւան-

դանոցի գլխաւոր բժիշկ Գրիշա Գաս-

պարեանի խօսքով` հաստատութիւնը

տարեկան կրնայ շուրջ 1000 մնայուն

եւ 1400 այցելու հիւանդի սպասարկել:

Այստեղ միաժամանակ մնայուն բու-

ժում կրնայ ստանալ 23 հիւանդ: Բուժ-

հաստատութիւնը պիտի սպասարկէ

նաեւ մօտակայ գիւղերու բնակիչնե-

րուն:

«Սա երկրորդ խոշոր բուժհաստա-

տութիւնն է, որ կը կառուցուի Լեռնա-

յին Ղարաբաղի մէջ ԱՄՆ արեւելեան

շրջանի հայութեան օժանդակու-

թեամբ: Ստեփանակերտի պոլիկլինի-

կան, որ կառուցուած ու կահաւորուած

է նոյն համայնքի ջանքերով, արդեն 9

տարի է, էապէս կը խթանէ բնակչու-

թեան առողջութեան պահպանման»,

ըսաւ «Հայաստան» հիմնադրամի գոր-

ծադիր տնօրէն Արա Վարդանեան: Ան

վստահ է, որ Մարտունիի հիւանդա-

նոցը նմանապէս որակեալ բուժսպա-

սարկութիւն կ՛իրականացնէ շրջանին

մէջ:

Յիշեցնենք, որ Հիմնադրամի Նիւ-

Եորքի գրասենեակը Երեւանի պետա-

կան բժշկական համալսարանի հետ

միասին ներդրած է նաեւ հեռաբժշկու-

թեան համակարգ («Հայպրիճ»), որուն

միջոցով առցանց ախտորոշում եւ

բուժխորհրդատուութիւն կը տրամադ-

րըւի Հայաստանի եւ Արցախի շարք մը բուժհաստատութիւններու:

Աւելցնենք, որ ներկայիս Մարտու-

նիի մէջ Հեռուստամարաթոն 2010-ի

նուիրատուութիւններով կը վերակա-

ռուցուի քաղաքի ջրամատակարար-

ման ցանցը: Արդէն աւարտված է ցան-

ցի առաջին գօտիի վերակառուցումը,

մրցութային փուլի մէջ են երկրորդ եւ

երրորդ գօտիներու վերակառուցման

ծրագրերը:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ ̀ԳԱՀԻՐԷԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Հովանաւորութեամբ Գահիրէի հա-

մալսարանի նախագահ Հուսամ Քա-

մելի եւ աջակցութեամբ Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի դեսպանատան, 14-15 նոյեմբերին Գահիրէի համալսարանի Հայագիտական ուսումնասիրութիւն-

ներու կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստանը` արեւելեան եւ արեւ-

մտեան աղբիւրներուն մէջ» թեմայով չորրորդ միջազգային գիտաժողովը, որ նուիրուած էր Հայաստանի անկա-

խութեան 20-ամեակին: Ժողովի բացման խօսք առին Ե-

գիպտոսի մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Մելքոնեան, Գահիրէի համալ-

սարանի բանասիրութեան բաժան-

մունքի պատասխանատու Մոթազ Սայիտ Ապտալլա եւ կեդրոնի տնօրէն Զէյնապ Ապու Սիննա, որոնք բարձր գնահատեցին կեդրոնին դերը հայ-արաբական գիտակրթական եւ մշա-

կութային համագործակցութեան զար-

գացման գործին մէջ: Գիտաժողովը ունէր չորս նիստեր,

հետեւեալ թեմաներով. «Հայկական հարցը Օսմանեան կայսրութեան մէջ», «Հայերը Եգիպտոսի մէջ», «Հայաս-

տանն ու հայերը միջին դարերուն», «Հայաստանն ու հայերը. Տեսակէտ-

ներ եւ տեսիլքներ»: Ժողովին մասնակցեցան պատմա-

բաններ եւ մասնագէտներ` Հայաստա-

նէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն եւ Եգիպ-

տոսէն, ինչպէս Մոհամետ Ռեֆաթ Ա-

լիմամ, Ալի Սապեթ Սապրի, Սայետ Աշմաուի, Արթիւր Իսրայէլեան, Սալեհ ԶահրԷտտին, Նորա Արիսեան եւ ու-

րիշներ:

6 Ð³Û Î»³Ýù ¸ºÎîºØ´ºð 2011

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցու-

թիւնը 5 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պէյրութի «Էմիլ Լահուտ» հա-

մալիրին մէջ ժողովրդային խիտ ներ-

կայութեամբ նշեց իր հիմնադրութեան 121-ամեակը:

Իր խօսքին մէջ ՀՅԴ Լիբանանի ԿԿ-

ի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան դիտել տուաւ, թէ գործէն ծնած գործի՛ կուսակցութիւնը իր հիմնադրութեան տարեդարձին առիթով կը խոնարհի այն ժողովուրդին առջեւ, որ կը հա-

ւատայ իր գործին ու կը մնայ իր կող-

քին` բաժնեկիցը դառնալով իր դժուա-

րութիւններուն եւ իրագործումներուն: Ապա ան անդրադարձաւ Հայաս-

տանի, սփիւռքի եւ յատկապէս Լիբա-

նանի մէջ հայութեան դէմ ցցուող մար-

տահրաւէրներուն, որոնց դէմ պէտք է պայքարիլ կողքի կողքի, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը կը հաւատայ զօրա-

ւոր Հայաստան ու սփիւռք ունենալու կարեւորութեան եւ իբրեւ մեկնակէտ ու թիրախ ունի Հայաստանն ու սփիւռքը իրարմով ամբողջացնելու սկզբունքը:

Յ. Մխիթարեան գոհունակութեամբ անդրադարձաւ Լիբանան-Հայաստան յարաբերութիւններուն, Լիբանանի մակարդակին վրայ սակայն լուսար-

ձակի տակ առնելով նոր օսմանակա-

նութեան քաղաքականութիւնը, որուն դէմ պայքարելու կոչուած է ո՛չ միայն Դաշնակցութիւնը, այլ նաեւ հայ քա-

ղաքական յանձնառու բոլոր ուժերը: Ապա ան յիշեց այս առումով կուսակ-

ցութեան առած քայլերը: Լիբանանեան քաղաքական կեան-

քին անդրադառնալով` Յ. Մխիթար-

եան շեշտեց, որ Դաշնակցութիւնը կը շարունակէ իր քաղաքական ուղեգի-

ծը` յարգել Լիբանանի գերիշխանու-

թիւնը, անկախութիւնը, ազատութիւ-

նը, համայնքներու խաղաղ ու համե-

րաշխ գոյակցութիւնը, հարցերը միայն երկխօսութեամբ լուծելու անհրաժեշ-

տութիւնը: Իր խօսքի վերջին բաժինով ՀՅԴ

Լիբանանի ԿԿ-ի ներկայացուցիչը խօ-

սեցաւ լիբանանահայ ներքին ճակա-

տին մասին` կրթական, ազգային ու երիտասարդական, հայկական թաղե-

րու հայեցի դիմագիծի պահպանման իմաստով` շեշտելով, որ Դաշնակցու-

թիւնը ատակ է ամէնէն ծանր պարտա-

կանութիւններն իսկ ստանձնելու, ո-

րովհետեւ ան ինքնավստահութիւնը ունի իր սեփական ուժին:

Իր խօսքը եզրափակելով` ան նշեց, որ նման տօնակատարութիւնները թող խթան հանդիսանան մեր ժողո-

վուրդին եւ հայրենիքին նկատմամբ պատասխանատուութեամբ յաւելեալ ոգիով գործելու այսօր, վաղը եւ ընդ-

միշտ: Օրուան երկրորդ բանախօսը՝ ՀՅԴ

Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մար-

գարեան, ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադարձաւ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ պարզուած պատկերնե-

րուն, որոնց նկատմամբ դրական տրամադրութիւններով եւ զգացում-

ներով լիցքաւորուելու փափաք գոյու-

թիւն ունի, սակայն իրողութիւնը տար-

բեր է: Արդարեւ, ան նշեց, որ կ՛ուզենք համակուիլ այն զգացումով, որ 20-ամ-

եայ Հայաստանի մէջ ժողովուրդին շա-

րունակականութիւնն ու յաւերժութիւ-

նը ապահովուած է, ազատագրուած Արցախի կացութիւնը ապահով է, նո-

րանոր յաղթանակներ արձանագրելու ատակ է մեր ժողովուրդը: Նաեւ դրա-

կան տրամադրութիւններով կ՛ուզենք լեցուիլ հանդէպ Հայոց ցեղասպանու-

թենէն ճողոպրած սփիւռքին, որ այսօր միջազգային քաղաքական կեանքին մէջ գործօն դերակատարութիւն ունի: Բայց եւ այնպէս, նշեց Հ. Մարգարեան, երբ լաւապէս եւ իրատեսական ակնո-

ցով կը մօտենանք այս բոլորին, կը

նկատենք, որ այսօր Հայաստանի մէջ աղքատութիւնը, անարդարութիւնը, անգործութիւնն ու արտագաղթը տի-

րական են, ներքին ճակատը ամուր եւ միասնական չէ, Միջին Արեւելքի կազ-

մակերպուած գաղութներէն արտա-

գաղթ կայ: ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը ա-

պա խօսեցաւ Հայաստանի քաղաքա-

կան կեանքին մէջ Դաշնակցութեան պարզած պատկերին մասին, որ ժո-

ղովուրդին համար գոհացուցիչ չէ, բայց եւ այնպէս աւելցուց, որ ընտ-

րութիւններուն արդիւնքները չեն ցո-

լացներ Դաշնակցութեան իսկական դերն ու արժէքը Հայաստանի ժողո-

վուրդին մօտ, ոչ ալ անոր կողմէ կու-

սակցութեան նկատմամբ դրսե-

ւորուած յարգանքն ու վստահութիւնը: Ան հաստատեց, որ Դաշնակցութիւնը ինքնավստահ է եւ գիտէ, թէ ապագան ու յաղթանակը ի՛րն են:

Իր խօսքին վերջին բաժինով ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը փոխանցեց, որ վերջին երկու օրերուն ընթացքին Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած Դաշ-

նակցութեան մարմիններու ներկայա-

ցուցիչներու խորհրդաժողովին ան-

գամ մը եւս վերանորոգուած է ուխտը, գօտեպնդուած է միասին գործելու քա-

ղաքականութիւնը: Ան կոչ ուղղեց 121-ամեակի հանդիսութեան ընթացքին եւս ամրապնդեու ուխտը եւ հաւա-

տալու, որ միասնաբար կարելի է կեր-

տել այնպիսի Հայաստան մը, որ գրա-

ւիչ է, ազգային քաղաքականութեան տէր, ուր կը տիրէ արդարութիւն, ա-

զատութիւն եւ հաւասարութիւն: (Հրանդ Մարգարեանի Խօսքը տես-

նել էջ 12-13):

ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 400 ՀԱԶԱՐ ՏՈԼԱՐ` Ի ՆՊԱՍՏ

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԿ-Ի ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ

ՀՅ Դաշնակցութեան 121-ամեակին նուիրուած կալա-ընթրիքին ընթաց-

քին, որ կայացաւ 2 դեկտեմբերի երե-

կոյեան, Պէյրութի «Հապթուր» պանդո-

կին մէջ, աւելի քան 400 հազար տոլար հանգանակուեցաւ ի նպաստ ՀՅԴ Լի-

բանանի ԿԿ-ի աշխատանքներուն: ՀՅԴ Լիբանանի ԿԿ-ի ներկայացու-

ցիչ Յովիկ Մխիթարեան իր խօսքին

մէջ հաստատեց, որ գաղափարական ուժը, կազմակերպութեան ամրութիւ-

նը, գործունէութեան տարածուն ըլլա-

լը անբաւարար կրնան նկատուիլ ա-

ռանց համակիրներու նեցուկին: Յ. Մխիթարեան նշեց, որ լաւ ու վատ օ-

րերուն կուսակցութիւնն ու ժողովուր-

դը աշխատած ու պայքարած են կողք կողքի` առանց իրարմէ բաժնուելու որեւէ սպառնալիքի դիմաց տեղի տա-

լու: Խօսք առաւ նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներ-

կայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, որ ըսաւ, թէ Դաշնակցութեան գործունէ-

ութիւնը կուսակցական չէ, այլ` ազգա-

յին, նոյնիսկ պետական տարողու-

թեամբ: Ան շեշտեց, որ կուսակցու-

թեան աշխատանքին նեցուկ կանգնի-

լը կը նշանակէ մասնակից դառնալ ա-

նոր գործունէութեան: Խօսելով Դաշնակցութեան բազմա-

բնոյթ եւ տարբեր մակարդակներու վրայ ծաւալած աշխատանքին մասին` Հ. Մարգարեան նշեց, որ հակառակ 20-ամեայ անկախ հանրապետութեան գոյութեան, տակաւին Դաշնակցութե-

նէն մեծ ակնկալիքներ կան եւ` բազ-

մաթիւ մարտահրաւէրներ Հայաստա-

նի ու սփիւռքի մէջ: Դաշնակցութիւնը իր գործունէութեան դաշտին մէջ ունի Հայ դատի հետապնդումը, ղարաբաղ-

եան պայքարը, Ջաւախքի հարցը, սփիւռքեան խնդիրներ եւ այլն:

Եզրափակելով` Հրանդ Մարգար-

եան հաստատեց, որ 121-ամեայ Դաշ-

նակցութիւնը կը մնայ վճռակամ` շա-

րունակելու իր ուղին, իր կողքին ունե-

նալով համակիրներու փաղանգը:

87 ՆՈՐԱԳԻՐՆԵՐ ՄԻԱՑԱՆ ՀՅԴ ՇԱՐՔԵՐՈՒՆ

Դեկտեմբեր 5-ին Պէյրութի մէջ տե-

ղի ունեցաւ ՀՅԴ շարքերու մուտքի երդման արարողութիւն, որուն ճամ-

բով 87 նորագիրներ միացան կուսակ-

ցութեան շարքերուն: Օրուան կնքահայրն էր ՀՅԴ Բիւրո-

յի անդամ Մարիօ Նալպանտեան, որ երդման արարողութիւնը նկատեց բա-

ցառիկ առիթ` որոշելու անձնազոհու-

թեամբ եւ ամենայն գիտակցութեամբ միանալ կուսակցութեան շարքերուն: Ան ըսաւ, թէ այս դարու մարտա-

հրաւէրները բազում են, սակայն դաշ-

նակցական երիտասարդը կորովն ու կարողութիւնը պիտի ունենայ պայ-

քարելու անոնց դէմ, այսպիսով զա-

նազանուելով այլ երիտասարդներէն: Մ. Նալպանտեանի համաձայն, թէ-

եւ ՀՅԴ-ի Ծրագիրի ու Կանոնագիրի մշակուած թուականէն բաւական եր-

կար ժամանակ անցած է, դարու բե-

րած վտանգները փոխուած են, սա-

կայն կուսակցութեան գաղափարա-

խօսութիւնն ու ուղեգիծը կը մնան նոյ-

նը` այսպիսով դաշնակցականը դնե-

լով նիւթաբարոյական պարտաւորու-

թիւններու, մահուան գնով ազգին նը-

ւիրուելու պատրաստակամ ըլլալու դէմ յանդիման:

ՀՅԴ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ

ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ

Դեկտեմբեր 03-04-ին Պէյրութի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ կազմակերպական կառոյցներու մարմիններու ներկայա-

ցուցիչներու խորհրդաժողովը: Ժողովի ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոն

ներկայացուց յաջորդ քառամեակի կուսակցութեան գործունէութեան ծը-

րագիրը իր ընդհանուր գիծերուն մէջ: Կազմակերպական հարցերու կող-

քին քննուեցան Հայաստանի ներքին քաղաքական իրավիճակը, երկրի ըն-

կերա-տնտեսական կացութինը, գար-

նան տեղի ունենալիք Ազգային Ժո-

ղովի ընտրութիւններուն հետ առըն-

չըւող հարցերը: Արծարծուեցան աշխարհաքաղա-

քական ներկայ բեմին վրայ Հայ Դատի աշխատանքներու ռազմավարական ու մարտավարական առաջնորդող սկզբունքները. այս ծիրէն ներս շեշտ դրուեցաւ Ցեղասպանութեան 100-ամ-

եակի առիթով հայութեան պահան-

ջատիրական ընտրանքներու համա-

հայկական դրսեւորման անհրաժեշ-

տութեան վրայ: Շեշտուեցաւ Արցախի վերաբնա-

կեցման աշխատանքներուն նոր որակ ու տարողութիւն տալու կարեւորու-

թիւնը: Ժողովը քննեց նաեւ Միջին Արեւելքի հայութեան դիմագրաւած հարցերը տարիէ մը ի վեր շրջանը ցնցող քաղաքական ու ապահովական վերիվայրումներու լոյսին տակ:

ՀՅԴ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԵՒՐՈՊԱՅԻ

ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ

Եւրոպայի Հայ դատի Պրիւքսելի

գրասենեակին մէջ 10 Դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբերու խորհրդաժողով-սեմինար մը, որուն ընթացքին ար-

ծարծուեցան եւ քննարկուեցան Հայ դատի աշխատանքներն ու յառաջիկայ երկու տարիներու ծրագիրները:

Խորհրդաժողովին ներկայ էին եւ-

րոպական երկիրներու Հայ դատի յանձնախումբերու եւ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի ներկայացուցիչ-

ներ, անդամներ եւ աշխատակիցներ: Արծարծուած եւ քննարկուած նիւ-

թերն էին` Արցախի Հանրապետու-

թեան ճանաչման համար տարուելիք աշխատանքները, Հայաստան-Վրաս-

ԱՊԱԳԱՅԻ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ` ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

121-ԱՄԵԱԿԻ ԱՐԺԱՆԱՒՈՐ ՆՇՈՒՄ

7 Ð³Û Î»³Ýù ¸ºÎîºØ´ºð 2011

տան յարաբերութիւնները եւ ջաւախ-

քահայութեան իրաւունքները, Հայաս-

տան-Թուրքիա յարաբերութիւններն ու Հայաստանին` արձանագրութիւն-

ներէն վերջնականապէս դուրս գալու անհրաժեշտութիւնը:

Յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձաւ Ցեղասպանութեան ճանաչ-

ման հարցէն անդին անցնելով` աշխա-

տանքը իրաւական հիմքերու վրայ դնելն ու հայ ժողովուրդի հատուցման հաւաքական հարցը հետապնդելը:

ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ

ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋՈՒԻ

Միացեալ Նահանգներու Ներ-

կայացուցիչներու տան մէջ առաջին անգամ ըլլալով քննարկման դրուեցաւ բանաձեւ մը, որ կ՛անդրադառնայ քրիստոնէական, մասնաւորապէս հայկական եկեղեցիներուն, անոնց ինչքերը իրենց օրինական տէրերուն վերադարձնելուն:

Դեկտեմբեր 13-ին Ներկայացուցիչ-

ներու տան կողմէ որդեգրուած թիւ 306 բանաձեւին նպատակը Թուրքիոյ նկատմամբ ճնշում բանեցնելն է, որ-

պէսզի վերադարձուին հայկական եւ քրիստոնէական բոլոր միւս եկեղեցի-

ները իրենց պատմական տէրերուն, անոնց մէջ թոյլատրուին արարողու-

թիւններ կատարել, վերցուին կրօնա-

կան խտրականութիւնները, քրիստոն-

եայ համայնքներուն թոյլատրուի ա-

ռանց սահմանափակումներու զբաղիլ եկեղեցիներու, պաշտամունքի այլ վայրերու, դպրոցներու, հիւանդանոց-

ներու վերակառուցման աշխատանք-

ներով: Բանաձեւի հեղինակներն էին հան-

րապետական Էտ Ռոյս եւ դեմոկրա-

տական Հաուըրտ Պըրման: Անիկա քոնկրեսի լիագումար նիստին քըն-

նարկումի եւ քուէարկութեան դրուած էր Ներկայացուցիչներու տան մեծա-

մասնութեան ղեկավար Էրիք Քանթո-

րի նախաձեռնութեամբ: Ամերիկայի թրքական լոպին, նախ-

քան քուէարկութիւնը քայլերու ձեռ-

նարկած էր բանաձեւի որդեգրումը տապալելու համար: Իսկ քուէարկու-

թեան աւարտէն անմիջապէս ետք Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Նամըք Թան անդրադարձած է տեղի ունեցածին. «Թիւ 306 բանաձեւը ա-

նարդար, անհիմն եւ ինքնակոչ է», ըսած է ան:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնա-

խումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեան կը նշէ, որ «Թուրքիոյ արձագանգը, ի

տարբերութիւն նախորդ դէպքերուն, այնքան ալ կարծր չէր: Պաշտպան-

ւելու համար որեւէ թեզ յառաջ մղելու տարբերակ չունէին: Հայոց ցեղասպա-

նութեան բանաձեւին պարագային, թէեւ խղճուկ, անհիմն եւ անտրամա-

բանական, սակայն պաշտպանական վարկած յառաջ կը մղուէր»:

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

ԺԻՐԻՆՈՎՍՔԻԻ ՀԵՏ

ՀՅԴ Մոսկուայի Հայ դատի գրա-

սենեակի եւ Ռուսիոյ քաղաքական կուսակցութիւններու համագործակ-

ցութեան ծիրէն ներս, Պետական տու-

մային մէջ տեղի ունեցաւ գրասեն-

եակի պատասխանատու Եուրի Նա-

ւոյեանի հանդիպումը Ռուսիոյ Ազա-

տական-ժողովրդավարական կուսակ-

ցութեան նախագահ Վլատիմիր Ժիրի-

նովսքիի հետ: Եուրի Նաւոյեան շնորհաւորեց

խորհրդարանական ընտրութիւննե-

րուն մէջ Ազատական-ժողովրդավա-

րական կուսակցութեան տեղերու ա-

ւելնալուն, ինչպէս նաեւ Ժիրինովսքի-

ի` Ռուսիոյ նախագահի թեկնածու առաջադրուելուն առիթով: Ընդգծուե-

ցաւ, որ յարգանքի եւ բարձր գնա-

հատականի արժանի է Ժիրինովսքիի մօտեցումը հայութեան համար կեն-

սական նշանակութիւն ունեցող հար-

ցերուն մէջ, մասնաւորաբար Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճա-

նաչման եւ արդար փոխհատուցման խնդիրին մէջ:

Նաւոյեան վստահութիւն յայտնեց, որ հակառակ որոշակի դժուարու-

թիւններուն, Ռուսիոյ քաղաքական համակարգը պիտի յաջողի 4 մարտին յաջողութեամբ կատարել նախագա-

հական ընտրութիւնները եւ ապահո-

վել Ռուսիոյ հետագայ կայուն զար-

գացումը: Ան ընդգծեց, որ հայերը կը հանդիսանան ռուսական հասարա-

կութեան անքակտելի մասը, ուշադ-

րութեամբ կը հետեւին կուսակցու-

թիւններու ծրագիրներուն, քաղաքա-

կան բանավէճերուն եւ աշխուժօրէն կը մասնակցին Ռուսիոյ հասարակական-քաղաքական կեանքին:

Եուրի Նաւոյեան նաեւ ներկայա-

ցուց շրջանային այն մարտահրաւէր-

ները, որոնք դրուած են Հայաստանի առջեւ, եւ ուշադրութեան հրաւիրեց Արցախի մէջ պետական շինարարու-

թեան յաջողութեան վրայ` նշելով, որ պետականութեան ստեղծման աստի-

ճանով Լեռնային Ղարաբաղը արժանի է միջազգային ճանաչման եւ անոր համար ունի իրաւական-քաղաքական անհրաժեշտ հիմքերը:

Համաձայնելով Լեռնային Ղարա-

բաղի միջազգային ճանաչման ան-

հրաժեշտութեան տեսակէտին հետ` Ժիրինովսքի նշեց, որ այդ ճանաչու-

մին ժամանակաւորապէս կը խանգա-

րեն միայն միջազգային ներկայ շահե-

րը: Ռուս փորձառու քաղաքական գործիչը յայտնեց, որ հայերը իրենց ի-

րաւունքներուն համար արդար պայ-

քար կը մղեն, ինքը արդարութեան կողմնակից է, իսկ արդարութիւնը հա-

յերուն կողմն է: Ըստ Ժիրինովսքիի, Ռուսիա, Եւրո-

պա եւ Միացեալ Նահանգներ աստի-

ճանաբար կը ճանչնան հայերու իրա-

ւունքները իրենց պատմական հայրե-

նիքին նկատմամբ եւ Թուրքիա պէտք է հաշուի նստի այս իրողութեան հետ:

Անդրադառնալով հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն` Ժիրինովսքի ընդգծեց Հայաստանի ապահովու-

թեան հարցին մէջ Ռուսիոյ նշանա-

կութիւնը, յատուկ ուշադրութիւն դար-

ձուց միջազգային յարաբերութիւննե-

րուն մէջ Ռուսիոյ հետագայ դիրքերու ամրապնդման: Ժիրինովսքի գնահա-

տեց Ռուսիոյ զարգացման գործին մէջ հայերու դերակատարութիւնը` կարե-

ւոր նկատելով նաեւ Ռուսիոյ ընտ-

րութիւններուն մէջ հայերուն աշխուժ դիրքորոշման նշանակութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին նախնա-

կան համաձայնութիւն ձեռք բերուե-

ցաւ ապրիլ ամսուն Ժիրինովսքիի Հա-

յաստան այցելութեան կազմակերպ-

ման վերաբերեալ: Առիթէն օգտուելով` Ժիրինովսքի

շնորհաւորեց ամբողջ հայ ժողովուրդը Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի առիթով, մաղթեց հետագայ յառաջընթաց եւ ազգային բոլոր ծրագիրներու իրակա-

նացում:

«ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԷՏՔ Է ՍՏԱՆԱՅ ԻՐ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀՈՂԵՐԸ»

ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ԺԻՐԻՆՈՎՍՔԻ

Ռուսիոյ Ազատական-ժողովրդա-

վարական կուսակցութեան ղեկավար, Ռուսիոյ նախագահութեան թեկնածու Վլատիմիր Ժիրինովսքի յայտարարած է, որ «Հայոց ցեղասպանութեան ճա-

նաչման մասին մեր կուսակցութիւնը շատոնց կը խօսի, եւ մենք կ՛ողջունենք ֆրանսացի երեսփոխաններուն որո-

շումը: 1915-ի ողբերգական իրադարձու-

թիւններուն զոհ դարձած է աւելի քան 1.5 միլիոն մարդ, եւ այդ իրողութեան վրայ աչք փակելը ուղղակի սրբա-

պըղծութիւն է: 1915-ի Ապրիլի դէպ-

քերը մարդկութեան պատմութեան ամէնէն մութ էջերն են: Ժողովուրդի մը այսպիսի դաժան ոչնչացում ոչ մէկ եւրոպական եւ ասիական երկրի մէջ պատահած է: Շուրջ մէկ դար առաջ ազգային հողի վրայ ուղղակի մարդոց ոչնչացում իրականացուած է: Այսօր աշխարհը ժողովրդավարութեան մա-

սին կը խօսի, եւ միջազգային հան-

րութիւնը պէտք է ընդունի Հայոց ցե-

ղասպանութիւնը»: Ըստ Ժիրինովսքիի, կատարուած

յանցանքը պէտք է ընդունի նաեւ ինքը Թուրքիան, իսկ Հայաստան պէտք է իր պատմական տարածքները ստանայ:

«ԹՈՒՐՔԻԱՆ ՄԻԱՅՆ ԻՆՔՆԻՐԵՆ

ԲԱՐՈՅԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ

ԴԱՍ ՊԷՏՔ Է ՏԱՅ» Կ՛ԸՍԷ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Լիբանանեան «Օ.Թի.Վի.» եւ Հա-

յաստանի «Երկիր Մետիա» պատկե-

րասփիւռի կայաններուն հետ հար-

ցազրոյցի մը ընթացքին, Արամ Ա. կա-

թողիկոս խստիւ քննադատեց Թուր-

քիոյ ժխտողական ոգին ու սպառ-

նական կեցուածքը թէ՛ Միջին Արե-

ւելքը յուզող հարցերուն եւ թէ՛ Հայոց ցեղասպանութեան գծով վերջերս ԱՄՆ-ի ու Ֆրանսայի կողմէ առնուած դրական քայլերուն նկատմամբ:

Վեհափառը Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագ-

րաւած մարտահրաւէրներուն գծով հարցումի մը պատասխանելով յիշեց վերջերս Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէկ յայտարարու-

թիւնը, որուն համաձայն` Թուրքիան կը պատրաստուի միջազգային համա-

գումար մը կազմակերպելու` ի նը-

պաստ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու պաշտպա-

նութեան: «Ցաւալի, ծիծաղելի ու վտանգալից նախաձեռնութիւն մըն է այս` պետութեան մը կողմէ, որ կը շարունակէ բռնաբարել իր սահման-

ներուն մէջ ապրող ու համաքաղա-

քացի փոքրամասնութիւններու իրա-

ւունքները: Պետութիւն մը, որ տակա-

ւին բռնագրաւուած կը պահէ փոքրա-

մասնութիւններու շարժուն եւ անշարժ կալուածները, ներառեալ` ցեղասպա-

նութեան զոհ հայ ժողովուրդին պատ-

կանող բազմաթիւ ազգապատկան, ե-

կեղեցապատկան կամ անհատական շարժուն ու անշարժ կալուածներ», ըսաւ վեհափառը:

Իր հարցազրոյցի վերջին բաժինին մէջ, վեհափառը անդրադարձաւ վեր-

ջերս Ֆրանսայի խորհրդարանին կող-

մէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգըր-

ման: Ան ջերմօրէն ողջունեց այս քաջ քայլը Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ` իբրեւ շօշափելի արտայայտու-

թիւն մարդկային իրաւունքներու նկատմամբ Ֆրանսայի ունեցած յանձ-

նառութեան: Վեհափառը դատապար-

տեց Թուրքիոյ «տակաւ աճող ժխտո-

ղական ու սպառնական ոգին»: Ան ըսաւ. «Թուրքիան փոխանակ ժողո-

վըրդավարութեան դասեր տալու Ֆրանսային, թող ինք յարգէ մարդ-

կային իրաւունքները իր սահմաննե-

րուն մէջ»: Յայտնենք, որ Արամ Ա. կաթողիկոս այս առիթով իր խոր գնահատանքը յայտնեց նաեւ Ֆրան-

սայի Հայ դատի գրասենեակին` թե-

լադրելով, որ վերանորոգ հաւատքով ու նուիրումով Հայ դատի մարմինները շարունակեն իրենց աշխատանքը ամէն տեղ:

8 Ð³Û Î»³Ýù ¸ºÎîºØ´ºð 2011

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՎԵՐԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ ՄԻՋԻՆ

ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԱԽԱԳԱՀ

Կիպրոսի մէջ գումարուած Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին համաժողովին առաջին օրը Արամ Ա. կաթողիկոս երկրորդ շրջանի մը հա-

մար վերընտրուեցաւ նոյն խորհուրդի նախագահ:

Համաժողովի առաջին նիստին, վե-

հափառը խօսք առնելով ներկայացուց անցնող չորս տարիներուն խորհուր-

դին դիմագրաւած դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները, յատկապէս ծանրանալով տնտեսական եւ վարչա-

կազմակերպչական մարզերուն վրայ: Վեհափառը լայնօրէն անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող քաղաքական վերիվայրումներուն եւ շեշտեց, թէ հակառակ բոլոր դժուա-

րութիւններուն, խորհուրդը շարունա-

կեց իր առաքելութիւնը, եւ առաւել կենսունակութեամբ ան կոչուած է դառնալու Միջին Արեւելքի եկեղեցի-

ներուն ձայնն ու միակամ կեցուածքը: Ապա, խօսք առին արեւելեան ուղ-

ղափառ, կաթողիկէ ու բողոքական ե-

կեղեցիներու ներկայացուցիչները եւ ընդգծեցին խորհուրդի կարեւորութիւ-

նը` իբրեւ շրջանի եկեղեցիները հա-

մախմբող կառոյց: Նոյն օրը համա-

ժողովին իր զեկուցումը ներկայացուց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Կրկես Սալեհ:

«ԵՐԿԻՐՆ ՈՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ» ԽՈՐԱԳՐՈՎ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

ԿԻՊՐՈՍԻ ՄԱՍԻՆ

Պուրճ Համուտի քաղաքապետու-

թեան եւ Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպանատան միացեալ նախաձեռ-

նութեամբ եւ կազմակերպութեամբ, 1 Դեկտեմբերի երեկոյեան, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Երկիրն ու ժողովուրդը» խորագիրով լուսանկարչական ցուցահանդէսի մը բացումը:

Ներկայ էին Լիբանանի մէջ Կիպ-

րոսի եւ Հայաստանի դեսպաններ Հո-

մեր Մաւրոմատիս եւ Աշոտ Քոչար-

եան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան եւ քաղաքապե-

տութեան անդամները, Կիպրոսի դես-

պանատան առեւտրական կցորդ Կա-

րօ Ճիկերճեան եւ հրաւիրեալներ: Լուսանկարներուն ընդմէջէն կ՛ար-

տացոլար Կիպրոսը` իր մշակոյթով, ժողովուրդով, տեսարժան վայրերով, բնութեամբ, աւանդութիւններով, տա-

րազներով, կրթական ու մշակութային

կեանքով: Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ

Ճորճ Գրիգորեան բարի գալուստ մաղ-

թելէ ետք անդրադարձաւ Լիբանանի եւ Կիպրոսի ժողովուրդներուն միջեւ առկայ հասարակաց գիծերուն ու նմանութիւններուն նշելով, որ այս ցուցահանդէսով ձեւով մը հիւրընկա-

լած կ՛ըլլան Կիպրոսը, որ տարբեր ա-

ռիթներով իր սիրտը լայնօրէն բացած է լիբանանցիներուն դիմաց:

Կիպրոսի դեսպան Հոմեր Մաւրո-

մատիս խորին ուրախութիւն եւ շնոր-

հակալութիւն յայտնեց այս ցուցահան-

դէսին առիթով` նշելով, որ Լիբանանի եւ Կիպրոսի յարաբերութիւնները լաւ ու աշխուժ եղած են: Ապա դեսպան Հոմեր Մաւրոմատիս յատուկ կերպով անդրադարձաւ կիպրահայութեան, որուն ներկայութիւնն ու ներդրումը նկատեց բաւական հարստացնող Կիպրոսի համար:

«ԱԶԴԱԿ»-Ի

ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԱԾ ՏՊԱՐԱՆԻՆ ԲԱՑՈՒՄԸ

Կիրակի, 4 Դեկտեմբեր 2011-ը պատմական եւ իւրայատուկ օր մըն էր «Ազդակ»-ի պատմութեան մէջ: Արդա-

րեւ, «Եռագոյն ֆոնտ-ի ու անոր հիմ-

նադիր Երջօ Սամուէլեանի նուիրա-

տուութեամբ «Ազդակ»-ի տպարանի վերանորոգութիւնն ու գունաւոր էջե-

րով հրատարակուելու կարելիու-

թեամբ օժտուելու երեւոյթը միայն «Ազդակ»-ի նեղ շրջանակին մէջ չի մնար, այլ թերթը իր նոր տեսքով կը հասնի իր բոլոր ընթերցողներուն:

Այս իւրայատուկ օրը ըստ արժան-

ւոյն նշելու նպատակով «Ազդակ»-ի տպարան հրաւիրուած էին ազգային, կուսակցական, յարանուանական եւ մամլոյ գործիչ հրաւիրեալներ, որոնց ողջունեց Նարէ Գալեմքերեան` շեշտե-

լով լուսարձակի տակ չերեւցող, սա-

կայն տքնաջան ու սեւ աշխատանքով թերթը լոյսին բերող այդ վայրին եւ հոն աշխատողներու տարած ճիգին կարե-

ւորութիւնը: Ապա ներկաները դիտեցին «Ազ-

դակ»-ի տպարանի կազմութեան եւ տարբեր հանգրուաններու հոլովոյթը ներկայացնող տեսաերիզ մը:

Անկէ ետք խօսք առաւ «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, որ վերանորոգուած տպարանի բացումը նկատեց շրջա-

դարձային եւ կարեւոր իրադարձու-

թիւն մը, որ կու գայ փաստելու, թէ հա-

կառակ դասական մամուլի եւ մասնա-

կիօրէն տպագիր մամուլի ճակատա-

գիրին սպառնացող վտանգներուն, «Ազդակ» վճռակամ է շարունակելու նախկիններէն հասած առաքելութիւ-

նը, չլքելու ճակատը եւ պատուով դուրս գալու նորօրեայ դժուար պայ-

քարէն: Այս առիթով Շահան Գանտահար-

եան անդրադարձաւ այս երթի ջահա-

կիրներուն կողքին կանգնած ու գոր-

ծին հաւատացող փաղանգին կարեւո-

րութեան, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ եւ կ՛ըլլայ նիւթաբարոյական աջակ-

ցութիւն ապահովել եւ նորանոր ծրա-

գիրներ իրագործել` սատարելով հա-

մահայկական առաքելութեան իրա-

կանացման աշխատանքներուն: Անդրադառնալով «Եռագոյն

ֆոնտ»-ի կատարած նուիրատըւու-

թեան` Շահան Գանտահարեան հաս-

տատեց, որ նման նախաձեռնութիւն-

ներ կը պարտաւորեցնեն «Ազդակ»-ի ընտանիքը վերանորոգ նուիրուածու-

թեամբ փարելու գործին եւ նոր նըւա-

ճումներ ապահովելու: Ապա յաջորդաբար խօսք առին

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ՀՅԴ Բիւրոյի անունով՝ Լեւոն Մկրտչեան, «Եռագոյն ֆոնտ»-ին կողմէ՝ Րաֆֆի Սիսլեան եւ Լիբա-

նանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան:

Ապա ներկաները ապրեցան իւրա-

յատուկ պահ մը, երբ 1970 թուականին «Ազդակ»-ի 4 էջերը 8-ի բարձրացնելու առիթով կայացած աւանդութիւնը կրկնուեցաւ եւ հրաւիրեալներուն ներ-

կայութեամբ «Ազդակ»-ի գունաւոր տպագրական սարքէն «Ազդակ»-ի գունաւոր առաջին թիւը` թարմ ու «հոտաւէտ», լոյս աշխարհ եկաւ:

Վ. ՏԱՏՐԵԱՆԻ ԵՒ Թ. ԱՔՉԱՄԻ «ԴԱՏԱՍՏԱՆ ՊՈԼՍՈՅ ՄԷՋ»

ՀԱՏՈՐԸ Վերջերս լոյս տեսաւ ցեղասպա-

նագէտներ Վահագն Տատրեանի եւ Թաներ Աքչամի հրատարակած «Դա-

տաստան Պոլսոյ մէջ» խորագրով հա-

տորը (անգլերէն): Հատորին նիւթն է Ա. Աշխարհա-

մարտի աւարտին` 1919-ին, օսման-

եան Թուրքիոյ մէջ հայ բնակչութեան բնաջնջման հեղինակներու դատավա-

րութիւնները, յատուկ յանձնաժողովի մը կողմէ:

Փրոֆ. Տատրեան շեշտեց կարեւո-

րութիւնը սոյն աշխատութեան եւ բա-

ցատրեց, որ անիկա հիմնուած է թըր-

քական փաստաթուղթերու վրայ, զորս օսմանեան իշխանութիւնները հար-

կադրուած են հրապարակել այդ դա-

տավարութիւններուն առիթով: Աւելի քան 50 տարիներու հետա-

զօտութիւններէ ետք, Տատրեան յայտ-

նաբերած է նաեւ, որ օսմանեան կա-

ռավարութեան պաշտօնաթերթը` «Թաքվիմ-ի Վեքայի»-ն զինուորական այդ դատարաններուն մասին լրա-

տըւութեան մեծագոյն աղբիւրը չէր, այլ կար նաեւ ֆրանսագիր հայերէն թերթ մը` «Ռընեսանս», որ լոյս կը տեսնէր Պոլիս, որուն էջերը հարուստ են խնդրոյ առարկայ դատավարու-

թիւններուն մանրամասնութիւններով: ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԵՐԱԺԻՇՏ

ՊՕՂՈՍ ՃԵԼԱԼԵԱՆ ՈՉ ԵՒՍ Է Լիբանանահայ երաժիշտ, երգե-

հոնահար եւ ու-

սուցիչ Պօղոս Ճե-

լալեան երէկ կըն-

քեց իր մահկա-

նացուն: Ան ծնած է

1927-ին` Ալեքսանտրէթ, եւ ուսումը ստացած Քարմելեան հայրերուն մօտ: 1939-ին թրքական վտանգէն փա-

խուստ տալով հասած է Լիբանանի Թրիփոլի քաղաքը, ապա 1942-ին հաս-

տատուած է Պէյրութ: Ան հեղինակ է դասական երաժշտութեան բազմաթիւ երկերու, որոնցմէ շատեր հրատա-

րակուած են Ֆրանսայի, Իտալիոյ եւ Գերմանիոյ մէջ: Ան երկար տարինե-

րու վաստակ ունեցող երաժշտութեան ուսուցիչ մըն էր եւ արժանացած ֆրանսական «Շէօվալիէ տան լ՛Օրտր տեզ Ար է տէ Լեթր» շքանշանին, իսկ 1986-ին Յովհաննէս-Պօղոս Բ. պապին կողմէ պարգեւատրուած էր «լ՛Օրտր տը Սան Սիլվեսթր» շքանշանով:

ՈՉ ԵՒՍ Է ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ԳԷՈՐԳ ԱԲԷԼԵԱՆ

Գրական հա-

րուստ վաստակ մը իր ետին ձը-

գած, «Ձիւնա-

կան» գրչանու-

նով երկար տա-

րիներ «Ազդակ»-ի էջերը ճոխա-

ցուցած, գրող եւ մտաւորական Գէորգ (Ճորճ) Աբէլեան Դեկտեմբեր 3-ին աւանդեց իր հոգին:

Ան ծնած է Քեսապի Քէօրքիւնա գիւղը` 1941-ին: Նախնական ուսումը ստացած է գիւղի` Քեսապի եւ Այնճա-

րի Հայ աւետարանական վարժարան-

ներուն մէջ: Եղած է Հայկազեան հա-

մալսարանի առաջին շրջանաւարտ-

ներէն: Գրական ասպարէզ մտած է յիսուն

տարիներ առաջ եւ աշխատակցած է «Սփիւռք», «Բագին», «Ազդակ» եւ այլ

պարբերաթերթերու: Իր գրական կեանքին մէջ յատ-

կանշական է այն, որ Հայոց ցեղաս-

պանութենէն վերապրողներու, օտա-

րացած, ապա իրենց ինքնութիւնը վե-

րագտածներու, իսլամացածներու մա-

սին պատմութիւններ ու վկայու-

թիւններ հաւաքելու հետեւողական աշխատանք տարած է` այս բոլորը ամփոփելով զոյգ հատորներու մէջ:

9 Úû¹áõ³Í ¸ºÎîºØ´ºð 2011

2011-ը կը փակենք, ազգային-քաղաքական գետ-

նի վրայ, դրական հաշուեկշռով: Թէեւ ընկրկումներ արձանագրուեցան 2011-ին

եւս, բայց ձեռքբերումները գերակշռեցին: Անշուշտ` յարաբերական առումով: Բաղդատաբար 2010-ին, հայ ժողովուրդը 2011-

ին յառաջխաղացք արձանագրեց որոշապէս Հայ դատի պահանջատիրութեան ճակատին վրայ:

Տարի մը առաջ լուրջ դժուարութիւն ունէինք զի-

րար հասկնալու եւ, մանաւա՛նդ, Հայաստանի ներ-

կայ իշխանութիւնները տարհամոզելու, որ «Հայեւ-

թուրք արձանագրութիւն»-ն ու զայն կեանքի կոչող «Ֆութպոլային դիւանագիտութիւնը» ի սկզբանէ անհեթեթ էին ու դատապարտուած` ցնորք մնալու, այլեւ` վնասելու Հայ դատի հետապնդման աշխա-

տանքներուն:

Անկասկած այսօր ալ, 2011-ի աւարտին եւս, դըժ-

ւար է վերջնականապէս փակուած համարել հայ քաղաքական միտքը երկփեղկող ներքին այդ վէճը, որովհետեւ տակաւին պարբերաբար լսելի կը դառ-

նան Թուրքիոյ նորօրեայ իշխանութիւններէն դրա-

կան շրջադարձ ակնկալելու պաշտօնական Երեւա-

նի լաւատեսական զեղումներն ու անհող խանդա-

վառութիւնները: Այսուհանդերձ, դրական տեղաշարժ մը բացա-

յայտ է: Նուազած է հայեւթուրք յարաբերութեանց բնականոնացման, բարի-դրացիութեան եւ տարա-

ծաշրջանային համագործակցութեան վերաբերեալ բռնազբօսիկ ճարտասանութիւնը: Ընդհակառա՛կն, շեշտուած է թրքական ուրացումներուն ու կողմնա-

կալութեան (ի նպաստ Ազրպէյճանի) դէմ դատա-

պարտումի վարքագիծը եւ հայ քաղաքական միտ-

քը, իր գլխաւոր թեւերով, այս կամ այն չափով լծուած է Թուրքիոյ վրայ պահանջատիրական ճըն-

շումը ուժեղացնելու զօրաշարժին: Այդ իմաստով մեծապէս ուսանելի եղաւ Ֆրան-

սայի Ազգային ժողովին դեկտեմբեր 22-ի պատ-

մական նիստը, որ հակառակ Թուրքիոյ իշխանու-

թեանց ջղագար միջամտութիւններուն եւ սպառնա-

կան հակազդեցութեանց` վաւերացուց Ցեղասպա-

նութեան (այդ կարգին նաեւ ու մանաւանդ` հայ ժո-

ղովուրդին դէմ Թուրքիոյ գործադրած ցեղասպա-

նութեան) ժխտումը քրէական յանցանք հռչակող օրինագիծը:

Մարդկային իրաւանց, ազատութեանց եւ ար-

դար դատերու պաշտպանութեան մարզին մէջ Ֆրանսա յառաջապահի ու դրօշակիրի անվիճելի վաստակ ունի: Հետեւաբար անակնկալ մը չէր Դեկ-

տեմբեր 22-ին Ֆրանսայի ցուցաբերած հաստատա-

կամութիւնը: Բայց միայն անցեալի աւանդով չի բացատրուիր

Ֆրանսայի Ազգային ժողովին խիզախ կեցուածքը, որ թրքական իշխանութեանց սպառնալիքները ար-

համարհելու եւ միջպետական շահաւէտ գործակ-

ցութիւնները վտանգելու գնով` կառչած մնաց Ցե-

ղասպանութեան ժխտումը իբրեւ քրէական յան-

ցանք պատժելու օրէնսդրական քայլին: Անշուշտ նախընտրական տարի է Ֆրանսայի

համար ու նախագահ Սարքոզի եւ իր կուսակցու-

թիւնը կ՛ուզէին սիրաշահիլ ֆրանսահայ քուէները:

Նաեւ ընդդիմադիր կուսակցութիւնները շահա-

գրգռուած էին հայկական քուէներուն բաւարա-

րութիւն տուող նման օրինագծի մը վաւերացումով: Կարելի չէ բացառել, նաեւ, որ նոյնինքն Ցեղաս-

պանութեան ժխտումին հետ ուղղակիօրէն կապ չունեցող քաղաքական պատճառներ այլապէս դեր ունեցած ըլլան թուրքեւֆրանսական յարաբերու-

թեանց այսօրինակ լարումին եւ վատթարացման մէջ: Քաղաքական մեկնաբաններուն կը մնայ յըս-

տակացնել, թէ այս անգամ Ֆրանսա ինչո՛ւ ճշդեց այս աստիճան կարծր կեցուածք: Ի վերջոյ անց-

եալին պատահած են բազում դէպքեր, երբ արդար դատերու նոյն ջերմեռանդ պաշտպան Ֆրանսան իր բարոյական եւ գաղափարական դիրքերէն նահանջ արձանագրած էր` յանուն իր միջպետական շահե-

րուն պաշտպանութեան: Այս բոլորէն մեկնելով է, որ հայ քաղաքական

միտքը կրնայ անհրաժեշտ դասերը քաղել: Ֆրանսայի հաստատակամութիւնը վստահա-

բար շատ բան պիտի կորսնցնէր իր ուժականութե-

նէն, եթէ Հայաստանի իշխանութիւնները շարունա-

կէին հետեւիլ 2008-էն ետք որդեգրուած նախագահ Սարգսեանի «ծրագրային ուղեգծին»` Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու «բնականոնացման» ուղ-

ղութեամբ… Ցեղասպան Թուրքիոյ նկատմամբ Հայաստանի

իշխանութեանց զիջողական քաղաքականութիւնը

փաստօրէն լուրջ վնաս հասցուց Հայ դատի պա-

հանջատիրութեան: Ոչ միայն Ֆրանսան, այլեւ ընդ-

հանրապէս միջազգային ընտանիքը նորովի թափ տուին Թուրքիան դարպասելու վարքագծին, որ բա-

ռին քաղաքական իմաստով գինովցուց վարչապետ Էրտողանն ու անոր կառավարող կուսակցութիւնը:

Թուրքիան տխրահռչակ հայեւթուրք արձանագ-

րութիւնը անվերջ չարաշահեց եւ ծառայեցուց Հա-

յաստանն ու հայութիւնը անձնատուութեան մղելու իր քաղաքականութեան: Հայասպանութեան հա-

մար ամբողջ տասնամեակներ անպատիժ մնալէ ետք, ցեղասպանը նաեւ իր ուրացումներուն ու ժխտումներուն ի նպաստ ձայնակցողներ գտաւ միջազգային բեմին վրայ: Այն աստիճան, որ շըր-

ջանային իր դերակատարութեան ուռճացումին ի սպաս շահարկել սկսաւ «հաշտարար» եւ «խաղա-

ղարար» ուժի իր կեղծ «բարի վարուց վկայագ-

րերը»… աջին ու ձախին դէմ սուր ճօճելու համար: Մինչեւ որ դանակը հասաւ Ֆրանսայի ոսկորին: 2011-ի հաշուեկշիռը այս աստիճան դրական եւ

ուսանելի արդիւնք ունեցաւ հայ ժողովուրդի ազգա-

յին-քաղաքական կեանքին մէջ: Թուրքիան փաստօրէն մերկացաւ իր պսպղուն

հանդերձանքէն եւ ցեղասպանի իր ողջ կամակո-

րութեամբ ներկայացաւ հանրային կարծիքին: Կը մնայ, որ հայ քաղաքական միտքը տէր կանգ-

նի արձանագրուած յաջողութեան, որպէսզի հա-

մադրուին աշխարհասփիւռ հայութեան ուժերը, եւ որպէսզի ներդաշնակուին Հայ դատի յաղթանակին առաջնորդող պետական թէ քաղաքական բազմա-

մակարդակ մեր քայլերը:

Þ³ñ . ¿ç 15

ՈՐՊԷՍԶԻ ՀԱՄԱԴՐՈՒԻՆ ՈՒԺԵՐԸ, ՈՐՊԷՍԶԻ ՀԱՄԱԴՐՈՒԻՆ ՈՒԺԵՐԸ, ՈՐՊԷՍԶԻ ՆԵՐԴԱՇՆԱԿՈՒԻՆ ՔԱՅԼԵՐԸՈՐՊԷՍԶԻ ՆԵՐԴԱՇՆԱԿՈՒԻՆ ՔԱՅԼԵՐԸ

ܳ½³ñ¿Ã ä¿ñå¿ñ»³Ý

ՄԱՐՏԱՎԱՐԱԿԱՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ՄԱՐՏԱՎԱՐԱԿԱՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ՑՈՒՑԱՆԻՇԵՐՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ՑՈՒՑԱՆԻՇԵՐ

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան քուէարկած թիւ 306 բանաձեւը Հայ դատի աշ-

խատանքներու մարտավարական փոփոխութեան արգասիքը կարելի է համարել: Բանաձեւը, առանց Ցեղասպանութիւն բառեզրի օգտագործման, խորքին մէջ կը թեւակոխէ ճանաչումի յաջորդ հանգրուանը` հատուցումներու մէկ կարեւոր բաժինը:

Ներկայացուցիչներու տունը առանց առաջադ-

րըւած բառեզրին շուրջ ծաւալող բանավէճի խորքին մէջ կ՛անցնի ճանաչման բուն նպատակին եւ Թուր-

քիայէն կը պահանջէ իրաւունքներու վերադարձ` բուն իրաւատիրոջ:

Կը վերադառնանք հատուցումի բաժինին. նախ, տառացիօրէն ներկայացնենք թիւ 306 բանաձեւին հիմնական 4 կէտերը.

- Դադրեցնել Թուրքիոյ մէջ բոլոր տեսակի կրօ-

նական խտրականութիւնները: - Արտօնել եկեղեցիներուն իրականացնել կրօնա-

կան ծէսեր, մատուցել կրթական, ընկերային ծառա-

յութիւններ` առանց սահմանափակումներու: - Վերադարձնել քրիստոնէական եկեղեցիները,

կրօնական եւ կրթական կառոյցները, դպրոցները, յուշարձանները, սրբավայրերը եւ այլ աղօթատեղի-

ներ, ինչպէս նաեւ շարժական գոյքը (արուեստի գոր-

ծեր, ձեռագիրներ, եւ այլն):

- Արտօնութիւն տալ քրիստոնեաներուն կատա-

րել եկեղեցիներու, աղօթատեղիներու, այլ սրբավայ-

րերու եւ հիւանդանոցներու նորոգութեան աշխա-

տանքներ: Առաջին կէտը ուշադրութիւն կը գրաւէ: Բանա-

ձեւի որդեգրումը առաջին հայեացքով կը ձգէ այն տպաւորութիւնը, որ որոշումը, իր ընդհանուրին մէջ, կը վերաբերի քրիստոնէական կրօնի ազատու-

թեան, ընդ որում հայկականին: Ուշադիր ընթեր-

ցումը առաջին կէտին կը նախանշէ ինքնին, որ կը խօսուի բոլոր տեսակի կրօնական խտրականու-

թիւններուն վերջ տալու անհրաժեշտութեան մա-

սին: «Բոլոր»-ը այստեղ խտրականութիւններուն տարատեսակութեան չի վերաբերիր, այլ կրօննե-

րուն: Իսկ բոլոր կրօններուն մէջ կը ներառուի հրէա-

կանը, ինչ որ մտածել կու տայ հրէական լոպիի մասնակցութեան, անուղղակի քաջալերանքին կամ առնուազն գործընթացը չարգելակելու մասին: Բա-

նաձեւը բնականաբար հայկականին առընթեր վա-

յելած է զօրակցութիւնը երկրի թիւ 2 լոպիիստական խմբաւորումին` յունական քաղաքական գործօնին: Ուրկէ կ՛ընդգծուի ճշդուած մարտավարութեան երկ-

րորդ կարեւոր հանգամանքը` լոպիիստական ուժե-

րու կուտակումի ապահովումը, իբրեւ կարեւոր նա-

խադրեալ յաջողութեան հասնելու: Կրօնական ազատութիւնը, եկեղեցիներու նորո-

գութիւնը, սրբավայրերու արարողութիւններ կազ-

մակերպելու իրաւունքը մարդկային իրաւունքի այն-

պիսի բաղադրատարրեր են, որոնց առաջադրումն ու պահպանումը նախապէս այլ ուխտերով եւ հա-

մաձայնութիւններով վայելած են Միացեալ Նա-

հանգներու աջակցութիւնը. յաճախ ալ` անոր յառա-

ջատար ներգրաւուածութիւնը նման փաստաթուղ-

թերու ձեւաւորման մէջ: Մարտավարական երրորդ արդիւնաւէտ մօտեցումը առաջադրուած միջավայրի կիրարկած արժեհամակարգի որդեգրումով նմանա-

տիպ բանաձեւի նախագիծերու ներկայացումին մէջ կը կայանայ:

Շահան Գանտահարեան

10 Úû¹áõ³Í ¸ºÎîºØ´ºð 2011

Թուրքիան մեծ պարտութիւն կրեց անցեալ շա-

բաթ, երբ Միացեալ Նահանգներ Քոնկրեսի Ներկա-

յացուցիչներու տունը ձայներու ճնշող մեծամաս-

նութեամբ նշանակալից բանաձեւ մը ընդունեց` կոչ ընելով Թուրքիոյ կառավարութեան, որ վերադար-

ձընէ բռնագրաւուած աւելի քան 2000 քրիստոնէ-

ական եկեղեցիներն ու այլ կալուածներ «իրենց օրի-

նական տէրերուն»:

Այս յաղթանակը յատկապէս նշանակալից է, որովհետեւ անիկա տեղի կ՛ունենայ ճիշդ այն ժա-

մանակ, երբ Թուրքիոյ հեղինակութիւնը հասած է իր գագաթնակէտին` թէ՛ տարածաշրջանին մէջ եւ թէ՛ միջազգայնօրէն: Սակայն, հակառակ քաղաքական եւ տնտեսական իր հզօր ուժին, ո՛չ թրքական վար-

չակարգը, ո՛չ ալ անոր հզօր լոպիիստները կրցան բացայայտ կերպով դէմ դնել Քոնկրեսին ընդունած բանաձեւին, որ կոչուած էր պաշտպանելու Թուր-

քիոյ մէջ քրիստոնէական փոքրամասնութիւններու կրօնական իրաւունքները:

Այս է պատճառը, որ բանաձեւը, երբ առաջին անգամ յուլիս 20-ին ներկայացուեցաւ Ներկայացու-

ցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին` իբրեւ արտաքին գործոց նախա-

րարութեան արտաքին յարաբերութիւններու լիա-

զօրման որոշումի փոփոխութիւն, անիկա հեշտու-

թեամբ ընդունուեցաւ ձայներու 43-1 յարաբերակ-

ցութեամբ: Դեկտեմբեր 13-ին, մինչ բանաձեւը կը դրուէր քը-

ւէարկութեան Ներկայացուցիչներու տան մէջ, ար-

տաքին գործոց նախարարութիւնը Թուրքիոյ խընդ-

րանքով զգուշ, սակայն ապարդիւն փորձ կատարեց` խոչընդոտելու համար բանաձեւին ընդունումը: Թուրք-ամերիկեան կազմակերպութիւնները նաեւ քարոզչական ձախող պայքար մը մղեցին բանա-

ձեւին դէմ: Ներկայացուցիչներու տան ե՛ւ Հանրա-

պետական մեծամասնական, ե՛ւ Դեմոկրատական փոքրամասնական կուսակցութեանց անդամները ուշադրութիւն չդարձուցին այդ կազմակերպութիւն-

ներուն մերժողական պահանջներուն: Այս երկկու-

սակցական ուժեղ համախմբումը յաջողութեամբ հաւաքեց բանաձեւի ընդունման համար պահան-

ջըած Ներկայացուցիչներու տան ձայներուն երկու-երրորդը, ինչ որ դժուար յաղթահարելի խոչընդոտ մըն էր, քանի որ միջնորդութիւնը ներկայացուած էր խորհրդարանական յատուկ ընթացակարգով մը, որ յայտնի է «Կասեցման օրացոյց» անունով:

Թուրքիոյ կառավարութիւնը եւ իր լոպիիստա-

կան մեծածախս ընկերութիւնները ամօթալի կացու-

թեան մատնուեցան, երբ Քոնկրեսի 435 անդամ-

ներէն միայն մէկը խօսեցաւ եւ քուէարկեց բանա-

ձեւին դէմ: Աւելի՛ն. Քոնկրեսի Թուրք-ամերիկեան բարեկամութեան խումբի համանախագահ Էտ Ուիթֆիլտ (Հ. Քընթաքի) պատրաստակամութեամբ ընդունեց, որ` «քիչերը դէմ պիտի ըլլան այս բանա-

ձեւին»: Ապա ան աւելցուց. «Բանաձեւին ներկայա-

ցումը ինքնին ոեւէ անաչառ դիտորդի մը մօտ կը ձգէ այն տպաւորութիւնը, որ կրօնական ազատութիւնը Թուրքիոյ մէջ կը խախտուի շարունակաբար»: Քանի

մը վայրկեան նիւթէն շեղելէ ետք, առանց իմանալու թէ ինչպէ՛ս աւարտէ իր խօսքը, քոնկրեսական Ուիթֆիլտ իր խօսքին մնացած ժամանակը տրա-

մադրեց իր հակառակորդներուն` բանաձեւի կողմ-

նակիցներուն: Նման աղէտալի պարտութենէ ետք, Թուրքիոյ

արտաքին գործոց նախարարութիւնը ուրիշ ոչինչ կրնար ընել, քան` արտայայտել իր հիասթափու-

թիւնը: Ասիկա Թուրքիոյ բնորոշ գործելակերպ է. ի սկզբանէ մեծ ուժ գործադրել եւ սպառնալիքներ ներ-

կայացնել` անբարենպաստ որոշումէ խուսափելու համար, եւ միայն պարտուելէ ետք, բանաձեւը որա-

կել անկարեւոր` թաքցնելու համար իր ամօթալի պարտութիւնը: Եթէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը կարեւորութիւն չէր տար այդ բանաձեւին, ապա ին-

չո՞ւ ամբողջ աշխարհը իրարու խառնեց` փորձելով զայն տապալել:

Միամիտ հանրութիւնը ապակողմնորոշելու հա-

մար թուրք պաշտօնատարները պնդեցին, թէ բանա-

ձեւը ընդունուած է երկուքի դէմ մէկ քուէով, առանց բացատրելու, թէ բերանացի քուէարկութեան ըն-

թացքին Ներկայացուցիչներու տան անդամներէն շատերը սովորաբար սրահին մէջ ներկայ չեն ըլլար: Երբ երկու կողմերու ղեկավարները կը համաձայ-

նին որեւէ հարցի մը շուրջ, միայն քանի մը անդամ ներկայ կ՛ըլլայ եւ կ՛ընդունի այդ բանաձեւը: Թրքա-

կան իշխանութիւնները պէտք է պատասխանեն հիմնական հարցումի մը, թէ` ինչո՞ւ 435 քոնկրե-

սականներէն միայն մէկը դէմ քուէարկած է բանա-

ձեւին: Այս փաստը կը վկայէ, որ «օսմանեան նոր թագաւորը մերկ է»:

Թէեւ այս բանաձեւը պարտադիր ուժ չունի, քա-

նի տակաւին չէ ներկայացուած ծերակոյտին եւ չէ ստորագրուած նախագահին կողմէ, ասիկա արդէն իսկ զգալի յառաջընթաց է Թուրքիա ապրող քրիս-

տոնեայ բոլոր փոքրամասնութիւններուն համար, որոնց կալուածները բռնագրաւուած են տասնամ-

եակներ շարունակ: Ոգեւորուելով այս դրական յա-

ռաջընթացով` հայկական, ասորիական եւ յունա-

կան համայնքները պիտի շարունակեն իրենց աշ-

խուժ համագործակցութիւնը եւ ճնշում պիտի գոր-

ծադրեն Թուրքիոյ վրայ` իրենց պատմական իրա-

ւունքները վերականգնելու համար: Ասիկա առաջին անգամն է, որ աշխարհասփիւռ

հայութեան համար Միացեալ Նահանգներու Քոնկ-

րեսը Թուրքիայէն հատուցում պահանջեց, այլ ոչ թէ` սոսկ Ցեղասպանութեան ճանաչում: Այս բանաձեւը կրնայ խթան հանդիսանալ միւս երկիրներուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն, որ անոնք ալ հետեւելով այս օրինակին` Թուրքիոյ մէջ իրա-

ւունքներու վերականգնում պահանջեն: Այսուհետեւ, թրքական կառավարութիւնը պէտք

է շատ աւելի զգուշ ըլլայ, երբ այդ իրաւունքները կ՛ոտնահարէ, քաջ գիտակցելով, որ միջազգային համայնքը աչալուրջ կը հետեւի Թուրքիոյ կողմէ շա-

րունակաբար իրականացուող խախտումներուն: Այս բանաձեւին յաջող ընդունումը պիտի ոգե-

ւորէ աշխարհասփիւռ հայերը շարունակելու իրենց պայքարը` յանուն Ցեղասպանութեան պատճառով եղած կորուստներու վերականգնման:

Ցաւօք, Հայաստանի մէջ ոեւէ մէկ հոգեւորական կամ պաշտօնատար որեւէ յայտարարութիւն չկա-

տարեց այս կարեւոր հարցին կապակցութեամբ, կարծէք թէ հայկական եկեղեցիներուն ճակա-

տագիրը զիրենք չի հետաքրքրեր: Արդեօ՞ք հայերուն լաւագոյն շահերէն չի բխիր, որ Հայաստանը սփիւռ-

քին հետ միասնաբար փոխհատուցում պահանջէ` հաշուի առնելով մանաւանդ նախագահ Սարգըս-

եանի` վերջերս Ֆրանսայի Մարսէյ քաղաքին մէջ կատարած յայտարարութիւնը, որով «արդարու-

թիւն» կը պահանջէր Թուրքիայէն:

Յարութ Սասունեան «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչը եւ խմբագիրն է

Թարգմ.`Կարինէ Գէորգեան

ՔՈՆԿՐԵՍԻՆ ԿՈՉԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ՝ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐԸ ՔՈՆԿՐԵՍԻՆ ԿՈՉԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ՝ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁՆԵԼՈՒ ՄԱՍԻՆ. ՓՈԽ ՀԱՏՈՒՑՄԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁՆԵԼՈՒ ՄԱՍԻՆ. ՓՈԽ ՀԱՏՈՒՑՄԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՅԱՋՈՂ ՓՈՐՁԱՌԱՋԻՆ ՅԱՋՈՂ ՓՈՐՁ

Ú³ñáõà ê³ëáõÝ»³Ý

Մեհմեթ Պարլաս «Սա-

պահ»ի մէջ վերի խորագրին ներքեւ նախ կ՛անդրադառ-

նայ ՃՀՓ կուսակցութեան օրով 1937-1938 թուականնե-

րուն Տերսիմի մէջ քիւրտե-

րուն դէմ գործադրուած սպանդներու նիւթին, որ այս օրերուն Թուրքիոյ մէջ օրա-

կարգի գլխաւոր նիւթ կը հանդիսանայ:

Այս առիթով կ՛անդրադառնայ նաեւ յիշեալ կու-

սակցութեան այսօրուան ղեկավար Քըլըճտարօղ-

լուի այն խիստ արտայայտութեան, որ ուղղուած էր վարչապետ Թայիպ Էրտողանի: Ինչպէս գրած էինք, Քըլըճտարօղլու Էրտողանին ուղղած էր սա նախա-

դասութիւնը. «Որքան մեծ դժբախտութիւն է որ մեր երկրի վարչապետին մտային քարտէսը նոյն պատ-

կերն ունի հայ սփիւռքի մտային քարտէսին հետ: Եթէ մեր վարչապետը Հայոց ցեղասպանութեան պնդումներն ալ մեզի պարտադրէ, չեմ զարմանար»:

Մեհմեթ Պարլաս «Քըլըճտարօղլուի ամօթը» խո-

րագրին ներքեւ կը շարունակէ խորհրդածել հետեւ-

եալ կերպով. «Կարեւոր քայլ մըն է այսօր, որ Թուրքիա իր

անցեալին հետ երես առ երես գալու հասունութեան հասած է վերջապէս: «Տերսիմի աղէտը» նիւթ մըն է, որ իսկապէս պէտք է քննուի մանրամասնօրէն: Այս նիւթը օրակարգի բերաւ վարչապետ Էրտողան, որ Քըլըճտարօղլուի կողմէ մեղադրանքի արժանի նկատուեցաւ: Քըլըճտարօղլուի արտայայտութիւնը` Էրտողանին ուղղեալ, անբախտ եւ իր նիւթէն շեղե-

լու կոչուած արտայայտու-

թիւն մը չէ՞ արդեօք: Երբ ջանք կը վատնուի մեր պատմութեան հետ երես առ երես գալու եւ լուսաբա-

նութիւններ մէջտեղ դնելու, արդեօք այդ դէպքերու ցան-

կին մէջ 1915-ին հայերու դէմ գործադրուած տեղահանու-

թեան դէպքը չկա՞յ: Քըլըճ-

տարօղլու արդեօք կը կարծէ, թէ հայկական տեղահանու-թիւնը միայն հայ սփիւռքի մտքին մէջ գոյութիւն ունեցող քարտէ՞ս մըն է:

Եւ կամ` «Ունեւորութեան տուրք»ը միայն Թուր-

քիոյ քաղաքացի հրեաներուն կամ այլ փոքրամաս-

նութիւններու նիւ՞թն է: 6-7 սեպտեմբեր 1955-ին Պոլսոյ յոյն փոքրամաս-

նութեան դէմ գործադրուած դէպքերը մեր կողմէ երես առ երես գալու կոչուած պատմական ամօթ չե՞ն արդեօք: Եւ քանի որ այդ օրերու դէպքերը կազ-

մակերպուեցան Ատնան Մենտերեսի վարչապետ եղած շրջանին, ուրեմն հիմա Ժողովրդավարական կուսակցութիւնը պէտք է որ պաշտպա՞ն կանգի այդ արարքներուն:

Տերսիմի աղէտը օրակարգի բերելու ճիգերը հայ-

կական սփիւռքի մտային քարտէսին նմանցնելու արտայայտութիւնը Քըլըճտարօղլուի ամօթն է:

Քըլըճտարօղլու քանի որ Տերսիմի աղէտը ՃՀՓ-ի ժառանգութենէն անջատելով ատոր հետ երես առ երես գալու քաջութիւնը չունի, գոնէ պէտք է երես առ երես գայ իր ամօթին հետ»:

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

ՄԵՀՄԵԹ ՊԱՐԼԱՍԻ ՈՒՇԱԳՐԱՒ ՅՕԴՈՒԱԾԸ.

««ՄԵՐ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ԵՐԵՍ ԱՌ ԵՐԵՍ ԳԱԼԸ ՄԵՐ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ԵՐԵՍ ԱՌ ԵՐԵՍ ԳԱԼԸ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔԻ ՊԱՐՏԱԴՐԱ՞ՆՔՆ ԷՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔԻ ՊԱՐՏԱԴՐԱ՞ՆՔՆ Է»»

11 Úû¹áõ³Í ¸ºÎîºØ´ºð 2011

«Էրտողան կը բացայայտէ Տերսիմի սպանդնե-

րուն փաստաթուղթերը եւ թրքական պետութեան անունով ներում կը հայցէ». այս մասին կարդացինք «Ախպար Ալամ» կայքէջէն: Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ առնուած այս քայլը քաջալերական է, սակայն անբաւարար` փո-

խելու համար Թուրքիոյ անիրաւ դիմագիծը եւ զայն դասելու շարքին այն պետութիւններուն, որոնք կը յարգեն մարդկային իրաւունքներու մի-

ջազգային չափանիշները: Եթէ Էրտողան աւելի եւս խորա-

սուզուէր պատմութեան մէջ եւ հասնէր միլիոնաւոր հայերու յիշողութեան մէջ տակաւին թարմ եղող 1915-ի Մեծ Ե-

ղեռնի ժամանակաշրջանը, Օսմանեան կայսրութեան արխիւէն բացայայտէր Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող պատմական բոլոր փաստաթուղթերը եւ հրապարակաւ ներում հայցէր հայ ժողովուրդէն, որ այդ ցեղասպանու-

թեան զոհն էր, ապա այն ատեն է որ Էրտողանի քայլը կ՛ամբողջանար, եւ կարելի կ՛ըլլար այդ քայլը նկատել պատմական յանդգնութիւն:

Այս փաստաթուղթերէն մէկը կը նկատուի Թալ-

էաթ փաշայի «Սեւ գիրք»-ը, ուր արձանագրուած են այնպիսի յուշեր, եւ կան այնպիսի փաստաթուղթեր, որոնց հիման վրայ կը հաստատուի, որ Թալէաթը առաւելագոյն չափով կը զօրակցէր 1915-1917-ին գործադրուած հայ ցեղին մաքրագործումին, որ պա-

տահեցաւ Օսմանեան կայսրութեան իշխանութեան ժամանակաշրջանին, իսկ այդ կայսրութեան այսօր-

ւան օրինական ժառանգորդը կը նկատուի ներկայ Թուրքիան:

Այս փաստաթուղթը, որ կը նկատուի կարեւորա-

գոյն փաստը Օսմանեան կայսրութեան ժամանա-

կաշրջանին հայոց դէմ գործուած ցեղասպանու-

թեան, կը պարփակէ օրին` 1915-ին, ներքին գործոց նախարար Թալէաթ փաշայի կողմէ յղուած մեծ թի-

ւով հեռագիրներ: Այդ հեռագիրներուն համաձայն, հրահանգներ կ՛արձակուին հայերը բռնագաղթի ենթարկելու, հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերուի հայ ժողովուրդի կարաւաններուն մասին, ինչպէս նաեւ ցուցմունքներ կը տրուին յաւելեալ թիւերով մարդիկ բռնի տեղահանելու եւ ոճիրները բազմապատկելու:

Հետեւեալ փաստաթուղթերը կ՛երաշխաւորեն Օսմանեան տեղեկագիրներուն մասին այսօրուան իշխանութեան պատասխանատուներուն բոլոր հարցումներուն պատասխանները: Այս գիրքին բո-

վանդակութիւնը, որ գաղտնի մնացած էր Թալէաթ փաշայի կենդանութեան, իր 77 էջերուն մէջ կը բո-

վանդակէ 1915-1917 տարեշրջանին հայ ժողովուր-

դին ենթարկուած բռնագաղթին վերաբերող ման-

րամասնութիւններ: 1921-ին Պերլինի մէջ վրիժառու հայ երիտասար-

դի մը կողմէ Թալէաթի ահաբեկումէն ետք Թալէաթ փաշայի կինը` Խէյրիէ պահած էր իր ամուսնոյն օրագիրը: 1982-ին, նախքան իր մահը, Խէյրիէ այդ փաստաթուղթերը յանձնած էր թուրք պատմաբան Մուրատ Պարտաքճիի: Իսկ Օսմանեան կայսրու-

թեան պատմութիւնը ուսումնասիրող հայ պատ-

մաբան Արա Սարաֆեան այդ փաստաթուղթերուն անդրադարձաւ 2011-ին:

Պարտաքճի այդ փաստաթուղթերէն մաս մը

հրատարակած էր «Հիւրիէթ» օրաթերթին մէջ 2005-ին, իսկ 2008-ին այդ հրատարակութիւնը եղաւ ամ-

բողջական: Այդ փաստաթուղթերը, որոնք հիմնը-

ւած են Թալէաթի օրագրութեան վրայ, կը բովան-

դակեն հայ ժողովուրդին մասին թիւեր, որոնց հա-

մաձայն, 1915-էն առաջ Օսմանեան կայսրութեան մէջ կ՛ապրէին 1,256,000 հայեր, որոնց թիւը երկու տարի ետք նուազած էր եւ դարձած` 284,157», կը նշէ Պարտաքճի:

«Սեւ գիրք»-ին մէջ նշուած թիւերը յստակ պա-

տասխաններ են Հայոց ցեղասպանութեան վերա-

բերող կարգ մը հիմնական հարցումներու: Անոնցմէ երկուքը կը բացայայտեն 1915-ին արձանագրուած բռնագաղթին իսկութիւնը եւ բռնագաղթող հայու-

թեան ճակատագիրն ու վախճանը` երբ անոնք հա-

սան մինչեւ Սուրիոյ անապատները եւ յատկապէս Տէր Զօրի անապատին մէջ վերաբնակեցան:

Ըստ Արա Սարաֆեանի, Թալէաթ փաշայի տե-

ղեկութիւնները բոլորովին կը հակադ-

րըւին թրքական պաշտօնական աղ-

բիւրներուն կողմէ ներկայացուած թի-

ւերուն եւ բոլոր այն տեղեկութիւն-

ներուն, որոնց համաձայն կը հաս-

տատուէր, որ բռնագաղթը` Օսման-

եան կայսրութեան օրէնքներուն հի-

ման վրայ կազմակերպուած քայլ մըն էր, ինչպէս նաեւ այն տեղեկութիւն-

ներուն, թէ յաջողութեամբ կարելի ե-

ղած է բռնագաղթող հայերը վերա-

բնակեցնել Տէր Զօրի մէջ: Սարաֆեան կը նշէ նաեւ, որ Թալէաթի օրագիրները բովանդակող «Սեւ գիրք»-ին մէջ ակներեւ կերպով

շեշտուած է, որ Օսմանեան կայսրու-թեան մէջ բնակող հայութեան թիւը շատ աւելի մեծ էր, քան ինչ որ կը յայտարարուի թրքական պաշտօնական աղբիւրներուն ներկայա-ցուցած թուային պատկերներով: Իսկական այդ թի-ւերը շատ աւելի մեծ ցուցանիշներ են այն իրո-ղութեան, թէ հայ ժողովուրդը բռնագաղթի ենթար-կելը համազօր էր մահապատիժի:

Սարաֆեան լուսարձակի տակ կ՛առնէ նաեւ Թալէաթ փաշայի գիրքին մէջ նշուած մէկ այլ կա-

րեւոր դիտողութիւն մը, որուն համաձայն. «Օս-

մանեան կայսրութեան օրերուն հայկական նա-

հանգներուն մէջ ապրող բնակչութեան թիւը` 1914-ի վիճակագրութեան մը համաձայն, հետեւեալն է. 1,187,818 հայ առաքելական, 63,967 հայ կաթողիկէ, առանց նշելու հայ աւետարանականներուն թիւը: Եթէ փորձենք զգուշաւոր կերպով միայն 30 առ հա-

րիւրի յաւելում մը կատարենք, պիտի տեսնենք, որ 1914-ին հայկական նահանգներուն մէջ հայութեան ճշգրիտ թիւը 1,500,000 է, հետեւաբար այդ նա-

հանգներուն մէջ հայութեան մնացորդացին թիւը 284,157 պէտք չէ ըլլայ, այլ` 350,000 – 400,000-ի միջեւ պէտք է տարուբերի:

Իսկ մենք կը սպասենք հրապարակումը այն փաստաթուղթերուն, որոնք ուղղակիօրէն կը վերա-

բերին հայկական կալուածներուն` բնակարաններ, եկեղեցիներ եւ վանքեր, որոնք գողցուած են, քան-

դըւած եւ կերպարանափոխուած` ծածկելու համար պատմական բոլոր փաստերը, որոնք ցոյց կու տան, թէ հայերը այդ շրջանին մէջ ապրած են աւելի քան 30 դարեր:

Տակաւին չենք խօսիր հայկական գիւղերու եւ աւաններու անուններու փոփոխութեան մասին, ինչ որ կը հակադրուի 1923-ին ստորագրուած Լոզանի դաշինքին թիւ 38 եւ թիւ 44 յօդուածներուն, ուր Թուրքիա կը խոստանայ պաշտպանել փոքրամաս-

նութիւններուն իրաւունքները: Այս բոլորին կողքին, տակաւին կայ Աթաթուրքի իշխանութեան եւ Արդի Թուրքիոյ հիմնադրութեան հանգրուանը, որուն ըն-

թացքին հայ ժողովուրդին բռնագաղթը շարու-

նակուեցաւ, հասնելով մինչեւ Ալեքսանտրէթի գաղ-

թերը, որոնք արձանագրուեցան 1939-ին: Արդեօք այս բոլորը արժանի չե՞ն թրքական կող-

մէ ներում հայցելու: Եթէ Թուրքիա իսկապէս քաղաքական եւ ժողո-

վըրդավարական հասունութիւն կ՛ապրի եւ ժողո-

վըրդավարութեան ու մարդկային իրաւունքներուն մասին աջին ու ձախին խորհուրդներ կը բաշխէ, ապա ան իր յիշողութեամբ պէտք է վերադառնայ դէպի 1915 եւ ճանչնայ Օսմանեան կայսրութեան գործած ցեղասպանութիւնը, որուն զոհ գացին մէ-

կուկէս միլիոն հայեր, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուր-

դին տրամադրէ նիւթական ու բարոյական հատու-

ցում»:

ՄԻՆՉԵՒ ՈՐ ԷՐՏՈՂԱՆ ԲԱՑԱՅԱՅՏԷ ՆԱԵՒՄԻՆՉԵՒ ՈՐ ԷՐՏՈՂԱՆ ԲԱՑԱՅԱՅՏԷ ՆԱԵՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԵՐԸ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԵՐԸ ԵՒ ՆԵՐՈՒՄ ՀԱՅՑԷԵՒ ՆԵՐՈՒՄ ՀԱՅՑԷ

Վերջերս Լիբանանի «Նահար» օրաթերթին մէջ հրատարակուեցաւ Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեանի գրած արաբերէն հետեւեալ յօդ-ւածը, որ կը վերաբերի Տերսիմի ջարդերուն գծով Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հայցած ներումին:

Տերսիմի քիւրտ եւ ալեւի բնակչութիւնը թրքա-

կան կառավարութեան կողմէ ծրագրուած ցեղաս-

պանութեան ենթարկուած է, եւ Թուրքիոյ կառավա-

րութիւնը աշխարհին առջեւ պատասխանատու է մարդկութեան դէմ գործած իր այդ արարքին հա-

մար: Վարչապետ Էրտողան, խոստովանելով հան-

դերձ Թուրքիոյ պետութեան մեղքը «Տերսիմի ջար-

դերուն» մէջ, նախ փորձեց անոր տարողութիւնը նսեմացնել, ապա յանցագործութեան պատասխա-

նատուութեան առիւծի բաժինը վերագրել այդ ժա-

մանակաշրջանի կառավարութեան գլուխը կանգ-

նած իշխող կուսակցութեան: Որքան ալ վերապահօրէն գնահատենք վար-

չապետ Էրտողանի այս աննախընթաց քայլը, պէտք է ընդունինք, թէ ասիկա առաջին անգամն է, որ պետական բարձրագոյն դիրքի վրայ գտնուող թուրք պաշտօնատար մը շեղած է թուրք ժողովուրդի պատմութեան մէջ իր նախնիներու ոճրային քաղա-

քականութեան ամբողջական ուրացումի վարքա-

գիծէն` միեւնոյն ատեն նպաստելով քեմալական վարդապետութեան սարքած թուրք կերպարի գոնէ մասնակի քանդումին:

Իր պատմութեան մէջ ոչ մէկ մութ էջ ունենալու յոխորտանքն է, զոր Էրտողան խնդրոյ առարկայ

դարձուց իր խոստովանութեամբ, եւ ի՛նչ անմի-

ջական հաշիւներ ալ ըլլան իր դրդապատճառները, ան ճամբայ բացաւ հետագայ աւելի լայնախոհ, ա-

ւելի գիտակից թուրք ղեկավարներու, որպէսզի կա-

տարեն աւելի խիզախ ոստումներ ու ճանչնան Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած բոլոր ցեղասպա-

նութեանց ամբողջական պատասխանատուութիւ-

նը: Մենք ընդհանրապէս թուրք պաշտօնատարնե-

րու գործողութիւնները կը գերագնահատենք` իբրեւ դիւանագիտական կամ քաղաքական բարձր մա-

կարդակի խաղեր մոգոնողներու` եւ գործադրողնե-

րու: Այդ տրամաբանութիւնը Էրտողանի սոյն խոս-

տովանութիւնը պիտի նկատէր իբրեւ մարտա-

վարական կամ ռազմավարական հրաշալի քայլ: Գուցէ այդպէս ալ է: Սակայն չենք կրնար թերա-

գնահատել այն ծանր հարուածը, զոր այս քայլը պատճառեց թուրք մարդուն պետականօրէն ներ-

շընչուած ինքնապատկերացման, որ կրնայ ինքնին դուռ բանալ աւելի խոր ներհայեաց քննարկում-

ներու` մղելով թուրք ժողովուրդն ու մտաւորակա-

նութիւնը` աւելի մեծ ոստումներ կատարելու իրենց սեփական պատմութիւնը ճանչնալու ցաւագին փորձերուն մէջ:

ԹՐՔԱԿԱՆ ՈՍՏՈՒՄԹՐՔԱԿԱՆ ՈՍՏՈՒՄ

Վերա Եագուպեան

Աբօ Պողիկեան

12 ¸ºÎîºØ´ºð 2011

Այս տարի Դաշնակցութեան օրը` Դաշնակցու-

թեան հաշուետուութեան օրը զուգադիպում է Հա-

յաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարա-

բաղի Հանրապետութեան 20-ամեակին: Այս հրա-

շալի առիթով թւում է, որ միայն դրական ապրում-

ներով պէտք է շրջապատուած լինենք, թւում է, որ միայն դրական զգացումներ պէտք է ունենանք, բայց արի ու տես` մի կողմից Հայաստանի Հանրա-

պետութեան անկախութեան 20-ամեակը` առիթ, որ կամայ թէ ակամայ լցւում ենք դրական զգացում-

ներով, լաւատեսութեամբ, լաւ ենք տրամադրւում մեր ժողովուրդի ապագայի նկատմամբ: Թւում է, որ ապահովուած է հայ ժողովուրդի շարունակա-

կանութիւնը, հայ ժողովուրդի յաւերժութիւնը, նոյն-

պէս ինքնավստահութեամբ ենք տոգորւում, ինք-

նայարգման զգացում ենք ունենում` ի տես այն բանի, որ ազատագրուած Արցախի, Լեռնային Ղա-

րաբաղի Հանրապետութեան արդէն 20-ամեակն ենք տօնում: 20-ամեակ` ազատագրուած Արցախի, որը կերտուել է մեր ընկերների, հազարաւոր հա-

յորդիների արեան գնով, եւ ունենում ենք այն զգա-

ցողութիւնը, այն վստահութիւնը, թէ մեր ազգը կեն-

սունակ է, մեր ազգը ընդունակ է նոր յաղթանակ-

ներ արձանագրելու: Ուրեմն ունինք այն զգացողու-

թիւնը, որ ազգային իղձերի իրականացումը երազանք չէ, այլ` իրականանալի ապագայ:

Ի տես կազմակերպուած, քաղաքականօրէն կազմակերպուած սփիւռքին` նոյնպէս ունենում ենք հզօրութեան զգացումը: Ցեղասպանութիւնից յետոյ գաղթական դարձած ժողովուրդ, որ քայլել է մինչեւ քաղաքական կազմակերպուածութիւն, այ-

սօր իրական, միջազգային առումով քաղաքական գործօն է, եւ դա լաւ զգացողութիւն է ստեղծում մեր մէջ:

Սակայն, միւս կողմից, 20 տարիներ են անցել Հայաստանի անկախութիւնից, բայց մեր երկրում դեռ յամենում են` աղքատութիւնը, անարդարու-

թիւնը, անգործութիւնը, արտագաղթը. եւ չեն կա-

րող մեր ապրումներն ու զգացողութիւնը լինել մի-

անշանակ, ուզենք կամ չուզենք` հակասական ապ-

րումներով ենք պարուրւում: Արի ու տես, որ եր-

կար տասնամեակներից, տքնաջան աշխատանքից յետոյ այսօր դեռ շարունակում ենք դիմագրաւել կազմակերպուած մեր Միջին Արեւելքի գաղութնե-

րից արտագաղթի երեւոյթը: Արիւնահոսութիւն է, որ տեղի է ունենում այդ շրջաններից: Տեսնում ենք, որ շատ ու շատ հայկական գաղութներում մեր ազ-

գային կազմակերպուածութեան ցանցից դուրս են մնում աւելի շատ հայորդիներ, քան կան այդ ցան-

ցին մէջ: Գուցէ սա է կեանքի իրողութիւնը, կեանքը լաւի ու վատի, դրականի եւ բացասականի ամբող-

ջութիւն է, բայց մենք իրաւունք չունենք վատի հետ համակերպուելու, բացասականի հետ հաշտուելու, մենք պարտաւոր ենք կեանքը պայքարի վերածե-

լու, աշխատանք տանելու, արիւն-քրտինքի մէջ մտնելու, որպէսզի բացառուեն վատն ու բացասա-

կանը մեր կեանքից: Ես գիտեմ` որոշներդ միաժամանակ մտածում

էք, որ կայ նաեւ դժգոհութիւն Դաշնակցութիւնից: 20 տարի է անցել Հայաստանի անկախութիւնից, բայց ինչո՞ւ Դաշնակցութիւնը իշխանութիւն չի Հա-

յաստանում, ինչո՞ւ Դաշնակցութեան անուան դէմ դեռ արձանագրւում են համեստ տոկոսներ: Գի-

տեմ` դա ձեզ նեղացնում է, եւ այսօր ես ճիգ պիտի չթափեմ արդարանալու: Արդարանալու ոչ մի ճիգ

պէտք չէ թափեմ, որովհետեւ եթէ մեր երկրում աղքատութի՛ւն կայ, անարդարութի՛ւն կայ, անգոր-

ծութի՛ւն կայ, նա՛եւ մեղաւոր է Դաշնակցութիւնը: Մեզ համար մեղաւոր է հէնց Դաշնակցութիւնը, եւ մենք իրաւունք չունենք թոյլ տալու, որ այսպէս շա-

րունակուի: Մենք իրաւունք չունենք թոյլ տալու, որ 20 տարուան անկախութիւնից յետոյ մեր երկրում այս բացասական երեւոյթները շարունակեն գոյու-

թիւն ունենալ: Բայց ուզում եմ ձեզանից մի բան. չմտածէք երբեք, որ որեւէ քաղաքական ուժ մըր-

ցակցութեան մէջ իր ժողովրդականութեան հաշ-

ւին առաւելութիւն է ձեռք բերել մեր նկատմամբ: Այդպիսի բան չմտածէք: Ուզում եմ` ուշադրութիւն չդարձնէք, որ այս կամ այն ընտրութիւններին ո՛ր քաղաքական ուժի դէմ ի՛նչ տոկոս է արձանագ-

րըւել, որովհետեւ դա չի, որ կարեւոր է: Կարեւոր է այն, որ տարբեր ընտրութիւններում նոյն քաղաքա-

կան ուժի դէմ ի՛նչ տոկոս է արձանագրուել: Եթէ մէկ ուժ մէկ ընտրութիւններին բերել է 300-400 հա-

զար քուէ, եթէ իրական է իր ժողովրդականութիւնը, չի կարող 3-4 տարի յետոյ նոյն ուժը ձեռք բերի 8-5 հազար քուէ: Այս փաստն է, որ պէտք է նկատի ու-

նենաք: Ուզում եմ նկատի ունենաք, որ կարեւոր չի, որ իշխանութեան վրայ յայտնուած ուժը իր դիմաց ինչ տոկոս է արձանագրում: Ուզում եմ նկատի ու-

նենաք, որ այդ ուժը նախքան իշխանութիւն դառ-

նալը եւ իշխանութիւն չդառնալու դէպքում իր ան-

ւան դիմաց ի՛նչ տոկոս կ՛արձանագրի: Մենք հաւատում ենք, մենք գիտենք, որ մենք

չենք յաղթողը, մենք չենք ապահովել մեր ժողո-

վուրդի մեծամասնութեան քուէն, բայց դա չի նշա-

նակում եւ երբեք չի նշանակում, որ միւս քաղա-

քական ուժերը մեր երկրում աւելի մեծ ժողովրդա-

կանութիւն ունենան Դաշնակցութիւնից: Մենք հա-

ւատում ենք, որ մեր իրական ժողովրդականու-

թիւնը շատ աւելի մեծ է, քան` մեր անուան դիմաց արձանագրուած քուէները, մենք հաւատում ենք, որ մեր ժողովուրդի ակնկալիքը մեզանից շա՛տ աւելի մեծ է, քան` որեւէ քաղաքական այլ ուժից, մենք հա-

ւատում ենք, որ մեր ժողովուրդի յարգանքը եւ վըս-

տահութիւնը մեր նկատմամբ շա՛տ աւելի մեծ է, քան` մեր անուան դիմաց արձանագրուած տոկոս-

ները: Մենք հաւատում ենք, եւ դա փաստ է, որ մեր

ազդեցութիւնը եւ դերակատարութիւնը մեր երկ-

րում եւ ընդհանրապէս հայկական իրականութեան մէջ շա՜տ շա՛տ աւելի մեծ է, քան` մեր անուան դիմաց արձանագրուած տոկոսները:

Ուղղակի մենք Հայաստանի քաղաքական դաշ-

տում իւրայատուկ կուսակցութիւն ենք. մենք նոյն զէնքերով չենք պայքարում, ինչով պայքարում են միւսները, մենք փորձում ենք մեր քաղաքական մշակոյթով ներկայութիւն դառնալ Հայաստանի քաղաքական դաշտում, մենք փորձում ենք մեր քաղաքական մշակոյթով մենք մեզ պարտադրել Հայաստանի քաղաքական դաշտին: Մեր պայքա-

րում սուտը, կեղծիքը, ամբոխավարութիւնը, ընտ-

րակաշառքը տեղ չունեն, եւ կարեւոր չի, որ այսօր կամ երէկ ի՛նչ տոկոս էր արձանագրուել մեր ան-

ւան դիմաց. կարեւորը այն է, որ մենք վստահ ենք, որ վաղուան օրը մերն է, վաղուան յաղթանակը մերն է:

Մեր երկիրը գնում է ընտրութիւնների, Ազգային ժողովի ընտրութիւնների. եւ մեր նման երկրում ընտրութիւնները միշտ էլ կարող են ցնցումներով զուգակցուել: Մենք փխրուն երկիր ենք, բազում հարցեր ունեցող երկիր ենք եւ պէտք է կարողա-

նանք մեր կեանքից բացառել ցնցումները, դրա հա-

մար մենք ընտրութիւնների ենք գնում մեզ համար ճշդելով մի քանի կարմիր գծեր, որոնք չենք խախ-

տելու եւ պահանջելու ենք, ակնկալելու ենք, ցան-

կանալու ենք, որ բոլոր քաղաքական ուժերը յար-

գեն այդ կարմիր գծերը. 1) Մենք չենք խախտելու Հայաստանի քաղաքա-

կան կայունութիւնը. ո՛չ իշխանութիւնները իրենց պահուածքով, իրենց գործունէութեամբ, իրենց վե-

րաբերմունքով տարբեր քաղաքական ուժերի եւ ժողովուրդի նկատմամբ իրաւունք ունեն մղել Հայաստանի քաղաքական դաշտը դէպի առճակա-

տում, ո՛չ էլ ընդդիմութիւնը, իշխանութիւնը վեր-

ցընելու մոլուցքով տարուած, պէտք է մոռանայ երկրի անվտանգութիւնն ու մեր ինքնիշխանու-

թեան հարցերը: Պէտք չէ մոռանանք, որ մենք զի-

նադադարի մէջ գտնուող երկիր ենք, դեռ պա-

տերազմի մէջ ենք, ուղղակի զինադադարի հանգ-

րըւան է. պէտք չէ մոռանանք, որ անցած 20 տար-

ւան մէջ մեր հիմնական նուաճումներն ու ձեռք-

բերումները մեր երկրի կայունութեան հաշուին են եղել, եւ ոչ ոք իրաւունք ունի, թէ՛ իշխանութիւն, թէ՛ ընդդիմութիւն, խախտելու երկրին քաղաքական կայունութիւնը:

2) Մենք այսօր պէտք չէ անենք մի բան, մեր պայքարին մէջ պէտք չէ մտնենք թոյնի այն տոկոսը, որ կ՛արգիլի մեզ, կը դժուարացնի մեզ, կը խանգա-րի մեզ, որ վաղը, եթէ ազգային անվտանգութեան հարց ստեղծուի, եթէ վաղը Ղարաբաղում պատե-րազմ սկսուի, մենք դժուարանանք կողք-կողքի կանգնելու, մենք դժուարանանք ձեռք-ձեռքի տա-լու, որպէսզի կարենանք միասնականօրէն դիմագ-րաւել արտաքին պատերազմը: Մենք պէտք է գի-

տակցենք, որ այդ վտանգը 7 սարի յետեւում չի գտնւում, այդ վտանգը ամէն պահի սպառնում է մեզ, եւ մենք պէտք չէ անենք այնպիսի բան, որ մեր ժողովուրդի ներքին միասնականութիւնը, մեր ներ-

քին համախմբումը վտանգուի: 3) Ո՛չ մի քաղաքական ուժ իրաւունք չունի ներ-

քաղաքական մակարդակում առաւելութիւններ ձեռք բերելու, ներքաղաքական դաշտում առաւե-

լութիւններ ձեռք բերելու համար արտաքին միջա-

մտութիւններու իրաւունք եւ առիթ ստեղծելու: Մեր երկիրը ո՛չ Լիպիա է, ո՛չ Եգիպտոս. մեր երկիրը զարգացած է, մենք ունենք հնարաւորութիւն, կա-

րողականութիւն` մեր երկիրը դարձնելու երկիր, դրախտավայր, ժողովրդավարական երկիր, եւ ար-

ՀՅԴ 121ՀՅԴ 121--ԱՄԵԱԿԱՄԵԱԿ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ

Մարգարեանի արտասանած խօսքը՝ Դաշ-նակցութեան 121-ամեակի հանդիսութեան, Պէյրութի մէջ:

13 ¸ºÎîºØ´ºð 2011

ցառուի: Օտարի համար մեր ներքին խնդիրները առիթ են, պատրուակ են, որ ի հաշիւ մեր ազգային ինքնիշխանութեան` առաւելութիւններ ձեռք բերի. սա պէտք է կարողանանք մենք գիտակցենք, եւ ոչ մէկս առիթ չտանք արտաքին միջամտութիւննե-

րին, բոլորս պէտք է կարողանանք միաբերան ասել` ո՛չ արտաքին միջամտութիւնների:

Այս ամբողջը ես լիբանանահայութեան եմ ա-

սում` քաջ գիտակցելով, որ ես խօսում եմ մէկ հա-

մայնքի հետ, մէկ գաղութի հետ, որ մինչեւ այսօր չի ապրել միայն ներգաղութային հոգսերով, հարցե-

րով: Դա տառապել ու տագնապել է համահայկա-

կան խնդիրներով, դա մասնակցութիւն, առաջնոր-

դող դեր է ունեցել համահայկական հարցերի կար- գաւորման խնդրում:

Այն գաղութները, որ կը մտածեն իրական կեան-

քի դժուարութիւնների, խոչընդոտների բերումով, որ իրենք պէտք է զբաղուեն միայն իրենց խնդիր-

ներով, այդ գաղութները իրենց լուսանցք են մղելու, իրենց տանելու են ինքնասպառման եւ անջատ-

ւելու են հայկական իրականութիւնից: Այն գա-

ղութներն են մնալու կենսունակ, այն գաղութներն են մնալու հայկական, որոնք ապրում եւ աշխա-

տում են նաեւ համահայկական օրակարգերով: Լիբանանահայ գաղութի դերն ու դերակատա-

րութիւնը ղարաբաղեան պայքարում մեծ է եղել, եւ ժամանակը կը գայ հաւանաբար, որ ըստ արժան-

ւոյն այդ կը գնահատուի: Այսօր եւս այդ ապացոյց-

ները առկայ են, միայն մի հարցով մատնանշում անեմ. այն ներդրումը, որ լիբանանահայ գաղութը ունի վերաբնակեցման հարցում, յարգանքի արժա-

նի եւ ողջունելի մասնակցութիւն է, մենք այն պէտք է տարածենք, վարակիչ դարձնենք ամբողջ հայկա-

կան իրականութեան մէջ: Մենք պէտք է գիտակցենք, եթէ մեր ներգաղու-

թային, ներհամայնքային աշխատանքները չեն զու-

գակցւում համահայկական պայքարի մասնակ-

ցութեան հետ, մեր արածը անիմաստ է: Որո՞նք են դրանք. Հայ դատի աշխատանքներ, Հայաստանի աշխարհի հետ կապուած խնդիրները, Հայաստան աշխարհ ասելով` նկատի ունեմ Հայաստանի Հան-

րապետութիւն, Ղարաբաղ եւ Ջաւախք: Եւ երրորդ` համահայկական բոլոր հարցերը, համահայկական հոգսերով ապրելու երեւոյթը. ամէն հայ, ամէն մէկ հայկական գաղութ պէտք է տառապի, պէտք է իր հոգսը համարի մեր ժողովուրդի ցանկացած հատ-

ւածի հոգսը: Մենք պէտք է կարողանանք մէկս միւսի հոգսով

ապրելու եւ հոգսերին փորձել լուծում բերել: Ամէն մէկ հայկական գաղութ ամէն մի սփիւռքահայ իրեն պէտք է զգայ համահայկական ընտանիքի մաս, բաժին, այդ ամբողջութեան մաս եւ բաժին, որ-

պէսզի իմաստաւորուի նաեւ այն գործը, այն զոհա-

բերութիւնը, որ ինք կատարում է համայնքի մէջ: Առանց այդ աշխատանքի, առանց այդ պորտակա-

պի` մենք տեղ չենք հասնելու. Լիբանանահայու-

թիւնը այդ առումով միշտ եղել է առաջամարտիկ, եւ լիբանանահայութեան օրինակը պէտք է ան-

շուշտ դառնայ վարակիչ բոլոր հայկական գա-

ղութների, համայնքների համար: Անցած երկու օրուայ ընթացքում մենք Լիբանա-

նում կազմակերպեցինք Դաշնակցութեան մարմին-

ների խորհրդաժողով, դա Դաշնակցութեան, այս-

պէս ասած, բարձրագոյն գործադիր ժողովն է: Մենք

մէկ անգամ եւս վերանորոգեցինք մեր ուխտը, մէկ անգամ եւս գօտեպնդուեցինք մէկս միւսով եւ որո-

շեցինք միասնական, մէկ մարդու նման շարու-

նակել պայքարը` մինչեւ վերջնական յաղթանակ: Այսօր եւս ուզում եմ ձեզ հետ որոշել, որ դուք

պէտք չէ հեռու մնաք Հայաստանի քաղաքական, պետական, մշակութային, հասարակական կեան-

քից. դուք պէտք է մասնակից դառնաք, մենք պէտք է ապահովենք, որ դուք իրաւական առումով Հա-

յաստանի քաղաքական, պետական գործին մաս-

նակից դառնալու հնարաւորութիւն ունենաք: Այդ մասնակցութիւնը պէտք է լինի իրական, պէտք է լինի համահունչ` սփիւռքեան գաղութների պատ-

կերին եւ սփիւռքահայութեան մէջ քաղաքական ու-

ժերի իրական ժողովրդականութեան հետ: Եւ դա չի կարող լինի ինչ-որ պաշտօնեայի, որքան որ էլ խելացի, բարձր պաշտօնեայի կամայականութեան հետեւանք: Դա միայն կարող է լինի ժողովուրդի ընտրութեամբ. ժողովուրդի ընտրութեամբ պէտք է ձեւաւորուի սփիւռքի իրական ներկայացուցչութիւ-

նը, եւ այդ ներկայացուցչութիւնը պէտք է մասնա-

կից դառնայ Հայաստանի պետական, քաղաքական այն բոլոր հարցերի մէջ, որոնք համահայկական բնոյթ ունեն:

Եւ ես ուզում եմ, որ մենք միասին անգամ մը եւս ուխտենք, որ մենք միասին պիտի կերտենք այն Հայաստանը, որով պէտք է հպարտանանք, ա՛յն Հայաստանը, որ մեզի անընդհատ ձգի դէպի իրեն, բոլորի մագնիսի պէս քաշի դէպի իրեն. ա՛յն Հա-

յաստանը, որ առաջնորդուի ազգային ուղեգիծով, ա՛յն Հայաստանը, որի մէջ տիրի ազատութիւն, ար-

դարութիւն եւ հաւասարութիւն: 5 դեկտեմբեր, 2011

Դաշնակցութեան օրուան տօնակատարութիւն-

ները տարուէ տարի աւելիով կը հրապարակայ-

նացնեն կուսակցութեան գործունէութիւնը, աւելի-

ով հաշուետուութեան շեշտադրումներով կը ներ-

կայացնեն կուսակցութեան խօսքը եւ աւելիով ժո-

ղովուրդին կը բանան հետագայ աշխատանքնե-

րուն հիմնական նախանիշերը: Դաշնակցութեան օրուան նշումները վաղուց արդէն ինքնագովեր-

գանքի առիթներ դադրած են ըլլալէ եւ վերածուած հարցերը ուղղակի արծարծելու, բացթողումները մատնացոյց ընելու, եղելոյթներուն առար

-կայական գնահատական տալու եւ մա-

նաւանդ ժողովուրդի վստահութեամբ զինուած գալիքի ծրագրումները զան-

գուածներուն հետ բաժնելու պահերու: Այս առումով ալ Դաշնակցութեան Լի-

բանանի կազմակերպութիւնը կը պատ-

րաստուի տօնակատարել Դաշնակցու-

թեան օրը` ներկայանալու համար ծով գործունէութեան եւ աշխատանքի ըստ-

ւար թղթածրարի հիմնական կէտերով: Բացատրե-

լու քաղաքական այն ուղեգիծը, որ Դաշնակցու-

թիւնը կը կիրարկէ ըլլա՛յ համահայկական խնդիր-

ներուն, ըլլա՛յ հայաստանեան եւ ըլլա՛յ լիբանան-

եան հարթութիւններու վրայ` միշտ ու միշտ գերա-

դասելով համայն հայութեան գերագոյն շահերը եւ հայրենիքին ու ժողովուրդին անվտանգութիւնը:

Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները նման պահերու չեն վարանիր մատնացոյց ընելու այն դժուարութիւնները, որոնց հանդիպեցաւ կուսակ-

ցական հաւաքական աշխատելաոճը, այն մարտա-

հրաւէրները, որոնց ընդառաջ գնաց յառաջատար կուսակցութիւնը եւ այն բացթողումները, որոնք արձանագրուեցան ազգային, քաղաքական, մշա-

կութային ուղեգիծերու իրականացման ճամբուն վրայ:

Ծրագրաւորումներու եւ բազմաշերտ գործունէ-

ութեան առաւելագոյն հրապարակայնացումն է փաստօրէն, որ վարկ, հեղինակութիւն եւ մանա-

ւանդ հաւաստիութիւն կ՛ապահովէ կուսակցու-

թեան: Անցնող ուղիին առարկայական գնահատա-

կանը, ինքնաքննադատական բաժինը, յաջողու-

թիւնները ժողովուրդին հետ կիսելու հետեւողա-

կան մօտեցումները եւ ազգային գաղափարախօ-

սական հիմքի վրայ յառաջիկայի ուղենիշերը յայ-

տարարելու կուսակցութեան աշխատելաոճը կ՛ամ

-փոփուի Դաշնակցութեան օրուան ընթացքին: Ժո-

ղովուրդի բաւարարուածութիւնը փաստօրէն աշ-

խատանքային ոճի այս հրապարակայնացումով կը բացատրուի ու կը մեկնաբանուի:

Յստակատեսութիւնը, որ կ՛իշխէ Դաշնակցու-

թեան օրուան խօսքերուն մէջ, անկեղծանալու տի-

րապետող մթնոլորտը, որ կը պարուրէ համակիր զանգուածները, առողջ մեկնակէտ է ոչ միայն անց-

եալը քննարկելու, այլ նաեւ ապագան նախանշելու: Եւ որքան յստակ ըլլան հայ-թուրք յարաբերութիւն-ներուն նկատմամբ Դաշնակցութեան հայեցակար-գային

մօտեցումները, որքան մատչելի կերպով բա-նաձեւուած ըլլան արցախեան բանակ

-ցութիւններուն նկատմամբ մեր ունեցած դիրքորոշումները, որքան համոզիչ դառ-

նան համահայկական հասարակութեան ձեւաւորման համար մեր տարած աշխա-

տանքները, որքան հիմնաւորուին Հայաս

-տան-սփիւռք համագործակցութեան ճիշդ ու ամուր հիմեր կառուցելու մեր սկըզ-բունքները, այնքան կը բարձրանայ

Դաշ-նակցութեան վայելած վարկին եւ հեղի-

նակութեան աստիճանաչափը: Տակաւին. որքան յայտարարուի Հայաստան-

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն ռազմա-

վարական դաշինքի կնքման անհրաժեշտութիւնը, որքան բացատրուի հայ քաղաքացիին ազատ քուէի ուժի հանգամանքը, որքան զգալի դառնայ հայրե-նիքի մէջ համակարգային փոփոխութիւններու ան-յետաձգելիութիւնը, որքան պարզ դառնայ առանց զիջելու զարգանալու հնարաւորութիւնը եւ որքան շեշտուի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ հատուցման հանգրուանին նախապատ-

րաստուելու ռազմավարութեան մշակումը, այն-

քան համոզիչ կը դառնայ Դաշնակցութեան ա-

ռանցքային ու անշրջանցելի դերակատարութիւնը հայկական իրականութեան մէջ:

Եւ տակաւին. որքան հասկնալի դառնայ հայրե-

նակեդրոն սփիւռքի մտածողութեան ձեւաւորման աշխատանքներուն նպատակը, եւ այդ ծիրին մէջ լուսաբանուին իւրաքանչիւր համայնքի, գաղութի կամ շրջանի վարած ազգային-քաղաքական ուղե-

գիծերու շարժառիթներն ու հիմնադրոյթները, այն-

քան աւելի կ՛ամրապնդուի ժողովրդային հաւատ-

քը` Դաշնակցութեան նկատմամբ: Ազգային ա՛յս արժեհամակարգին վրայ յենած է,

որ Դաշնակցութիւնը ամէնուրեք կը տօնակատարէ իր ՕՐԸ, հայութեա՛ն եւ Հայաստանի՛ն ՕՐԸ:

Դաշնակցութեան Օրուան Առիթով

ՀՐԱՊԱՐԱԿԱՅՆԱՑՈՒՄ ԵՒ ՀԱՒԱՍՏԻՈՒԹԻՒՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿԱՅՆԱՑՈՒՄ ԵՒ ՀԱՒԱՍՏԻՈՒԹԻՒՆ

14 ¸ºÎîºØ´ºð 2011

Հարցում մը կայ, որ ես բազմաթիւ անգամներ լսած եմ Թուրքիա այցելող արեւմուտքցիներէն եւ օտար դիւանագէտներէն. «Ինչո՞ւ շատ դժուար է թուրքերուն համար քննարկել հայկական կացու-

թիւնը»: Ոմանք աւելի բարդ ձեւով կը

հարցնեն. «Բոլոր ազգ-պետութիւն-

ները ունին պատմութիւններ, որոնք նշանաւորուած են շարք մը սխալ արարքներով: Ինչո՞ւ տակաւին թուրքերը չեն կրնար այս նիւթին մասին խօսիլ, հակառակ այն ամ-

բողջ ժամանակին, որ անցած է»: Եւ իսկապէս, ինչո՞ւ մենք անկարող ենք ասոր

մասին խօսելու: Ասիկա հարց մըն է, որուն վերաբերեալ ես մտա-

ծելու շատ ժամանակ յատկացուցած եմ: Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա, Անգլիա, Հո-

լանտա եւ այլ երկիրներ բոլորն ալ իրականա-

ցուցած են իրենց «ջարդերը», ոչ միայն իրենց բըռ-

նագրաւած հողերուն վրայ, նաեւ այլ վայրերու մէջ եւս:

Իսկ ինչ կը վերաբերի մեզի, մենք մեր դրացինե-

րը սպաննած ենք: Այն մարդիկը, որոնք Հիւսիսային Ամերիկա ե-

կան, իրենց համար բնիկ ամերիկացիները շատ «նախնական», արտաշխարհային թուեցան: Բրի-

տանացիներուն համար հնդիկները մարդիկ էին, որոնք ապրած էին աշխարհի բոլորովին միւս կող-

մը: Բայց մեզի համար հայերը մեր դրացիներն էին: Ես կը հաւատամ, որ ասո՛ր համար հայկական

ջարդերը շատ աւելի խոր սպիներ ձգած են մեր հա-

սարակութեան, հանրութեան, վրայ, քան` եւրոպա-

ցիներուն կամ ամերիկացիներուն իրականացուցած ջարդերը:

Այլ գործօն մը, որ կ՛արգիլէ, կը խանգարէ մեզ այս հարցը քննարկելու, այն փաստն է, որ «ժամա-

նակակից Թուրքիան» եւ «Թրքական ինքնութիւնը» հիմնուած են տեսակ մը «բացարձակութեան» վրայ:

Անոնք, որոնք հիմնեցին Թուրքիան, իրականու-

թեան մէջ թուրքերը սահմանեցին իբրեւ մարդիկ, որոնք ոչ իսլամները չէին: Եւ կան նոյնիսկ աւելի ցաւոտ գործօններ, որոնցմէ քանի մը հատը մատ-

նանշուած են Թաներ Աքչամի եւ այլ գրողներու կող-

մէ: Հայկական ջարդերուն մէջ գործուն դերակատա-

րութիւն ունեցած անձերէն ոմանք եւս Թրքական Հանրապետութեան հիմնադիր կազմի անդամներ էին: Այնպէս որ, անցեալի դիմակալումը նոյնպէս կը նշանակէ, որ մենք կրնանք մեր հիմնադիր «հերոս-

ները» կորսնցնել եւ զանոնք վերածել «ոճրագործ-

ներու» շարքերու, անոնցմով պարծենալու փոխա-

րէնը անոնցմով ամչնալու: Այժմ յստակ է, որ այս ամբողջ մերժողական,

ժխտողական մեքանիզմին վրայ մենք թրքական ինքնութիւնը կերտած, կառուցած ենք: Այս կացու-

թեան վրայ ա՛յս դիտանկիւնէն նայելով` շատ բաներ յանկարծական, արագօրէն կը յստականան:

Չանաքքալէի (Կալիփոլի) պատերազմը պատ-

մութեան մէջ շատ ցաւոտ շրջան մըն է Թուրքիոյ համար:

Ատիկա պատերազմ մըն էր, որուն պատճառով մենք մեր ազգին տասնեակ հազարաւոր երիտա-

սարդները թաղեցինք: Հակառակ այդ ժամանակ Թուրքիոյ կրած ցաւին,

մենք հանդուրժեցինք անզաքներու (նորզելանտացի կամ աւստրալիացի զինուորներ, որոնք փորձեցին թրքական հողեր ներխուժել) յուշակոթողները, ո-

րոնք կանգնած են մեր հողին վրայ, ինչպէս նաեւ հանդուրժեցինք այդ զինուորներուն շառաւիղները, որոնք ամէն տարի Թուրքիա կու գան անզաքներու հոգեհանգստեան արարողութեան համար:

Ուրեմն ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ մինչ մենք այս բոլորը կը յաջողինք ընել, սակայն չենք կրնար մեր հայ

դրացիներուն համար կաթիլ մը արցունք հոսեցնել կամ յուշակոթող մը կանգնեցնել անոնց յիշատա-

կին: Երբ մարդիկ կը դիմակալեն իրենց անցեալները

եւ կը ճանչնան պատահածը, իրենք կը նպաստեն իրենց հասարակութեանց եղափո-

խութեան: Բայց երբ մենք կը ժըխ-

տենք, կը մերժենք պատահածը, անցեալէն եկող սխալները աւելի մեծ կ՛ըլլան քան այն սխալները, որոնք իրականութեան մէջ մէկ մա-

սը կը դառնան հասարակութեան ինքնութեան:

Այս օրերուն թրքական օրակարգին վրայ տի-

րական է այլ կորսուած առիթ մը, որպէսզի մենք մեր անցեալը դիմակալենք:

Թրքական մամուլին մէջ հրապարակային, բաց բանավէճ մը կայ փաստաթուղթերու շուրջը, որոնք կը նշեն, որ Աթաթիւրք եւ իր զինուորական հրա-

մանատարութիւնը անձամբ հրահանգած են Տերսի-

մի մէջ տեղի ունեցած ջարդերու իրականացումը: Մենք որոշ ատեն մը տակաւին պիտի խօսինք Տեր-

սիմի ջարդերուն մասին: Ասիկա` այն պատճառով, որ իշխող կուսակցութիւնը կը կարծէ, թէ այս երկ-

րին մէջ քաղաքական որոշ ուղի մը պատաս-

խանատու է Տերսիմի համար, եւ թէ` զայն շրջա-

պատող «ցեխը» բնաւ իրենց վրայ պիտի չցատկէ: Բայց նոյն այս կառավարութիւնը չ՛ուզեր քըն-

նարկել 1915-ի իրադարձութիւնները, դէպքերը: Ի-

րենք անկարող են 1915-ին նոյն վերաբերմունքով մօտենալու: Երբ խնդրին իրականութիւնը այն է, որ փաստօրէն Տերսիմը ոչ այլ ինչ է, քան` կրկնութիւնը նոյն տեսակի «խնդիր լուծելու» մտայնութեան, որ մենք գործնապէս տեսանք 1915-ին:

Տերսիմի ջարդերը տեղի ունեցած ատեն ժո-

ղովրդահանրապետական կուսակցութիւնը (ԺՀԿ) իշխանութեան վրայ էր: Եթէ ԺՀԿ իսկապէս պիտի դիմակալէ Տերսիմը, ուրեմն աւելին պիտի յաջորդէ:

Կան «Զմիւռնիոյ հրդեհը» Զմիւռնիոյ սպանու-

թիւնը», «Անկախութեան ատեանները», եւ շատ մը այլ իրադարձութիւններ, դէպքեր, որոնք մեր պաշ-

տօնական պատմութիւն վերապատմելը յաջողած է շեղել:

Անշուշտ, քանի որ ԺՀԿ-ն «պետութիւնը հիմ-

նած» կուսակցութիւնն է, դիմակալելիք դէպքերու իր ցանկը ամէնէն երկարն է:

Բայց մինչ Թուրքիոյ մէջ ժողովուրդը կը սկսի անցեալը դիմակալել, անկասկած հասարակութեան եւ քաղաքական կուսակցութիւններու մէջ կան հատուածներ, որոնք պիտի հակառակին անցեալի ցաւոտ եւ ամօթալի դէպքերուն:

«Իւլքիւճիւլեր» կամ «Գաղափարապաշտ» հատ-

ւածներ իրենց անցեալը յատկանշուող բազմաթիւ ջարդերէն ոչ մէկը դիմակալած են: Հաւատաւոր իսլամներ բնաւ չեն կրցած դիմակալել այն փաստը, որ իրենք ուրուային պետութեան կողմէ իբրեւ աք-

ցաններ, ունելիներ շահագործուած են, երբ հարցը վերաբերած է այնպիսի դէպքերու, ինչպէս Սվազի (Սեբաստիա) ջարդերը, ալեւիներու սպանութիւն-

ները եւ այլն: Ձախը կը մերժէ նայիլ վայրագութեամբ լեցուած

իր անցեալին: Եւ մենք այս երկրին մէջ կը շա-

րունակենք ապրիլ չթաղուած դիակներու եւ տեղի չունեցած սուգի մէջ:

Տերսիմի նիւթով հրահրուած այս բանավէճերը Թուրքիոյ համար շրջադարձային պիտի ըլլա՞ն:

Վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ներում հայցեց Տերսիմի ջարդին համար, եւ ասիկա ան-

շուշտ շատ կարեւոր զարգացում մըն է, բայց ար-

դեօ՞ք մենք կրնանք իսկապէս խօսիլ անցեալի ան-

կեղծ դիմակալումի մասին, եթէ մենք բնաւ չար-

ծարծենք, թէ ի՛նչ պատահած է 1915-ին, եւ պար-

զապէս միայն քաղենք մեր պատմութենէն հաճելի դէպքեր` անոնց վրայ կեդրոնանալու համար:

«Թուտէյզ Զաման»

Էրեն Քեսքինի կարծի-քով, պետութիւնը ամենէն առաջ պէտք է ներողութիւն խնդրէ 1915-ի Հայոց Ցեղ-ասպանութեան համար:

Այն օրէն ասդին, երբ վարչապետ Էրտողան պե-

տութեան անունով ներողութիւն խնդրեց Տերսիմի մէջ 1936 թուականին քիւրտերու ու ալեւիներու դէմ գոծադրուած ջարդին համար, ամէն կողմէ ձայներ կը բարձրանան, որպէսզի յիշեցնեն, թէ այս երկրին մէջ պէտք է տակաւին ներողութիւն խնդրուի ինչ-ինչ ուրիշ անիրաւութիւններու ու բրտութիւններու համար եւս:

«Ռատիքալ» թերթի աշխատակիցը բազմաթիւ մտաւորականներու ու հանրային գործիչներու հարցուցած է, որ տակաւին ինչերո՞ւ համար պէտք է ներողութիւն խնդրուի, եւ թէ` ինչո՞ւ եւ ի՞նչպէս պէտք է ներողութիւն խնդրուի: Պատասխանները հետաքրքրական ու այլազան են:

Օգնական դասախօս Մուրատ Փաքեր կ՛ըսէ, որ 1980-84 թուականներուն Տիգրանակերտի զինուո-

րական բանտին մէջ աւելի քան 5000 բանտար-

կեալներ ենթարկուեցան շատ դաժան հալածանք-

ներու: Պետութիւնը անշուշտ որ այս սեւ էջին հա-

մար ալ պէտք է ներողութիւն խնդրէ: Փրոֆ. Այտըն Ուղուր կը յիշեցնէ Մարաշի ու Չո-

րումի մէջ կատարուած ջարդերը: Ռիֆաթ Պալի ընդհանրապէս կանգ կ՛առնէ Ու-

նեւորութեան տուրքի հարցին վրայ: Ան կ՛ըսէ, թէ պետութեան անունով ներողութիւն խնդրելը շատ լուրջ գործ է, եւ առ այժմ միայն Տերսիմի համար է, որ ներողութիւն խնդրուեցաւ: Բայց առաջին քայլը առնուեցաւ այլեւս, չար ոգին շիշէն դուրս ելաւ: Պետութիւնը պէտք է ներողութիւն խնդրէ 1934-ին Թրակիոյ մէջ հրեաներու դէմ կազմակերպուած թա-

լանին համար. 1941 թուականին ոչ իսլամ այրերը զինուորագրուելով` զանոնք ճամբու շինարարու-

թեան մէջ գործածած ըլլալուն համար եւ Ունեւո-

րութեան տուրքի անիրաւ գործադրութեան համար: Ուրիշներ կը յիշեցնեն հեղինակները` անյայտ ոճիր-

ներու, անհետացած մարդոց խնդիրը, կամ` 1 Մայի-

սի անմոռանալի ջարդը եւ այլն: Իսկ Էրեն Քեսքին մատը կը դնէ 1915 թուականի

հայոց տեղահանութեան վրայ` յայտնելով, որ ասի-

կա այն առաջին խնդիրն է, որուն համար պետու-

թիւնը պէտք է ներողութիւն խնդրէ: Ան այսպէս կը պատասխանէ հարցումին.

«Հարիւրաւոր հազարաւոր պատահարներ կան, որոնց համար Թուրքիոյ Հանրապետութեան պե-

տութիւնը պէտք է ներողութիւն խնդրէ: Միայն թէ նմանօրինակ պատահարներ ստեղծող ռազմապաշ-

տին կառոյցին հիման վրայ 1915-ի Հայոց ցեղաս-

պանութիւն կայ: «Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութիւնը

նախկինէն փրթելով չէ, որ իրականացաւ: Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը շարունակութիւնն է իթթիհա-

տական մտայնութեան, այն մտայնութեան, որ իրականացուցած էր 1915-ի ցեղասպանութիւնը: Այս պատճառով է, որ պետութիւնը ամէն բանէ առաջ պէտք է ներողութիւն խնդրէ այն մեծ յանցագոր-

ծութեան համար, որ այնքան մեծ թիւով մարդիկ տառապեցուցած է, եւ որ հիմա մաս կը կազմէր «ռազմապաշտ» դրութեան մը, որուն մասին ո՛չ մէկը կրնար առարկել:

«Ներողութիւն խնդրելն ալ բաւարար չէ, ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ ժողովուրդին պէտք է վճարուին նիւթական ու բարոյական բոլոր վնասներուն փոխարժէքը»:

«Նոր Մարմարա»

ՏԵՐՍԻՄԻ ԱՌԻԹՈՎ ՀԱՐՑՈՒՄ. ՀԱՊԱ՞ 1915-Ը

Օրհան Քեմալ Ճենկիզ

Úû¹áõ³Í Âáõñùdz

ԹՈՒՐՔԻԱ ՏԱԿԱՒԻՆ ԹՈՒՐՔԻԱ ՏԱԿԱՒԻՆ ԻՆՉԵՐՈ՞Ւ ՀԱՄԱՐ ՊԷՏՔ Է ԻՆՉԵՐՈ՞Ւ ՀԱՄԱՐ ՊԷՏՔ Է

ՆԵՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԽՆԴՐԷՆԵՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԽՆԴՐԷ

15 ¸ºÎîºØ´ºð 2011

«Թարաֆ» թերթի իր էջին մէջ յայտնի քրոնի-

կագիր Այշէ Հիւր այս անգամ կանգ առած է Ֆրանց Վերֆելի նշանաւոր «Մուսա լերան քառասուն օրե-

րը» վէպին կապուած հարցերու վրայ եւ այս նիւթին շուրջ տուած այնպիսի տեղեկութիւններ, որոնք շատ ալ ծանօթ չեն հանրութեան։

Մեկնելով Ֆրանսայի Խորհրդարանի քուէար-

կութեան սպասող օրինագիծի խնդիրէն, Այշէ Հիւր նախ յիշած է, թէ անցեալին ինչ փուլերէ անցած էր ցեղասպանութեան ուրացումը յանցագործութիւն նկատող օրինագիծը, որ հիմա ալ կը պաշտպանուէր Ֆրանսայի նախա-

գահական երկու թեկնածուներուն կողմէ։ Ուշ կամ կանուխ այս օրինա-

գիծին կամ անոր մէկ նմանին հետ դէմ յանդիման պիտի գանք, ըսած է Այշէ Հիւր։

Այշէ Հիւր շատ ալ կողմնակից չէ Թուրքիոյ իշխանութիւններու կողմէ յառաջ քշուած այն պնդումին, թէ նմանօրինակ պատմական խնդիր-

ները խորհրդարաններու կողմէ չէ որ կ՛որոշուին, այլ կ՛որոշուին պատմաբաններու կողմէ։ Ըստ Այշէ Հիւրի, տարօրինակ չէ տեսնել թէ իրենց ժողովուրդներուն կողմէ ընտրուած Խորհըր-

դարանները կը զբաղին նմանօրինակ հարցերով։ Իսկ եթէ Թուրքիա կը պնդէ որ վերոյիշեալ օրինա-

գիծը կը խափանէ Ֆրանսայի մէջ մտածումի ու արտայայտութեան ազատութիւնը, այս պնդումն ալ իր պատասխանը գտած է Եւրոպայի Մարդու Իրա-

ւունքներու Ատեանին կողմէ, քանի որ այս վերջինը, պատմաբան Թանէր Աքչամի դիմումին ընդառա-

ջելով, արձակած է այն վճիռը թէ Թուրքիոյ Պատ-

ժական Օրէնքի 301-րդ յօդուածը պատճառ կը դառ-

նայ որ Թուրքիոյ մէջ Հայկական հարցով զբաղիլ ուզողներու մտածումի ազատութիւնը կաշկանդուի։ Այսինքն եթէ իմ անցեալը սեւ է, քու անցեալը աւելի սեւ է։

Այնուհետեւ Այշէ Հիւր անդրադարձած է Ֆրանց Վերֆելի վէպին, նաեւ այն խնդիրներուն, որոնք ծա-

գած էին երբ ԱՄՆ-ի մէջ Մեթրօ Կոլտուին Մէյըր ընկերակցութիւնը որոշած էր շարժապատկերի վե-

րածել այս վէպը։ Հիւր կը պատմէ որ Վերֆել Դա-

մասկոս այցելելու ընթացքին գորգի գործարանի մը մէջ տեսած էր հայ որբ մանուկներ ու առաջին ան-

գամ այսպէս է որ ան ծանօթացած էր Հայկական հարցին։ Վերադարձին ան տեղեկութիւններ հա-

ւաքած է հայկական տեղահանութեան ու Մուսա Լերան պատմութեան մասին։ Ինչպէս յայտնի է, մուսա լերցիները աւելի քան 5000 հոգիով 40 օր դի-

մադրած էին՝ պաշտպանուելով զիրենք ոչնացնել ջանացող թուրք յարձակողներէն։ Բայց անոնք աւե-

լի չէին կրցած դիմանալ ու Ֆրանսական նաւերով հեռացուած էին Մուսա Լերան իրենց դիրքերէն։

Հետաքրքրական է այն, ինչ Հիւր կը պատմէ ֆրանսացիներու կողմէ փոխադրուած այս մուսա-

լեռցիներուն ճակատագրին մասին։ Գրեթէ ոչ մէկ երկիր ուզած էր ընդունիլ զանոնք։ Երկար սակար-

կութիւններէ վերջ անոնք Եգիպտոսի Փորթ Սաիտ նաւահանգիստին մէջ զինուորական կեդրոնի մը մէջ ընդունուեցան, առժամեայ աշխատանք տանե-

լու պայմանով։ Գաղթականները արկածախնդրա-

կան զանազան պատմութիւններէ վերջ, դարձեալ Հաթայ վերադարձան, որ այդ շրջանին ֆրանսա-

ցիներու տիրապետութեան տակ էր։ Բայց յօդուածին բուն նիւթն է՝ այն պայքարը, զոր

Թուրքիա մղեց Մեթրօ Կոլտուին Մէյըր շարժա-

պատկերի ընկերութեան դէմ, որպէսզի արգելք ըլլայ Վերֆելի վէպին շարժապատկերի վերածուելուն։ Ամերիկացիները վստահ էին որ ասիկա հրաշալի ժապաւէն մը պիտի ըլլար, բայց Վերֆել դժուար հա-

մոզուեցաւ իր վէպին իրաւունքը վաճառելու, ի վեր-

ջոյ, 20 հազար տոլարով ծախեց վէպին իրաւունքը։ Մէյըր ընկերակցութեան հասցէին շուտով ազ-

արարութիւններ եղան, թելադրուեցաւ որ այդ ժա-

պաւէնը այնպէս մը դարձուի որ Թուրքերը շատ չզայրանան, Մէյըր ընկերակցութիւնը համաձայնե-

ցաւ փոփոխութիւններ ընել բեմագրութեան մէջ: Թուրքիա շատ մեծ պայքար բացաւ շարժապատ-

կերի ընկերութեան դէմ։ Այդ շրջանին տակաւին ո՛չ Հայկական Սփիւռքի մասին կը խօսուէր, ոչ ալ Հայ-

կական Ցեղասպանութեան։ Թրքական թերթերու մէջ յօդուածներ կը հրատարակ-

ւէին, Վերֆելը կ՛ամբաստանուէր հայկական շատ սուրճ խմած ըլլալու մեղադրանքով։ Թուրքիոյ հակազդե-

ցութիւնը սկսաւ տալ առաջին ար-

դիւնքը, Գերմանիոյ քարոզչութեան նախարար Կէօպէլս Գերմանիոյ մէջ արգիլեց Վերֆելին գիրքը։ Միայն թէ ասիկա ուշ էր, որովհետեւ գիրքը արդէն բոլոր գերման հրեաներուն սնարի գիրքը դարձած էր։ 1934-ին ԱՄՆ-ի մէջ երկու գիրքեր

հրատարակուեցան ու այս գիրքերը մեծ յաջողութիւն արձանագրեցին, այն ատեն Թուրքիա սաստկացուց իր պայքարը։ Երբ կը մօտենար 24 Ապրիլ 1934-ը, այսինքն տեղահանութեան քսանամ-

եակը, Թուրքիա, տեսնելով որ Մէյըր տակաւին չէր հրաժարած շարժապատկերի ծրագրէն, յայտնեց թէ Մեթրօ Կոլտուին Մէյէրի բոլոր շարժապատկեր-

ները Թուրքիոյ մէջ պիտի արգիլուին, եթէ ան չհրաժարի այս ժապաւէնը պատրաստելէ։ Մեթրօ Կոլտուինի Թուրքիոյ ներկայացուցիչ Ֆահիր Իփէք-

ճին ալ ազդարարեց, որ ամերիկեան ընկերութիւնը մեծ վնասներ կ՛ունենայ եթէ այս ժապաւէնը նկա-

րահանէ։ Այն ատեն Մէյըր խոստացաւ կարգ մը փոփոխութիւններ ընել բեմագրութեան մէջ։ Բայց ասիկա ալ բաւարար չեղաւ Թուրքիոյ համար։

«Ուլուս», «Հիւրրիյէթ» եւ «Ճումհուրիյէթ» թերթե-

րը ազգային դատ նկատեցին այս հարցը եւ նեցուկ կանգնեցան կառավարութեան։ Անոնք միշտ նոյն ծանօթ պաշտպանութիւնը կ՛ընէին ըսելով, որ «Հայ-

կական հարցը լուծուած է եւ այլեւս մոռցուած է, եթէ այդպէս չըլլար, կարելի՞ էր որ Թուրքիոյ Խորհրդա-

րանին մէջ հայ երեսփոխան գտնուէր։ Մեթրօ Կոլտուինը հիմա ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէր փակուած թղթածրար մը դարձեալ օրակարգի բե-

րելով»։ Ակնարկուած հայ երեսփոխանը Պերճ Քէրէս-

թէճեան Թիւրքերն էր։ «Թիւրքեր» մականունը Աթա-

թիւրքին կողմէ տրուած էր իրեն։ Թրքական թեր-

թերը կը գրէին որ Վերֆել հրեայ մըն էր ու Մեթրօ Կոլտուին Մէյըրն ալ հրէական ընկերակցութիւն էր, ուստի այս դէպքը հայ-հրեայ դաւադրութիւն մըն էր։ «Ուլուս»ի մէջ Պուրհան Պելկէ կը գրէր որ ասիկա հայկական հեքեաթ մըն է, որ սակայն գրուած է հրեայի մը կողմէ։

Նոյն օրերուն Հայ Համայնքի Ազգային Մարմինը, որ իբր պատանդ կը գործածուէր պետութեան կողմէ, ճնշումի տակ դրուեցաւ որպէսզի դատա-

պարտէ Ամերիկեան ընկերակցութեան ծրագիրը։ «Ճումհուրիյէթ»ի մէջ Ապիտին Տավէրն ալ հրեայ համայնքի անդամները հրաւիրեց դէմ գալու։ «Թուրքիոյ թշնամի հրեաներուն դէմ ամէնէն առաջ դուք էք որ դէմ պիտի դուրս գաք», կը գրէր ան։ Պուլ-

կարիա, Ռումանիա, Եուկոսլավիա եւ Յունաստանն ալ, որոնք Թուրքիոյ հետ ստորագրուած Պալքան-

եան համաձայնութեան շնորհիւ երկրորդ գարուն մը կ՛ապրէին, Թուրքիոյ պաշտպան կանգնեցան այս խնդրին մէջ։ Անոնք ալ յայտարարեցին, որ այդ ժապաւէնին ցուցադրութիւնը պիտի արգիլէին ի-

րենց երկիրներուն մէջ։ Յունաստանի պարագան բնաւ զարմանալի չէր, այդ շրջանին երկու երկիր-

ները հաշտուած էին իրարու հետ, Յունաստանի Վարչապետ Վենիզելոս Նոպէլեան մրցանակի ար-

ժանի ցոյց տուած էր Աթաթիւրքը։ Վերջին հար-

ւածը եկաւ Ֆրանսայէն, այս երկիրն ալ յայտնեց թէ Կոլտուին Մէյըրի ժապաւէնները պիտի արգիլուին, եթէ ժապաւէնը նկարահանուի։ Այս բոլորէն վերջ Մեթրօ Կոլտուինի տնօրէնը հասկցաւ որ պիտի չկարենար նկարահանել այս ժապաւէնը ու հրա-

ժարեցաւ ծրագրէն։ Այս կերպով պարտութեան մատնուեցան Ամերիկայի ամէնէն հսկայ շարժա-

նըկարի ընկերակցութիւնն ու Ամերիկայի ազատու-

թեան նշանաւոր սկզբունքը։ Այշէ Հիւր իր յօդուածը եզրակացութեան կը բերէ

հետեւեալ տողերով. «Այս թուականէն վերջ Թուրքիա ամէն ինչ ըրաւ

որպէսզի պատմութեան խորքերուն մէջ թաղէ 1915-ը ու հասանք մինչեւ այս օրերը։ Հիմա դարձեալ հարց տանք։ Եթէ ԱՍԱԼԱ-ի մահափորձերը չըլ-

լային, եթէ Խորհրդարաններ որոշումներ չընդու-

նէին 1915-ին Հայերու դէմ կատարուածներուն մա-

սին, մենք կը յիշէի՞նք արդեօք հայերու դէմ գոր-

ծըւածները։ Ձգեցէք 1915-ը, 2009 թուականի հայ-

կական բացումն իսկ յիշող կա՞յ հիմա։ Կրնաք վստահ ըլլալ որ այս անգամ ալ այս փորձանքը մե-

կուսացնելէ ետք մեր ականջներուն վրայ պառկելով պիտի քնանանք մինչեւ յառաջիկայ 24 Ապրիլ։ Եւ որքան ատեն որ մենք պիտի շարունակենք այսպէս ընել, մեզի դէմ նմանօրինակ օրէնքներ պիտի հանուին։ Մենք դարձեալ պիտի նետենք-բռնենք, սպառնալիքներ պիտի ընենք։ Մինչդեռ «գրակա-

նութեան մէջ» գրուած է թէ ինչ պէտք է ընենք իրա-

ւական տեսակէտէ»։ «Մարմարա»

Þ³ñ. ¿ç 9-¿Ý Մարտավարական®

Âáõñùdz

ԹՈՒՐՔԻԱ ԻՆՉՊԻՍԻ՞ ՊԱՅՔԱՐ ՏԱՐԱՒ, ՈՐՊԷՍԶԻ ՎԵՐՖԵԼԻ ՎԷՊԸ ՇԱՐԺԱՊԱՏԿԵՐԻ ՉՎԵՐԱԾՈՒԻ

Այշէ Հիւրի Հրապարակումը

Ներազգային առումով եւս տակաւ կը ձեւա-

ւորուի ճանաչումէն հատուցում հաւաքական աշ-

խատանքի անցում կատարելու անհրաժեշտութիւ-

նը: Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր բարձրա-

գոյն ղեկավարութեան մակարդակով կը խօսի Սեւ-

րի դաշնագիրի այժմէական եւ իրաւական կարե-

ւորութիւն ներկայացուցած ըլլալու իրողութեան, արդարութեան վերականգնման եւ Ցեղասպանու-

թեան հետեւանքներու վերացման մասին, մինչ սփիւռքը հետզհետէ պահանջատիրական հիմունքի վրայ կը շեշտէ հատուցումներու իրաւական թղթա-

ծրարի պատրաստութեան անյետաձգելիութիւնը: Այս ծիրին մէջ կարեւոր մեկնակէտ կը համարուի սփիւռքի ազգային եւ հոգեւոր կեդրոնին` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնած գիտա-

ժողովի կազմակերպումը` միջազգային օրէնքի հի-

ման վրայ հատուցումներու իրաւաքաղաքական պատրաստուածութեան ենթահողը նախագծելու համար:

Մինչ մարտավարական այլ տեսակի փոփոխու-

թիւններ այս օրերուն կը նախանշեն յաջողութեան նախադրեալները` Ֆրանսայի մէջ Ցեղասպանու-

թեան ժխտումի քրէականացումին: Հայկական գործօնը ինքնապարտադրանքի

փաստերով կը պարտաւորեցնէ պաշտօնական Ան-

գարան մերթ դէպի Փարիզ սպառնալու, մերթ դէպի Ուաշինկթըն հակազդեցութեան կարգով յայտարա-

րութիւններ կատարելու: Իրադարձութիւնները այն-

պէս մտածել կու տան, որ դէպի 100-ամեակ ճիշդ հունով կ՛առաջնորդուի համահայկական գործօնը:

16 Âáõñùdz ¸ºÎîºØ´ºð 2011

Տերսիմի իրադարձութիւններուն մասին քննար-

կումները ես իսկապէս կարեւոր կը նկատեմ: Իրա-

կանութեան մէջ նշանակութիւն չունի, թէ վարչա-

պետը բացայայտած է արդէն իսկ ծանօթ փաստա-

թուղթեր, կամ ան այս հարցը կ՛արծարծէ ընդդի-

մադիր Ժողովրդահանրապետա-

կան կուսակցութիւնը (ԺՀԿ) տկարացնելու համար: Կարեւո-

րը այն է, որ վարչապետը բացած է «Փանտորայի արկղը», որ փակ կը պահուէր: Աս արկղը այլեւս բնաւ չի փակուիր: Այսպիսով, Թուրքիա իր մէջ քաջութիւն կը գտնէ դէմ յանդիման գալու իր անցեալի, պատմութեան սեւ էջե-

րուն հետ: Միաժամանակ, Տերսիմի բա-

նավէճերը նոյնպէս քողազերծեցին այլ բացայայտ իրականութիւն մը` ընդհանուր սպայակոյտի ար-

խիւները բանալու անկարողութիւնը: Անցեալի ամէ-

նէն կարեւոր փաստաթուղթերը Ընդհանուր սպայա-

կոյտին ձեռքն են: Ասիկա իսկապէս բնական է, որովհետեւ անցեալի ժամանակաշրջանի ամէնէն կարեւոր ուժը բանակին ձեռքն էր: Սակայն եթէ այդ փաստաթուղթերը չբացայայտուին, ակնյայտ է, որ առողջ բանավէճ կարելի չէ կայացնել:

Ինչո՞ւ եւ որմէ՞ կը թաքցուին այդ փաստաթուղ-

թերը: Իւրաքանչիւր երկիր որոշ ժամանակահատ-

ւածէ մը ետք կը գաղտնազերծէ իր փաստաթուղ-

թերը` անկախ ատոնց գաղտնիութենէն, մինչ մենք կ՛ապրինք գաղտնիութեան քողին տակ: Ինչո՞ւ:

Այս հարցումներուն ես չեմ կրնար իրատեսական պատասխան մը գտնել:

Դատախազները 28 փետրուարին մասին պէտք է հարցաքննեն նախկին վարչապետ Թանսու Չիլերը:

Վերջապէս, փետրուար 28-ի մասին քննութիւն պիտի բացուի: Եթէ ինծի հարցնէք, այդպիսի քըն-

նութիւն մը կատարելու ատենը շատոնց եկած է: Անոնք, որոնք կը յիշեն, պէտք է գիտնան, որ 28

փետրուար 1987-ին աւելի բացայայտ «պետական հարուածի սպառնալիք» մը ապրեցանք բաղդատած այն ժամանակահատուածին, որ յատկանշուեցաւ «լրագրային յեղաշրջումով», որ կը պարունակէր 2003 եւ 2004 տարիներու պետական հարուածի պատրաստութիւններ` կարգ մը հրամանատարնե-

րու կողմէ: Սպայակոյտի պետին գրասենեակը բոլորին յայ-

տարարեց, որ պիտի միջամտէ, եթէ Էրպաքան-Չի-

լեր քոալիսիոնը չհրաժարի: Ատիկա միայն յեղաշրջման փորձ էր նշեալ սպա-

յակոյտին կողմէ: Նոյնիսկ այդ ժամանակի նա-

խագահը` Սիւլէյման Տեմիրել, երբ մեղադրուեցաւ յեղաշրջումի փորձին չառարկելուն համար, ըսաւ. «Եթէ կառավարութիւնը հրաժարած չըլլար, բա-

նակը պիտի միջամտէր: Ես ատիկա արգիլեցի»: Քաղաքական կեանքին այսպիսի բացայայտ մի-

ջամտութիւն տեղի ունեցած է, բայց ձեւով մը ար-

դարադատութիւնը չէ ուզած կամ չէ գործած այդ հարցով: Դատական իշխանութիւնները, որոնք բա-

ցած են դատեր, հիմնուած են ամէնէն անհաւա-

նական ենթադրութիւններու եւ պատճառաբանու-

թիւններու վրայ (Էրկենեքոնի եւ Լախտի հարուածի դէպքերուն մէջ), եւ որ կը շարունակեն ձերբակա-

լութիւնները թրքական արժանապատուութիւնը վի-

րաւորելու յանցանքին համար, նոյն այդ արդարա-

դատութեան իշխանութիւնները որոշած են անտե-

սել 28 փետրուարը: Եւ վերջապէս, ինչ որ անհրաժեշտ էր, կատար-

ւած է, եւ մեր պատմութեան այլ սեւ էջի մը վերա-

բերող դատը բացուած է: Ես շատ լաւ գիտեմ, որովհետեւ ես այդ ժա-

մանակաշրջանին վաւերագրութիւնը պատրաստած եմ: Ատիկա հոլովոյթ մըն է, որ գաղտնիքներ չունէր.

ժամանակ մըն էր, երբ ընդդիմադիր տեսակէտներ իրարու բախեցան, եւ երբ զինուորականութիւնը պնդեց, որ ատիկա իր ճամբով պէտք է կատարուի: Գլխաւոր դերակատարներուն մեծամասնութիւնը (բացի Էրպաքանէն) տակաւին ողջ է:

Դատախազներուն իմ խոր-

հուրդս այն, է որ անոնք սկսին Ճիշդ Ուղի կուսակցութեան նախկին ղեկավար Թանսու Չի-

լերէն: Տիկինը այն անձն է, որ լաւագոյնս գիտէ, թէ ի՛նչ կար դէպքերուն ետին, եւ ո՞վ ի՛նչ ը-

րած է: Չիլերէն զատ, ոչ ոք այդ-

քան մօտ եղած է 28 փետըր-

ւարին: Աւելի՛ն. ան հրապարա-

կաւ ցարդ բնաւ չէ պատմած իր յուշերը:

Դուք պիտի տեսնէք, որ այս հետաքննութիւնը պիտի բացայայտէ այնպիսի խաղեր եւ դասեր, որոնք մեզ բոլորս պիտի ապշեցնեն, եւ թէ` բազ-

մաթիւ բարձր ծառեր իրենց տերեւները պիտի թա-

փեն: ԱՆԿԱՍԿԱԾ, ԱՄՊԵՐԻ՛Ն, ՄԵՆՔ ՕՏԱՐԱԿԱՆՆԵՐԸ ՉԵՆՔ ՍԻՐԵՐ

«Հապեր թիւրք»-ի մէջ հրատարակած յօդուածով Ամպերին Զաման հարցուցած է. «Արդեօ՞ք թուրքերը ցեղապաշտներ են»: Ան կը գրէ, որ նախապէս դըժ-

ւար էր պատասխանել այս հարցումին, սակայն հի-

մա միտքը փոխած է: Ըլլալով ծագումով պանկլա-

տեշցի` Ամպերինը անուանեցին «Կեղտոտ պանկ-

լատեշցի» իսկ հայկական հարցին վերաբերեալ ա-

նոր դիրքորոշման համար` նաեւ «Կեղտոտ Հայ»: Այն քլիշէն` կարծրատիպը, թէ «Թուրքերը օտար-

երկրացիներուն նկատմամբ հանդուրժող են, հիւ-

րընկալ եւ կարեկից», բացարձակ սուտ է: Դառն է, բայց ճիշդ է… Ոչ ոք թող վիրաւորուի, բայց Ամպերին Զաման

ճիշդ էր: «Հիւրրիյէթ

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՍՊԱՅԱԿՈՅՏԻ ԱՐԽԻՒՆԵՐԸ ԻՆՉՈ՞Ւ ՉԵՆ ԲԱՑՈՒԻՐ

Մեհմեթ Ալի Պիրանտ

Իրաւունք ունին Թուրքիոյ իշխանութիւն-

ները։ Մենք ենք մեղաւորը։ Մենք ենք որ

պէտք է ներողութիւն խնդրենք։ Մենք ենք որ

պէտք է զիջենք, մեղանչենք հաւաքաբար։

Հրապարակաւ խոստովանինք ու՝ «Ե՛ս քեզ

մեղայ» աղերսենք։

Նոյնիսկ որ պատերազմինք, արեան գնով

փրկենք մեզմէ յափշտակուած հայրենիքը,

ոչինչ կը փոխուի, 20 տարի անց դարձեալ

մենք պէտք է համակերպինք։

Նոյնիսկ որ ֆրանսական խորհրդարանը

հակաթուրք բանաձեւ որդեգրէ, մենք ենք որ

պէտք է հատուցենք։

Այսպէս գրուեցաւ հազարամեայ պատմու-

թիւն մը։ Մեր ամենախելօքները, ամենա-

իմաստունները միշտ նոյն խրատը թելադրե-

ցին՝ «Մի՛ գրգռէք պետութիւնը»։

Նոյնիսկ եթէ ամբողջ ազգի մը արժանա-

պատուութիւնը խորտակուի, մի՛ գրգռէք կա-

ռավարութիւնը։

Նոյնիսկ եթէ արիւնով ներկուին հայրենի

երկրի գետերը, դուք լսեցէք ձեր առաջնորդ-

ներուն, իշխաններուն, մեծաւորներուն, հո-

գեւորականներուն խրատը եւ մի՛ գրգռէք

սուլթանին։

Նոյնիսկ դրժեցէք ձեր գահը կամ աթոռը,

ձեր տան, ձեր ընտանիքի, ձեր տոհմի աւան-

դը։ Բազմեցէք ցեղասպանութեան զոհ ձեր

ծնողաց ոսկորներուն վրայ, ու փայփայեցէք

իշխանաւորի ինքնապաշտութիւնը։ Շոյեցէք,

օրնիբուն խորհեցէք, թէ ո՞ր ստորնութեամբ

կրնաք ուրախացնել պետական եսասիրու-

թիւնը։

Մեզի չի խանգարեր. այս ձեր ոճն է, ձեր

ուղին։ Համոզուած էք որ այսպէսով կրնաք

պահել ձեր խանութի շահաւէտութիւնը։ Յա-

ջողութիւն ձեզի...։ Ստորնացէք որքան որ

կրնաք։ Խոնարհեցէք մինչեւ գետին։ Բա՛ւ է

որ մեր առջեւ կանգնած չըլլաք։ Չփորձէք մեզ

ներկայացնել։ Մեր անունով չյիշուիք։ Հե՛ռու

կեցէք մեզմէ... Հեռու եւ օտար։

Իսկ գալով մեզի՝ խնդրեմ մեզի համար մի՛

մտահոգուիք։ Մենք փորձառու ենք եւ եթէ

պէտք է դարձեալ կ՚անցնինք մեր ժողովուրդի

գողգոթան։ Մեծով-փոքրով, էգով-արուով կը

տանինք մեզ վիճակածը։ Մենք սովոր ենք

«քաղաքակիրթ» եւ «քրիստոնեայ» եւրոպա-

ցիներու խաղերուն։ Լաւ գիտենք անոնց «հա-

յանպաստ» քաղաքականութիւնը։ Այդ քաղա-

քականութեան դիմած քայլերը ո՛չ ուրա-

խութիւն կը պատճառեն մեզի, ո՛չ ալ՝ պա-

տիւ։

Մենք լաւ գիտենք ոճրագործը։ Ոչ ոք թող

փորձուի ըսելու՝ «Իմ պապերս ոճրագործ չեն

կրնար ըլլալ»։ Եթէ ոչ պապերը, ուղղակի

ինքն է ոճրագործը, ոճիրին պաշտպան

կանգնող այդ խօսքերով։ Հարիւր տարի ան-

ցաւ ցեղասպանութեան վրայէն։ Այսօր կեն-

դանի չեն ո՛չ զոհերը, ո՛չ ալ ոճրագործները։

Բայց հաշիւը կը շարունակուի զոհերու ու

ոճրագործներու ժառանգորդներուն միջեւ։

Ան որ պիտի ուրանայ պատմական իրո-

ղութիւնը, ահա՛ այն է ոճրագործը մեզի հա-

մար։

Ան որ պիտի դրժէ ազգային ամէն արժէք,

ահա՛ այն է դաւաճանը մեզի համար։ Եւ մենք

անոր միայն մէկ խօսք ունինք մեր պապերէն

փոխանցուած՝ «Աշխարհում ով մոռանայ,

ջուխտ աչքով թող քոռանայ»։

Մենք սովոր ենք այս պատմութեան։ Բա-

զում անգամներ դիտած ենք այս զաւեշտը։

Ֆրանսացին կամ ամերիկացին կամ չես գի-

տեր ով, իր հաշիւներով գործ մը պիտի տես-

նէ ու Թուրքիոյ իշխանութիւնները պիտի

սպառնան՝ «Մեր դեսպանը ետ կը կանչենք»,

«Առեւտրական կապերը կը խզենք» ըսելով։

Մինչ այդ՝ պետութեան փողը հնչեցնող

մամուլի թղթակիցներ ալ պիտի ճնշեն տե-

ղացի հայերուն վրայ, որպէսզի պախարա-

կեն այս հակաթուրք ռազմավարութիւնը։

Պատրիարքարանը անուշապուրի պատմու-

թիւններ պիտի պատմէ, հիւանդանոցի հո-

գաբարձուն սրդողած ընկերներու օրինակ

պիտի թուէ, շուկայի խանութպանն ալ եր-

դում պիտի տայ, ըսելով որ խտրականու-

թեան չի հանդիպիր։ Ինքնին այդ հարցումը

խտրականութիւն չէ՞ միթէ։

Ով պարոնայք, դո՛ւք զբաղեցէք ձեր գոր-

ծերով... Մենք մեր հոգերը ունինք արդէն։

«Ակօս», 23 դեկտեմբեր 2011

ԴՈՒՔ ՁԵՐ ՃԱՄԲՈՎ, ՄԵՆՔ ՄԵՐ՝ ... Բագրատ Էսդուքեան

17 ÎÇåñ³Ñ³Û ¸ºÎîºØ´ºð 2011

Պատմաբան Աւետիս Փոշօղլեանի հետ նոյն օ-

դանաւով Լառնաքայից վերադառնում եմ Պէյրութ: Արդէն մի քանի տարի Աւետիսը ընտանիքի հոգ-

սերը ապահովելու համար ստիպուած է Կիպրոսի մայրաքաղաքում բանուոր աշխատել մածուն ար-

տադրող մի գործարանում, քանի որ Մելքոնեան վարժարանը փակուելուց յետոյ նա զրկուել է հայ երեխաներին հայոց պատմութիւն դասաւանդելու հնարաւորութիւնից:

Աւետիսը ծնունդով Պէյրութից է, տարիներ առաջ տեղափոխուել է Կիպրոս, այժմ ստացել կիպ-

րական քաղաքացիութիւն: «2002-ին եկայ Մելքոնեան հաստատու-

թիւն` որպէս հայոց պատմութեան ուսուցիչ: 2005-ին կրթօճախը փակուեց, իսկ ուսուցիչները մնա-

ցին անգործ: Մելքոնեան հաստատութիւնը աւելին էր, քան`

երկրորդական դպրոցը: Այն ծառայում էր ոչ միայն Կիպրոսի, այլեւ Յունաստանի, Պուլկարիայի, Ալպանիայի եւ այլ երկրների հայերի համար, որոնք ուսանում եւ հայկական ոգով էին մեծանում: Երբ աշակերտներ եկան Հայաստանից եւ Արցախից, այն դարձաւ համահայկական կառոյց` արեւելահայերը շփուեցին արեւմտահայերի հետ: Անգնահատելի էր նրա նշանակութիւնը:

Կիպրահայ համայնքի ներկայացուցիչներից Սե-

պուհ Դաւիթեանի օգնութեամբ այցելեցինք Մելքոն-

եան հաստատութիւն: «Այս հաստատութիւնը հայա-

պահպան դեր ունէր, որովհետեւ Մելքոնեանը մի-

այն վարժարան չէր: Այստեղ կար մշակութային կեանք` համերգներ, գրական երեկոներ: Հայ աշա-

կերտների մեծ մասը աւագ դպրոցը նախընտրում էր Մելքոնեանը, որն աւարտելուց յետոյ ուսանողների մի մասը Հայաստան էր գնում, եւ այսպէս Մելքոն-

եանը նաեւ կապող օղակ էր Հայաստանի եւ սփիւռ-

քի միջեւ: Մելքոնեան աւարտողը հայապահպանու-

թեան զինուոր էր: Այսօր մեր երեխաները ստիպ-

ւած են երկրորդականը գնալ օտար դպրոց, եւ օտար համալսարան», բացատրում է Դաւիթեանը:

Հայութիւնը աշխարհի շատ անկիւններում է դպրոցներ պահում, բայց սփիւռքի որեւէ համայն-

քում դժուար էր գտնել Մելքոնեան հաստատութեան նման կարեւորութիւն ունեցող մէկ այլ դպրոց: Մել-

քոնեանը կարելի էր համարել համահայկական հա-

մալսարան իր մի քանի շինութիւններով, մեծ հողա-

տարածքներով, տարբեր երկրներից այստեղ սովո-

րող հայ ուսանողներով եւ ուսուցիչներով: Կիպրոսի կառավարութիւնը, տեղեկանալով, որ ՀԲԸՄ ղեկա-

վարութիւնը պատրաստւում է տարածքը վաճառել, արգելք է դրել:

ՀԲԸՄ-ն քննադատութիւններին ի պատասխան ժամանակին ասում էր, որ Մելքոնեանը ֆինան-

սական առումով շատ թանկ է եւ իրեն չի արդա-

րացնում: Բայց եթէ այս տրամաբանութեամբ առաջ շարժուենք, ապա պէտք է փակենք սփիւռքի դըպ-

րոցները, թերթերը, ակումբները, եկեղեցիները: Այ-

ցելելով Մելքոնեան, որը նախկին շուքը արդէն կոր-

ցըրել է եւ աւելի շատ լքեալ տարածք է յիշեցնում, համոզւում ես, որ Մելքոնեանը փակելու որեւէ ար-

դարացում չէր կարող ունենալ: Աւելի՛ն. առաջին բանը, որ միտքդ է գալիս, հետեւեալն է. Մելքոն-

եանը պէտք է վերաբացել: «Մելքոնեանը մեծ դեր ունէր Կիպրոսում` իբրեւ

հայութեան նշան, իբրեւ խորհրդանիշ: Բոլորս կը պարծենայինք Մելքոնեանով: Հայապահպանու-

թեան եւ մշակոյթի մեր կենտրոնն էր», ասում է Նի-

կոսիայի հայկական «Նարեկ» վարժարանի տնօրէն Վերա Թահմազեանը:

Մելքոնեանի փակուելուց յետոյ Նիկոսիայի «Նա-

րեկ» վարժարանը դարձաւ միջնակարգ: Դպրոցը Սուրբ Աստուածածին առաջնորդանիստ եկեղեցու

հարեւանութեամբ է: Եկեղեցին կառուցուել է 1980-ին, բացումը կատարել են Մակարիոս արքեպիս-

կոպոսն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Խորէն կաթողի-

կոսը: «Նարեկ»-ում դասաւանդւում են` հայերէն, անգ-

լերէն եւ յունարէն, ծրագիրը մասամբ հետեւում է պետական ծրագրին, բայց մենք նաեւ դասաւան-

դում ենք հայոց լեզու, պատմութիւն եւ կրօն: «Նա-

րեկ» անունով դպրոցներ ունենք նաեւ Լառնա-

քայում եւ Լիմասոլում: Ուսուցիչ-

ներ կան, ովքեր երեք դպրոցնե-

րում էլ դասաւանդում են: Մեր աշակերտութեան ընդհանուր թի-

ւը 185 է երեք քաղաքներում, որից 128-ը` Նիկոսիայում», ասում է վարժարանի տնօրէնը: Մինչեւ 400-ական հայեր են բնակւում Լիմասոլ եւ Լառնաքա

քաղաքներից իւրաքանչիւրում: Ողջ կղզում հայերի թիւը աւելանում է ամրան ամիսներին, երբ Կիպրոսի արեւոտ ափերին իրենց հանգիստն են անցկացնում բարեկեցիկ հայաստանցիները:

Կիպրոսի հայ գաղութը ինչպէս նախկինում, այ-

սօր եւս գերազանցապէս մնացել է հայախօս: Այն իր հայախօսութեամբ կարող է համեմատուել Լիբանա-

նի, Սուրիոյ եւ Իրանի հայ համայնքների հետ: Բայց կիպրահայ գաղութը ունի մէկ առաւելութիւն. Կիպ-

րոսի պետութիւնը վճարում է դպրոցի բոլոր ծախ-

սերը, նման հոգածութիւն չկայ որեւէ այլ երկրում: «Նարեկ» դպրոցների դասագրքերը տպագրուել են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Միացեալ Նահանգների Արեւ-

մըտեան թեմում եւ ուղարկուել Կիպրոս: Հայաս-

տանը այս հարցում չի կարող օգտակար լինել, քա-

նի որ կայ լեզուի եւ ուղղագրութեան հարց: Ինչպէս սփիւռքահայ միւս գաղութներում, Կիպրոսի հայկա-

կան դպրոցներում եւս դասաւանդման լեզուն արեւ-

մըտահայերէնն է, ուղղագրութիւնը` մեսրոպեանը: «Ես 1972-ից ի վեր վիճակագրութիւն եմ կազմել:

Մեր աշակերտների թիւը միշտ եղել է 150-200-ի մի-

ջեւ: Որոշ չափով աւելացել է Հայաստանից արտա-

գաղթի պատճառով: Անշուշտ, կան նաեւ ծնողներ, որոնք իրենց երեխաներին տալիս են յունական կամ անգլիական դպրոց: Ենթադրւում է, որ մօտ 50 աշա-

կերտներ յաճախում են օտար դպրոցներ: Մենք ձըգ-

տում ենք, որ հայերէնը չդառնայ երկրորդական լե-

զու հայ ընտանիքներում: Օտար ամուսնութիւնները շատանում են», ասում է «Նարեկ» վարժարանի տնօրէն Վերա Թահմազեանը:

Աւետիս Փոշօղլեանը եւս մտահոգիչ է համարում խառն ամուսնութիւնների պարագան: «Կիպրոսի պետութիւնը հիմնադրել է «Նարեկ» վարժարանը, որպէսզի հայ մնանք: Ինչ-որ ձեւով պարտաւո-

րեցնում է, որ հայ մնանք: Գաղութը փոքր է, բայց` եռանդուն, որը վայելում է նաեւ պետութեան նիւ-

թական աջակցութիւնը: Շուրջ երեք հազար է հաշ-

ւում հայերի թիւը Կիպրոսում, խայտաբղէտ գաղութ է, բնիկ կիպրացիները շատ չեն: Հայերի մի մասը եկել է Միջին Արեւելքի գաղութներից, որոնք նպաս-

տել են հայապահպանութեանը: Վերջին տասնամ-

եակներում եկել են նաեւ Հայաստանից», ասում է Փոշօղլեանը:

Կիպրոսի հայերով բնակեցուած երեք քաղաք-

ներում` Նիկոսիայում, Լառնաքայում եւ Լիմասո-

լում, գործում են հայկական համայնքային կառոյց-

ներ` կուսակցութիւններ` ՀՅԴ, ՌԱԿ, ՍԴՀԿ, միու-

թիւններ, ակումբներ, եկեղեցիներ (Լիմասոլում` Սուրբ Գէորգ, Լառնաքայում` Սուրբ Ստեփանոս), թերթեր («Արձագանգ», «Ազատ խօսք», «Կիպրա-

հայեր», «Ազատ ձայն», «Գեղարդ»): Կիպրահայ համայնքի ոգին ու շունչը Մեծի Տանն

Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կիպրոսի թեմն է ու նրա առաջնորդ Վարուժան արք. Հերկելեանը: Գրքի սիրահար սրբազանն ասում է, որ կիպրահայ գա-

ղութը բարեկեցիկ վիճակի մէջ է, պետութիւնը հո-

գում է դպրոցների ծախսերը, նաեւ բժշկական դիւ-

րութիւններ կան: «Մեր երեք քաղաքներում ապրող հայերի հարիւ-

րից երեսունը, կարող եմ ասել, շատ լաւ կապուած է եկեղեցու հետ: Բայց նաեւ հայութեան մի փոքր հատուած կայ, որն ամբողջութեամբ կտրուած է համայնքից: Ուրախ եմ ասելու, որ վերջին տա-

րիներին պատարագներին հարիւրից աւելի հաւա-

տացեալներ են ներկայ լինում: Մեր ընտանիք-

ներում հայախօս են: Կիպրոսում միշտ եղել են հայ-

կական վարժարաններ: Այս իմաստով, Կիպրոսը հայկական, հայախօս մնալու լաւագոյն օրինակ-

ներից է սփիւռքում, քանի որ նաեւ պետութիւնն է վճարում դպրոցին, եկեղեցուն», բացատրում է սըր-

բազանը: 1974 թուականին, երբ թուրքական ներխուժման

պատճառով Նիկոսիան եւ ամբողջ կղզին բաժան-

ւեց երկու մասի, հայկական կալուածների մեծագոյն մասը մնաց թուրքական գրաւեալ հատուածում, իսկ հայերը անցան յունական հատուած: Այսօր կղզու գրաւեալ հատուածում հայեր չեն մնացել, բայց այն կողմում են մնացել Մակարավանքը, նախկին առաջնորդանիստ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, տասը հազար ձիթենիները եւ բազում այլ հարըս-

տութիւններ: Լառնաքայի եւ Լիմասոլի հոգեւոր հովիւ տէր

Մաշտոց քահանայ Աշգարեանը ասում է, որ` «կիպ-

րահայ գաղութը շատ բախտաւոր գաղութ է, քանի որ պահում է լեզուն եւ մշակոյթը»: Տէր հայրը հա-

յութեան հետ ամէնօրեայ շփումների մէջ է ինչպէս Լառնաքայում, որտեղ ապրում է, այլ նաեւ Լիմա-

սոլում, որտեղ երկու շաբաթը մէկ նրա ներկա-

յութեամբ պատարագ է մատուցւում: Կիպրահայ թեմի քահանաները երբեմն նաեւ մեկնում են Փա-

ֆոս, որտեղ եւս որոշ թուով հայեր կան: Համայնքի եւ եկեղեցու հետ ամենաքիչ կապեր

պահպանող հայերը նրանք են, ովքեր տեղափոխ-

ւել են Հայաստանից: Կիպրահայերը նաեւ ներգրաւուած են Կիպրոսի

ներքաղաքական կեանքում, ունեն իրենց ներկայա-

ցուցիչը երկրի խորհրդարանում: Ուրուկուէյից յե-

տոյ Կիպրոսը երկրորդ երկիրն է աշխարհում, որը 1982թ. ճանաչել է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Նիկոսիա-Լառնաքա

«Ազդակ»

вز¼¶²ÚÆÜÆ ÎÆäðàêÆ §ú޲βܦ زêܲÖÆôÔ

ÎÁ Ññ³õÇñáõÇÝ 6-16 ï³ñ»Ï³Ý µáÉáñ å½ïÇÏÝ»ñÁ Ù³ë ϳ½Ù»Éáõ гٳ½·³ÛÇÝÇ Ýáñ³Ï³½Ù

زÜÎ²Î²Ü ºð¶â²ÊàôØ´ÆÜ

îÏÝ. ܳñ³ ê³ñï³ñ»³ÝÇ Õ»Ï³í³ñáõû³Ùµ

Ú³õ»É»³É Ù³Ýñ³Ù³ëÝáõÃÇõÝÝ»ñáõ

ѳٳñ ¹ÇÙ»É ì³ñãáõû³Ý

Հայերը Կիպրոսում

ԵՌԱՆԴՈՒՆ, ՀԱՅԱԽՕՍ ԳԱՂՈՒԹ ՄԻՋԵՐԿՐԱԿԱՆՈՒՄԵՌԱՆԴՈՒՆ, ՀԱՅԱԽՕՍ ԳԱՂՈՒԹ ՄԻՋԵՐԿՐԱԿԱՆՈՒՄ

Թաթուլ Յակոբեան

18

ARTSAKANK (CYPRUS)

¸ºÎîºØ´ºð 2011

ԳՈՐԾՈՒՂՈՒՄ ԴԷՊԻ ՊՐԻՒՔՍԵԼ

Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամ-

ներէն Կարէն Գույումճեան եւ Ժագօ Գարաօղլան-

եան 8-11 Դեկտեմբերին Պրիւքսել գործուղուեցան,

մասնակցելու քաղաքական հետեւեալ միջոցառում-

ներուն:

Կլոր սեղանի քննարկում՝«Հարաւային Կովկասի

անլոյծ հակամարտութիւններ» Նիւթին Շուրջ

Հինգշաբթի, 8 դեկտեմբեր 2011-ին «Եւրոպական

աշխարհաքաղաքական ֆորում»ի կազմակերպու-

թեամբ, Քենթ համալսարանի Պրիւքսելի մասնաճիւ-

ղին մէջ տեղի ունեցաւ կլոր սեղանի քննարկում մը՝

«Հհարաւային Կովկասի անլոյծ հակամարտութիւն-

ներ. Եւրոպական եւ Եւրասիոյ համարկումի խնդիր-

ներ» նիւթով։ Կլոր սեղանի քննարկումը տեղի ունե-

ցաւ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակին հետ գոր-

ծակցաբար։

Ներկայ էին Պելճիքայի մէջ ՀՀ դեսպան պրն.

Աւետ Ատոնց, Ազրպէյճանի դեսպանատան աշխա-

տակիցներ, Հայաստանէն, Վրաստանէն, Թուրքիա-

յէն, եւրոպական միութեան հաստատութիւններէն,

Պելճիքայէն, Ֆրանսայէն, Ռումանիայէն եւ Եւրո-

պայի այլ երկիրներէ, միջազգային կազմակերպու-

թիւններէ, հաստատութիւններէ փորձագէտներ,

մասնագէտներ եւ երեսփոխաններ։ Հայ Դատի գրա-

սենեակի աշխատակիցներուն կողքին, ներկայ էին

նաեւ Իտալիոյ Թրիէսթէ համալսարանէն եւ «Հա-

յաստանի եւրոպացի բարեկամներ»ու խորհրդա-

տու՝ դոկտ. Սարգիս Ղազարեան եւ Հայաստանէն

յատուկ հրաւէրով՝ ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական

հարցերու գրասենեակի տնօրէն՝ Կիրոյ Մանոյեան։

«Եւրոպական աշխարհաքաղաքական ֆորում»ի

տնօրէն Մարաթ Թերթերով զրոյցներուն բացումը

կատարեց եւ ըսաւ՝ թէ Կովկասի անլոյծ խնդիրները,

հարաւային Օսեթիա, Աբխազիա եւ Լեռնային Ղա-

րաբաղ իրենց ազդեցութիւնը կը ձգեն տարածա-

շըրջանին վրայ եւ կը սպառնան Եւրոպական մի-

ութեան ուժանիւթային քաղաքականութեան ան-

վտանգութեան եւ շրջանային ծրագիրներու իրա-

գործման, եւ այս խնդիրներուն այլընտրանքային

լուծում տալու, նոր ձեւեր եւ առաջարկներ գտնելու

կը միտի սոյն հանդիպումը։

Ապա Պելճիքայի մէջ ՀՀ դեսպան, Եւրոպական

միութեան ՀՀ մշտական ներկայացուցիչ պրն. Աւետ

Ատոնց, ներկայացնելով Հայաստանի պաշտօնա-

կան դիրքաւորումը նշեց, թէ հայերս խաղաղութիւն

կ’ուզենք, սակայն Ազրպէյճանի դիրքաւորումները

կը խոչընդոտեն զայն։ Դեսպանը, ըստ նախատես-

ւածին, մեկնեցաւ եւ չմասնակցեցաւ քննարկումին։

ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրա-

սենեակի տնօրէն Կիրոյ Մանոյեաեն իր խօսքին մէջ

ի միջի այլոց նշեց, թէ հայկական կողմը հողերը ետ

դարձնելով՝ «հատուցած» պիտի ըլլայ Ազրպէյճանը

պատերազմի մը համար, որ ան սկսած եւ

պարտուած է։ Մանոյեան նաեւ նշեց, թէ Լեռնային

Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը հիմա պէտք է մաս-

նակցի բանակցութիւններուն եւ թէ, իսկական հա-

սարակական երխօսութիւն պէտք է տեղի ունենայ։

Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի փոխ ատե-

նապետ Գասպար Կարապետեան դիտել տուաւ, թէ

Ազրպէյճանի ներկայացուցիչներէն ոչինչ աւելի կը

սպասուէր, քան նախորդ օրը իրենց արտաքին

գործոց նախարարին յայտարարութիւնները կրկնել։

«Ազրպէյճանէն փորձագէտ մը պիտի մասնակցէր

այս ֆորումին, բայց վերջին պահու խոչընդոտներ

պատճառաբանելով, դարձեալ Ազրպէյճանի պետու-

թեան ներկայացուցիչը փոխարինեց զայն», ըսաւ

ան։

Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբերու

խորհրդաժողով

Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի Պրիւքսելի

գրասենեակին մէջ, շաբաթ, 10 դեկտեմբեր, 2011-ին,

տեղի ունեցաւ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախում-

բերու խորհրդաժողով–սեմինար մը, որուն ընթաց-

քին արծարծուեցան եւ քննարկուեցան Հայ Դատի

աշխատանքներու ոլորտն ու գալիք երկու տարի-

ներու ծրագիրները։

Իրենց մասնակցութիւնը բերին Ֆրանսայի, Հո-

լանտայի, Պելճիքայի, Անգլիոյ, Սպանիոյ, Պուլկար-

իոյ, Յունաստանի եւ Կիպրոսի Հայ Դատի յանձ-

նախումբերու եւ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի

ներկայացուցիչներ, անդամներ եւ աշխատակիցներ։

Զեկուցաբերն էր ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական

հարցերու գրասենեակի տնօրէն Կիրոյ Մանոյեան,

Երեւանէն, եւ յատուկ հրաւէրով՝ Լեռնային Ղա-

րաբաղի Հանրապետութեան Գերմանիոյ մէջ ներ-

կայացուցիչ, Յարութիւն Գրիգորեան, որ ներկայա-

ցուց Գերմանիոյ մէջ իր աշխատանքը եւ ծրագիր-

ները։

Արծարծուած եւ քննարկուած նիւթերն էին՝ Լեռ-

նային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը եւ Արցախի

Հանրապետութեան ճանաչման համար տարուելիք

աշխատանքները, Հայաստան-Վրաստան յարաբե-

րութիւնները եւ ջաւախահայութեան իրաւունք-

ները, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններն ու

արձանագրութիւններէն Հայաստանին վերջնակա-

նապէս դուրս գալու անհրաժեշտութիւնը։ Յատուկ

ուշադրութեան առարկայ դարձաւ Ցեղասպանու-

թեան ճանաչումէն անդին անցնելով՝ աշխատանքը

իրաւական հիմքերու վրայ դնելն ու հայ ժողովուրդի

հատուցման հաւաքական հարցը հետապնդելը։

Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամ-

ները Կիպրոս վերադարձան զինուած նոր փոր-

ձառութիւններով ու ծանօթութիւններով, շարունա-

կելու՝ իրենց վստահուած առաքելութիւնը:

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ

ԵՒՐՈԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

Տօնական օրերուն Կիպրոս գտնուելու առիթէն

օգտուելով, Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբը

շարք մը հանդիպումներ կազմակերպեց կիպրացի

Եւրոերեսփոխաններու հետ, կարծիքներու փոխա-

նակում ունենալու համար հայկական եւ կիպ-

րական հարցերուն առընչուող զարգացումներուն

մասին, միեւնոյն ատեն մեր երախտապարտու-

թիւնը յայտնելու Եւրոպական Խորհրդարանին մէջ

անոնց ցուցաբերած հայամէտ դիրքորոշումներուն

համար:

ÎÇåñ³Ñ³Û

ԿԻՊՐՈՍԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸԿԻՊՐՈՍԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ

Եոաննիս Կասուլիտիսի հետ

Կիրիակոս Տրիանտաֆիլիտիսի հետ

19

§²ðÒ²¶²Ü¶¦

Ð³Û Î»³ÝùÇ »õ ÏÇåñ³Ñ³Û ѳٳÛÝùÇ Éáõñ»ñáõݪ ѳۻñ¿Ýáí

ϳ٠³Ý·É»ñ¿Ýáí Ñ»ï»õ»Éáõ ѳٳñ, ³Ûó»É»ó¿ù

§²ñÓ³·³Ý·¦Ç ϳÛù¿çÁª

www.artsakank.com.cy

¸ºÎîºØ´ºð 2011

Կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարա-

նի եւ գործակցուցեամբ Համազգայինի «Օշական»

մասնաճիւղին, Դեկտեմբեր 14-ին, Կիպրոսի Առաջ-

նորդարանի «Իւթիւճեան» սրահին մէջ տեղի ունե-

ցաւ ժամանակակից հայ գրականութեան եւ մամու-

լին նուիրուած դասախօսութիւն եւ նոր հրատա-

րակուած գիրքերու շնորհահանդէս։ Օրուայ բանա-

խօսը՝ գրականագէտ, Երեւանի պետական համալ-

սարանի դասախօս Երուանդ Տէր Խաչատրեանն էր,

բանախօսութեան նիւթը՝ «Հայրենի Ժամանակակից

Գրականութիւնն ու Մամուլը»։

Երուանդ Տէր Խաչատրեան նախ շնորհակալու-

թիւն յայտնեց հրաւէրին համար, ապա խօսեցաւ

մեր ժողովուրդի կեանքի մէջ գրականութեան եւ

մշակոյթի ունեցած դերի ու նշանակութեան մասին։

Այնուհետեւ բանախօսը ներկայացուց հայ գրակա-

նութեան ընթացքը վերջին տասնամեակներու մի-

ջոցին, Հայաստանի անկախութենէն առաջ եւ յետոյ,

առանձնապէս մանրամասնելով գրական տարբեր

սերունդներու դիրքորոշումները, մտայնութիւննե-

րը, գրական սերնդափոխութիւնը, Հայաստանեան

արդի գրականութեան ներքին միտումներն ու նկա-

տելի տեղաշարժները։

Ժամանակակից գրականութիւնը ներկայացնե-

լով՝ Երուանդ Տէր Խաչատրեան խօսեցաւ տարբեր

սերունդներու արձակագիրներու եւ բանաստեղծ-

ներու մասին։ Ի թիւս այլ տաղանդաւոր գրողներու,

բանախօսը առանձնապէս խօսեցաւ Կարպիս Սու-

րէնեանի, Աբրահամ Ալիքեանի, Վահագն Գրիգոր-

եանի, Հենրիկ Էդոյեանի, Յակոբ Մովսէսի եւ Լեւոն

Խեչոյեանի գրականութեան մասին։

Օրուայ բանախօսը շեշտեց հայ գրականութեան

եւ մամուլի դարաւոր կապը, խօսեցաւ մամուլի մէջ

հրատարակուող գրական գործերու՝ հրապարակ-

ման աւանդներու, գրական մամուլի դերի ու նշա-

նակութեան մասին։

Ամփոփելով իր խօսքը՝ օրուայ բանախօսը պա-

տասխանեց կարգ մը հարցումներու։

Դասախօսութենէն վերջ տեղի ունեցաւ նոր

հրատարակուած քանի մը գիրքերու շնորհահան-

դէս։ Վարուժան Սրբազան ներկայացուց գիրքերը՝

Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի» վէպը՝

արեւմտահայերէնով, («Հայոգի» մատենաշար),

Խրիմեան Հայրիկի «Պապիկ Եւ Թոռնիկ», Դանիէլ

Վարուժանի «Հացին Երգը» («Գառնի» մատենաշար)

եւ «Գէորգ Գանտահարեան, Ամէնուն Ուսուցիչը»։

Սրբազանը հանգամանօրէն ներկայացուց գրքերը,

տուաւ իր օրհնութիւնը եւ կատարեց գինեձօնի

կարգը։

Գրական-մշակութային երեկոն անցաւ ջերմ ու

դրուատական մթնոլորտի մէջ։

ÎÇåñ³Ñ³Û

ՀԱՅՐԵՆԻ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՄԱՄՈՒԼԸ

Կիրակի 25 Դեկտեմբերին, Լառնաքայի Ս. Ստե-

փանոս եկեղեցիի տօնին եւ մատաղօրհնութեան

առթիւ տեղի ունեցաւ օծումը Հայաստանէն յատ-

կապէս բերուած խաչքարին, նուիրուած Միհրան եւ

Ժագլին Պոյաճեան ամոլին կողմէ, ի յիշատակ Ա-

տանայի կոտորածի անմեղ զոհերուն:

ԽԱՉՔԱՐԻ ԶԵՏԵՂՈՒՄ ԵՒ ՕԾՈՒՄ

ԼԱՌՆԱՔԱՅԻ Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ԵԿԵՂԵՑԻԻ ԲԱԿԻՆ ՄԷՋ

20 ¸ºÎîºØ´ºð 2011 ÎÇåñ³Ñ³Û

Òºð ̲ÜàôòàôØܺðàôÜ Ð²Ø²ð

ú¶î²¶àð̺ò¾ø §²ðÒ²¶²Ü¶¦À

ԲԱՑԱՌԻԿ ՇՐՋԱՊՏՈՅՏ

ԴԷՊԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

ԵՒ ԱՐՑԱԽ

(14 -ՕՐԵԱՅ)

Այցելութիւն Ջերմուկ, Սեւան, Ծաղկացոր, Աշտարակ, Օշական, Մայր աթոռ Ս. Էջ-

միածին, Գայանէ, Հռիփսիմէ, ԽորՎիրապ, Նորավանք, Ծիծեռնակաբերդ, Ցեղասպա-

նութեան թանգարան, Սարդարապատ, Մատենադարան, Թանգարան, Մայր Հայաս-

տանի արձան, Սաղմոսավանք եւ այլ պատմական մշակութաին վայրեր:

Արցախի մէջ՝ Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցի, Գանձասարի վանք, Տատիկ-Մամիկի

արձան: Ճաշկերոյթ պարահանդէսներ. նախաճաշ եւ ընթրիքներով հաճելի անակըն-

կալներ, յիշատակի նուէրներ. Armenian Royal palace 4 աստղանի շքեղ պանդոկներ

Երեւանի եւ Ղարաբաղի մէջ. Փորձարու կայտերու առաջնորդութեամբ .

Գին՝ մէկ անձի DBL սենեակներու մէջ փոխան €1350-ի միայն €995. Իսկ 6 հոգի եւ աւելի ըլլալու պարագային մէկ անձի համար միայն €885.

Սոյն գինը առանց օդանաւի տոմսի գին է:

Մանրամասնութեանց համար կապուիլ Պէյրութ Աշճեան Թուրզին. Հեռ-00961-1-2406540-1-261177-03233978

Email:[email protected]

Ծանօթ: Յայտագիրի լման մանրամասնութիւններէն օրինակ մը կրնաք ստանալ

Արձագանգ ամսաթերթի խմբագրութենէն, Հեռ. 99633715

ՀՄԸՄՀՄԸՄ--ՀԵՄՀԵՄ--Ի ԱՄԱՆՈՐԻ ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍԸԻ ԱՄԱՆՈՐԻ ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍԸ

Ըստ աւանդութեան ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի տարեկան

պարահանդէսը տեղի ունեցաւ 25 Դեկտեմբեր

2011-ին, «Լեմոն Փարք» սրահին մէջ: Աւելի քան

200 ներկաներ հաճելի ժամանակ մը անցուցին,

Սարօ Փանոսեանի երգերուն ստեղծած ջերմ

մթնոլորտին մէջ, Սեդօ Պաղտասարեանի ու իր

նուագախումբին ընկերակցութեամբ:

Ընկ. Սիմոն Այնէճեանի տրամադրած

նկարները լաւագոյնս կը նկարագրեն

պարահանդէսին մթնոլորտը:

21 سñ½³Ï³Ý ¸ºÎîºØ´ºð 2011

سñ½³Ï³Ý ¾ç»ñÁ å³ïñ³ëï»ó ܳñ»Ï ¸³õÇû³Ý

[email protected]

ՄԱՐԶԱԿԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

ՏԱՐԻՆ ՅԱՋՈՂ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ

Ամանորի յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, Հայաստանի հաւաքա-

կան խումբերուն մարզիկները եւ մար-

զիչները պարգեւատրուեցան Հայաս-

տանի Ողիմպիական կոմիտէին կող-

մէ: Բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ եւ

ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց Հայաստանի Ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեան:

«2011-ը սպասողական տարի մը ըլլալով, մարզիկները իրենց ուժերը խնայեցին յառաջիկայ տարուան` նկատի ունենալով, որ մեր դիմաց ու-

նինք Ողիմպիական խաղերը: Յոյսով ենք, որ Հայաստան Լոնտոնի մէջ կ՛արձանագրէ փայլուն արդիւնքներ», ըսաւ ան:

Իր կարգին, նախագահ Սարգսեան ելոյթ ունենալով ըսաւ. «Տարին յաջող էր, որովհետեւ ֆութպոլին նկատմամբ մեծ հետաքրքրութիւն արթնցաւ մեր ժողովուրդին մօտ: Նոյնիսկ ֆութպո-

լէն հեռու եւ անտեղեակ մարդիկ այ-

սօր Հենրիխ Մխիթարեանի եւ Եուրա Մովսիսեանի անունը կու տան: Մեծ գովասանքի արժանի է նաեւ ճատ-

րակի տղոց ազգային հաւաքականը, որ հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան: Յոյսով եմ, որ 2012-ի Ողիմպիականին հայրենի մարզիկները ոսկի մետալնե-

րու կը տիրանան»: Նախագահին կողմէ նիւթական

պարգեւներ ստացան շարք մը մար-

զիկներ, որոնց կարգին Ռոման Ամոյ-

եան, Արսէն Ջուլֆալակեան, Հռիփսի-

մէ Խուրշուտեան, Արայիկ Միրզոյեան եւ ուրիշներ: Իսկ 2011-ին Հայաստան լաւագոյն մարզիկներու առաջին 10-ի ցանկին մէջ ընդգրկուած մարզիկները պարգեւատրուեցան ինքնաշարժերով:

ՆԱԽԱՐԱՐ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ ԳՈՀ Է

Հայաստանի մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նա-

խարար Արթուր Պետրոսեան երէկ լրագրողներուն հետ ունեցած է հան-

դիպում մը, որուն ընթացքին ամփո-

փելով մարզական տարին ըսած է. «2011-ին Հայաստանի մարզիկները տարբեր տեսակի առաջնութիւններէն եւ միջազգային մրցաշարքերէն վերա-

դարձան` իրենց հետ բերելով 135 մե-

տալ. 34 ոսկի, 37 արծաթ եւ 64 պրոնզ: Նախորդ տարի, մեր մարզիկները տի-

րացան 157 մետալի: Մետալներու թի-

ւին նուազումը ոչ թէ նախարարու-

թեան վատ աշխատանքին արդիւնքն էր, այլ պարզապէս որովհետեւ ուրիշ երկիրներու ֆետերասիոններն ալ սկսած են մետալներու համար պայ-

քար մղել: Յամենայն դէպս, 2011 տա-

րին կը գնահատեմ բաւարար»: Իր խօսքին վերջին բաժինին մէջ

նախարար Պետրոսեան ըսաւ. «2012-ին նախարարութիւնը պետական պիւտճէէն պիտի ստանայ 4 միլիոն դրամ, ինչ որ բնականաբար բաւարար չէ բոլոր ֆետերասիոններուն գումար յատկացնելու: Պետական պիւտճէին տրամադրած այդ գումարը չէ աւել-

ցած, որովհետեւ չկան համապատաս-

խան միջոցներ: 2012 տարին պիտի ըլլայ Ողիմպիական: Կը կարծեմ, որ անհրաժեշտութեան պարագային, պահեստի ֆոնտէն կրնայ գումար տրամադրուիլ»:

ՌՈՄԱՆ ԱՄՈՅԵԱՆ

ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ 2011 ՏԱՐՈՒԱՆ

ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՄԱՐԶԻԿԸ

Հայաստանի մարզական լրագրող-

ներու ֆետերասիոնի հարցախոյզին արդիւնքներուն համաձայն, 2011-ի Հայաստանի լաւագոյն մարզիկի տիտ-

ղոսին տիրացաւ Եւրոպայի ախոյեան, յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Ռոման Ամոյեան: Այդ հարցախոյզին իրենց մասնակցութիւնը բերին մարզական 42 լրագրողներ:

Ամոյեան հաւաքեց 346 կէտ: 2-րդ դիրքը 300 կէտով գրաւեց աշխարհի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալա-

կիր, դարձեալ յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Արսէն Ջուլֆալակեան:

Եռեակը 296 կէտով ամբողջացուց աշխարհի խմբային ախոյեան եւ աշ-

խարհի ճատրակի խմբային դասաւոր-

ման մէջ 3-րդ դիրքը գրաւող Լեւոն Արոնեան:

4-էն 10-րդ դիրքերը յաջորդաբար գրաւեցին Հենրիխ Մխիթարեան (ֆութպոլ, 237 կէտ), Աղասի Աղասեան (ծանրաբարձութիւն, 151), Արթուր Ա-

ղեքսանեան (յունահռոմէական ոճի ըմբիշ, 145), Եուրա Մովսիսեան (ֆութ-

պոլ, 140), Յարութիւն Մերտիեան (մարմնամարզութիւն, 129), Վլատի-

միր Սալուխանեան (կռփամարտ, 124), եւ Մուսա Մուրթազալիեւ (ազատ ոճի ըմբշամարտ, 111):

Լաւագոյն խումբը ճանչցուեցաւ աշխարհի ախոյեան, Հայաստանի ճատրակի տղոց ազգային հաւաքա-

կանը: Անոր յաջորդեցին ֆութպոլի եւ յունահռոմէական ըմբշամարտի ազ-

գային հաւաքականները, յայտնեց Հա-

յաստանի Ազգային ողիմպիական կո-

միտէին պաշտօնական կայքէջը:

PanARMENIAN.Net կայքէջին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, Ռոման Ամոյեան կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.

«Նախ եւ առաջ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ մարզական բոլոր լրագ-

րողներուն, որոնք ի նպաստ ինծի քը-

ւէարկեցին: Ես այս արդիւնքը իմացայ Ծաղկաձորէն, ուր Հայաստանի հաւա-

քականին հետ կը մասնակցէի այս տարուան վերջին հաւաքին: Իմ ամէն կարելիս պիտի ընեմ, որպէսզի արդա-

րացնեմ վրաս դրուած յոյսերը: Չեմ ու-

զեր խոստումներ տալ, սակայն իմ ա-

մէն կարելիս պիտի ընեմ նորանոր յա-

ջողութիւններ արձանագրելու հա-

մար»:

ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐ

ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ

Դեկտեմբեր

9-ին Երեւանի

մէջ կայացաւ

Համահայկա-

կան Խաղերու

Խորհուրդի

ընդհանուր ժո-

ղովը, որուն կը

մասնակցէին

աշխարհի չորս կողմերէն եկած Հա-

մահայկական Խաղերու Խորհուրդի

ներկայացուցիչներ:

Ժողովին բացումը կատարեց 5-րդ

ՀՀԽ նախագահ Իշխան Զաքարեան,

ներկայացնելով 5-րդ խաղերու ելքերն

ու մուտքերը եւ խաղերուն վերաբեր-

եալ արդիւնքները, որմէ ետք Հայաս-

տանի Հանրապետւթեան նախագա-

հին անունով շնորհաւորագրեր յանձ-

նեց 10 անձերու, որոնք բացառիկ աշ-

խատանք տարած էին 5-րդ խաղերուն

կապակցութեամբ:

Ժողովին յաջորդ օրակարգը ընտ-

րութիւններն էին, ուր պէտք է ընտըր-

ւէին Խորհուրդի նախագահը, երկու

փոխնախագահներ եւ գործադիր ան-

դամները:

Միաձայնութեամբ նախագահ ըն-

տըրուեցաւ Իշխան Զաքարեան, իսկ

փոխատենապետներ՝ ՀՄԸՄ-ի ներկա-

յացուցիչ Ստեփան Տէր Պետրոսեան եւ

ՀԲԸՄ-ի ներկայացուցիչ Ալպեռ Պո-

յաճեան: Գործադիր անդամներուն

պարագային ժողովին ներկայացուած

էր նոր անուններու ցանկ մը, որուն

քննարկումէն ետք ընտրուեցան նոր

անդամները: Տեղին է յիշել, թէ Կիպրո-

սի ներկայացուցիչը՝ Յարութ Թահ-

մազեան վերընտրուեցաւ երկրորդ

շրջանի մը համար:

Շարունակելով իր աշխատանքնե-

րը, ժողովը առաւ կարգ մը որոշում-

ներ, որոնցմէ կարեւորագոյնը ձմեռ-

նային խաղերու որդեգրումն էր, որոնք

տեղի պիտի ունենան 2014-ի ձմեռը

Ծաղկաձորի մէջ: Իսկ յաջորդ համա-

հայկական խաղերը տեղի պիտի ունե-

նան դարձեալ Երեւանի մէջ 2015-ին,

որ կը զուգադիպի հայոց ցեղասպա-

նութեան 100-ամեակին:

ՖՈՒԹՊՈԼ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ԵՒ ԱՄՈՅԵԱՆ

ՃԱՆՉՑՈՒԵՑԱՆ ԼԱՒԱԳՈՅՆՆԵՐԸ

Հայկական լրատուական կայքէջեր, որոնց կարգին` PanARMENIAN.Net եւ A1Plus.am, իրենց լուրերը քաղելով Շախտիոր Տոնեցք (Ուքրանիա) ֆութ-

պոլի ակումբին պաշտօնական կայ-

քէջէն, կը տեղեկացնեն, որ Հայաստա-

նի ֆութպոլի ազգային խումբի միջ-

նապահ Հենրիխ Մխիթարեան «Տը Ֆաքթ Սփորթ» հասարակական-քա-

ղաքական ամսագիրին կողմէ ընտըր-

ւած է 2011 տարուան լաւագոյն անձը: Իր մրցանակը ստանալէ ետք Մխի-

թարեան ըսած է. «Շնորհակալ եմ բո-

լոր անոնց, որոնք տարին ամբողջու-

թեամբ մեր երկրին ազգային խումբին հաւաքականին կողքին եղան եւ բնա-

կանաբար մեզի զօրավիգ կանգնելէ բացի, նաեւ քաջալերեցին մեզի: Մենք ամէն ինչ կը կատարէինք` ուրախու-

թիւն պատճառելու համար մեր համա-

կիրներուն եւ ժողովուրդին»: Նշենք, որ ան առաջին մարզիկն է,

որ այս ամսաթերթին կողմէ կը տիրա-

նայ այս տիտղոսին: Նախապէս այս տիտղոսին տիրացած էին նախկին վարչապետ Անդրանիկ Մարգարեան, խորհրդարանի նախկին նախագահ Յովիկ Աբրահամեան, գործարարներ Մաքսիմ Յակոբեան, Գագիկ Ծառուկ-

եան եւ Արա Աբրահամեան:

ԶԱՒԷՆ ՊԱՏՈՅԵԱՆ ՉՈՐՍ ՏԱՐՈՒԱՆ

ՊԱՅՄԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՍՏՈՐԱԳՐԵՑ ՊԱԹԷ-Ի ՀԵՏ

Հայկական լրատու աղբիւրներ հա-

ղորդեցին, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Զաւէն Պատոյեան, որ այս տարի մաս կը կազմէր Իմփուլսի, իր կազմը լքելով միացաւ ՊԱԹԷ-ի (Պիելոռուսիա): Յայ-

տարարուեցաւ, որ ան չորս տարուան

22 ¸ºÎîºØ´ºð 2011

պայմանագրութիւն մը ստորագրած է իր նոր ակումբին հետ:

Ակումբին պաշտօնական կայքէջին համաձայն, Սպանիոյ մէջ խումբին կատարած հաւաքին իր մասնակցու-

թիւնը բերելով ան շատ լաւ տպաւո-

րութիւն ձգած է մարզիչին եւ պատաս-

խանատուներուն վրայ: 22 տարեկան Պատոյեան Իմփուլ-

սէն բացի մաս կազմած է նաեւ բարձ-

րագոյն դասակարգի կազմերէն Կիլիկ-

իայի եւ Գանձասարի: Ան 2010-ին մաս կազմեց Հայաստանի երիտասարդնե-

րու հաւաքականին, իսկ 10 օգոստոս 2011-ին առաջին անգամ ըլլալով կրեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հա-

ւաքականին շապիկը (Լիթուանիոյ դէմ):

«ՉԵՄՓԻԸՆԶ ԼԻԿ»-Ի

ՄՐՑԱՇԱՐՔԻՆ ՎԻՃԱԿԱՁԳՈՒԹԻՒՆԸ

Նիոնի մէջ (Զուիցերիա) տեղի ունեցաւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1/16-րդ հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը:

Անոնք տեղի պիտի ունենան նաք-աութի դրութեամբ` երթուդարձով: Եր-

թի մրցումները տեղի պիտի ունենան 14-15 եւ 21-22 փետրուարին, իսկ դար-

ձի մրցումները` 6-7 եւ 13-14 մարտին: Տիտղոսակիր Պարսելոնա իրեն

մրցակից պիտի ունենայ Պայէր Լեւեր-

քուզընը, մինչ Ռէալ Մատրիտի մրցա-

կիցները պիտի ըլլան Մոսկուայի Բա-

նակայինները: Ա. Սէ. Միլան պիտի մրցի Արսե-

նալի դէմ, իսկ Նափոլի` Չելսիի դէմ: Բաւական տաք եւ հետաքրքրա-

կան ճակատում մը պիտի ըլլայ Մար-

սէյ – Ինթեր Միլան ճակատումը:

Ստորեւ կու տանք մրցումներուն վիճակաձգութիւնը.

Լիոն – Ափոէլ Նիկոսիա Նափոլի – Չելսի Ա. Սէ. Միլան – Արսենալ Պալ – Պայէրն Միւնիխ Պայէր Լեւերքուզըն – Պարսելոնա Մոսկուայի Բանակայիններ – Ռէալ

Մատրիտ Զենիթ Փեթերսպուրկ – Պենֆիքա Մարսէյ – Ինթեր Միլան

ՀԱՅԱՍՏԱՆ 2011-Ը ԱՒԱՐՏԵՑ 46-ՐԴ ԴԻՐՔԻՆ ՎՐԱՅ

ՖԻՖԱ-ն հրապարակեց այս ամսը-

ւան նոր դասաւորումը, որ եղաւ 2011 տարուան վերջինը:

Աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան Սպանիա տարին աւարտեց պարա-

գլուխի դիրքին վրայ` իր ետին ձգելով Հոլանտան եւ Գերմանիան, որոնք յա-

ջորդաբար գրաւեցին երկրորդ եւ եր-

րորդ դիրքերը: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային

հաւաքականը, տարին աւարտեց 46-րդ դիրքին վրայ` ապահովելով 612 կէտ:

Ստորեւ կու տանք այս տարուան վերջին դասաւորումը (փակագիծե-

րուն մէջ նշուած են ազգային հաւա-

քականներուն գրաւած նախկին դիր-

քերը: Իսկ աստղանիշ կրող խումբերը 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցում-

ներուն Հայաստանի մրցակիցներն են).

ՊԱՐՍԵԼՈՆԱ ՏԻՐԱՑԱՒ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԿՈՒՄԲՆԵՐՈՒ

ՏԻՏՂՈՍԻՆ

Կիրակի, 18 դեկտեմբերին, Եոքո-

համայի մէջ (Ճափոն) տեղի ունեցաւ ՖԻՖԱ-ի աշխարհի ակումբներու Մոն-

տիալի աւարտական հանգրուանի մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան Պարսելոնա եւ Սանթոս:

Մրցումը աւարտեցաւ Եւրոպայի ախոյեանին` Պարսելոնայի յաղթանա-

կով, որ 4-0 արդիւնքով ծանր պար-

տութեան մատնելէ ետք իր մրցակիցը (Հարաւային Ամերիկա) տիրացաւ տիտղոսին:

Լիոնել Մեսսի նշանակեց երկու կոլ (17-րդ եւ 82-րդ), իսկ մնացեալ կոլերը նշանակեցին Զաւի Հերնանտես (24-րդ) եւ Սեսք Ֆապրեկաս (45-րդ):

ԾԱՆՐԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ

ԴԱՒԻԹ ՊԵՃԱՆԵԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ՆՈՐ

ՄՐՑԱՆԻՇ ՄԸ ՀԱՍՏԱՏԵՑ

Հայկական ArmSport.am լրատու

գործակալութիւնը` իր լուրը քաղելով ռուսական մամուլէն, կը տեղեկացնէ, որ Ռուսիան ներկայացնող հայազգի ծանրաբարձ Դաւիթ Պեճանեան Ռուս-

իոյ նախագահի անուան նուիրուած բաժակի մրցաշարքին ոչ միայն տի-

րացած է ոսկի մետալին, այլեւ յա-

ջողած է աշխարհի նոր մրցանիշ մը հաստատել:

105 քկ դասակարգի մրցումներուն մասնակցող Պեճանեան 238 քկ բարձ-

րացնելով յաջողած է 1 քկ-ով գերա-

զանցել 2004-ին պուլկարացի Էլըն Եա-

քոյեւի հաստատած աշխարհի մրցա-

նիշը: Նշենք, որ ան վերոնշեալ մրցա-

շարքին ընդամէնը բարձրացուց 421 քկ:

ՔԱՐԱԹԷ

ԱԿՆԵՍԱ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ ԿԻՊՐՈՍԻ ԱԽՈՅԵԱՆ

Լիմասոլաբնակ Ակնեսա Յովհան-

նիսեան Կիպրոսի 2011-ի ախոյեան

հանդիսացաւ Քաթա եւ Քունիթէ դա-

սակարգերուն մէջ: Նկարին մէջ Ակ-

նեսա իր մարզիչին՝ Պետրոս Մաւրո-

վունիոտիսի հետ:

سñ½³Ï³Ý

1.- (1) Սպանիա 1564

2.- (2) Հոլանտա 1365

3.- (3) Գերմանիա 1345

4.- (4) Ուրուկուէյ 1309

5.- (5) Անգլիա 1173

6.- (6) Պրազիլ 1143

7.- (7) Փորթուգալ 1100

8.- (8) Խրուաթիա 1091

9.- (9) Իտալիա* 1082

10.- (10) Արժանթին 1067

11.- (11) Դանիա* 1035

12.- (12) Ռուսիա 971

13.- (13) Չիլի 970

14.- (14) Յունաստան 964

15.- (15) Ֆրանսա 915

33.- (33) Չեխիա* 749

45.- (45) Իրան 616

46.- (46) ՀԱՅԱՍՏԱՆ 612

47.- (49) Սկովտիա 599

48.- (50) Կալես 591

84.- (85) Պուլկարիա* 410

156.- (155) Մալթա* 140

23 ¸ºÎîºØ´ºð 2011

úð²îºîð 11 ÚàôÜàô²ð 2012 20£00 §øݳñ³Ï³Ý ºñ»ÏáÛ¦ - ÊñÇÙ»³Ý гÛñÇÏ ÐØÀØ-кØ-Ç ëñ³Ñ гٳ½·³ÛÇÝÇ §ú߳ϳݦ سëݳ×ÇõÕ 21 ÚàôÜàô²ð 2012 17£00 §ºñ·»Ýù гۻñ¿Ý¦ ³ÉÇÝ »õ ÁÝÏ»ñÝ»ñ ä²êÆîÆ ëñ³Ñ áõ »ïùÁ ²ÏáõÙµ ÐØÀØ-Ð³Û ºñÇï³ë³ñ¹³ó ØÇáõÃÇõÝ 1 öºîðàô²ð 2012 19£30 ¸³ë³ËûëáõÃÇõÝ (²Ý·É).§ÆõÃÇõ×»³Ý¦ëñ³Ñ. îáùÃ. ¿áïáñ ´³Ý³ÛÇáïáõ. ä»ï³Ï³Ý Ü»ñϳ۳óáõóÇãÇ ¶ñ³ë»Ý»³Ï 11 öºîðàô²ð 20£30 §ê. ì³É»ÝÃÇÝǦ ºñ»ÏáÛ ÝáõÇñáõ³Í ê³Û³Ã Üáí³ÛÇÝ. ÐØÀØ-кØ-Ç ëñ³Ñ. гٳ½·³ÛÇÝÇ §ú߳ϳݦ سëݳ×ÇõÕ 4 زðî 2012 §ØÇçÇÝù¦Ç ³õ³Ý¹³Ï³Ý ÁÝÃñÇù. ÐØÀØ-кØ-Ç ëñ³Ñ. ÐúØ-Ç ÎÇåñáëÇ §êû뿦 سëݳ×ÇõÕ 11 زðî 2012 19£00 §Ð³Û³ëï³ÝÁ ´»ÙÇÝ ìñ³Û¦ êïñáíáÉáÛÇ ù³Õ³ù³å»ï³ñ³ÝÇ ëñ³Ñ. ä»ï³Ï³Ý Ü»ñϳ۳óáõóÇãÇ ¶ñ³ë»Ý»³Ï 31 زðî 2012 ÐúØ-Ç ÎÇåñáëÇ §êû뿦 سëݳ×ÇõÕ 05 زÚÆê 2012 §êÇ÷³Ý¦ ä³ñ³ËáõÙµÇ ï³ñ»Ï³Ý »ÉáÛà гٳ½·³ÛÇÝÇ §ú߳ϳݦ سëݳ×ÇõÕ 11 زÚÆê 2012 гٳ½·³ÛÇÝÇ §ú߳ϳݦ سëݳ×ÇõÕ

´áÉáñ ³ÝáÝù, áñáÝù Ïþáõ½»Ý Çñ»Ýó ϳ½Ù³Ï»ñå³Í

Ó»éݳñÏÝ»ñáõÝ Ù³ëÇÝ ÝßáõÙ ÁÉÉ³Û §úñ³ï»ïñ¦ÇÝ

Ù¿ç, ÃáÕ µ³ñÇ ÁÉÉ³Ý Ï³åáõÇÉ ËÙµ³·ñáõû³Ý Ñ»ï

[email protected] +357 99633715

ÜàôÆð²îàôàôÂÆôÜ

§Ð²Ú²êî²Ü¦ вزвÚÎ. ÐÆØܲ¸ð²ØÆÜ

àÕµ. ¶¿áñ· ³ëï³ñ»³ÝÇ Ù³Ñáõ³Ý ³éÃÇõ ÷áË³Ý Í³ÕÏ»åë³ÏÇ î¿ñ »õ îÏÝ. È»õáÝ Ü³ÑÇÏ»³Ý €100

ܳÑÇÏ»³Ý ÜÇÏû 100 î¿ñ »õ îÏÝ. Ú³Ïáµ Þ³ùÉ»³Ý 100 îÏÝ. ܳÛÇñÇ î¿ñ ²é³ù»É»³Ý 100 Constantinos & Sergios Giannopoulos 100 î¿ñ »õ îÏÝ. ÚáíÑ³Ý ê³ñ·Çë»³Ý $100 î¿ñ »õ îÏÝ. γñ¿Ý ä³Ûñ³·ï³ñ»³Ý $100 î¿ñ »õ îÏÝ. ÜÇÏû ä³Ûñ³·ï³ñ»³Ý $100 î¿ñ »õ îÏÝ. ê»åáõÑ ¸³õÇû³Ý 50 â³ùÙ³ù×»³Ý Üáñ³ 50 î¿ñ »õ îÏÝ. ä»ÝáÝ ê»õ³Ý 50 îáùÃ. ¶ñÇ·áñ êÇÙ³ÙáÝ»³Ý 50 Giannopoulos Tony & Azo 50 Iacovides Alexis & Roza 50 î¿ñ »õ îÏÝ. îÇ·ñ³Ý úѳÝÝ¿ë»³Ý 40 î¿ñ »õ îÏÝ. Ðñ³Ûñ ²¹³Ù»³Ý 30 ²õ»ïÇë»³Ý Ä³Ý¿Ã »õ Üáñ³ 30 ¶³É³Û×»³Ý êÇñí³ñ¹ 30 î¿ñ »õ îÏÝ. ºñ³Ù»³Ý 30 ø»ëûñÉ»³Ý ä»ñ× 30 î¿ñ »õ îÏÝ. ܳ½³ñ¿Ã ¾Ý¿½»³Ý 25 ²Ûݿ׻³Ý ºõ³ 20 î¿ñ »õ îÏÝ. ܳ½³ñ¿Ã ²ïáõñ»³Ý 20 ´³ñáÛ»³Ý ¶áѳñÇÏ 20 ¶³Éý³Û»³Ý ²ñáõë 20 ÀåñÁù×»³Ý سùëÇ 20 ³ëï³ñ»³Ý èÇó 20 î¿ñ »õ îÏÝ. ÖáÝ Î¿íÑ¿ñ»³Ý 20 ÎáÝïáõ ³·áõÑÇ 20 ÐáéáÙ»³Ý Þ³ù¿ 20 î¿ñ »õ îÏÝ. Îñ»ÏáñÇ ØÏñïÇã»³Ý 20 ܳÑÇÏ»³Ý ì»ñ·ÇÝ 20 î¿ñ »õ îÏÝ. ²Éå»é Þ³ÑÇÝ»³Ý 20 äáÑ׳ɻ³Ý èá½Çó 20 î³ñ³ù×»³Ý ²ÝÇ 20 î»ÉÇý»ñ ö»ñáõ½ 20 î¿ñ »õ îÏÝ. ²Ý¹ñ³ÝÇÏ ²ÉÃáõÝ»³Ý 20 î¿ñ »õ îÏÝ. ä»ïñáë î¿ñ ²é³ù»É»³Ý 20 î¿ñ »õ îÏÝ. гٵ³ñÓáõÙ ¸³õÇû³Ý 20 î¿ñ »õ îÏÝ. Üáõå³ñ ¸³õÇû³Ý 20 î¿ñ »õ îÏÝ. ܳñ»Ï ¸³õÇû³Ý 20 î¿ñ »õ îÏÝ. ¶¿áñ· ¼³ñ¹³ñ»³Ý 20 î¿ñ »õ îÏÝ. ì³ñ¹³Ý ³ß×»³Ý 20 î¿ñ »õ îÏÝ. ²ñÃû ¿Éɳɻ³Ý 20 î¿ñ »õ îÏÝ. γñ³å»ï Ð³É¿å»³Ý 20 î¿ñ »õ îÏÝ. ¶¿áñ· سÑï»ë»³Ý 20 î¿ñ »õ îÏÝ. ²Ý¹ñ³ÝÇÏ Ü³Éã³×»³Ý 20 î¿ñ »õ îÏÝ. ä»ïñáë êóÙåáõÉ»³Ý 20 î¿ñ »õ îÏÝ. ä³ñ¿Ã ø»ëûñÉ»³Ý 20 î¿ñ »õ îÏÝ. ìÇ·¿Ý ø»ëûñÉ»³Ý 20 îÇïáÝ»³Ý Öáñ× ÁÝï³ÝÇù 20 ø¿ßÇß»³Ý èÇó 20 ø¿ã¿×»³Ý лñÙÇÝ¿ 20 ø»ëûñÉ»³Ý êáݳ 20 Antoniades Michalis & Loukia 20 Christofides Andreas & Maria 20 Christodoulides Zenon 20 Christodoulidou Akis & Andrie 20 Georgakis Xenios Family 20 Kasparis Michalis 20 Liassidou Lilly 20 Papaxenophontos Costas & Despo 20 Ralli Christos & Spyoulla 20 Roussos Lakis & Julie 20 Saveriades Alexis & Natassa 20 Sofroniou Takis 20 ²ïáõñ»³Ý ²ñ÷ÇÝ¿ 10 ¶áµáõß»³Ý ºñ³Ý 10 οûù×»³Ý ²Ý³ÑÇï 10 ØáëïÇã»³Ý ÐéÇ÷ 10 ܳÑÇÏ»³Ý ²ñÉÇÝ 10 ä¿ù»³ñ»³Ý лñÙÇÝ 10 äñÝ. ²ñ½áõٳݻ³Ý 10 î¿ñ »õ îÏÝ. ºÕdz î¿ñ ²é³ù»É»³Ý 10 î¿ñ »õ îÏÝ. îÇ·ñ³Ý ³óñ»³Ý 10 î¿ñ »õ îÏÝ. ìé³Ù äÇå¿ñ»³Ý 10 Christodoulou Georgette 10 Demosthenous Miltiades family 10 Georgiou Marios & Natassa 10 Kalotichou Maro 10 Markou Paris 10 Papaioannou Georgios & Verie 10 Petridou Doros & Maro 10 Sofocleous Mikis & Noli 10

ÜàôÆð²îàôàôÂÆôÜ

ÐÚ¸ ÎÆäðàêÆ ÎàØÆî¾àôº²Ü ¸³ßݳÏó³Ï³Ý ÁÝÏ»ñÝ»ñ €1000

î¿ñ »õ îÏÝ. Ú³Ïáµ ¶³½³Ý×»³Ý 1000 àÙÝ 1000 ³ÑÙ³½»³Ý гÛϳ½ (îáõå³Û) 1000 êáÕáÙáÝ»³Ý Ðñ³Ûñ (îáõå³Û) 1000 àÙÝ 500 ÐúØ-Ç §êû뿦 Ù³ëݳ×ÇõÕ 500 àÙÝ 500 Ð³Û ä³ßïå³Ý 500 àÙÝ 200 î¿ñ »õ îÏÝ. ²ñÃû ¸³õÇû³Ý 200 ¸³õÇû³Ý ²ñ³Ù 200 î¿ñ »õ îÏÝ. ¼³õ¿Ý ä³ù³É»³Ý 200 àÙÝ 200 àÙÝ 200 î¿ñ »õ îÏÝ. ì³Ñ³Ý Øáõñ³ï»³Ý 150 àÙݪ ²ñ»õÙï³Ñ³Ûáó ê÷Çõéù¿Ý 100 î¿ñ »õ îÏÝ. îÇ·ñ³Ý úѳÝÝ¿ë»³Ý 100 î¿ñ »õ îÏÝ. ê»åáõÑ ¸³õÇû³Ý 100 àÙÝ 100 îáùÃ. »õ îÏÝ. ì³½·¿Ý Þ³Ñå»Ýï»ñ»³Ý 100 î¿ñ »õ îÏÝ. Öáñ× ö»ÃñÇïÇë 100 ³ÑÙ³½»³Ý 껹û 75 Âáñáë»³Ý Ð³ÙµÇÏ 50 î¿ñ »õ îÏÝ. ÚáíѳÝÝ¿ë ÚáíѳÝÝë»³Ý 50 êÇÙáÝ»³Ý êÇÙáÝ 50 Úáíë¿÷»³Ý ÈÇÉÇ 50 ²ïáõñ»³Ý Ú³Ïáµ 50 î¿ñ »õ îÏÝ. È»õáÝ ê³ñ»³Ý 50 î¿ñ ²õ»ïÇë»³Ý ê³ñ·Çë Ê. 50 î¿ñ »õ îÏÝ. Üáõå³ñ ¸³õÇû³Ý 40 ȳãÇÝ»³Ý ¾Éǽ 40 ä³Ñ³ïáõñ»³Ý سÝáõÏ 40 î¿ñ »õ îÏÝ. úÝÝÇÏ øÇõñù×»³Ý 20 î¿ñ »õ îÏÝ. êï»÷³Ý âáñå³×»³Ý 20

§²ðÒ²¶²Ü¶¦ÆÜ àÙÝ €500

î¿ñ »õ îÏÝ. Ú³ñáõÃÇõÝ ²ÝÙ³ÑáõÝÇ 50 àÕµ. èá½³ ØÏñïÇ㻳ÝÇ Ù³Ñáõ³Ý ³éÃÇõ ÷áË³Ý Í³ÕÏ»åë³ÏÇ îÏÝ. ö»ñáõ½ î»ÉÇý»ñ 20

ºñ»ë÷áË³Ý³Ï³Ý ¶ñ³ë»Ý»³Ï Armenian Representative Office

¸²ê²ÊúêàôÂÆôÜ ²Ý·É»ñ¿Ý É»½áõáí

§Æ±ÝãÇ Ï³ñÇùÁ áõÝÇÝ »ñÇï³ë³ñ¹Ý»ñÁ ³Ûëûñ ·áñÍ ×³ñ»Éáõ¦

âáñ»ùß³µÃÇ 1 ö»ïñáõ³ñ 2012 »ñ»ÏáÛ»³Ý ųÙÁ 7.30, ²é³çÝáñ¹³ñ³ÝÇ §ÆõÃÇõ×»³Ý¦ ëñ³Ñ

¸³ë³Ëûë ¸áÏï. ¿áïáñ ´³Ý³ÛÇáïáõ îÝûñ¿Ý ÎÇåñáëÇ ØÇç³½·³ÛÇÝ ì³ñãáõû³Ý ÐÇÙݳñÏÇ

²Ûó»Éáõ ¹³ë³Ëûë гñáõÁñï гٳÉë³ñ³ÝÇ

LECTURE In English

“What do young people need to get a decent job nowadays”

Wednesday 1st February 2012 at 7.30 pm, Armenian Prelature Utudjian Hall

Lecturer Dr. Theodore Panayiotou Director of Cyprus International Institute of Management (CIIM)

Visiting Professor at Harvard University

äÇïÇ Û³çáñ¹¿ ÑÇõñ³ëÇñáõÃÇõÝ Reception to follow

ÞÜàðвβÈàôÂÆôÜ îÏÝ. ³·áõÑÇ Â³ëï³ñ»³Ý ßÝáñѳϳÉáõ-

ÃÇõÝ ÏÁ Û³ÛïÝ¿ µáÉáñ ³ÝáÝó, áñáÝù ³ÝÓ³Ùµ, Ñ»é³Ó³ÛÝáí ϳ٠÷áË³Ý Í³ÕÏ»åë³ÏÇ ÝÁõÇ-ñ³ïáõáõû³Ùµ Ù³ëݳÏó»ó³Ý Çñ ³ÙáõëÇÝÇÝ

¶¿áñ· ³ëï³ñ»³ÝÇ

Ù³Ñáõ³Ý ëáõ·ÇÝ »õ µ³ÅÝ»óÇÝ Çñ íÇßïÁ£ ²Ûë ³éÃÇõ §²ñÓ³·³Ý·¦ÇÝ ÏÁ ÝáõÇñ¿ €50£

24 ¸ºÎîºØ´ºð 2011

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆԱՄԱԿԸ ՈՒՂՂՈՒԱԾ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐՔՈԶԻԻՆ` ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԽՏՈՒՄԸ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՆՈՂ ՕՐԻՆԱԳԻԾԻՆ ՎԱՒԵՐԱՑՄԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Նորին Վսեմութիւն Նիքոլա Սարքոզի Նախագահ Ֆրանսայի Հանրապետութեան Փարիզ

Սիրելի՛ պրն. նախագահ, Իբրեւ կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, յատուկ ուրախութեամբ կ՛ող-

ջունեմ Ֆրանսայի խորհրդարանին տուած վերջին որոշումը` Հայոց ցեղաս-

պանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը վաւերացնող: Կ՛ող-

ջունեմ նաեւ Ձեր վերջին յայտարարութիւնը Երեւանի մէջ, ուր դուք անգամ մը եւս արտայայտեցիք ֆրանսացի ժողովուրդին յստակ ու ամուր կեցուածքը Հայոց ցե-ղասպանութեան պատմական իրողութեան մասին:

Կիլիկիոյ հայերը յատկապէս զոհ դարձան ցեղասպանութեան եւ որուն հետեւանքով Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պարտադրուեցաւ ձգել իր դարա-

ւոր վայրը Կիլիկիոյ մէջ եւ հաստատուելու Անթիլիասի մէջ, Լիբանան: Արդարեւ, Ֆրանսան մարդկային արժէքներու եւ մարդկային իրաւանց եւ

արդարութեան նկատմամբ իր ունեցած հաւատարմութեամբ ու յանձնառու-

թեամբ կը մնայ տիպար այն բոլոր երկիրներուն համար, որոնք տակաւին կը փորձեն ուրանալ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ժխտողական վերաբերումը այս պատմական իրողութեան նկատմամբ, պատճառ կրնայ հանդիսանալ նոր ցեղասպանութիւններու: Հետեւաբար, միջազգային համայնքը աւելի լուրջ մօտեցում պէտք է որդեգրէ Հայոց ցեղասպանութեան գծով, որ կը շարունակէ մնալ անպատիժ:

Ձեր եւ Ֆրանսային դիրքը, պրն. նախագահ, Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ, կը մարմնացնէ Ֆրանսայի եզակի դերը միջազգային համայնքին մէջ` ի պաշտպանութիւն մարդկային իրաւունքներու:

Հաճեցէք, պրն. նախագահ, ընդունիլ հայ ժողովուրդին եւ անձնապէս Մեր խոր շնորհակալութիւնը Ֆրանսայի ժողովուրդին ու ֆրանսական պետու-

թեան որդեգրած այս քաջ կեցուածքին համար: Աղօթքով եւ օրհնութեամբ`

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

ՔՆԵՍԵԹԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ՅԵՏԱՁԳԵՑ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒԻ ՈՐԴԵԳՐՈՒՄԸ

Իսրայէլի խորհրդարանին` Քնեսեթի կրթութեան հարցերու յանձնախումբը քննարկեց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը, սակայն բանաձեւի որդեգրման հարցը յետաձգեց:

Քննարկման ներկայացուած էին ըն-

կերվարական Մերեց եւ աջակողմեան Ազգային միասնութիւն կուսակցութիւն-

ներու երեսփոխաններ Զահաւա Կա-

լիոնի եւ Արիէ Էլտատի ներկայացուցած Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ իբրեւ յիշատակի օր նշման վերա-բերեալ բանաձեւերու նախագիծերը:

Նիստին կը նախագահէր յանձնախումբի նախագահ Ալեքս Միլլըր: Նիս-

տին կը մասնակցէր նաեւ Քնեսեթի նախագահ Ռուվեն Ռիվլին, ինչ որ Իս-

րայէլի խորհրդարանական կեանքին մէջ աննախադէպ երեւոյթ է: Ռիվլին իր արտասանած խօսքին մէջ նշեց, որ Իսրայէլ պատմական եւ

բարոյական պարտաւորութիւն ունի Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու` անկախ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ իր ունեցած յարաբերութիւններէն:

Քննարկումի ընթացքին խօսած են բազմաթիւ երեսփոխաններ, որոնք հիմնականին մէջ դրականօրէն արտայայտուած են բանաձեւի որդեգրման վերաբերեալ: Խօսք արտասանած է նաեւ ցեղասպանագէտ փրոֆ. Իսրայէլ Չառնի:

Իսրայէլի արտգործ նախարարութեան երկու պաշտօնատարներ բանա-

ձեւի որդեգրման դէմ արտայայտուած են` հիմնականին մէջ պատճառա-

բանելով Հայաստան-Թուրքիա երկխօսութեան չվնասելու մտադրութիւնը: Յանձնախումբը ի վերջոյ յետաձգած է բանաձեւին վերաբերեալ քուէար-

կութիւնը` երեսփոխաններուն ժամանակ տրամադրելով ուսումնասիրելու բանաձեւերը այն երկիրներուն, որոնք ճանչցած են Հայոց ցեղասպանու-

թիւնը:

ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԻՆ՝ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 18 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐ

21 Դեկտեմբեր 2011-ին Մոս-

կւայի «Ռենեսանս Մոնարխ» հիւ-

րանոցին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաս-

տան» համահայկական հիմնադրա-

մի 2011 թուականի բարեգործական

ճաշկերոյթը, որուն կը մասնակցէին

ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան,

Ռուսաստանի Դաշնութեան մօտ

Հայաստանի Հանրապետութեան

դեսպան Օլեգ Եսայեան, Ռուսաս-

տանի եւ Նոր Նախիջեւանի հայոց

թեմի առաջնորդ Տ. Եզրաս եպիսկո-

պոս Ներսիսեան եւ շուրջ 70 հայազ-

գի գործարարներ:

Ճաշկերոյթի ընթացքին գրանցուեցաւ 18 միլիոն 635 հազար ԱՄՆ տո-

լարի նուիրատուութեան խոստում: Ամենամեծ նուիրատուութիւնը` 11

միլիոն ԱՄՆ տոլար, կատարեց Էտուարտօ Էռնեկեան, որուն անունով հան-

դէս եկաւ իր ներկայացուցիչը` Բեկոր Փափազեան: Նուիրատուութիւնը պի-

տի ուղղուի Արցախի գիւղատնտեսութեան, կրթութեան եւ զբոսաշրջութեան

ոլորտներու զարգացման:

Երկրորդ խոշոր նուիրատուն` Սերգեյ Սարգիսով, խոստացաւ նուիրա-

բերել 3 միլիոն ԱՄՆ տոլար, որ պիտի ուղղուի Ստեփանակերտի հան-

րակրթական դպրոցի մը ամբողջական վերակառուցման: Ճաշկերոյթի մեծ

նուիրատուներէն են Սամուէլ Կարապետեան` 1 միլիոն ԱՄՆ տոլար, Ռո-

բերտ Հովհաննիսեան` 500 հազար ԱՄՆ տոլար, Լեւոն Հայրապետեան` 500

հազար ԱՄՆ տոլար:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա

Վարդանեանի խօսքով` աշխարհի ողջ հայութիւնը անգամ մը եւս

ապացուցեց, որ միասնութեան մէջ է հայու ուժը: «Հիմնադրամի անունով

շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր նուիրատուներուն: Ձեր շնորհիւ է, որ

վաղը մենք կունենանք այլ Հայաստան եւ այլ Արցախ», աւելցուց գործադիր

տնօրէնը:

Մոսկուայի ճաշկերոյթով իր աւարտին հասաւ «Հայաստան» համահայ-

կական հիմնադրամի դրամահավաք 2011-ը, արձանագրելով

30 միլիոն 921 հազար 478 ԱՄՆ տոլարի

նուիրատուութիւն եւ նուիրատուութեան խոստում:

ՔԻՒՐՏ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԷ. «ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ԿՈՏՈՐԵԼՈՒ ՄՇԱԿՈՅԹ ԿԱՅ»

Թուրքիոյ խորհրդարանի քրտական Խաղա-

ղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան Մուշէն ընտրուած երեսփոխան Սըրրը Սաքըք Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ խօսք առնելով յայտնած է, որ 1978-ի այս օրը` 19 Դեկտեմբերին, Մարաշի մէջ կոտորուած են հարիւրաւոր ալեւի-

ներ: «Կոտորելու մշակոյթը մեր մէջ շատոնց կար: 1915-ին հայերուն, ապա, հրեաներուն, քիւրտե-

րուն դէմ կոտորած իրագործուած է», շեշտած է Սաքըք: Անոր խօսքերը խոր-

հըրդարանին մէջ մեծ իրարանցում յառաջացուցած են: Երեսփոխանները Սաքըքին կոչ ուղղած են 1915-ը չանուանելու կոտորած

եւ ետ քաշելու իր խօսքը, սակայն Սաքըք պատասխանած է, որ պէտք է պատմութիւնը գիտնալ եւ դիմակայել զայն: