19
è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ «ՎԷՐՔԸ ԽՈՐՈՒՆԿ Է...» ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ Երկուշաբթի, 28 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 76 էջ 1 Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի: Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը: Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն ներողամտութեան: Պէյրութ՝ Լիբանանահայութիւնը Ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան 99-ամեակը (Տեսնել՝ էջ 6) Պէյրութ՝ Հայ Աւետարանական Գոլէճ 99-Ամեակ - Հսկում եւ Ծոմապահութիւն (Տեսնել՝ էջ 12) (հօրեղբայրս` յետագային բժշկապետ Ճէպէճեան)` որ հազիւ եօթը տարեկան էր, ձեռքէն բռնելով կը տանի զինք Հալէպի հոգետունի շրջանը: «Կ՛ուզեմ որ քաջութիւնը ունենաս տեսնելու թէ ինչպէս հոգետունի բակին ու հարեւան նրբանցքներուն մէջ գիշերով մահացած գաղթականներու դիակները սայլի մէջ բեռցնելով կը տանին հասարակաց փոսը նետելու: Դիտէ դուն ալ տղաս ու օրին մէկը երբ մեծնաս, գուցէ կը գրես տեսածներուդ մասին»: Եւնիկէ Ճէպէճեանի «Քաջութիւնը» իր զաւկին ցոյց տալու հայերու անշնչացած մարմինները` եթէ մէկ կողմէ հայուն Ցեղասպանութեան ահաւորութիւնը ցոյց տալ է` բայց նաեւ անոր վերապրելու հրամայականն է: Եւնիկէի քաջութիւնը կը շարունակուի: Նկատի ունենալով որ ամուսինը Օսմանեան բանակի մէջ բժիշկ - զինուորական էր` կրցած էր իր տան մէջ Հալէպ` պահել մեծ թիւով ազգակիցներ ու փախստական տարագիրներ` որոնք այլապէս ենթակայ էին Տէր-Զօր քշուելու: Եղած է ատեններ որ վտանգը աչքը առած` ան պահած է աւելի քան քսաներեք հայորդիներ իր տան մէջ: Ու Օրուայ Յօդուածը՝ ՌԱԿ-ի Լուրեր Հայրենի Լուրեր Սփիւռքի Լուրեր Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի Հրամանագիրը՝ Հ. Յակոբեանի Հայաստանի Հանրապետու - թեան Սփիւռքի Նախարար նշանակելու մասին (Տեսնել՝ էջ 5) «Դիտէ՛ դուն ալ տղաս ու օրին մէկը երբ մեծնաս, գուցէ կը գրես տեսածներուդ մասին»: Հօրենական մեծ մայրս` Եւնիկէ Գունտագճեան- Ճէպէճեան` 1916-ին իր անդրանիկ զաւկին Ռոպերթին ՌԱԿ կը շնորհաւորէ Հայաստանի Հանրապե- տութեան նորանշանակ Վարչապետն ու Սփիւռքի նախարարը: (Տեսնել՝ էջ 5) www.facebook.com/RAGmamoul

Rag mamoul volume # 9 issue # 76

Embed Size (px)

DESCRIPTION

RAG MAMOUL’s aim is to produce, broadcast and publish a digital communication journal that will be distributed throughout a vast network of 25,000+ qualified Armenian recipients, in Armenia and the Diaspora. Articles from well-known authors, issues affecting Armenia and Armenians, reports of events organized in Armenia and the Diaspora, press releases and general commentary/viewpoints will be the mainstay basis of this undertaking. By taking advantage of modern technology, we will be disseminating acceptable (Edited) information, in as many languages as possible, and will endeavour to publish at least one article per day at the minimum. This massive and growing digital reach, should be very attractive to concerned columnists, readers and advertisers as it will be prepared and presented in a visually simple, easy to read and attractive format.

Citation preview

Page 1: Rag mamoul volume # 9 issue # 76

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

«ՎԷՐՔԸ ԽՈՐՈՒՆԿ Է...» ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Երկուշաբթի, 28 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 76 էջ 1

Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի:

Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը:

Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն

ներողամտութեան:

Պէյրութ՝ Լիբանանահայութիւնը Ոգեկոչեց

Հայոց Ցեղասպանութեան 99-ամեակը

(Տեսնել՝ էջ 6)

Պէյրութ՝ Հայ Աւետարանական Գոլէճ

99-Ամեակ - Հսկում եւ Ծոմապահութիւն

(Տեսնել՝ էջ 12)

(հօրեղբայրս` յետագային բժշկապետ Ճէպէճեան)` որ

հազիւ եօթը տարեկան էր, ձեռքէն բռնելով կը տանի

զինք Հալէպի հոգետունի շրջանը: «Կ՛ուզեմ որ

քաջութիւնը ունենաս տեսնելու թէ ինչպէս հոգետունի

բակին ու հարեւան նրբանցքներուն մէջ գիշերով

մահացած գաղթականներու դիակները սայլի մէջ

բեռցնելով կը տանին հասարակաց փոսը նետելու:

Դիտէ դուն ալ տղաս ու օրին մէկը երբ մեծնաս, գուցէ

կը գրես տեսածներուդ մասին»:

Եւնիկէ Ճէպէճեանի «Քաջութիւնը» իր զաւկին ցոյց

տալու հայերու անշնչացած մարմինները` եթէ մէկ

կողմէ հայուն Ցեղասպանութեան ահաւորութիւնը ցոյց

տալ է` բայց նաեւ անոր վերապրելու հրամայականն է:

Եւնիկէի քաջութիւնը կը շարունակուի: Նկատի

ունենալով որ ամուսինը Օսմանեան բանակի մէջ բժիշկ

- զինուորական էր` կրցած էր իր տան մէջ Հալէպ`

պահել մեծ թիւով ազգակիցներ ու փախստական

տարագիրներ` որոնք այլապէս ենթակայ էին Տէր-Զօր

քշուելու: Եղած է ատեններ որ վտանգը աչքը առած` ան

պահած է աւելի քան քսաներեք հայորդիներ իր տան մէջ: Ու

տակաւին` ան յաճախ կ'այցելէր գաղթակայաններ` Հալէպի

տարբեր շրջանները` հագուստ բաժնելով եւ սնունդի

մատակարարման կարգադրութիւններ ընելով: Եւ որպէսզի

ոստիկանութեան ուշադրութենէն խուսափի` ինքզինք կը

ծածկէր սեւ լաչակով որպէս մահմետական կին...:

Օրուայ Յօդուածը՝ 9րդ Տարի, Թիւ 74 էջ 1

ՌԱԿ-ի Լուրեր 9րդ Տարի, Թիւ 74 էջ 1

Հայրենի Լուրեր 9րդ Տարի, Թիւ 74 էջ 1

Սփիւռքի Լուրեր 9րդ Տարի, Թիւ 74 էջ 1

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի

Հրամանագիրը՝

Հ. Յակոբեանի Հայաստանի Հանրապետու-

թեան Սփիւռքի Նախարար նշանակելու մասին

(Տեսնել՝ էջ 5)

*

«Դիտէ՛ դուն ալ տղաս ու օրին մէկը

երբ մեծնաս, գուցէ կը գրես

տեսածներուդ մասին»:

Հօրենական մեծ մայրս` Եւնիկէ

Գունտագճեան- Ճէպէճեան` 1916-ին

իր անդրանիկ զաւկին Ռոպերթին

(հօրեղբայրս` յետագային բժշկապետ

Ճէպէճեան)` որ հազիւ եօթը տարեկան էր,

ձեռքէն բռնելով կը տանի զինք Հալէպի

հոգետունի շրջանը: «Կ՛ուզեմ որ

քաջութիւնը ունենաս տեսնելու թէ ինչպէս

հոգետունի բակին ու հարեւան

նրբանցքներուն մէջ գիշերով մահացած

գաղթականներու դիակները սայլի մէջ

բեռցնելով կը տանին հասարակաց փոսը

նետելու: Դիտէ դուն ալ տղաս ու օրին

մէկը երբ մեծնաս, գուցէ կը գրես

տեսածներուդ մասին»:

ՌԱԿ կը շնորհաւորէ Հայաստանի Հանրապե-

տութեան նորանշանակ Վարչապետն ու

Սփիւռքի նախարարը: (Տեսնել՝ էջ 5)

*

www.facebook.com/RAGmamoul

Page 2: Rag mamoul volume # 9 issue # 76

Երկուշաբթի, 28 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 76 էջ 2

ՌԱԿ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նորագոյն

նախաձեռնութիւնը՝ ի սպաս Հայ դպրութեան

պահած է աւելի քան քսաներեք հայորդիներ իր տան մէջ: Ու տակաւին` ան յաճախ կ'այցելէր

գաղթակայաններ` Հալէպի տարբեր շրջանները` հագուստ բաժնելով եւ սնունդի մատակարարման

կարգադրութիւններ ընելով: Եւ որպէսզի ոստիկանութեան ուշադրութենէն խուսափի` ինքզինք կը ծածկէր

սեւ լաչակով որպէս մահմետական կին...:

Եւնիկէի քաջութիւնը եթէ նկարագրային է` բայց նաեւ արդիւնք է իր ապրած փորձառութեանը...: 1909-ի եւ

1915 Ցեղասպանութեան օրերուն` կորսնցուցած է աւելի քան 25 հարազատ իր ընտանիքէն` ներարեալ

հայրը եւ երեք եղբայրները ...:

Ու կրտսեր եղբօրը` Ռոպերթին քստմնելի ոճիրը ...: Բայց արդեօք ո՞ր մէկ ոճիրը քստմնելի չէր այդ

արհաւիրքի օրերուն...:

1909: Եւնիկէի կրտսեր եղբայրը` Ռոպերթ 14 տարեկանին գիւղին մէջ (Հասան Պէյլի) պահելը ապահով չէր

թուեր ըլլալ: Ռոպերթի մայրը` գրպանը հինգ դահեկան դնելով` կը պատուիրէ որ լեռները ապաստանած

բազմութիւններուն միանայ գիւղէն դուրս: Ռոպերթը իր օրերը կ'անցնէ լեռներուն մէջ պահուըտելով

տարբեր տեղեր: Շրջան մը ետք` լուրեր կը տարածուէր որ հաստատուած է ապահովութիւնը` եւ լեռները

ապաստանած խումբ մը հայեր ներառեալ Ռոպերթը` վար կ՛իջնեն եւ կը սկսին ուղղուիլ դէպի Պախճէ

գիւղը: Բայց ճամբան կը հանդիպին խումբ մը զինեալներու` որոնք իրենց վրայ յարձակելով կը սպաննեն

խումբի անդամները: Ռոպերթը` վիզէն վիրաւորուած` արիւնլուայ կ'իյնայ դիակներուն մէջ կիսամեռ:

Զինեալներուն մէկնումէն ետք` ուշքի գալով եւ վիզի վէրքը կապելով իր գօտիով, կը պահուըտի Գուլիա

կոչուած մօտակայ գիւղի մը ջաղացքին մէջ: Բայց թուրք զինեալները կը մտնեն նաեւ ջաղացք եւ դուրս կը

հանեն վիրաւոր Ռոպերթը...: Ռոպերթ կալանուած վիճակի մէջ` կը պաղատի զինեալներուն որ խնայեն իր

կեանքը...: Կը խոստանայ մօրը կողմէ իրեն տրուած հինգ դահեկանը եւ այլ իրեր իրենց տալու: Ու

տակաւին կ՛աղաչէ իրենց, որպէսզի զինք յանձնեն իր երէց եղբօրը` Տօքթ. Ֆիլիփ Յովնանեանին, որ ծանօթ

բժիշկ է, եւ որ կրնար զիրենք առատապէս վարձատրել ու ձրիաբար խնամել. ..: Ռոպերթի աղաչանքը կը

մնայ անօգուտ: Զինեալներու խմբին մէջէն` Չոպան կոչուող« հրէշեը, զէնքը կը պարպէ Ռոպերթի գլխուն ...:

Ռոպերթ գետին կը փռուի ու կը մեռնի անթաղ...: Ժամանակ մը ետք`

գիւղացիները կը գտնեն Ռոպերթի ոսկորները իր հագուստներուն կից ...:

Բայց պատմութինը տակաւին պիտի շարունակուի...:

Եւ ինչքան իրական է ժողովրդային ասացուածքը որ կ՛ըսէ ՙԼեռներ իրար

չեն հանդիպիր` բայց մարդիկ այո...՚ եւ պիտի սպասել հանդիպումը Տօքթ.

Ֆիլիփ Յովնանեանի եւ Չոպան` իմմա ̔հրէշ՚ին միջեւ ...:

Տօքթ. Ֆիլիփ Յովնանեան ուսանած էր Տարսոնի Գոլէճին մէջ` որմէ ետք

անցած էր Սիրիըն Փրոթեսթընթ Գոլէճ (այժմ Ամերիկեան համալսարան)

Պէյրութ` եւ մասնագիտացած որպէս բժիշկ: Ան իր մականունը

Գունտագճեանէ փոխած է Յովնանեանի, նկատի ունենալով որ ան իր մեծ

հօր անունով արձանագրուած էր: Բայց նաեւ` «Գունտագ»կը նշանակէր

զէնքի կոթ` ինչ որ կրնայ զգայնութիւններու դուռ բանալ այդ օրերուն...:

Տօքթ. Ֆիլիփի հայրը` Վեր. Յակոբ Գունտագճեան, կ՛ուզէր որ իր որդին

բժիշկ դառնար եւ գիւղին մէջ ծառայէր: «Ես կ՛ուզեմ որ տղաս բժիշկ

դառնայ եւ իր ժողովուրդին ծառայէ գիւղին մէջ` ուր բժիշկ չկայ»: Եթէ

Ֆիլիփ որոշ ժամանակ մը ՙենթարկուեցաւ՚ հօրը կամքին, բայց ստիպուած եղաւ

մեկնիլ Այնթապ` երբ հրաւէր ստացաւ կատարելագործելու իր

մասնագիտութիւնը այդ օրերուն հռչակ առած Տօքթ. Շեփըրտի հիւանդանոցին

մէջ:

Page 3: Rag mamoul volume # 9 issue # 76

Երկուշաբթի, 28 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 76 էջ 3

Ֆիլիփ որոշ ժամանակ մը «ենթարկուեցաւ» հօրը կամքին, բայց ստիպուած եղաւ մեկնիլ Այնթապ` երբ

հրաւէր ստացաւ կատարելագործելու իր մասնագիտութիւնը այդ օրերուն հռչակ առած Տօքթ. Շեփըրտի

հիւանդանոցին մէջ: Եւ Այնթապ երթալու որոշումը խնայեց Ֆիլիփի կեանքը` մինչ հայրն ու իր ընտանիքէն

քսանհինգ անդամներ սպաննուեցան Ատանայի կոտորածներուն ժամանակ եւ Հասան Պէյլի իրենց շրջանին

քանդումներուն եւ կոտորածներուն որպէս հետեւանք ...:

Գերմանական ՙԷյնթիլի՚ հիւանդանոցին մէջ, Տօքթ. Ֆիլիփ ձեռք ձգեց լայն փորձառութիւն եւ մեծ հռչակ:

Բոլորին կողմէ դարձաւ սիրուած եւ յարգուած բժիշկը: Անոր ծառայասէր բնաւորութիւնը եւ մարդկային-

քրիստոնէական հոգին ակներեւ էր:

Բժշկական մասնագիտութեան մէջ, ան ձեռք ձգեց մեծ փորձառութիւններ եւ կրցաւ կատարել բարդ

գործողութիւններ ներարեալ այն իւրայատուկ գործողութիւնը` որուն «Վէրքը խորունկ էր»...

Թուրք մը փամփուշտով զարնուած` դիմեց Տօքթ. Ֆիլիփ Յովնանեանի եւ նոյնինքն Էյնթէլիի հիւանդանոցին

մէջ: Տօքթ. Ֆիլիփ յանձն առաւ հանել կապարը մարմնին մէջէն: Վիրաբուժութեան ժամանակ, Տօքթ. Ֆիլիփ

կ՛ապրէր արտասովոր յուզում, ու տակաւին կը քրտնէր եւ կը հեւար...: Բուժքոյրերու եւ իր չորս կողմի միւս

բժիշկներուն համար քիչ մը տարօրինակ թուեցաւ Տօքթ. Ֆիլիփի այս երեւոյթները...: Վերջապէս, ան ծանօթ

բժիշկ էր եւ չէին կրնար կասկածիլ իր կարողութիւններուն վրայ: Եւ չուշացաւ անոնց հարցումը Տօքթ.

Ֆիլիփին, թէ ինչո՞ւ այդքան ազդուած ու տակնուվրայ է...: ՙՎէրքը խորունկ է՚ եղաւ անոր պատասխանը:

Պահ մը անոնք կարծեցին թէ Տօքթ. Ֆիլիփ կը խօսի վէրքի ու անոր ֆիզիքական հետքերուն խորունկութեան

մասին...: Բայց չ՛ուշացաւ Տօքթ. Ֆիլիփի յստակացումը ...: ՙՎէրքը խորունկ է ոչ թէ հիւանդին` այլ իմ մէջ՚: Եւ

ինքզինք վերագտնելով շարունակած է. ՙԱյս մարդը սպաննիչը եղած է եղբօրս: Ջաղացքի թաքստոցէն դուրս

բերելով գնդակահարած է զինք, անտեսելով անոր պաղատանքը: Դիակն ալ թողած է անթաղ...՚:

Ռոպերթը սպաննողը` Չոպան (իմմա ՙհրէշը՚) եւ Ռոպերթին եղբօր` Տօքթ. Ֆիլիփ Յովնանեանի հանդիպումը

մի քանի տարիներ ետք...:

Չոպանը հիւանդանոց մնաց եւ արժանացաւ Տօքթ. Ֆիլիփի խնամքին: Զինք արձակելէ ետք` Տօքթ. Ֆիլիփ

կ'ըսէ. «Դէ՜հ հիմա գնա, եթէ դուք սպաննել գիտէք, մենք ալ գիտենք բուժել ...»: Տօքթ. Ֆիլիփ Յովնանեանի

«զսպուած» վրէժխնդրութիւնն էր...:

Տոքթ. Ֆիլիփ Յովնանեան իր մարդկային ու քրիստոնէական կեցուածքներուն ու նկարագրին կողքին` ունէր

ազգային հասարակական լայն գործունէութիւն: Ան միշտ նեցուկ կանցնեցաւ հայ ժողովուրդի

ինքնապաշտպանութեան գաղափարին` եւ անոր համար կռուուղ քաջամարտիկներուն: Ան գիշերով

կ՛այցելէր հայ ֆետայիներուն եւ կը խնամէր բոլոր վիրաւորեալները, եւ դեղ ու սնունդ կը հայթայթէր

անտեսելով ամէն վտանգ:

Տօքթ. Ֆիլիփ Յովնանեան` որ կրցած էր բուժել մեծ թիւով հիւանդներ ու վիրաւորներ` չի կրցաւ ինք իր

մատէն ստացած աննշան վէրքին դարման մը գտնել: Ան վարակուեցաւ արեան ծանր թունաւորումով եւ

տառապեցաւ 40 աստիճանէ վեր ջերմութեամբ ու մահացաւ 1936 թուականին հազիւ թեւակոխած 56

տարիքը...:

Տօքթ. Ռոպերթ Ճէպէճեան` հօրեղբայրս եւ որ նաեւ անուանւած էր իր սպաննուած մօրեղբօր անունով`

հաւատարիմ մնաց իր մօր Եւնիկէի թելադրանքին ու գրի առաւ այս բոլորը իր յուշերուն մէջ: Եթէ գրի առաւ

որպէս պատմութիւն` բայց նաեւ ժառանգ ու մարտահրաւէր: Ժառանգ իր ընտանիքին` եւ մարտահրաւէր`

թէ հայը պէտք է շարունակէ իր կեանքին պայքարը ...: Թէ հայուն «Վէրքը խորունկ է» ու տակաւին ըստ

պատշաճի չէ բուժուած ...:

Բայց նաեւ կայ պատուէրը ...: Եւ պատուէրին հետ իրականութիւնը ... թէ այս «Խորունկ վէրքը» որքան որ

իրական է, բայց չ'ընկճեց հայը ...: Այլ իր հետ Ցեղասպանութեան իւրաքանչիւր կեանքի հանգրուանին` հոս

թէ հոն` հայը կրցաւ գտնել իր «բուժումի» ապրող ու ապրելու հնարքները ...: Եւ այս հնարքներով` հայը կը

կենայ այսօր որպէս վերապրող իրականութիւն ու կը նայի 100 ամեակին իր արդար

պահանջատիրութեամբ...:

Տօքթ. Ֆիլիփ Յովնանեանի «Խորունկ Վէրքը» իւրաքանչիւր հայունն է: Հայկական Պետականութիւն ու

Սփիւռքահայ իրականութիւն եւ աշխարհով մէկտեղ...: Այս «Խորունկ վէրքը» աւանդ է` որ հայը պէտք է

շարունակէ տանիլ` 100 ամեակ ու անդին, մինչեւ իր պահանջատիրութեան հասնիլը ...:

Page 4: Rag mamoul volume # 9 issue # 76

պատշաճի չէ բուժուած ...:

Բայց նաեւ կայ պատուէրը ...: Եւ պատուէրին հետ իրականութիւնը ... թէ այս «Խորունկ վէրքը» որքան որ

իրական է, բայց չ'ընկճեց հայը ...: Այլ իր հետ Ցեղասպանութեան իւրաքանչիւր կեանքի հանգրուանին` հոս

թէ հոն` հայը կրցաւ գտնել իր «բուժումի» ապրող ու ապրելու հնարքները ...: Եւ այս հնարքներով` հայը կը

կենայ այսօր որպէս վերապրող իրականութիւն ու կը նայի 100 ամեակին իր արդար

պահանջատիրութեամբ...:

Տօքթ. Ֆիլիփ Յովնանեանի «Խորունկ Վէրքը» իւրաքանչիւր հայունն է: Հայկական Պետականութիւն ու

Սփիւռքահայ իրականութիւն եւ աշխարհով մէկտեղ...: Այս «Խորունկ վէրքը» աւանդ է` որ հայը պէտք է

շարունակէ տանիլ` 100 ամեակ ու անդին, մինչեւ իր պահանջատիրութեան հասնիլը ...:

Նիկոսիա, Կիպրոս

Երկուշաբթի, 28 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 76 էջ 4

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ ՄԵՐ ՍԻՐԵԼԻ ՅՕԴՈՒԱԾԱԳԻՐՆԵՐՈՒՆ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ

Ձեզմէ ազնուաբար պիտի խնդրէինք Ձեր յօդուածները ՝ նկարներով մէկտեղ , յետայսու ուղղել

խմբագրութեանս հետեւեալ հասցէին՝ [email protected]

Շնորհակալութիւն Ձեր ազնիւ գործակցութեան համար:

Page 5: Rag mamoul volume # 9 issue # 76

Երկուշաբթի, 28 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 76 էջ 5

ՌԱԿ-ի Լուրեր 9րդ Տարի, Թիւ 74 էջ 1

Հայրենի Լուրեր 9րդ Տարի, Թիւ 74 էջ 1

Page 6: Rag mamoul volume # 9 issue # 76

Երկուշաբթի, 28 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 76 էջ 6

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՈԳԵԿՈՉԵՑ

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 99-ԱՄԵԱԿԸ

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՅԱՏՈՒԿ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ՆՇՈՒԵՑԱՒ

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 99-ԱՄԵԱԿԸ

Որպէս շարունակութիւն Չորեքշաբթի, 23 Ապրիլ 2014-ին երեկոյեան տեղի ունեցած մոմավառութիւն-

քայլարշաւին, Հինգշաբթի 24, Ապրիլ 2014-ին առաւօտը, Հայոց Ցեղասպանութեան 99-րդ տարելիցը նաեւ

ոգեկոչուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարէն ներս, ուր

տեղի ունեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ գլխաւորութեամբ` Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ

Գերաշնորհ Տէր Շահէ Եպիսկոպոս Փանոսեանին: Ապա, պատարագին աւարտին, ժողովուրդը

համախմբուեցաւ Նահատակաց վերանորոգ Մատրան շուրջ եւ կէսօրէ առաջ ժամը 11էն սկսեալ այդտեղ

տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում եւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, ուր օրուան պատգամը

փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը: Սոյն արարողութեան ներկայ էր հոծ բազմութիւն, որոնց

շարքին կը գտնուէր ՀՀ դեսպանը` Աշոտ Քոչարեան, ներկայ եւ նախկին հայ եւ արաբ երեսփոխաններ ու

նախարարներ, քաղաքական երեք կուսակցութիւններու եւ հայկական միութիւններու ներկայացուցիչներ:

Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը սկսաւ ըսելով թէ Թուրքիան, որ կը նկատուի Օսմանեան

Կայսրութեան շարունակութիւնը որքան ալ ուրանայ իր գործած ոճիրը կան փաստաթուղթեր եւ տուեալներ

որոնք կը վկայեն Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը: Ինչպէս նաեւ Ան նշեց թէ հայ ժողովուրդին դէմ

տակաւին կը շարունակուի ցեղասպանական ծրագիրը զանազան ձեւերով եւ միջոցներով: Թուրքիան

տակաւին անպատիժ կը մնայ իր գործած ոճիրին նկատմամբ: Ինչպէս նաեւ ան իր խօսքին մէջ

անդրադարձաւ այլ կարեւոր կէտի մը ըսելով, թէ Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի երբ տակաւին Հայ

ժողովուրդի մեծամասնութիւնը կը գտնուի սփիւռքացած վիճակի մէջ եւ անոր հոգեւոր ու մշակութային

ժառանգութիւնը Արեւեմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ պատմական հողերուն վրայ ծրագրուած ու հետեւողական

կերպով կը քանդուին ցեղասպանին կողմէ: Ան իր պատգամին մէջ նաեւ ընդգծեց այլ միջոցներ որոնց հետեւանքով կը

շարունակուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը` մարդասպանը Հայ ժողովուրդի եկեղեցիները եւ վանքերը կը վերածէ

մզկիթի, ճաշարանի, գործատեղիի կամ զբօսավայրի եւ իր կեղծ դիմակով կը ներկայնայ Արեւմտեան աշխարհին: Ան

Սփիւռքի Լուրեր 9րդ Տարի, Թիւ 74 էջ 1

ԾԱՆՕԹ՝

Հայկական այն միութիւններն ու վարժարանները, որոնք կը փափաքին իրենց թղթակցութիւնները

հրատարակուած տեսնել ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ-ի մէջ, բարեհաճին իրենց գրութիւնները՝ նկարներով

մէկտեղ, ուղղել խմբագրութեանս հետեւեալ հասցէին՝ [email protected]

Page 7: Rag mamoul volume # 9 issue # 76

Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը սկսաւ ըսելով թէ

Թուրքիան, որ կը նկատուի Օսմանեան Կայսրութեան

շարունակութիւնը որքան ալ ուրանայ իր գործած ոճիրը կան

փաստաթուղթեր եւ տուեալներ որոնք կը վկայեն Հայոց

Ցեղասպանութեան իրողութիւնը: Ինչպէս նաեւ Ան նշեց թէ հայ

ժողովուրդին դէմ տակաւին կը շարունակուի ցեղասպանական

ծրագիրը զանազան ձեւերով եւ միջոցներով: Թուրքիան

տակաւին անպատիժ կը մնայ իր գործած ոճիրին նկատմամբ:

Ինչպէս նաեւ ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ այլ կարեւոր

կէտի մը ըսելով, թէ Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի երբ

տակաւին Հայ ժողովուրդի մեծամասնութիւնը կը գտնուի

սփիւռքացած վիճակի մէջ եւ անոր հոգեւոր ու մշակութային

ժառանգութիւնը Արեւեմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ

պատմական հողերուն վրայ ծրագրուած ու հետեւողական

կերպով կը քանդուին ցեղասպանին կողմէ: Ան իր պատգամին

մէջ նաեւ ընդգծեց այլ միջոցներ որոնց հետեւանքով կը

շարունակուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը` մարդասպանը Հայ

ժողովուրդի եկեղեցիները եւ վանքերը կը վերածէ մզկիթի,

ճաշարանի, գործատեղիի կամ զբօսավայրի եւ իր կեղծ

դիմակով կը ներկայնայ Արեւմտեան աշխարհին: Ան նաեւ

ըսաւ, որ Թուրքիան տակաւին բռնագրաւեալ կը պահէ հայ

ժողովուրդի կառուցած հազարաւոր եկեղեցիները, վանքերը, եւ

եկեղեցապատկան ու ազգապատկան կալուածները: Թուրքիան

իրեն սիրելի Ազրպէյճանի հետ միասին կը շարունակէ իր

հայատեաց քաղաքականութիւնը տնտեսական շրջափակումի

ենթարկելով Հայաստանը: Ինչպէս նաեւ Վեհափառ

Հայրապետը նշեց, թէ Թուրքիան կը շարունակէ իր

հայաջնջումի նպատակները իրագործել Սուրիոյ Տէր Զօր,

Եագուպիէ, Թէլապյէտ, Ռաս-Ալ-Այն եւ Քեսապ շրջաններուն

մէջ: Թուրքիոյ ամէնէն մեծ յանցանքը ոչ միայն Հայոց

Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու իր մերժումն է այլ իր կողմէ

պատմութեան կեղծումն է, դաւաճան ու անհատարիմ

անուանելով Հայ ժողովուրդը: Ան իր խօսքին աւարտին ըսաւ, թէ

ի վերջոյ անկարելի է որ ճշմարտութիւնը չյաղթահարէ

պատմական դէպքերու չարափոխութեան: Հայ ժողովուրդը

ճանաչում եւ հատուցում կը պահանջէ Թրքական Պետութենէն

եւ պէտք է տէր ըլլայ իր միասնակութեան եւ վճռակամութեան

պահանջատիրական պայքար մղելու համար:

ՔԱՅԼԱՐՇԱՒ-ՄՈՄԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆ

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 99-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԹԻՒ

Այս տարի Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի Լիբանանի

Երիտասարդական մարմինը կազմակերպած էր Քայլարշաւ-

Մոմավառութիւն խորագրով արշաւ մը: Առ այդ, Չորեքշաբթի 23

Ապրիլ, 2014-ին այս արշաւը սկիզբ առաւ երեկոյեան ժամը 7:00-էն

սկսեալ երբ հայկական կուսակցութիւններն ու միութիւնները

ներկայացնող պատուիրակութիւններ` որոնց շարքին նաեւ ՌԱԿ

Մկրտիչ Փորթուգալեան ուսանողական ակումբի պատուիրակութիւնն

ու Վահան Թէքէեան Վարժարանի աշակերտութիւնը, ուղղուեցան

դէպի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարան, ուր վերանորոգ

մատուռին առջեւ զետեղեցին ծաղկեպսակներ առ ի յարգանք 1915ի

աշխարհին: Ան նաեւ ըսաւ, որ Թուրքիան տակաւին

բռնագրաւեալ կը պահէ հայ ժողովուրդի կառուցած

հազարաւոր եկեղեցիները, վանքերը, եւ եկեղեցապատկան

ու ազգապատկան կալուածները: Թուրքիան իրեն սիրելի

Ազրպէյճանի հետ միասին կը շարունակէ իր հայատեաց

քաղաքականութիւնը տնտեսական շրջափակումի

ենթարկելով Հայաստանը: Ինչպէս նաեւ Վեհափառ

Հայրապետը նշեց, թէ Թուրքիան կը շարունակէ իր

հայաջնջումի նպատակները իրագործել Սուրիոյ Տէր Զօր,

Եագուպիէ, Թէլապյէտ, Ռաս-Ալ-Այն եւ Քեսապ

շրջաններուն մէջ: Թուրքիոյ ամէնէն մեծ յանցանքը ոչ

միայն Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու իր մերժումն է

այլ իր կողմէ պատմութեան կեղծումն է, դաւաճան ու

անհատարիմ անուանելով Հայ ժողովուրդը: Ան իր խօսքին

աւարտին ըսաւ, թէ ի վերջոյ անկարելի է որ

ճշմարտութիւնը չյաղթահարէ պատմական դէպքերու

չարափոխութեան: Հայ ժողովուրդը ճանաչում եւ

հատուցում կը պահանջէ Թրքական Պետութենէն եւ պէտք է

տէր ըլլայ իր միասնակութեան եւ վճռակամութեան

պահանջատիրական պայքար մղելու համար:

ՔԱՅԼԱՐՇԱՒ-ՄՈՄԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆ

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 99-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԹԻՒ

Այս տարի Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի Լիբանանի

Երիտասարդական մարմինը կազմակերպած էր Քայլարշաւ-

Մոմավառութիւն խորագրով արշաւ մը: Առ այդ, Չորեքշաբթի 23

Ապրիլ, 2014-ին այս արշաւը սկիզբ առաւ երեկոյեան ժամը 7:00-

էն սկսեալ երբ հայկական կուսակցութիւններն ու միութիւնները

ներկայացնող պատուիրակութիւններ` որոնց շարքին նաեւ ՌԱԿ

Մկրտիչ Փորթուգալեան ուսանողական ակումբի

պատուիրակութիւնն ու Վահան Թէքէեան Վարժարանի

Երկուշաբթի, 28 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 76 էջ 7

Page 8: Rag mamoul volume # 9 issue # 76

Երկուշաբթի, 28 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 76 էջ 8

ՔԱՅԼԱՐՇԱՒ-ՄՈՄԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆ

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 99-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԹԻՒ

Այս տարի Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի Լիբանանի Երիտասարդական մարմինը

կազմակերպած էր Քայլարշաւ-Մոմավառութիւն խորագրով արշաւ մը: Առ այդ, Չորեքշաբթի 23 Ապրիլ,

2014-ին այս արշաւը սկիզբ առաւ երեկոյեան ժամը 7:00-էն սկսեալ երբ հայկական կուսակցութիւններն ու

միութիւնները ներկայացնող պատուիրակութիւններ` որոնց շարքին նաեւ ՌԱԿ Մկրտիչ Փորթուգալեան

ուսանողական ակումբի պատուիրակութիւնն ու Վահան Թէքէեան Վարժարանի աշակերտութիւնը,

ուղղուեցան դէպի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարան, ուր վերանորոգ մատուռին առջեւ զետեղեցին

ծաղկեպսակներ առ ի յարգանք 1915ի Մեծ Եղեռնի զոհերուն:

Ապա, այս հանգրուանին յաջորդեց քայլարշաւ-մոմավառութիւնը որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին

բազմահազար հայորդիներ իրենց ձեռքերուն մէջ ունենալով մոմեր, որոնք ճամբայ ելան զանազան

շրջաններու մէջ գտնուող կեդրոններէ, որ կ'երկարէր Տըպպայէյի ՀԲԸՄիութեան Տեմիրճեան Կեդրոնէն եւ

կը հասնէր մինչեւ Ժըմմէյզիի Թէքէեան Կեդրոն: Անոնք բոլորն ալ ուղղուեցան դէպի Պէյրութի

Նահատակաց Հրապարակ, ուր երեկոյեան ժամը 9ին տեղի ունեցաւ ոգեկոչման ձեռնարկ մը:

Սոյն ձեռնարկին Արաբերէն լեզուով բացումը կատարեց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի Լիբանանի

Երիտասարդական Մարմնի ՀԲԸՄ-ՀԵԸի ներկայացուցիչ`Օրիորդ Արին Ղազարեան, ուր ան նշեց

հաւաքին պատճառը ըսելով թէ հայ ժողովուրդը հաւաքուած է ոգեկոչելու համար Հայոց

Ցեղասպանութեան 99րդ տարելիցը ինչպէս նաեւ ան յիշեց օրուան պատգամ փոխնցողներուն

անունները` Հայկազեան Համալսարանի նախագահ Վեր. Դոկտ. Փոլ Հայստոսթեան եւ նախկին

նախարար Զիատ Պարուտ:

Ապա Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի Լիբանանի Երիտասարդական Մարմնի անունով հայերէն

լեզուով խօսք արտասանեց Աշոտ Բագրատունի որ ըսաւ թէ թուրքը տակաւին կը շարունակէ իր

մարդասպան եւ ոճռական քաղաքականութիւնը, շեշտելով թէ պէտք է պայքարիլ մինչեւ յաղթանակի

ձեռք ձգումը: Ապա նոյն մարմնին անունով եւ այս անգամ Արաբերէն լեզուով խօսք արտասանեց Արամ

Քարատաղլեան, ըսելով թէ պէտք չէ մոռնալ Իթթիհատականներու որդեգրած ոճրագործութեան

քաղաքականութիւնը անոնց պարագլուխներ Թալաաթ եւ Ճեմալ Փաշայի գլխաւորութեամբ: Ան հարցադրեց

Թուրքիոյ թէ ինչ օգտուեցաւ հայ ժողովուրդի դէմ իր ունեցած վայրագ վերաբերմունքով: Ինչպէս նաեւ ան ըսաւ իր

խօսքին մէջ թէ կարելի չէ բառերով բացատրել թուրքին գործած անմարդկութիւնը չարչարելով հայ ժողովուրդը եւ

արդէն անոր դիմակը ինկած է եւ յայտնի դարձած է թէ Թուրքիան ով է: Քարատաղլեան իր խօսքին մէջ վստահեցուց

Թուրքիոյ թէ հայ երիտասարդութիւնը զինուած է ուսումով որուն միջոցով պիտի պայքարի իրեն դէմ: Իր խօսքին

աւարտին ան նշեց թէ այսօրւայ Թուրքիան շարունակութիւնն է Օսմանեան Կայսրութեան:

Շուտով բեմ բարձրացաւ նախկին նախարար Զիատ Պարուտ, ուր ան ըսաւ որ 1915ին Նահատակաց Հրապարակին

վրայ զոհուեցան Լիբանանցիներ եւ ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ այն կէտին, որ պէտք չէ անցեալը մոռնալ իր

վայրագութեամբ այլ պէտք է ճանչնալ սխալը եւ սրբագրել զայն: Ան հայ ժողովուրդին դառնալով ըսաւ, թէ հայ

ժողովուրդը ամէնէն դժուարին պայմաններու մէջ անգամ եթէ գտնուի իր կամքի հզօրութեան միջոցով կը տոկայ: Ան

իր խօսքը աւարտեց ըսելով թէ տեղի ունեցած է իրականութիւնը պէտք չէ ուրանալ որովհետեւ անիկա չի չնչուիր:

Իսկ ձեռնարկին աւարտին Հայկազեան Համալսարանի նախագահ Փոլ Հայտոսթեան իր խօսքին մէջ նշեց որ Հայ

անձը հակառակ այդ դժուարին պայմաններուն կրցաւ դարձեալ ունենալ իր մարդկութիւնը, տունը եւ նամանաւանդ

ինքնութիւնը: 99 տարիներ առաջ հայը կը ցրուէր փոշիի նման իսկ այսօր ան կը լուսաւորէ այդ խաւարի պատկերը:

Ան իր խօսքին մէջ նաեւ ըսաւ թէ այս մոմերը եկած են նաեւ լուսաւորելու Օսմանեան եաթաղանին զոհ գացած

Լիբանանի մամուլի ներկայացուցիչները: Ինչպէս նաեւ ան ընդգծեց այն գաղափարը թէ լոյսերու միութիւն կայ

ինչպէս ժամանակին հայուն արիւնը միացաւ այսօր ալ հայ ժողովուրդին լոյսը կը միանայ: Ան շեշտեց թէ, պէտք չէ

վստահիլ օտարի լոյսին այլ պէտք է վստահիլ մեր սեփական լոյսին: Մեր հաւատքը բոցավառ ջահ մըն է եւ պէտքէ

հայկականութեամբ ու Հայաստանով հպարտանալ: Հայ ժողովուրդի դատը կը մարի երբ լոյսը կը մարի եւ ան իր

խօսքին աւարտին նշեց թէ անցեալի պատմութիւն երբէք չի հալիր:

Ապա ձեռնարկին աւարտին ժողովուրդը իր մոմերը զետեղեց Նահատակաց Արձանին փաստելով որ հայ

ժողովուրդը տակաւին կը գոյատեւէ մինչեւ օրս եւ լոյսով է որ կը յաղթէ խաւարին:

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

24 ապրիլ 2014, Հինգշաբթի երեկոյեան, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանի (Ժամհուր) ընդարձակ շրջաբակը

Ապա, այս հանգրուանին յաջորդեց քայլարշաւ-մոմավառութիւնը որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին

բազմահազար հայորդիներ իրենց ձեռքերուն մէջ ունենալով մոմեր, որոնք ճամբայ ելան զանազան

շրջաններու մէջ գտնուող կեդրոններէ, որ կ'երկարէր Տըպպայէյի ՀԲԸՄիութեան Տեմիրճեան Կեդրոնէն եւ

կը հասնէր մինչեւ Ժըմմէյզիի Թէքէեան Կեդրոն: Անոնք բոլորն ալ ուղղուեցան դէպի Պէյրութի

Նահատակաց Հրապարակ, ուր երեկոյեան ժամը 9ին տեղի ունեցաւ ոգեկոչման ձեռնարկ մը:

Սոյն ձեռնարկին Արաբերէն լեզուով բացումը կատարեց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի Լիբանանի

Երիտասարդական Մարմնի ՀԲԸՄ-ՀԵԸի ներկայացուցիչ`Օրիորդ Արին Ղազարեան, ուր ան նշեց

հաւաքին պատճառը ըսելով թէ հայ ժողովուրդը հաւաքուած է ոգեկոչելու համար Հայոց

Ցեղասպանութեան 99րդ տարելիցը ինչպէս նաեւ ան յիշեց օրուան պատգամ փոխնցողներուն

անունները` Հայկազեան Համալսարանի նախագահ Վեր. Դոկտ. Փոլ Հայստոսթեան եւ նախկին

նախարար Զիատ Պարուտ:

Ապա Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի Լիբանանի Երիտասարդական Մարմնի անունով հայերէն

լեզուով խօսք արտասանեց Աշոտ Բագրատունի որ ըսաւ թէ թուրքը տակաւին կը շարունակէ իր

մարդասպան եւ ոճռական քաղաքականութիւնը, շեշտելով թէ պէտք է պայքարիլ մինչեւ յաղթանակի

ձեռք ձգումը: Ապա նոյն մարմնին անունով եւ այս անգամ Արաբերէն լեզուով խօսք արտասանեց Արամ

Քարատաղլեան, ըսելով թէ պէտք չէ մոռնալ Իթթիհատականներու որդեգրած ոճրագործութեան

քաղաքականութիւնը անոնց պարագլուխներ Թալաաթ եւ Ճեմալ Փաշայի գլխաւորութեամբ: Ան

հարցադրեց Թուրքիոյ թէ ինչ օգտուեցաւ հայ ժողովուրդի դէմ իր ունեցած վայրագ վերաբերմունքով:

Ինչպէս նաեւ ան ըսաւ իր խօսքին մէջ թէ կարելի չէ բառերով բացատրել թուրքին գործած

անմարդկութիւնը չարչարելով հայ ժողովուրդը եւ արդէն անոր դիմակը ինկած է եւ յայտնի դարձած է թէ

Թուրքիան ով է: Քարատաղլեան իր խօսքին մէջ վստահեցուց Թուրքիոյ թէ հայ երիտասարդութիւնը

զինուած է ուսումով որուն միջոցով պիտի պայքարի իրեն դէմ: Իր խօսքին աւարտին ան նշեց թէ այսօրւայ

Թուրքիան շարունակութիւնն է Օսմանեան Կայսրութեան:

Շուտով բեմ բարձրացաւ նախկին նախարար Զիատ Պարուտ, ուր ան ըսաւ որ 1915ին Նահատակաց Հրապարակին

վրայ զոհուեցան Լիբանանցիներ եւ ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ այն կէտին, որ պէտք չէ անցեալը մոռնալ իր

Page 9: Rag mamoul volume # 9 issue # 76

Երկուշաբթի, 28 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 76 էջ 9

քաղաքականութիւնը անոնց պարագլուխներ Թալաաթ եւ Ճեմալ Փաշայի գլխաւորութեամբ: Ան

հարցադրեց Թուրքիոյ թէ ինչ օգտուեցաւ հայ ժողովուրդի դէմ իր ունեցած վայրագ վերաբերմունքով:

Ինչպէս նաեւ ան ըսաւ իր խօսքին մէջ թէ կարելի չէ բառերով բացատրել թուրքին գործած

անմարդկութիւնը չարչարելով հայ ժողովուրդը եւ արդէն անոր դիմակը ինկած է եւ յայտնի դարձած է թէ

Թուրքիան ով է: Քարատաղլեան իր խօսքին մէջ վստահեցուց Թուրքիոյ թէ հայ երիտասարդութիւնը

զինուած է ուսումով որուն միջոցով պիտի պայքարի իրեն դէմ: Իր խօսքին աւարտին ան նշեց թէ այսօրւայ

Թուրքիան շարունակութիւնն է Օսմանեան Կայսրութեան:

Շուտով բեմ բարձրացաւ նախկին նախարար Զիատ Պարուտ, ուր ան ըսաւ որ 1915ին Նահատակաց

Հրապարակին վրայ զոհուեցան Լիբանանցիներ եւ ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ այն կէտին, որ

պէտք չէ անցեալը մոռնալ իր վայրագութեամբ այլ պէտք է ճանչնալ սխալը եւ սրբագրել զայն: Ան հայ

ժողովուրդին դառնալով ըսաւ, թէ հայ ժողովուրդը ամէնէն դժուարին պայմաններու մէջ անգամ եթէ

գտնուի իր կամքի հզօրութեան միջոցով կը տոկայ: Ան իր խօսքը աւարտեց ըսելով թէ տեղի ունեցած է

իրականութիւնը պէտք չէ ուրանալ որովհետեւ անիկա չի չնչուիր:

Իսկ ձեռնարկին աւարտին Հայկազեան Համալսարանի նախագահ Փոլ Հայտոսթեան իր խօսքին մէջ նշեց

որ Հայ անձը հակառակ այդ դժուարին պայմաններուն կրցաւ դարձեալ ունենալ իր մարդկութիւնը, տունը

եւ նամանաւանդ ինքնութիւնը: 99 տարիներ առաջ հայը կը ցրուէր փոշիի նման իսկ այսօր ան կը

լուսաւորէ այդ խաւարի պատկերը: Ան իր խօսքին մէջ նաեւ ըսաւ թէ այս մոմերը եկած են նաեւ

լուսաւորելու Օսմանեան եաթաղանին զոհ գացած Լիբանանի մամուլի ներկայացուցիչները: Ինչպէս

նաեւ ան ընդգծեց այն գաղափարը թէ լոյսերու միութիւն կայ ինչպէս ժամանակին հայուն արիւնը միացաւ

այսօր ալ հայ ժողովուրդին լոյսը կը միանայ: Ան շեշտեց թէ, պէտք չէ վստահիլ օտարի լոյսին այլ պէտք է

վստահիլ մեր սեփական լոյսին: Մեր հաւատքը բոցավառ ջահ մըն է եւ պէտքէ հայկականութեամբ ու

Հայաստանով հպարտանալ: Հայ ժողովուրդի դատը կը մարի երբ լոյսը կը մարի եւ ան իր խօսքին

աւարտին նշեց թէ անցեալի պատմութիւն երբէք չի հալիր:

Ապա ձեռնարկին աւարտին ժողովուրդը իր մոմերը զետեղեց Նահատակաց Արձանին փաստելով որ հայ

ժողովուրդը տակաւին կը գոյատեւէ մինչեւ օրս եւ լոյսով է որ կը յաղթէ խաւարին:

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

24 ապրիլ 2014, Հինգշաբթի երեկոյեան, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանի (Ժամհուր) ընդարձակ շրջաբակը

վերածւած էր բացօթեայ եկեղեցիի ընդունելու համար 1915-ին օսմանեան իշխանութիւններուն կողմէ ծրագրուած ու

գործադրուած հայասպանութեան մէկուկէս միլիոն զոհերուն յիշատակին առջեւ խոնարհելու եկած խուռներամ

ժողովուրդը: Շրջաբակի ճակատին կանգնեցուած սուրբ Խորանին դիմաց հաւաքուած էին լիբանանահայութեան

Page 10: Rag mamoul volume # 9 issue # 76

Ապա ձեռնարկին աւարտին ժողովուրդը իր մոմերը զետեղեց Նահատակաց Արձանին փաստելով որ հայ

ժողովուրդը տակաւին կը գոյատեւէ մինչեւ օրս եւ լոյսով է որ կը յաղթէ խաւարին:

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ

ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

24 ապրիլ 2014, Հինգշաբթի երեկոյեան, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանի (Ժամհուր) ընդարձակ

շրջաբակը վերածւած էր բացօթեայ եկեղեցիի ընդունելու համար 1915-ին օսմանեան իշխանութիւններուն

կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած հայասպանութեան մէկուկէս միլիոն զոհերուն յիշատակին առջեւ

խոնարհելու եկած խուռներամ ժողովուրդը: Շրջաբակի ճակատին կանգնեցուած սուրբ Խորանին դիմաց

հաւաքուած էին լիբանանահայութեան բոլոր խաւերուն ու շրջանակներուն ներկայացուցիչները,

Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեանը, լիբանանեան խորհրդարանի հայ եւ

տարբեր համայնքներու անդամներ, հայկական կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ղեկավար

դէմքեր, պետական պաշտօնատարներ, մտաւորականներ, հասարակական գործիչներ, կրթական

մշակներ, մամուլի աշխատակիցներ, հայ կաթողիկէ վարժարաններու աշակերտներ, հաւատացեալ

հայորդիներ: Բոլորը եկած էին Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս

Պատրիարքին կողմէ մատուցուած հոգեպարար սուրբ Պատարագով եւ աղօթքով վերահաստատելու Մեծ

Եղեռնի Զոհերու յիշատակին ու սրբազան կտակին իրենց հաւատարմութիւնը եւ միաժամանակ

վկայութիւնը տալու որ 1915-ի եղեռնագործութիւնը ոչ միայն չէ մոռցուած ու պիտի չմոռցուի, այլ Հայ

ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքներու վերականգնումին ի խնդիր պայքարի ջահը պիտի

փոխանցուի սերունդէ սերունդ մինչեւ Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ անոր զոհերուն արդար

հատուցումը օսմանեան ցեղասպան կայսրութեան ժառանգորդ թրքական պետութեան կողմէ:

Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, ներկաները հանդիսաւոր թափօրով ուղղուեցան Հայ

Կաթողիկէ Պատրիարքարանի շրջաբակը, ուր տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում Կարտինալ

Աղաճանեանին նախաձեռնութեամբ 1939-ին կանգնեցուած Ապրիլեան Նահատակաց Յուշակոթողին, եւ ապա`

հոգեհանգսեան արարողութիւն:

Ի յիշատակ Ապրիլեան Նահատակաց Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին հողին վրայ կանգնած

Լիբանանի մէջ կառուցուած առաջին Յուշակոթողին առջեւ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան կողմէ

Երկուշաբթի, 28 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 76 էջ 10

Page 11: Rag mamoul volume # 9 issue # 76

ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքներու վերականգնումին ի խնդիր պայքարի ջահը պիտի

փոխանցուի սերունդէ սերունդ մինչեւ Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ անոր զոհերուն արդար

հատուցումը օսմանեան ցեղասպան կայսրութեան ժառանգորդ թրքական պետութեան կողմէ:

Երկուշաբթի, 28 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 76 էջ 11

Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, ներկաները

հանդիսաւոր թափօրով ուղղուեցան Հայ Կաթողիկէ

Պատրիարքարանի շրջաբակը, ուր տեղի ունեցաւ

ծաղկեպսակներու զետեղում Կարտինալ Աղաճանեանին

նախաձեռնութեամբ 1939-ին կանգնեցուած Ապրիլեան

Նահատակաց Յուշակոթողին, եւ ապա` հոգեհանգսեան

արարողութիւն:

Ի յիշատակ Ապրիլեան Նահատակաց Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ

Պատրիարքարանին հողին վրայ կանգնած Լիբանանի մէջ

կառուցուած առաջին Յուշակոթողին առջեւ ՌԱԿ Լիբանանի

Շրջանային Վարչութեան կողմէ ծաղկեպսակը զետեղեցին

Վարչութեան ատենապետ ընկեր Միքայէլ Վայէճեանն ու

ներկայացուցիչ ընկերներ:

ԹՂԹԱԿԻՑ

9րդ Տարի, Թիւ 76 էջ 11

Page 12: Rag mamoul volume # 9 issue # 76

Երկուշաբթի, 28 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 76 էջ 12

Պէյրութի Հայ Աւետարանական Գոլէճ

99-Ամեակ - Հսկում եւ Ծոմապահութիւն

22 Ապրիլ 2014-ը Հայ Աւետարանական Գոլէճի աշակերտութեան համար արձակուրդային օր էր,

սակայն տարօրինակ եռուզեռ մը նշմարելի էր շրջափակին մէջ։ 14 աշակերտներ, առաջնորդութեամբ

իրենց ուսուցիչին, ցուցատախտակներ կը պատրաստէին եւ բակին մէկ անկիւնը սահմաններով կը

մեկուսացնէին։

Ի պատասխան մեր հետաքրքրութեան, աշակերտուհի մը բացատրեց, թէ իրենք՝ 9-րդէն 11-րդ

դասարանի խումբ մը աշակերտներ, որոշած են կէսօրուան ժամը 12-էն մինչեւ կէսգիշեր,

ծոմապահութեամբ ոգեկոչել հայոց վրայ գործադրուած Ցեղասպանութեան նահատակաց յիշատակը,

հաւաքին բնաբան ունենալով ,Մեր երթը դեռ նոր կը սկսիե խօսքը։

Յաճախակի այցելութիւններով հետեւեցանք եզակի այս նախաձեռնութեան, այն պարզ

հետաքրքրութեամբ, թէ արդեօ՞ք սոսկ պատանեկան, կարճատեւ փորձ մըն է, թէ՞ գիտակից

յանձնառութիւն։ Երեկոյեան, իրենց ընկերակցող Պարոն Արմէն Իւրնէշլեան վստահեցուց, թէ շատեր

նոյնիսկ մերժած են խմել ժամը 5-ին իրենց հրամցուած գաւաթ մը ջուրը։

Սակայն հաւաքը ծոմապահութենէն աւելին էր։ Հայկազեանի հայ եւ օտար աշակերտներ, ,Ծիածան-

մանկամսուրի ծնողներ նուիրատուութեան փոխարէն ծաղիկներ կը գնէին ու կը զետեղէին ձեռակերտ

խաչքարին առջեւ։ Հաւաքուած գումարը պիտի յատկացուէր Քէսապի գաղթականներուն։ Ի դէպ,

իմացանք, թէ Քէսապի հարցին առաջին իսկ օրերուն, դպրոցի Հայկական Ակումբին նախաձեռնութեամբ

(այս հսկում-ծոմապահութիւնն ալ իրենց կազմակերպածն էր), աշակերտներէն ու դպրոցին

անձնակազմէն գոյացած լուրջ գումար մը արդէն փոխանցուած է Լաթաքիա, առանց շեփորի ու թմբուկի։

Պատրաստուած ցուցատախտակներէն մեր ուշադրութիւնը առաւելաբար գրաւեց քարտէզ մը։

Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ քարտէզին վրայ նշուած էին մեր բոլոր մեծ ու փոքր քաղաքները,

ուր աշակերտներ եւ հայ այցելուներ իրենց մատնահետքերը կը դրոշմէին իրենց նախնեաց հայրենի

քաղաքին մօտ. խօսուն էր բնաբանը. ,Մեր ինքնութիւնը մեր հողերէն անբաժանելի էե։

ԾԱՆՕԹ՝

Հայկական այն միութիւններն ու վարժարանները, որոնք կը փափաքին իրենց թղթակցութիւնները

հրատարակուած տեսնել ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ-ի մէջ, բարեհաճին իրենց գրութիւնները՝ նկարներով

մէկտեղ, ուղղել խմբագրութեանս հետեւեալ հասցէին՝ [email protected]

Page 13: Rag mamoul volume # 9 issue # 76

Երկուշաբթի, 28 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 76 էջ 13

մանկամսուրի ծնողներ նուիրատուութեան փոխարէն ծաղիկներ կը գնէին ու կը զետեղէին ձեռակերտ

խաչքարին առջեւ։ Հաւաքուած գումարը պիտի յատկացուէր Քէսապի գաղթականներուն։ Ի դէպ,

իմացանք, թէ Քէսապի հարցին առաջին իսկ օրերուն, դպրոցի Հայկական Ակումբին նախաձեռնութեամբ

(այս հսկում-ծոմապահութիւնն ալ իրենց կազմակերպածն էր), աշակերտներէն ու դպրոցին

անձնակազմէն գոյացած լուրջ գումար մը արդէն փոխանցուած է Լաթաքիա, առանց շեփորի ու թմբուկի։

Պատրաստուած ցուցատախտակներէն մեր ուշադրութիւնը առաւելաբար գրաւեց քարտէզ մը։

Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ քարտէզին վրայ նշուած էին մեր բոլոր մեծ ու փոքր քաղաքները,

ուր աշակերտներ եւ հայ այցելուներ իրենց մատնահետքերը կը դրոշմէին իրենց նախնեաց հայրենի

քաղաքին մօտ. խօսուն էր բնաբանը. ,Մեր ինքնութիւնը մեր հողերէն անբաժանելի էե։

Երեկոյեան սկսաւ հսկումը։ Աստուածաշնչային ընթերցում ու հոգեւոր խորհրդածութիւն կատարեց վեր.

Հրայր Չոլաքեան, իսկ Տէր Մկրտիչ քհն. Քէշիշեան տուաւ պատգամ մը։ Աշակերտներ կատարեցին

իրենց պատրաստած ընթերցումները, զոյգ մը մեկնաբանեց ,Կիլիկիաեն, ապա իւրաքանչիւրը

բաժնեկցեցաւ իր միտքերն ու զգացումները օրուան խորհուրդին ու ընդհանրապէս հայ պատանիին

Ընելիքին մասին։

Պր. Իւրնէշլեան փակեց հսկումը, մատնանշելով որ Ցաւը մղիչ Ոյժի կը վերածուի, Ցաւէն կը ծնի Յոյսը,

Յոյսէն՝ Պայքարը։ Ծոմապահութեամբ, աշակերտները ապրեցան իրենց նախնիներուն ցաւին

նուազագոյնը, բայց իրենց մարմնին վրայ զգացին այդ. Հայ Դատը իրենց համար այլեւս անձնական

հարցի պիտի վերածուի։ Աւարտեցաւ հսկումը, բայց ծոմապահութիւնը պիտի շարունակուէր մինչեւ

կէսգիշեր։

Բաժնուեցանք հայորդիներու այս բանակէն, մաղթելով որ իրենց նախաձեռնութիւնը կը դառնայ

վարակիչ, ու օրինակ կը ծառայէ բոլոր դպրոցներուն։ Բաժնուեցանք իրենցմէ, հաւատալով նոր

սերունդին, հաւատալով անոնց ,նոր սկսող երթին յարատեւումին։

ԱՅՑԵԼՈՒ

Page 14: Rag mamoul volume # 9 issue # 76

We are glad to inform you that RAG MAMOUL will have a “Letter to the Editor” section, where on every Monday we will publish your letters and opinions. Your letter should preferably refer to an article that has appeared within the last seven days, and must include the writer's full name, address and phone numbers. Letters may be edited and shortened for space.

Send a Letter to the Editor to: [email protected]

Սիրելի ընթերցող,

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ խմբագրութիւնը հաճոյքը ունի ձեզ

տեղեկացնելու, թէ այսուհետեւ ամէն Երկուշաբթի օրուայ թիւով

մենք պիտի հրատարակենք խմբագրութեանս ուղղուած ձեր

նամակները:

Ձեր նամակը կամ կարծիքը նախնըտրաբար պէտք է վերաբերի

վերջին 7 օրերուն ընթացքին մեր հրատարակած մէկ յօդուածին:

Պէտք է նկատի ունենալ նաեւ, թէ ձեր նամակը ենթակայ պիտի

ըլլայ որոշ խմբագրումի:

Երեքշաբթի, 8 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 62 էջ 5

Page 15: Rag mamoul volume # 9 issue # 76

Advertise in

è²Î زØàôÈ

Make it reach to our 25000+

worldwide subscribers everyday

Promotional Price List

Duration Size Price

Yearly Contract

Full Page US 999$

Half Page US 599$

Bottom Banner US 399$

Monthly Contract Full Page US 199$

Half Page US 149$

Bottom Banner US 59$

Weekly Contract Full Page US 159$

Half Page US 59$

Bottom Banner US 29$

Daily Contract Full Page US 59$

Half Page US 29$

Bottom Banner US 9$

(Offer valid till 31/05/14)

All non-profit/charity events’ ads are published for free

Contact:

[email protected]

RAG MAMOUL is published and spread Monday to Friday all year round

Page 16: Rag mamoul volume # 9 issue # 76
Page 17: Rag mamoul volume # 9 issue # 76
Page 18: Rag mamoul volume # 9 issue # 76
Page 19: Rag mamoul volume # 9 issue # 76

HEADLINESUB-HEAD

MONTH, YEAR VOL # ISSUE #

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Խմբագրական Կազմ՝

ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ (Լոս Անճելըս, ԱՄՆ)

ԿԱՍԻԱ ՃՂԱԼԵԱՆ (Գահիրէ, Եգիպտոս)

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ (Պէյրութ, Լիբանան)

ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ (Մոնթրէալ, Գանատա)

ՅԱԿՈԲ ՉԱՄՔԷՐԹԷՆԵԱՆ (Սիտնի, Աւստրալիա)

ԱԼԻՆ ՊԱԼԵԱՆ (Տուպայ, ԱՄԷ)

ԿԱՐԱՊԵՏ ՍԱՅԱՊԱԼԵԱՆ (Մարսէյլ, Ֆրանսա)

ՏԻԱՆԱ ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ (Պուէնոս Այրէս, Արժանթին)

Վարչական Պատասխանատու՝

ԱՆԱՀԻՏ ՉԷՕՐԷՔՃԵԱՆ

Հեռ. +374 77 00 22 11 Հեռատիպ +1 647 435 0800

ե-նամակ՝ [email protected]

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ նպատակն է ազգային մեր յոյզերն ու մտահոգութիւնները տարածել

աշխարհի չորս ծագերը՝ հրապարակելով Հայրենի թէ Սփիւռքահայ մտաւորականներու

յօդուածները, հայրենիքի եւ զանազան գաղութներու վերաբերող լուրեր եւ թղթակցութիւններ,

ինչպէս նաեւ ՌԱԿ-ի հետ առնչուող հաղորդագրութիւններ, աւելի քան 25000 ե-նամակի

հասցէատէրերու, բոլորն ալ՝ Հայ ժողովուրդի զաւակներ:

Օրէ օր աճող մեր հասցէացանկը առիթը կուտայ յօդուածագիրներու, իրենց մտքի պտուղը

հանդիսացող ու կարեւոր հարցեր լուսարձակի տակ առնող գրութիւններ, մեր միջոցով, յանձնելու

հազարաւոր Հայորդիներու ուշադրութեան:

Օգտուելով ժամանակակից հնարաւորութիւններու շնորհած այլեւայլ միջոցներէն եւ

հաւատարիմ մեր առաքելութեան, օրական մէկ նիւթի դրութեամբ, ամէնէն արագ, ոչ-դասական եւ

բոլորին հասանելի կերպով, մեզի ուղարկուած յօդուածներն ու թղթակցութիւնները, մեր

գրասենեակներուն մէջ սիրով խմբագրելէ ետք, պիտի հասցնենք բոլոր անոնց, որոնք ծարաւ են

ազգային առումով կենսական հարցերու հրապարակային քննարկման եւ, առ հասարակ՝

Հայկականութեան:

ԱՌ Ի ԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

Ութ տարի առաջ, ՌԱՄԿԱՎԱՐ ՄԱՄՈՒԼ-ի կեանքի

կոչուելուն, ինչպէս նաեւ անոր կազմաւորման եւ

ղեկավարման աշխատանքներուն մէջ կարեւոր դեր մը

վսատահուեցաւ ինծի:

Սկզբնական այդ օրերէն ի վեր, եւ ելեկտրոնային այս

հրատարակութեան աճման այլեւայլ բոլոր հանգրուան-

ներուն, ջանադիր բծախնդրութեամբ վարած եմ պա-

տասխանատու խմբագիրի եւ նախաձեռնութեան

տնօրինման պաշտօնները, անշուշտ, կարողութիւննե-

րուս ընձեռած տարողութեամբ:

Ատենէ մը ի վեր կը փափաքէի այդ պարտականու-

թիւնները փոխանցել երիտասարդ ուժերու, որպէսզի

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ՄԱՄՈՒԼ-ը առաւելագոյնս օժտուէր

նաեւ ժամանակակից հանարաւորութիւններու թարմ

շունչով:

Այժմ, համոզուած ըլլալով որ ի մի բերուած են

անհրաժեշտ բոլոր տուելաներու տէր եւ կարող անձեր,

հանգիստ սրտով կը կատարեմ այդ փոխանցումը, հետը

յաջողութեան սրտագին բարեմաղթութիւններուս:

ԱՍԱՏՈՒՐ ՏԷՎԼԵԹԵԱՆ