13
è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՅՈՒՇԵՐԷՍ. «ՔԵՍԱՊ ԷԼ ԺԵՄԻԼ» (ԳԵՂԵՑԻԿ ՔԵՍԱՊ) ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ Երկուշաբթի, 5 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 81 էջ 1 Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի: Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը: Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն ներողամտութեան: յատկապէս` Էքիզօլուխին… Այս սէրը իրեն համար շատ յստակ եւ շեշտուած էր այնքան, որ ան նաեւ որոշեց թաղուիլ Քեսապի մէջ, եւ այդպէս ալ եղաւ… Գիտական-բժշկական մասնագիտութեան առընթեր, հօրեղբայրս նաեւ ունէր գեղանկարչական (ու տակաւին այլ) արժանիքներ: Ան աշակերտած էր հայազգի մեծանուն գեղանկարիչ Արմիսի` վեր. Արմենակ Միսիրեանի, որուն վարժութիւններուն ու ցուցմունքներուն հետ զարգացուցած էր այս արուեստը: 15 հոկտեմբեր 1984-ին, պետական հովանաւորու- թեամբ, ան կազմակերպեց գեղանկարչական իր գործերուն ցուցահանդէսը` Հալէպի թանգարանին մէջ, ուր ցուցադրուեցան իր գործերը` նուիրուած Քեսապին: Չմոռցաւ հրաւէրները արաբերէնով տպելու եւ Oրուայ Յօդուածը Հօրեղբայրս` տոքթ. Ռոպեր Ճէպէճեան, կառչած մնաց սուրիական հայրենքին, նոյնիսկ երբ իր հարազատները (ներառեալ` իր զաւակները) ձգեցին երկիրը ու գաղթեցին: Եթէ մէկ կողմէ հաւատաց Հալէպ քաղաքին` որպէս սփիւռքահայ կարեւոր կռուանի, բայց նաեւ ունէր համակ սէր եւ կապուածութիւն Քեսապին, ՌԱԿ-ի Լուրեր Պըրպենք, Լոս Անճելըս, ԱՄՆ Մօտալուտ Հանդիպում Բանաստեղծուհի Անուշ Նագգաշեանի Հետ (Տեսնել՝ էջ 5) www.facebook.com/RAGmamoul Լուրեր Սփիւռքէն Պէյրութ, Լիբանան Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վար- ժարանի հրաւէրով Դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեան Պէյրութի Մէջ (Տեսնել՝ էջ 6) Գալիֆորնիա, ԱՄՆ Այսօր՝ Գալիֆորնիան Հաւանական է, որ Ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի Անկախութիւնը (Տեսնել՝ էջ 7) ԾԱՆՕԹ Հայկական այն միութիւններն ու վարժարանները, որոնք կը փափաքին իրենց թղթակցութիւնները հրատարակուած տեսնել ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ-ին մէջ, բարեհաճին իրենց գրութիւնները՝ նկարներով մէկտեղ, ուղղել խմբագրութեանս հետեւեալ հասցէին՝ [email protected]

Monday 05 05 2014, volume # 9, issue # 81

Embed Size (px)

DESCRIPTION

RAG MAMOUL’s aim is to produce, broadcast and publish a digital communication journal that will be distributed throughout a vast network of 25,000+ qualified Armenian recipients, in Armenia and the Diaspora. Articles from well-known authors, issues affecting Armenia and Armenians, reports of events organized in Armenia and the Diaspora, press releases and general commentary/viewpoints will be the mainstay basis of this undertaking. By taking advantage of modern technology, we will be disseminating acceptable (Edited) information, in as many languages as possible, and will endeavour to publish at least one article per day at the minimum. This massive and growing digital reach, should be very attractive to concerned columnists, readers and advertisers as it will be prepared and presented in a visually simple, easy to read and attractive format.

Citation preview

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՅՈՒՇԵՐԷՍ.

«ՔԵՍԱՊ ԷԼ ԺԵՄԻԼ» (ԳԵՂԵՑԻԿ ՔԵՍԱՊ)

ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Երկուշաբթի, 5 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 81 էջ 1

Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի:

Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը:

Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն

ներողամտութեան:

յատկապէս` Էքիզօլուխին… Այս սէրը իրեն համար

շատ յստակ եւ շեշտուած էր այնքան, որ ան նաեւ

որոշեց թաղուիլ Քեսապի մէջ, եւ այդպէս ալ եղաւ…

Գիտական-բժշկական մասնագիտութեան առընթեր,

հօրեղբայրս նաեւ ունէր գեղանկարչական (ու

տակաւին այլ) արժանիքներ: Ան աշակերտած էր

հայազգի մեծանուն գեղանկարիչ Արմիսի` վեր.

Արմենակ Միսիրեանի, որուն վարժութիւններուն ու

ցուցմունքներուն հետ զարգացուցած էր այս արուեստը:

15 հոկտեմբեր 1984-ին, պետական հովանաւորու-

թեամբ, ան կազմակերպեց գեղանկարչական իր

գործերուն ցուցահանդէսը` Հալէպի թանգարանին

մէջ, ուր ցուցադրուեցան իր գործերը` նուիրուած

Քեսապին: Չմոռցաւ հրաւէրները արաբերէնով տպելու

եւ

Oրուայ Յօդուածը

9րդ Տարի, Թիւ 74 էջ 1

Հօրեղբայրս` տոքթ. Ռոպեր

Ճէպէճեան, կառչած մնաց

սուրիական հայրենքին, նոյնիսկ

երբ իր հարազատները

(ներառեալ` իր զաւակները)

ձգեցին երկիրը ու գաղթեցին:

Եթէ մէկ կողմէ հաւատաց Հալէպ

քաղաքին` որպէս սփիւռքահայ

կարեւոր կռուանի, բայց նաեւ

ունէր համակ սէր եւ

կապուածութիւն Քեսապին,

ՌԱԿ-ի Լուրեր Պըրպենք, Լոս Անճելըս, ԱՄՆ

Մօտալուտ Հանդիպում Բանաստեղծուհի

Անուշ Նագգաշեանի Հետ

(Տեսնել՝ էջ 5)

www.facebook.com/RAGmamoul

Լուրեր Սփիւռքէն Պէյրութ, Լիբանան 9րդ Տարի, Թիւ 74 էջ 1 Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վար-

ժարանի հրաւէրով Դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեան

Պէյրութի Մէջ

(Տեսնել՝ էջ 6)

Գալիֆորնիա, ԱՄՆ

Այսօր՝ Գալիֆորնիան Հաւանական է, որ Ճանչնայ

Լեռնային Ղարաբաղի Անկախութիւնը

(Տեսնել՝ էջ 7)

ԾԱՆՕԹ

Հայկական այն միութիւններն ու վարժարանները,

որոնք կը փափաքին իրենց թղթակցութիւնները

հրատարակուած տեսնել ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ-ին մէջ,

բարեհաճին իրենց գրութիւնները՝ նկարներով

մէկտեղ, ուղղել խմբագրութեանս հետեւեալ

հասցէին՝ [email protected]

Երկուշաբթի, 5 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 81 էջ 2

ՌԱԿ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նորագոյն

նախաձեռնութիւնը՝ ի սպաս Հայ դպրութեան

ազգային նիւթերու, հայրենի մտահոգութիւն-

ներու եւ անպայմանօրէն հայապահպանումի

մասին: Ազգային զօրաւոր նկարագրի տէր

անձն էր, որուն համար լեզուն եւ ինքնութիւնը

ամէն բանէ վեր էին: Կը խօսէր արեւմտա-

հայերէն, բայց անպայմանօրէն կար Քեսապի

բարբառը, զոր երբեմն-երբեմն պիտի

գործածէր եւ յիշեցնէր մեզի, թէ անհրաժեշտ էր

զայն պահելը…

Էքիզօլուխ գիւղէն մինչեւ հօրեղբօրս տունը`

Մեղրաձոր, ճամբան քարքարոտ էր: Չէին

կուպրապատած ու հասկնալի չէր, թէ ինչո՞ւ…

Երեւի այդ ալ «գեղջական» ըլլալու մասն էր:

Կար հօրս մտահոգութիւնը. «Այս ճամբան

ինքնաշարժին աքսին համար լաւ չէ…»: Կարգ

մը տեղեր նոյնիսկ պէտք էր ինքնաշարժէն

իջնել, որպէսզի նուազեցնէինք ծանրութիւնը`

եւ իր ցուցահանդէսը «Քեսապ էլ ժամիլ» (գեղեցիկ Քեսապ) կոչելու: Ներկայ էի ցուցահանդէսին բացումին,

Հալէպի մէջ, բայց «Գեղեցիկ Քեսապի» մէջ կար աւելին, կար նաեւ իմ պատմութիւնս:

Հօրեղբօրս բնակարանը Էքիզօլուխ գիւղէն քիչ մըն ան անդին` Մեղրաձորի բարձունքին վրայ կանգնած,

պարզ ու «գեղջկական» տուն մըն է: Մանկութեանս եւ պատանեկութեանս տարիներուն ամրան մեր

արձակուրդները, նաեւ քիչ մըն ալ երկար, հոն կ՛անցընէինք: Սովորութիւն էր, որ վերածուած էր ամէն ամառ

կրկնուող իրավիճակի: Տունը ներկայ օրերու հանգստաւէտ ոչ մէկ պայման ունէր, հօրեղբայրս ատիկա կը

բացատրէր «գեղջկական» իրականութեամբ, ըսելով, թէ մթնոլորտին հետ պէտք էր պատշաճիլ. տակաւին,

կար բնութեան ստեղծած արուեստին հետ ապրելու անհրաժեշութիւնը: Հօրեղբայրս ժամանակը կ՛անցընէր

գծելով ու գծագրելով, իսկ ես քիչ մը խաղալով, բայց նաեւ` «ձանձրացնելով», նկատի ունենալով, որ տունը

հեռու էր գիւղէն եւ չորս կողմերը (գէթ այն ժամանակ) ժխոր չկար:

Էքիզօլուխի մուտքին կայ ակը, որուն ջուրը ոչ միայն կը զովացէր, այլ նաեւ կը յագեցնէր: Պիտի խմէինք

ակին ջուրէն, երբ նոր կը հասնէինք գիւղ: Կարծէք` գիւղ մտնելու առաջին նախապայմանն էր: Ակին ջուրին

հաւաքուած մասին մէջ միշտ կար ձմերուկ` մէկ կամ քանի մը հատ: Պաղ ջուրը լաւագոյն ձեւն էր ձմերուկը

պաղեցնելու…: Մենք պիտի խմէինք, բայց նաեւ հերթը պէտք էր տալ… իշուկներուն: Գիւղը իր ամբողջական

համերաշխ մթնոլորտին մէջ է, ուր իւրաքանչիւրը իր տեղը ունէր եւ միասին կը կազմէին գեղեցիկ ու խաղաղ

մեծ հայկական համայնապատկեր մը:

Գիւղին մուտքին` ձախ կողմը, կար պրն. Մարտիրոսը, որ վարժապետ-մտաւորական էր եւ միեւնոյն

ժամանակ ունէր պզտիկ խանութ մը: Պրն. Մարտիրոսին հետ հայրս եւ հօրեղբայրս պիտի զրուցէին

Երկուշաբթի, 5 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 81 էջ 3

կանխելով մեծ փոսերուն մէջ աղէտ պատճառելու հաւանականութիւնը: Պէտք էր միշտ բարեւէի Մանճա

Լելոյին, ու պիտի չուշանար իր խօսքը… «Տոքթորին էխբօր որդին է…»: Լելօ կը նշանակէր քոյր, իսկ Մանճան

կրճատումն էր Մանճիկեանին: Մանկութեանս ու պատանեկութեանս օրերուն կը գծուէին իմ հոգիիս մէջ

մարդկային յարաբերութիւններու մէջ քոյր-մայր հաղորդականութեան հասկացողութիւնն ու գիտակցու-

թիւնը:

Իրականութիւններ, որոնք արժէքներ միայն լեցուցին մեր կեանքի պարունակին մէջ:

Մանճա Լելոյին տունը հօրեղբօրս տունէն քիչ մը առաջ էր` աջին: Ունէր երկու կով: Անոնք անշարժ կեցած

էին, կը կարծէի, թէ անոնց աչքերը սեւցած` ինծի կը նայէին: Եւ չէր ուշանար հօրս քաշքշուքը. «Կարմիր

չհանգիս, կրնայ վրադ յարձակիլ…»: Մանկապատանեկան հոգիիս ու երեւակայութեանս մէջ Մանճա Լելոյին

կովերը քիչ մը վախ պատճառող իրականութիւններ էին… Պէտք էր մեծնայինք, որ գիտակցէինք, թէ որքան

անմեղ կրնար ըլլալ կովուն նայուածքը…

Հօրեղբօրս տան բարձունքին վրայէն պիտի դիտէի նախ ձորը:

Այսպէս ըսած` ունի «վայրի» ու «բնական» գեղեցկութիւն մը, որ շատ իւրայատուկ է: Խիտ անտառներով եւ

հեռուէն երեւցող նեղ արահետներ, որոնք կը տանէին դէպի վար ու խորը` Մեղրաձորը: Գիւղին տղաքը` խոզ

որսալու… Կը մտածէի, թէ արդեօք կը վերադառնայի՞ն, թէ՞ կրնային կորսուիլ: Ինծի համար Մեղրաձորը

կորսուող ու կորսուելու իրականութիւն էր կարծես, եւ չէի համարձակած երբեք հոն իջնել: Բայց դիտելով` կը

վայելէի Պասիթի ծովեզերեքը: Արեւուն ճառագայթներուն հետ` ծովը կը ստանար փայլուն եւ շէնշող

պատկեր: Ու կը լսէի հօրս բացատրութիւնը. «Լերան ետեւը Մուսա լեռն է…»:

Այս նախադասութեան պիտի յաջորդէին հերոսամարտի պատմութիւնը եւ հայուն հպարտութիւնը…

Վահան Թութիկեանը եւ իր ընտանիքը յաճախ կ՛այցելէին հօրեղբօրս: Յատկանշական էին իրենց «կարմրուկ»

դէմքերը, որ մէկ կողմէ առողջութեան նշան էր, բայց նաեւ հայկական արիւն էր, որ դուրս կը ժայթքէր որպէս

ապրող իրականութիւն:

Մեղրաձորէն Էքիզօլուխ, շրջակայ գիւղերը եւ Քեսապ… Բնութիւնը, անտառները, անասունները, ջուրը,

խնձորները` «Կոլտըն»-ն ու «Չըպըխճեան», բայց անպայմանօրէն իւրաքանչիւր հայ անհատը եւ ընտանիքը:

«Չոց ես» ու պատասխանը` «աղւիոր եմ»… Եւ որոնց հետ մէկ-մէկ ապրեցայ մանկութենէն մինչեւ

պատանեկութիւն տանող «աղւիոր» օրերը… Եկեղեցիները եւ ազգային կառոյցները, նահատակներու

արեամբ կանգուն մնացած եւ վերապրող իրականութիւնները, որոնք լեցուցին պատանեկան հոգիիս մէջ

գերակայութիւնը, թէ ի՛նչ կրնայ նշանակել… վերապրիլը:

Եւ վերապրիլը` որպէս հայ եւ որպէս մարդ, ազգային ու մարդկային ինքնագիտակցութեամբ եւ

արժէքներով…

Այսօր միայն հեռուէն կրնամ դիտել Քեսապը: Բռնագրաւումը ու տակաւին խափանարարական այլ

արարքները հեռացուցին Քեսապը մեր ֆիզիքական տեսադաշտէն: Բայց արդեօք կրցա՞ն (ու տակաւին

կրնա՞ն) հեռացնել զայն մեր հոգեկան ու իմացական հորիզոնէն:

Երեւի դարձեալ պէտք է յիշեցնել, թէ Քեսապի ու շրջանի գիւղերուն մէջ կայ հայուն նահատակի նուիրուած

արիւնը: Ու այդ արիւնը կենդանի է եւ հայուն տուած է տրոփող սիրտ մը ու վիթխարի հոգի մը, որ մինչեւ

այսօր տակաւին վեհօրէն կը կանգնի որպէս վերապրող իրականութիւն: Եւ այս վերապրիլը կարելի չէ

բռնագրաւել, ոչ ալ` խափանել… Այլ այս վերապրիլը պիտի շարունակէ մնալ հայուն կեանքին համար ամուր

կռուան:

Եթէ այսօր Մեղրաձորին ալ կը նայիմ միայն հեռուէն, բայց շատ յստակ կը տեսնեմ անոր «վայրի» ու

«բնական» գեղեցկութիւնը, որուն խորերէն Քեսապի մեր հայ տղաքը դարձեալ դուրս կու գան որպէս ապրող

իրականութիւն` առանց «կորսուելու»… Անոնք գիտեն իրենց «տան ճամբան» եւ կ՛ուզեն ամուր կառչիլ

անոր…

Իսկ մեզի համար, հեռու թէ մօտ, «Քեսապ էլ ժեմիլ» կը մնայ միշտ գեղեցիկ, բայց նաեւ` ազգային

հպարտութեան աղբիւր եւ հիմք…:

«Քեսապ Էլ ժեմիլ»-ը (գեղեցիկ Քեսապ)` մանկութենէս դէպի պատանեկութիւն եւ մինչեւ այսօր… Մեր

կեանքերուն գեղեցիկ արժէքը աւելցնող վերապրող իրականութիւն:

Նիկոսիա, Կիպրոս

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ ՄԵՐ ՍԻՐԵԼԻ ՅՕԴՈՒԱԾԱԳԻՐՆԵՐՈՒՆ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ

Ձեզմէ ազնուաբար պիտի խնդրէինք Ձեր յօդուածները ՝ նկարներով մէկտեղ, յետայսու ուղղել

խմբագրութեանս հետեւեալ հասցէին՝ [email protected]

Շնորհակալութիւն Ձեր ազնիւ գործակցութեան համար:

Երկուշաբթի, 5 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 81 էջ 4

Պըրպենք, Լոս Անճելըս, ԱՄՆ

ՄՕՏԱԼՈՒՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒՀԻ

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆԻ ՀԵՏ

Երկուշաբթի, 5 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 81 էջ 5

ՌԱԿ-ի Լուրեր 9րդ Տարի, Թիւ 74 էջ 1

Չորեքշաբթի, Մայիս 14ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին,

առաջնորդարանի «Արմէն Համբար» սրահին մէջ

հանդիպում մը պիտի կազմակերպուի Երուսաղէմէն

բանաստեղծ Անուշ Նագգաշեանի հետ:

Ընթացքին ելոյթ պիտի ունենան փրոֆ. Օշին Քէշիշեան

(«Նագգաշեանի բանաստեղծական վաստակը») եւ Արա

Ահարոնեան («Նագգաշեան հասարակական գործիչը»),

իսկ հանդիսավարն է Բարսեղ Գարթալեան: Տեղի պիտի

ունենայ նաեւ բանաստեղծութեանց ընթերցում:

Ձեռնարկը կը վայելէ առաջնորդ Յովնան արք.

Տէրտէրեանի հովանաւորութիւնը եւ կազմակերպուած է

Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լոս Անճելըսի

մասնաճիւղին կողմէ:

Երկուշաբթի, 5 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 81 էջ 6

Պէյրութ, Լիբանան

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

ՀՐԱՒԷՐՈՎ ԴՈԿՏ. ՄՀԵՐ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

տնօրէնութեան հրաւէրով եւ Մեսրոպեան վարժարան-Երեւանի

պետական համալսարան գոծակցութեան շրջագիծին մէջ, 2-9

Մայիս 2014-ին, Լիբանան կը գտնուի Երեւանի պետական

համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու

ինստիտուտի փոխտնօրէն դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեան:

Այս առիթով, Հինգշաբթի, 8 Մայիս 2014-ին, կէսօրէ ետք ժամը

5:00-7:30 տեղի պիտի ունենայ Հայոց պատմութեան

ուսուցիչներու յատուկ ծրագիր, որուն նիւթն է «Հայոց

պատմութեան դասաւանդումը, մասնագիտական հարցեր,

մեթոտաբանութիւն, արդի տեղեկատուական պաշարներու

կիրառում»:

Լուրեր Սփիւռքէն

Նշեալ զեկուցում-քննարկումներուն կը հրաւիրենք լիբանանահայ վարժարաններու ուսուցիչներն ու

ուսուցչուհիները եւ բոլոր այն կրթական մշակները, որոնք այս առնչութեամբ ունին համապատասխան

հետաքրքրութիւններ:

Ծրագիրին մասնակցիլ փափաքող անհատները իրենց անունները պէտք է արձանագրեն վարժարանի

քարտուղարութեան մօտ, առաւելագոյնը մինչեւ Երեքշաբթի, 6 Մայիս 2014:

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան

Բարձրագոյն Վարժարանի

Տնօրէնութիւն

Երկուշաբթի, 5 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 81 էջ 7

ԾԱՆՕԹ՝

Հայկական այն միութիւններն ու վարժարանները, որոնք կը փափաքին իրենց թղթակցութիւնները

հրատարակուած տեսնել ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ-ին մէջ, բարեհաճին իրենց գրութիւնները՝ նկարներով մէկտեղ, ուղղել

խմբագրութեանս հետեւեալ հասցէին՝ [email protected]

Գալիֆորնիա, ԱՄՆ

ԱՅՍՕՐ՝ ԳԱԼԻՖՈՐՆԻԱՆ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆ Է, ՈՐ ՃԱՆՉՆԱՅ

ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ

Գալիֆորնիա նահանգի խորհրդարանը այսօր՝ 5 Մայիս 2014-ին պիտի

իրականացնէ Լեռնային Ղարաբաղը անկախ պետութիւն ճանչնալու

վերաբերեալ բանաձեւի քուէարկութիւն:

Ասիկա առաջին դէպքն է, երբ Գալիֆորնիա նահանգը Լեռնային

Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչման հարցով կը գրաւէ

պաշտօնական դիրք:

Նախաձեռնութեան հաստատման պարագային Գալիֆորնիոյ

խորհրդարանը կոչ պիտի ուղղէ ԱՄՆ-ի նախագահին եւ Քոնկրէսին

պաշտպանելու ԼՂՀ ինքնորոշումն ու անկախութեան հանդէպ

դեմոկրատական ձգտումը:

We are glad to inform you that RAG MAMOUL will have a “Letter to the Editor” section, where on every Monday we will publish your letters and opinions. Your letter should preferably refer to an article that has appeared within the last seven days, and must include the writer's full name, address and phone numbers. Letters may be edited and shortened for space.

Send a Letter to the Editor to: [email protected]

Սիրելի ընթերցող,

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ խմբագրութիւնը հաճոյքը ունի ձեզ

տեղեկացնելու, թէ այսուհետեւ ամէն Երկուշաբթի օրուայ թիւով

մենք պիտի հրատարակենք խմբագրութեանս ուղղուած ձեր

նամակները:

Ձեր նամակը կամ կարծիքը նախնըտրաբար պէտք է վերաբերի

վերջին 7 օրերուն ընթացքին մեր հրատարակած մէկ յօդուածին:

Պէտք է նկատի ունենալ նաեւ, թէ ձեր նամակը ենթակայ պիտի

ըլլայ որոշ խմբագրումի:

Երեքշաբթի, 8 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 62 էջ 5

Advertise in

è²Î زØàôÈ

Make it reach to our 25000+

worldwide subscribers everyday

Promotional Price List

Duration Size Price

Yearly Contract

Full Page US 999$

Half Page US 599$

Bottom Banner US 399$

Monthly Contract Full Page US 199$

Half Page US 149$

Bottom Banner US 59$

Weekly Contract Full Page US 159$

Half Page US 59$

Bottom Banner US 29$

Daily Contract Full Page US 59$

Half Page US 29$

Bottom Banner US 9$

(Offer valid till 31/05/14)

All non-profit/charity events’ ads are published for free

Contact:

[email protected]

RAG MAMOUL is published and spread Monday to Friday all year round

Տոմսերը ստանալու համար դիմել վարժարանիս քարտուղարութեան:

HEADLINESUB-HEAD

MONTH, YEAR VOL # ISSUE #

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Խմբագրական Կազմ՝

ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ (Լոս Անճելըս, ԱՄՆ)

ԿԱՍԻԱ ՃՂԱԼԵԱՆ (Գահիրէ, Եգիպտոս)

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ (Պէյրութ, Լիբանան)

ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ (Մոնթրէալ, Գանատա)

ՅԱԿՈԲ ՉԱՄՔԷՐԹԷՆԵԱՆ (Սիտնի, Աւստրալիա)

ԱԼԻՆ ՊԱԼԵԱՆ (Տուպայ, ԱՄԷ)

ԿԱՐԱՊԵՏ ՍԱՅԱՊԱԼԵԱՆ (Մարսէյլ, Ֆրանսա)

ՏԻԱՆԱ ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ (Պուէնոս Այրէս, Արժանթին)

Վարչական Պատասխանատու՝

ԱՆԱՀԻՏ ՉԷՕՐԷՔՃԵԱՆ

Հեռ. +374 77 00 22 11 Հեռատիպ +1 647 435 0800

ե-նամակ՝ [email protected]

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ նպատակն է ազգային մեր յոյզերն ու մտահոգութիւնները տարածել

աշխարհի չորս ծագերը՝ հրապարակելով Հայրենի թէ Սփիւռքահայ մտաւորականներու

յօդուածները, հայրենիքի եւ զանազան գաղութներու վերաբերող լուրեր եւ թղթակցութիւններ,

ինչպէս նաեւ ՌԱԿ-ի հետ առնչուող հաղորդագրութիւններ, աւելի քան 25000 ե-նամակի

հասցէատէրերու, բոլորն ալ՝ Հայ ժողովուրդի զաւակներ:

Օրէ օր աճող մեր հասցէացանկը առիթը կուտայ յօդուածագիրներու, իրենց մտքի պտուղը

հանդիսացող ու կարեւոր հարցեր լուսարձակի տակ առնող գրութիւններ, մեր միջոցով, յանձնելու

հազարաւոր Հայորդիներու ուշադրութեան:

Օգտուելով ժամանակակից հնարաւորութիւններու շնորհած այլեւայլ միջոցներէն եւ

հաւատարիմ մեր առաքելութեան, օրական մէկ նիւթի դրութեամբ, ամէնէն արագ, ոչ-դասական եւ

բոլորին հասանելի կերպով, մեզի ուղարկուած յօդուածներն ու թղթակցութիւնները, մեր

գրասենեակներուն մէջ սիրով խմբագրելէ ետք, պիտի հասցնենք բոլոր անոնց, որոնք ծարաւ են

ազգային առումով կենսական հարցերու հրապարակային քննարկման եւ, առ հասարակ՝

Հայկականութեան:

ENJOY YOUR WORDBOOK presents over 1000 words in a

variety of lively and realistic settings. It gives to young

learners a sound and enjoyable introduction to the

presented Armenian/Arabic/English languages.

Order through email:

[email protected]