12
è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ Պատեհապաշտի Մը Վախճանը ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ Երկուշաբթի, 3 Փետրուար 2014 9րդ Տարի, Թիւ 16 էջ 1 Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի: Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը: Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն ներողամտութեան: Ժողովուրդ մը կայ Ափրիկէի մէջ, որ իր հայրենիքի կլիմայով կը հպարտանայ, պարծենալով թէ տարին տասներեք ամիս արեւ կը վայելեն: Այս ժողովուրդը եթովպացի ազգն է, որ գործնական մտահոգութեամբ տարին երեսունական օրերով 12 ամիսներու բաժներ է, աւելցած 5-6 օրերը նկատելով տասներեքերորդ ամիս: Բնութեամբ եւ կենդանական աշխարհով հարուստ երկիր է Եթովպիան, որսորդութիւն եւ արկածախնդրութիւն փնտռող- ներուն առջեւ բանալով ամէն կարելիութիւն: Շուրջ 2500 մեթր բարձրութեամբ այս բարձրավանդակին վրայ ապրող չարքաշ ու նիզակակիր ժողովուրդը, բացի քանի մը քաղաքներէն, գրեթէ մերկ կամ կիսամերկ է՝ վայելելով 18-20 աստիճանի իտէալական կլիմայ մը: Անձրեւները առատ են՝ ոռոգելով ծաղկազարդ դաշտերն ու անտառները, ուր կարելի է հանդիպիլ ու որսալ բոլոր մեծ ու պզտիկ վայրի կենդանիները՝ եղջերազգիներէն մինչեւ առիւծ: Ես որ երազող էի Ափրիկէն տեսնելու, որսորդական եւ արկածախնդրական հակումներուս գոհացում տալու համար, յանկարծ կեանքիս ամենամեծ անակնկալներէն մէկը ունեցայ: 1951- ին Եթովպիա հրաւիրուեցայ Ատտիս Ապապայի Հեթումեան ազգային վարժարանին մէջ ուսուցչութեան համար: Երկիրը ճանչնալու պտոյտներուս ընթացքին զարմանքի հետ հիացում զգացի Լալիպելլայի ժայռափոր վանքի համալիրը տեսնելով, որ յար եւ նման, բայց աւելի մեծ էր քան Հայաստանի Գեղարդը: Ժամանակ մը յետոյ վարժարանի տնօրէն կղերականին մեկնումով, տեղը եկաւ Պէյրութի ուսուցչական խառնիճաղանճէն մէկը, որուն ծանօթ չէի: Այդ ժամանակաշրջանէն Հ. Բ. Ը. Միութեան Կրթական Յանձնախումբին քարտուղարը ըլլալով, ի պաշտօնէ պէտք էր ճանչցած ըլլալի զինք:

Monday 3 02 14, volume # 9, issue # 16

Embed Size (px)

DESCRIPTION

RAG MAMOUL’s aim is to produce, broadcast and publish a digital communication journal that will be distributed throughout a vast network of 25,000+ qualified Armenian recipients, in Armenia and the Diaspora. Articles from well-known authors, issues affecting Armenia and Armenians, reports of events organized in Armenia and the Diaspora, press releases and general commentary/viewpoints will be the mainstay basis of this undertaking. By taking advantage of modern technology, we will be disseminating acceptable (Edited) information, in as many languages as possible, and will endeavour to publish at least one article per day at the minimum. This massive and growing digital reach, should be very attractive to concerned columnists, readers and advertisers as it will be prepared and presented in a visually simple, easy to read and attractive format.

Citation preview

Page 1: Monday 3 02 14, volume # 9, issue # 16

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Պատեհապաշտի Մը Վախճանը ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Երկուշաբթի, 3 Փետրուար 2014 9րդ Տարի, Թիւ 16 էջ 1

Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի:

Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը:

Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն

ներողամտութեան:

Ժողովուրդ մը կայ Ափրիկէի մէջ, որ իր հայրենիքի կլիմայով կը

հպարտանայ, պարծենալով թէ տարին տասներեք ամիս արեւ կը

վայելեն: Այս ժողովուրդը եթովպացի ազգն է, որ գործնական

մտահոգութեամբ տարին երեսունական օրերով 12 ամիսներու

բաժներ է, աւելցած 5-6 օրերը նկատելով տասներեքերորդ ամիս:

Բնութեամբ եւ կենդանական աշխարհով հարուստ երկիր է

Եթովպիան, որսորդութիւն եւ արկածախնդրութիւն փնտռող-

ներուն առջեւ բանալով ամէն կարելիութիւն: Շուրջ 2500 մեթր

բարձրութեամբ այս բարձրավանդակին վրայ ապրող չարքաշ ու

նիզակակիր ժողովուրդը, բացի քանի մը քաղաքներէն, գրեթէ մերկ

կամ կիսամերկ է՝ վայելելով 18-20 աստիճանի իտէալական կլիմայ

մը: Անձրեւները առատ են՝ ոռոգելով ծաղկազարդ դաշտերն ու

անտառները, ուր կարելի է հանդիպիլ ու որսալ բոլոր մեծ ու

պզտիկ վայրի կենդանիները՝ եղջերազգիներէն մինչեւ առիւծ:

կամ կիսամերկ է՝ վայելելով 18-20 աստիճանի իտէալական կլիմայ մը: Անձրեւները առատ են՝

ոռոգելով ծաղկազարդ դաշտերն ու անտառները, ուր կարելի է հանդիպիլ ու որսալ բոլոր մեծ

ու պզտիկ վայրի կենդանիները՝ եղջերազգիներէն մինչեւ առիւծ:

Ես որ երազող էի Ափրիկէն տեսնելու, որսորդական եւ արկածախնդրական հակումներուս

գոհացում տալու համար, յանկարծ կեանքիս ամենամեծ անակնկալներէն մէկը ունեցայ: 1951-

ին Եթովպիա հրաւիրուեցայ Ատտիս Ապապայի Հեթումեան ազգային վարժարանին մէջ

ուսուցչութեան համար:

Երկիրը ճանչնալու պտոյտներուս ընթացքին զարմանքի հետ հիացում զգացի Լալիպելլայի

ժայռափոր վանքի համալիրը տեսնելով, որ յար եւ նման, բայց աւելի մեծ էր քան Հայաստանի

Գեղարդը:

Ժամանակ մը յետոյ վարժարանի տնօրէն կղերականին մեկնումով, տեղը եկաւ Պէյրութի

ուսուցչական խառնիճաղանճէն մէկը, որուն ծանօթ չէի: Այդ ժամանակաշրջանէն Հ. Բ. Ը.

Միութեան Կրթական Յանձնախումբին քարտուղարը ըլլալով, ի պաշտօնէ պէտք էր ճանչցած

ըլլալի զինք:

Page 2: Monday 3 02 14, volume # 9, issue # 16

Երկուշաբթի, 3 Փետրուար 2014 9րդ Տարի, Թիւ 16 էջ 2

ՌԱԿ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նորագոյն

նախաձեռնութիւնը՝ ի սպաս Հայ դպրութեան

Լալիպելլայի եկեղեցին

ըլլալի զինք: Հետզհետէ իր կարողութիւններուն

մասին գաղափար կազմելէ ետք, զարմանալ սկսայ

թէ այս համեստ կարողութեամբ ուսուցիչը ինչպէ՞ս

կրցած էր տիրանալ տնօրէնի պաշտօնին: Բայց

կամաց-կամաց իր «կարողութիւնները» երեւան գալ

սկսան: Ուսուցիչներուն ուշադրութիւնը գրաւեց որ

քաուչուկէ ներբանով կօշիկ հագնող այս մարդը,

անշշուկ եւ գաղտագողի, ուսուցչարանին դուռը

գալով, կը լրտեսէր խօսակցութիւնները:

Շատ ժամանակ չանցած, համայնքին ամէնէն

յարգելի ընտանիքներէն մէկուն տունը մնացած

աղջկան հետ սերտ յարաբերութեան մէջ մտաւ եւ

շուտով ալ ամուսնացաւ: Այս եւ նման դէպքեր եկան

փաստելու իր նկարագրին մէջ պատեհապաշտա-

կան զօրաւոր գիծը:

Դէպք մը պատճառ եղաւ ճակատ առ ճակատ բա-

խում ունենալու այս պատեհապաշտին հետ: Ընդ-

հանուր հերթապահը ես ըլլալով, կէսօրուան դա-

դարին առթիւ աշակերտութիւնը ազատ կ'արձակէի

որ ճաշի երթան: Այդ պահուն աւարտական

դասարանէն մէկը սուլեց: Ես գիտէի թէ ո'վ է սու-

լողը, բայց ուզեցի որ սուլողը խոստովանի եւ ներո-

ղութիւն խնդրէ այդ անվայել արարքին համար:Ես

ուսուցչարան մտնելով ժամանակ տուի որ իրենք-

իրենց խորհրդակցելով յանցագործը մղեն որ

խոստովանի: Բաւական ուշացումէ յետոյ, երբ յան-

ցագործը չուզեց խոստովանիլ, աղջիկ մը եւ տղայ մը

եկան վկայելու յանցագործին ով ըլլալը, որ

վարժարանի հոգաբարձութեան անդամի մը աղջիկն

էր: Իբրեւ պատիժ իր յանցանքին եւ զղջում

չարտայայտելուն, իմ դասապահերուս ներկայ

ըլլալը իրեն արգիլեցի ժամանակի մը համար:

Պատեհապաշտ տնօրէնը առիթ մը եւս գտաւ իր

պատեհապաշտութիւնը ցոյց տալու, ինծի պար-

տադրել փորձելով որ դասարան ընդունիմ այդ

աղջիկը, որ արդէն հասուն տարիքի մէջ եւ

բաւական ալ գեղեցիկ էր: Յետոյ պիտի իմանայի որ

ծնողքին կողմէ զայն ինծի հետ ամուսնացնելու

մտադրութիւն մըն ալ կայ եղեր:

Տեսարան Եթովպիայէն

Եղջերազգիներու որս

Page 3: Monday 3 02 14, volume # 9, issue # 16

Երկուշաբթի, 3 Փետրուար 2014 9րդ Տարի, Թիւ 16 էջ 3

աղջիկը, որ արդէն հասուն տարիքի մէջ եւ բաւական ալ գեղեցիկ էր: Յետոյ պիտի

իմանայի որ ծնողքին կողմէ զայն ինծի հետ ամուսնացնելու մտադրութիւն մըն ալ կայ

եղեր: Բայց երբ հակառակ տնօրէնին պնդումին ես մերժեցի զայն դասարան ընդունիլ, ան

ըսաւ.-

- Ուրեմն դպրոցէն վտարուած էք:

- Դուք զիս վտարելու իրաւասութիւն ունի՞ք, հարց տուի ես:

- Այո' այ վայրկեանէն սկեալ վսարուած էք դուք:

- Շատ լաւ, ըսի եւ դուռը աղմուկով փակելով դուրս ելայ ես:

Շիտակ գացի որսի ընկերոջս խանութը եւ դէպքը պատմելէ յետոյ, յաջորդ օրը

որսորդական մեր ծրագիրը կազմեցինք ու գացինք:

Երեք օր յետոյ վերադառնալով իմացայ որ Գաղութային Վերին Մարմնի Ատենապետ եւ

ինծի շատ սիրելի Պր. Մարտիրոս Տարագճեան զիս կ'ուզէ տեսնել: Հազիւ իր

գրասենեակէն ներս մտայ, իրեն յատուկ անկեղծ ժպիտով զիս ընդունեց, բայց նաեւ

յանդիմանեց. «Դուն ո՞ւր կ'երթաս առանց ինծի պատմելու եղածը», ըսելով:

- Ի՞նչ կրնայի ընել, կրկնելով-կրկնելով ըսաւ որ վտարուած եմ:

- Եւ ատիկա գործիդ եկաւ որսի երթալու համար, հա՞: Վաղն իսկ դպրոց կ'երթաս

գործդ շարունակելու: Մնացածը մեր գործն է...:

Մոնթրէալ, Քանատա

Page 4: Monday 3 02 14, volume # 9, issue # 16

Երկուշաբթի, 3 Փետրուար 2014 9րդ Տարի, Թիւ 16 էջ 4

Dear Mr. Editor, I want to congratulate Mr. Sevag Hagopian with all my soul, for my heart will not be enough for his

superb 'kerazantz' article", Hayeren Uentertsasiroutyoun-ue" (RAG MAMOUL Monday, 17 January

2014 issue).

A very legitimate observation and his command of the language is admirable. He took me back to my

'Karen Yeppe' Jemaran days in Aleppo before the war. As an Armenian one feels proud that we still have

concerned treasures of his caliber.

Rosemarie Akian

New Jersey, USA

Letters to the Editor

www.facebook.com/RAGmamoul

Պրաւօ ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ, Պրաւօ Խաչիկ Ճանոյեան: Պարտականութիւն մը, Մեծարանքի խօսք նուիրեալ ընկերոջ մը հանդէպ (ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ, Չորեքշաթի 29 Յունուար 2014):

Պատուական մըն է եւ սրտի գոհունակութիւն մը ըլլալով հանդերձ, նուազագոյնն է, որ կը մատուցուի յիսնամեակի մը առթիւ, այս այնքան ապերախտ սակայն նոյն ատեն երջանկութիւն պատճառող ասպարէզին՝ առ ի գնահատանք ընկեր Վազգէն Գուրույեանին:

Անդրանիկ Չատըրճեան

Թորոնթօ, Գանատա

I just want to congratulate RAG Mamoul and Raffi

Bedrosyan for this balanced and well articulated article

(RAG MAMOUL, Thursday 30th

January 2014).

I shared it with a score of my non Armenian friends and

acquaintances.

Best regards,

Antranik Yegenian

Dhahran, Saudi Arabia

Page 5: Monday 3 02 14, volume # 9, issue # 16

We are glad to inform you that RAG MAMOUL will have a “Letter to the Editor” section, where on every Monday we will publish your letters and opinions. Your letter should preferably refer to an article that has appeared within the last seven days, and must include the writer's full name, address and phone numbers. Letters may be edited and shortened for space.

Send a Letter to the Editor to: [email protected]

Սիրելի ընթերցող,

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ խմբագրութիւնը հաճոյքը ունի ձեզ

տեղեկացնելու, թէ այսուհետեւ ամէն Երկուշաբթի օրուայ թիւով

մենք պիտի հրատարակենք խմբագրութեանս ուղղուած ձեր

նամակները:

Ձեր նամակը կամ կարծիքը նախնըտրաբար պէտք է վերաբերի

վերջին 7 օրերուն ընթացքին մեր հրատարակած մէկ յօդուածին:

Պէտք է նկատի ունենալ նաեւ, թէ ձեր նամակը ենթակայ պիտի

ըլլայ որոշ խմբագրումի:

Page 6: Monday 3 02 14, volume # 9, issue # 16

Advertise in

è²Î زØàôÈ

Make it reach to our 25000+

worldwide subscribers everyday

Promotional Price List

Duration Size Price

Yearly Contract

Full Page US 999$

Half Page US 599$

Bottom Banner US 399$

Monthly Contract Full Page US 199$

Half Page US 149$

Bottom Banner US 59$

Weekly Contract Full Page US 159$

Half Page US 59$

Bottom Banner US 29$

Daily Contract Full Page US 59$

Half Page US 29$

Bottom Banner US 9$

(Offer valid till 31/01/14)

All non-profit/charity events’ ads are published for free

Contact:

[email protected]

RAG MAMOUL is published and spread Monday to Friday all year round

Page 7: Monday 3 02 14, volume # 9, issue # 16
Page 8: Monday 3 02 14, volume # 9, issue # 16
Page 9: Monday 3 02 14, volume # 9, issue # 16
Page 10: Monday 3 02 14, volume # 9, issue # 16
Page 11: Monday 3 02 14, volume # 9, issue # 16
Page 12: Monday 3 02 14, volume # 9, issue # 16

HEADLINESUB-HEAD

MONTH, YEAR VOL # ISSUE #

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Պատասխանատու Խմբագիր՝

ԱՍԱՏՈՒՐ ՏԷՎԼԵԹԵԱՆ

Խմբագրական Կազմ՝

ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ (Լոս Անճելըս, ԱՄՆ)

ԿԱՍԻԱ ՃՂԱԼԵԱՆ (Գահիրէ, Եգիպտոս)

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ (Պէյրութ, Լիբանան)

ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ (Մոնթրէալ, Գանատա)

ՅԱԿՈԲ ՉԱՄՔԷՐԹԷՆԵԱՆ (Սիտնի, Աւստրալիա)

ԱԼԻՆ ՊԱԼԵԱՆ (Տուպայ, ԱՄԷ)

ԿԱՐԱՊԵՏ ՍԱՅԱՊԱԼԵԱՆ (Մարսէյլ, Ֆրանսա)

ՏԻԱՆԱ ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ (Պուէնոս Այրէս, Արժանթին)

Վարչական Պատասխանատու՝

ԱՆԱՀԻՏ ՉԷՕՐԷՔՃԵԱՆ

Հեռ. +374 77 00 22 11 Հեռատիպ +1 647 435 0800

ե-նամակ՝ [email protected]

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ նպատակն է ազգային մեր յոյզերն ու մտահոգութիւնները տարածել

աշխարհի չորս ծագերը՝ հրապարակելով Հայրենի թէ Սփիւռքահայ մտաւորականներու

յօդուածները, հայրենիքի եւ զանազան գաղութներու վերաբերող թղթակցութիւններ, ինչպէս նաեւ

ՌԱԿ-ի հետ առնչուող հաղորդագրութիւններ, աւելի քան 25000 ե-նամակի հասցէատէրերու,

բոլորն ալ՝ Հայ ժողովուրդի զաւակներ:

Օրէ օր աճող մեր հասցէացանկը առիթը կուտայ յօդուածագիրներու, իրենց մտքի պտուղը

հանդիսացող ու կարեւոր հարցեր լուսարձակի տակ առնող գրութիւններ, մեր միջոցով, յանձնելու

հազարաւոր Հայորդիներու ուշադրութեան:

Օգտուելով ժամանակակից հնարաւորութիւններու շնորհած այլեւայլ միջոցներէն եւ

հաւատարիմ մեր առաքելութեան, օրական մէկ նիւթի դրութեամբ, ամէնէն արագ, ոչ-դասական եւ

բոլորին հասանելի կերպով, մեզի ուղարկուած յօդուածներն ու թղթակցութիւնները, մեր

գրասենեակներուն մէջ սիրով խմբագրելէ ետք, պիտի հասցնենք բոլոր անոնց, որոնք ծարաւ են

ազգային առումով կենսական հարցերու հրապարակային քննարկման եւ, առ հասարակ՝

Հայկականութեան:

Hayg Nahabed and other Armenian Legends introduces young readers to the legendary Armenian heroes like: Hayg Nahabed, Vahakn the Dragon Killer, Dork Ankegh, Ara the Handsome, and King Dikran Yervantian. Edited By: Sevag Hagopian Illustrated By: David Bedrossian

Order through email:

[email protected]