9
ԻԷ. Տարի Թիւ 9 - 10 Սեպտեմբեր - Հոկտեմբեր 2016

ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ - ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2016

Embed Size (px)

Citation preview

Page 1: ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ - ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2016

ԻԷ. Տարի Թիւ 9 - 10

Սեպտեմբեր - Հոկտեմբեր 2016

���������

Page 2: ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ - ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2016

ԻԷ. Տարի, Թիւ 9 - 10 3

Կողքի նկարը կը ներկայացնէ՝ Հունձքի Տօնին առիթով

առնուած խմբանկար մը։

ՔԱՀԼ - ՏԵՂԵԿԱՏՈՒ 2 Սեպտեմբեր - Հոկտեմբեր 2016

«Տեղեկատու»-ի Համար

Առ ի գնահատանք եւ քաջալերանք «ՏԵՂԵԿԱՏՈՒ»-ի հրատարակումի

յարատեւութեան՝եղածենհետեւեալնուիրատուութիւնները.

Արմինէ Ամատունիի հարազատները 125,000 Լ.Ո.

«ՏԵՂԵԿԱՏՈՒ»-ի ներկայ տպաքանակն է 1200 (հազար երկու հարիւր) օրինակ,

որ մեզի կ՚արժէ շուրջ 675 (վեց հարիւր եօթանասուն հինգ) ամերիկեան տոլար։

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք մեր բոլոր նուիրատուներուն։

Սիրելի ընթերցող, քանի մը լումայով դուն եւս կրնաս թեթեւցնել մեր հրատարակչա-

կան ծախսերը։

Հաճեցէք «ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՆ» չփճացնել, այլ՝ ուրիշի մը փոխանցել:

ՀՈՒՆՁՔԻ ՏՕՆ ԱՅՆՃԱՐԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Աստուածամօր սեղանին

Քեզ կը բերեմ մայր, հունձքերուս նախընծան։

Զոհագործէ՛ սեղանիդ վրայ, ուր դարե՜ր

Փեթակներուս մեղրամոմերը դեղձան

Լոյս ու արցունք են հոսեր։

Դ. Վարուժան

Եօթանասուն տարիներ առաջ Մուսա

Լերան ժողովուրդը գաղթեց իր բնօրրանէն,

ուր ձգեց իր յոյսերը, երազները, իր

դարաւոր օճախը, իր անառիկ լեռներն

ու բարեբեր դաշտերը։ Եկաւ հոս, Այնճար,

ճահճահուտ հողին վրայ իր բոյնն ու օճախը

վերահաստատելու, կերտելու իր կեանքը, ապագան, հայ ապրելու հաւատքով,

գոյատեւելու ամուր կամքով։ Իրեն հետ բերաւ լեզուն ու սովորութիւնները, իղձերը

եւ հաւատքը, տհոլն ու զուռնան եւ շուրջպարը։ Հազիւ իր նոր բնակավայրը գտած,

բազուկները սօթտած լծուեցաւ վերաշինութեան եւ հիմը դրաւ նոր Մուսա լերան մը՝

Այնճարի իր նոր օճախին, ուր կատարեց իր վարուցան, հիմնեց դպրոցն ու եկեղեցին։

Դարեր ամբողջ հողին հետ ապրած, անբաժան իր մաճէն, խոփէն ու եզներէն,

ցանել սկսաւ թեւին, ,շարժումը ընելով անպարագիծ, որպէսզի բաժին հանէ անկարին

ու թշուառին, որբին ու որբեւայրիին, իսկ հունձքերուն նորընծան չմոռցաւ մատուցել

սուրբ սեղանին, անոր նշխարին, Աստուածամօր եւ կարիվէր Յիսուսին։

67 տարիներ առաջ Այնճարի մէջ Հոկտեմբեր ամսուան առաջին Կիրակին

կոչուեցաւ «Հունձքի օր» միսիոնարուհի եւ կրթական գործիչ՝ քոյր Հետուիկի կողմէ,

որ իր ծառայութեան դաշտը ընտրած էր հայ ժողովուրդը, ի մասնաւորի Մուսա Լերան

զաւակները, նոր հիմնադրուած Այնճար հայաւանը։

Շատ գեղեցիկ երեւոյթ է ասիկա, ամբողջ շաբաթ մը կիներ, օրիորդներ, մեծ

խանդավառութեամբ կը թակեն գիւղի բոլոր դռները անխտիր. կը հաւաքեն այն, ինչ

որ կը տրուի իրենց գոհունակ ժպիտ մը եւ նիւթական օժանդակութիւն. մամիկի մը

լուման եւ արտերուն ու պարտէզներուն

բարիքներէն ու բերքերէն՝ գեղջուկին

տքնաջան աշխատանքի արդիւնքէն, որուն

մէջ դրած էր հողագործը իր արտերուն

յոյզը, բոլոր յոյսերը, բազուկին ուժը

եւ գոյատեւելու սրբազան հաւատքը։

Բաժին կը հանէ ծերին եւ անկարին։

Այս հաւաքուած հունձքը եւ բերքը կը

տրամադրուի հայ ծերանոցի, ուր մեր

պապիկներն ու տատիկները իրենց

կեանքի վերջալոյսը ապահով ձեռքերու մէջ

Page 3: ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ - ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2016

4 Սեպտեմբեր - Հոկտեմբեր 2016 ԻԷ. Տարի, Թիւ 9 - 10 5

Հարցազրոյց՝

ՔԱՀԼ-ի Հայ Տարեցներու Տան Տնօրէն

Պատուելի Սեպուհ Թերզեանին հետ

Հարց.-Կրնա՞քդուքՁեզծանօթացնել.այսօրի՞նչպիսիպաշտօնկըվարէք

լիբանանահայայսշատկարեւորհաստատութեանմէջ։

Պատ.- Սեպուհ Թերզեան, ես պատուելի եմ, ուսանած եմ ընկերային

ծառայութիւն՝ նախապէս BUC, այժմու LAU համալսարանին մէջ՝ Հոգեբանութիւն,

մասնագիտութիւն՝ ընկերային ծառայութիւն, անկէ ետք Լիբանանի մէջ՝

Աստուածաբանական Ճեմարան, իբրեւ Մագիստրոս աստուածաբանութեան

մէջ. ընդհանրապէս պաշտօնս եղած է գրասենեակային-կազմակերպչական եւ

ընկերային ծառայութիւն։ 2012 թ.-ի Փետրուար 1-ին ստանձնեցի ՔԱՀԼ-ի տնօրէնի

պաշտօնը, եւ արդէն 4 տարիէ ի վեր կը գտնուիմ այս հաստատութեան մէջ։

Հարց.-Յստակօրէն նկատելի է որայս հաստատութիւնը հսկայական

յառաջընթաց ապրեցաւ եւ այսօր կը տեսնենք թէ այստեղ ապաստան

գտածհայծերունիներըեւհիւանդներըշատլաւկըխնամուին,հայկական

մթնոլորտիմէջ։Ի՞նչպէսկըբացատրէքայսբոլորը։

Պատ.- Մեր սկզբունքը մեր կարելին ընել է, որպէսզի իբրեւ տարեց հայ, ան որ

այստեղ կը պատսպարուի՝ ստանայ լաւագոյն խնամքը, որ կը սկսի բուժքոյրէն,

անձնակազմէն, գրասենեակի պաշտօնեաներէն, տնօրէնութենէն։

Բոլորին տրուած ցուցմունքը այն է, որ պէտք է տարեցը խնամել սիրայօժար

կերպով։ Առաջին օրէն մեր թելադրանքը փոխանցուեցաւ անձնակազմին,

որպէսզի յարգանքով եւ սիրով մօտենան անոնց։ Անշուշտ Աստուծոյ փառք կու

տանք թէ այսպիսի հաստատութիւն մը ունինք, որ կը հասնի գաղութին բոլոր

տարեցներուն, որոնք իրենց տուներէն դուրս պէտք ունին հոգատարութեան։

Ատոր համար ալ հաստատութիւնը կը կոչենք ոչ թէ ծերանոց՝ այլ հայ

տարեցներու տուն։

Քանի որ մէկու մը տունին պէս տեղ չկայ, հոս ալ կը փորձենք տան մթնոլորտ

ստեղծել։ Այդ իմաստով խնամքը, գուրգուրանքը լաւագոյն ձեւով կ’ուզենք

տանիլ։ Անշուշտ մաքրութեան, սննդականոնով ճաշերու կողքին, մեր լաւագոյնը

կ’ընենք, որպէսզի իրենք զիրենք տան մէջ զգան։ Առանձնութենէ կը տառապին

սեփական տուներու մէջ, երբ հոս կու գան, կ’ուրախանան։ Քովի տարեցին

պարագաները, թոռնիկները երբ գան այցելեն անոնց, իրենց ալ այցելածի

պէս կ’ըլլան եւ ընդհանուր լուրերէն ալ տեղեակ կ’ըլլան։ Մեր լաւագոյնը

կ’ընենք որպէսզի իրենք հանգիստ զգան, երբեմն դէպքեր կը պատահին, երբ

որեւէ ընտանիքի մէջ անհասկացողութիւններ կ’ըլլան, բայց ատոնք շուտով կը

փորձենք դարմանել, լուծել։ Երբեմն տարեցները իրար հետ հարցեր կ’ունենան,

կ’անցնեն. անպայման մեր տարեցներուն օրհնութիւնը ու աղօթքը անձրեւի պէս պիտի

թափի մեր արտերուն վրայ։

Հոկտեմբերի առաջին Կիրակին Այնճարի Հայ Աւետարանական եկեղեցին կ’ունենայ

տօնական եւ հանդիսաւոր տեսք։ Գիւղի բոլոր բնակչութիւնը, առանց դաւանանքի

խտրութեան, հոն ներկայ է, հաղորդուելու օրուան խորհուրդով։ Բեմը զարդարուած

է դաշտերու բերքերու երփներանգ գոյներով, կանաչեղէնով, հաւատքով եւ յոյսով,

ցորենի որայով, խաչբուռով, ներկայութեամբ հայ ծերանոցի պատսպարեալներուն,

որոնք իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն օրուան պաշտամունքին՝ երգերով, նուագով,

ասմունքով, իսկ մեծ մասը լուռ ու մունջ, աղօթքի եւ օրհնութեան պատառիկ մը իրենց

շրթներուն ծայրը, արտասուաթոր աչքերով կը հետեւի պաշտամունքին։

Այս տարի եւս Կիրակի, 2 Հոկտեմբերին մեր պապիկները եւ տատիկները

հիւրընկալուեցան Այնճարի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ կողմէ՝ իրենց

հոգածուներուն եւ տնօրէնութեան հետ։ Օրուան գոհաբանական պաշտամունքին,

եկեղեցւոյ հովիւ պատուելի Յակոբ Ագպաշարեանի կողքին, մասնակցեցաւ ՔԱՀԼ-ի

տնօրէն՝ պատուելի Սեպուհ Թերզեան, ծանօթացնելով հաստատութեան ներքին կեանքը

ու իրենց ունեցած ծրագիրները՝ ծերունիներուն բարօրութեան համար կատարուած ու

կատարուող աշխատանքներուն վերաբերող։

Պատուելի Յակոբ Ագպաշարեան օրուան պատշաճ պատգամը փոխանցեց

ժողովուրդին՝ ծանրանալով հունձքին եւ մշակին վրայ, բնաբան ունենալով

Մատթ. 9.37-38 «Հունձքը շատ է, բայց մշակները քիչ»։

Եկեղեցւոյ մթնոլորտը յուզիչ եւ խորհրդաւոր էր։ Մտքովդ կը փոխադրուիս պահ

մը հայոց հեթանոս տաճարներն ու մեհեանները, ուր հայոց աւագանիին, թագաւորին

ու թագուհիին ներկայութեան, հայ գեղջուկը իր հունձքին նախընծան ու երախայրիքը

երկիւղածութեամբ կը նուիրէ իր շատ սիրելի Անահիտ ու Աստղիկ դիցուհիներուն, այն

ակնկալութեամբ, որ հայոց չաստուածները ընտանիքը եւ բերքը պահեն բնութեան

տարերքէն։ Աւանդութիւն մը, որ հասած է մեզի հեթանոս դարերէն ու պատգամ մը

Աստուածաշունչէն, ուր որոշուած է երախայրիքներու տօնը (Ելից 2.22)։

Ահաւասիկ 21-րդ դարու, հոս, արտերկրի մէջ, Լիբանանի մէկ անկիւնը՝ Այնճարի

հայաւանին մէջ տակաւին ի զօրու է տալու եւ ծառայելու այս տօնը։ Տալ սիրայօժար՝

բերքին լաւագոյնը, ոչ թէ հեթանոս դիցերուն եւ դիցուհիներուն, այլ մեր մամիկներուն

ու պապիկներուն, հայ ծերանոցին, որպէսզի

անոնք ապահով զգան իրենց կեանքի

վերջալոյսի սեմին։

Այս տարի եւս պաշտամունքէն ետք,

կէսօրին ունեցանք մեր տարեցներուն

հետ միասնական ճաշ, սիրոյ սեղան,

պատրաստուած եկեղեցւոյ կիներուն

կողմէ։ Վարձքը կատար բոլորին. մեր

մաղթանքն է, որ յարատեւէ այս գեղեցիկ

սովորութիւնը եւ օրինակ դառնայ այլոց

ալ։

Լիզա Քէլէշեան-Թիւմպէրեան

Հոկտեմբեր 2016

ԱԶԴԱԿ

Page 4: ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ - ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2016

6 Սեպտեմբեր - Հոկտեմբեր 2016 ԻԷ. Տարի, Թիւ 9 - 10 7

մենք յարմար կը նկատենք տեղափոխելու զանոնք նոյն սենեակը տեղաւորելով

տարեցներ, որոնք իրարմէ կ’ախորժին, նոյնպիսի մտածումներ ունին։

Տարեցներ, որ լսելու դժուարութիւն ունին անոնք իրենց հեռատեսիլը,

ձայնասփիւռը բարձր կը բանան, անհանգստացնելով իրենց սենեկակիցը։

Ուրեմն այնպիսի դասաւորում կ’ընենք, որ գոհ մնան բոլորը։ Բայց, ինչպէս ըսի,

մեր սկզբունքն է՝ թէեւ հաստատութիւնը հին է եւ տարիներ առաջ իբրեւ հայ

տարեցներու տուն սկսած է, հայ անկարներու կեդրոն եղած է, սակայն տարիներ

ետք երբ աչազուրկ, խուլ-համր պարագաներ չեն եղած այլեւս, կարիքը եղած

է որ տարեցներ ընդունին։ Դժբախտաբար նորոգութիւնները չենք կրցած ընել

ժամանակին, պիւտճէական դժուարութիւններու պատճառով, սակայն մենք մեր

լաւագոյնը կ’ընենք, որ մաքուր, ընտանեկան մթնոլորտ, սէր եւ խնամք ստանան

մեր տարեցները։

Հարց.-Արդեօքքանի՞տարեցկըպատսպարուիՁերմօտեւի՞նչպէսկը

ֆինանսաւորէքՁերծախսերը,այսպիսիհաստատութիւնմըպահելուհամար։

Պատ.- Ներկայիս ունինք 115 տարեց, որոնց 80-ը կիներ են։ Մնացեալ 35-ը

այր մարդիկ են։ Կրնանք աւելին ընդունիլ՝ տեղի իմաստով (մինչեւ 130 տարեց)։

Ճիշդ էք, հսկայական ծախսերու առջեւ ենք, պիւտճէական հիմնական ծախսը

պաշտօնէութիւնն է։ Ունինք 61 պաշտօնեայ, 3 տարբեր ժամերու բաժնուած են։

Ունինք առտուան պաշտօնեաները, որոնք կէսօրէ ետք կանուխ կը մեկնին, ապա

յաջորդ հանգրուանի պաշտօնեաները, ապա՝ գիշերապահները։ Պէտք ունինք

այս պաշտօնեաներուն, որովհետեւ եթէ անհրաժեշտ խնամքը պիտի տանք, պէտք

ունինք այս թիւով պաշտօնեաներու ծառայութեան։

Պիւտճէական իմաստով, առաջին հերթին տարեցներու պարագաները,

զաւակները իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն կեցութեան ծախսերուն։

Ունինք անկէ զատ քանի մը խանութներ, հաստատութեան շէնքէն, որոնք

վարձու տուած ենք ու եկամտաբեր աղբիւր են մեզի համար։ Ունինք հայ

ազգի ժողովուրդը, որոնք սիրայօժար կերպով իրենց կարելին կ’ընեն ոչ միայն

նիւթական-դրամական իմաստով , նուէրներով այլեւ գոյքեր, ուտելիքներ,

մատաղներ, ուխտերու պատասխան...։ Հոկտեմբերի առաջին Կիրակին, ըստ

բարի սովորութեան մը, Այնճարի Հայ Աւետարանական Եկեղեցին 67-րդ տարին

ըլլալով Հունձքի Տօնը կը նշէ ու եկեղեցին Այնճարի ժողովուրդէն նուիրահաւաք

կ’ընէ եւ բերքերէն բաժին մը ՔԱՀԼ-ին կը վերապահէ։ Օրինակի համար՝

գիւղացին տարին մէկ օր մեզի կը տրամադրէ լման բերքը, նուիրատուութիւնը։

Այլ առիթներով բարեսիրական հաստատութիւններ նուիրատուութիւններ եւ

մասնակցութիւններ կը ղրկեն։ Վերջերս սկսանք «Ծիրանի խոհանոց»-ի ծրագիրը,

որ է, ճաշի առաքում (catering), ըստ ապսպրանքի (հայկական աւանդական ճաշեր

եւ անուշեղէններ), որ որոշ հասոյթ մը կ’ապահովէ, որպէսզի այս հաստատութիւնը

գոյատեւէ, մանաւանդ այս դժուար օրերուն երբ երիտասարդութիւնը կը գաղթէ,

անգործութեան պատճառով, Լիբանանի տնտեսական վիճակին պատճառով։

Անոնք իրենց ետին կը թողուն ծնողքը, որոնք կը մնան ու եթէ իրենք խնամող

չունին՝ կը ստիպուինք այստեղ բերել եւ հոգալ զիրենք։ Ահազանգային կը

դառնայ թիւը այն տարեցներուն, որոնք առանձին կը մնան տուներու մէջ։ Պէտք

է աւելիով մտածենք ապագայի մասին, նկատի ունենալով որ այդ տարեցներուն

զաւակները դուրսն են ու տէր ալ պիտի չդառնան։ Պէտք է պատրաստ ըլլանք

զիրենք ընդունելու չնչին գումարով կամ անվճար։

Հարց.-Արդէնիսկ4տարիէիբրեւփորձառուանձնաւորութիւնորկապ

ունիհայժողովուրդինտառապանքըսփոփելուառաքելութեանհետ՝ինչէՁեր

խօսքնուպատգամըմերընթերցողներուն։

Պատ.- Միշտ տեսակէտը այն եղած է այս վերջին տարիներուն, որ եթէ տարեցը

տան մէջ մնայ, այն լաւագոյնն է։ Հոգ չէ եթէ ընտանիքի մը հետ կ’ապրի տարեցը,

որ ի վերջոյ օրհնութիւն է, իր փորձառութենէն, պատմուածքներով, երգերով, իր

թոռնիկներու դաստիարակութեան մէկ մասն է։ Հակառակ պարագային՝ եթէ

կարելի պիտի չըլլայ այդ մէկը, առողջապահական եւ մոռացութենէ տառապող

մէկը, այն ատեն պէտք ունինք տեղափոխելու տեղ մը, ուր զինք խնամեն։

ՔԱՀԼ-ը պատրաստ է այդ անհրաժեշտ խնամքը եւ պատսպարանքը շնորհելու,

եւ այդ դժուարին պայմանները սիրով կը տանինք։

Մեր պատգամն է՝ պահպանենք, սիրենք, գուրգուրանք։ Այս հաստատութիւնը,

պէտք ունի ժողովուրդին նեցուկին։ Ապագային պէտք է ուրիշ ծրագիրներու մասին

ալ մտածել, որովհետեւ այդ անտէր ծերերը պէտք է ընդունիլ հոս, որովհետեւ այս

պարագան մեր եկեղեցիներուն, բարեսիրական հաստատութիւններուն համար

դժուար պիտի ըլլայ։ Պատրաստ պէտք է ըլլանք դիմագրաւելու միասնաբար։

Վահան Թէքէեան Վարժարանի նախկին շրջանաւարտներու այցելութիւնը ՔԱՀԼ, ուրախացնելու իրենց ուսուցչուհին՝

պատսպարեալ Օրդ. Սոնիա Պաղամեանը

Page 5: ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ - ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2016

8 Սեպտեմբեր - Հոկտեմբեր 2016 ԻԷ. Տարի, Թիւ 9 - 10 9

Բրինձ Ռուպինա Չայլեան՝ 2 քիլօ, Ովսաննա Մոլկուրեան՝ 1։

Շաքար Լուսին Թոփալեան՝ 2 քիլօ, Նարին Կէօքկէօզեան՝ 2, Սեւան Դանիէլեան՝ 5, Նազելի

Սարգիսեան՝ 3, Պեթթի Աբէլեան՝ 1, Նաթալի Մինասեան եւ Գարլ Սաատ՝ 5։

Գոյք Արմէն Չոլոյեան՝ գործածուած ջուրէ անկողին, BANK AUDI SAL՝ 60 մեծ անձեռոց եւ

24 պզտիկ անձեռոց, Ոմն՝ գործ. վարագոյր, Բիւզանդ Արսլանեան՝ 1 գործ. սեղան,

Հ.Մ.Ը.Մ. Պուրճ Համուտի սկաուտներ՝ ձեռային աշխատանք, Ժագլին Կիպինեան՝ 1

գորգ, Ժոզէֆ Ֆղալի՝ 1 walker, 8 գաւազան, Վարդանեան ընտանիք՝ 1 ձայնասփիւռ, 1

վերմակ, Մարիէթ Զաքարեան՝ 1 walker:

Մսաշօթ եւ Թան Վաչէ՝40 մսաշօթ, Սարգիս Տէմիրճեան՝ 150, Յովիկ Գոյունեան՝ 40, Էլմաստ

Նէնէճեան՝ 40, Վաչէ Նէնէճեան՝ 40 մսաշօթ, Յակոբ Գազճեան՝ 1 տոպրակ մսաշօթ, 1

տոպրակ թան։

Գործածուած Հագուստեղէն Նաթալի Խաչատուրեան՝ գործ. հագուստեղէն, Մանօ Թաշճեան,

Ոմն, Լենա Խանճեան, Grupo Moda, Յակոբ Նագգաշեան, Ժագ Իրատեան, Տաղլեան

ընտանիք, Վազգէն Թեճիրեան, Ոմն, Անահիտ Գարակէօզեան, Թագուհի Պաղտոյեան,

Շաքէ Ակէհեան, Պօղոս եւ Մարիա Տագէսեան, Հրայր եւ Անի Մարտիրոսեան, Արին

Խաչերեան, Նաթալի Խաչատուրեան, Նազելի Սարգիսեան, Վարդանեան ընտանիք,

Անթուանէթ Սարեան, Մայտա Պետիրեան, Անի Գալուստ, Իզապէլ Գազանճեան, Նովա

Արապեան, Ոմն՝ գործ. հագուստեղէն եւ կօշիկ, Ոմն՝ 2 survêtement, 2 հողաթափ, 1

թիշըրթ, Յակոբ Կէվրէքեան՝ 1 տոպրակ ներքնազգեստ, Ժան Քարամ՝ 12 տոպրակ

կտրուած կտորեղէն, Նատէր՝ 3 նոր քազակ, Նժդեհ Տօնիկեան՝ 55 զոյգ նոր գուլպայ:

Այլեւայլ Թալին Պէքեան՝ 5 տոպրակ աղ, Սարգիս Տէմիրճեան՝ 10 կապոց հաց, 4 հաւ, 10 քիլօ

բրինձ, 5 քիլօ ձաւար, 3 քիլօ լուբիա, 3 քիլօ սիսեռ, Ոմն՝ 4 տոպրակ աղ, Հ.Մ.Ը.Մ. Պուրճ

Համուտի սկաուտներ՝ 5 տուփ բրինձով հաւով եղինձ, Յարութիւն Սեդրակեան՝ 2

խաւաքարտ հաւկիթ, Զապէլ՝ 2 քիլօ քաշուած ոսպ, 1 քիլօ շէհրէր, 5 քիլօ շաքար, 10

քիլօ բրինձ, 1 տուփ լոլիկի խիւս, 1 տուփ անուշ, 1 տուփ բակլայ, 1 շիշ ձէթ, 4 մէժի, 1

մեծ տոպրակ կաթ, 1 տուփ թէյ, 4 փաթէք մաքարոն, Խաչիկ Խաչիկեան՝ 2 տոպրակ

սանտուիչ, զովացուցիչ, Արաքսի Ղազարեան՝ 2 կալոն ջուր, Հորիզոն Գրասենեակ՝ 3

պզտիկ պնակ սանտուիչ, Ոմն՝ 1 քիլօ լէպնի, Ռոժէ Քարամ ՝ 6 պնակ սանտուիչ, Ոմն՝ 2

քիլօ աշաուան պանիր, 2 քիլօ ժամպոն, Սբ. Խաչ Եկեղ. Տիկնանց Միութիւն՝ 1 պարկ

կորկոտ, Ղասսան Հնտաուի՝ դեղորայք, Սեւան Դանիէլեան՝ 8 տոպրակ աղ, Մալաք

Կարապետեան՝ 10 քիլօ ոչխարի միս, Ոմն՝ 32 հատ ապուրի մէժի, Ոմն՝ 1 կալոն շամբու,

6 շիշ ալքոլ, Վարդուկ Վասիլեան՝ դեղորայք, Լենա Խանճեան՝ խմորեղէն, սայատիէ,

պտուղ, ղուզու իչի, փասթա, աղցան, 4 շիշ զովացուցիչ, 5 տեսակ օճառ, շորիկ, Պօղոս

ընտանիք՝ ուտեստեղէն, Պեթթի Աբէլեան՝ 2 տուփ թէյ, Ժոզէֆ Աուատ՝ 3 փաքէթ

մաքարոն, 2 քիլօ ոսպ, 2 քիլօ շաքար, 0,5 քիլօ սուրճ, 5 քիլօ բրինձ, 1 տոպրակ աղ,

2 քիլօ տոտիկ, Ոմն՝ 2 տոպրակ բրինձ, 2 տոպրակ շաքար, 2 շիշ մայոնէզ, 2 փաքէթ

մաքարոն, A.U.B. M.C. Embrace՝ 36 հատ ծոթրինով խմորեղէն, 36 տուփ թաշկինակ, 18

փաքէթ կերպընկալէ պնակ, 21 անուշով քրուասան, 48 ծոթրինով քրուասան, 28

պանիրով քրուասան, Ժագ Մանտալեան՝ տեսակաւոր խմորեղէն, Սարգիս, Վիգէն

եւ Լենա Մինասեան՝ 4 քիլօ ձաւար, Գրիգոր Պալեան՝ 1 տոպրակ րոսթօ, 1 տոպրակ

ժամպոն, Ոմն՝ 5 քիլօ ոսպ, 2 քիլօ լուբիա, 3 քիլօ բրինձ, 4 քիլօ ձաւար, Մահէր Պութրոս՝

15 փաքէթ մաքարոն, 10 փաքէթ պանիր, 3 տուփ թէյ, 5 տուփ պիսքուի, 15 քիլօ բրինձ,

15 քիլօ շաքար, 3 շիշ ձէթ, 4 շիշ լոլիկի խիւս, 3 տուփ մորթատէլ, 10 տուփ մալինկ, 5

տուփ հօթտօկ, 5 տուփ բակլայ, 5 տուփ հըմմոս, 6 տուփ թոն, Նազելի Սարգիսեան՝

1 փաքէթ ալէզ, 3 փաքէթ շոր, 2 շորթ, 1 զոյգ գուլպայ, 1 տուփ ensure, 2 շիշ օճառ, 1

շիշ անուշահոտ, 2 տուփ բակլայ, 1 տոպրակ սիսեռ, Ոմն՝ 8 տուփ դեղ, Փուռ Սասուն՝

տեսակաւոր խմորեղէն, Ոմն՝ 1 փաքէթ շոր:

Մատաղներ Եւ Նուէրներ

Ոչխար Սարգիս Պոյաճեան՝ 1 ոչխար, Վարդգէս Թովմասեան՝ 1, Ռընէ Խաչատուրեան՝ 2։

Աքլոր Ոմն՝ 1 աքլոր, Կարօ Պարսումեան՝ 3:

Հաւ Ոմն՝ 2 հաւ, Ոմն՝ 5, Արփի Տէմիրճեան՝ 4, Պետրոս Գսաճիկեան՝ 10, Ոմն՝ 1, Ոմն՝ 2, Կարօ

Պուտուզեան՝ 2, Ալիս Սիմոնեան՝ 2, Ոմն՝ 1, Ոմն՝ 1, Ռուտոլֆ Հելու՝ 2, Ոմն՝ 1, Ոմն՝ 1,

Սիւզի Գիլիճեան՝ 1, Մարիա Գազանճեան՝ 1, Սարմէ Մինասեան՝ 1, Աստղիկ Տօնիկեան՝

4, Ռուպինա Չայլեան՝ 2, Ոմն՝ 2, Պեռնար եւ Վարդենի Ռըզքալլահ՝ 3, Րաֆֆի

Քէշիշեան՝ 2, Ժան Մաթլուպ՝ 3, Նաթալի Մինասեան եւ Գարլ Սաատ՝ 1, Սարգիս,

Վիգէն եւ Լենա Մինասեան՝ 1, Ոմն՝ 5, Մինաս Աբրահամ Գըյմէթլեան՝ 1, Յարութիւն

եւ Մարի Արսլանեան՝ 5, Գէորգ Թղըլեան՝ 2, Ոմն՝ 1, Ոմն՝ 2, Ովսաննա Մոլկուրեան՝ 1,

Ոմն՝ 1, Ոմն՝ 2, Գրիգոր Պալեան՝ 1 տոպրակ հաւ, Թուհամա Պայրաքտար և Սարգիս

Մարտիրոսեան՝ 20 քիլօ հաւու տոտիկ, ։

Սուրճ Ժոզէֆին Մարգարեան՝ 1 քիլօ, Հրաչ Թէրզեան՝ 1, Նարին Կէօքկէօզեան՝ 1, Նազելի

Սարգիսեան՝ 1, Պերթա Գոզեան՝ 1, Հրաչ Թէրզեան՝ 1, Յակոբ եւ Շողիկ Գռնտոզեան՝

1, Տոքթ. Րաֆֆի Ադամեան՝ 1, Լուսին Թոփալեան՝ 2 փաքէթ, ։

Հաց Յովհաննէս Գլընճեան՝ 5 կապոց, Թալին Պէքեան՝ 10, Մարիա Ահարոնեան՝ 6, Ոմն՝

5, Ոմն՝ 2, Ժիհատ Խալիլ՝ 20, Ոմն՝ 5, Ալիս Սիմոնեան՝ 2, Անայիս Պոյաճեան՝ 5, Սեւան

Գույումճեան՝ 5, Սեւան Դանիէլեան՝ 5, Հրաչ եւ Սոնա Ապագլեան՝ 10, Ոմն՝ 20, Ոմն՝ 2,

Ռուպինա Չայլեան՝ 2, Ոմն՝ 10, Լիզա՝ 10, Նաթալի Մինասեան եւ Գարլ Սաատ՝ 9, Ժորժ

Ուաքիմ՝ 12, Լուսին Տողրամաճեան՝ 10, Նազօ Դանիէլեան՝ 15, Վարդան Մելքոնեան՝

40, Յովհաննէս Գլընճեան՝ 20, Ոմն՝ 9, Ոմն՝ 2, Յասմիկ Մուշէմիշ՝ 1 տոպրակ ֆրանժոլա,

Ոմն՝ 60 ֆրանժոլա, ։

Զովացուցիչ Հ.Մ.Ը.Մ. Պուրճ Համուտի սկաուտներ՝ 3 տուփ օշարակ, Ոմն՝ 6 քիլօ մածուն, Հայ

Աւետ. Ա. Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութիւն՝ 60 հատ օշարակ, Ժան Մաթլուպ՝ 5 սնտուկ

պտղահիւթ։

Պտուղ Ոմն՝ 2 սնտուկ խնձոր, Շահիրա Ղարիոս՝ 1 սնտուկ խնձոր, Ոմն՝ 3 տոպրակ խնձոր,

Ոմն՝ 2.5 քիլօ խաղող, Ուատիհ Մաալուֆ՝ 8 տոպրակ խնձոր, Ոմն՝ 1 սնտուկ խնձոր,

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի՝ 4 սնտուկ խնձոր, Մարտիկ Պօղոսեան՝ 25 սնտուկ

խնձոր, Միլատ Հաստատութիւն՝ 2 սնտուկ տանձ, 5 սնտուկ խնձոր, Յարութիւն

Գոլանճեան՝ 10 սնտուկ տանձ, Երեսփ. Յակոբ Բագրատունի՝ 1 սնտուկ խաղող,

Գառնիկ Փանոսեան՝ 3 սնտուկ խաղող, Մասիս Պչաքճեան՝ 6 քիլօ խաղող, Ժորժ

Խուրի՝ 3 սնտուկ խնձոր, Յարութիւն Գուլաճեան՝ 5 սնտուկ խնձոր, 10 սնտուկ տանձ,

Զոհրապ Չոլմաքեան՝ 1 սնտուկ խնձոր, Ոմն՝ 6 տոպրակ խնձոր, Էլի Ապտէլ Մասիհ

Սաաիտ՝ 2 սնտուկ խնձոր, Գէօրօղլեան ընտանիք՝ 1 սնտուկ խնձոր։

Ճաշ Ոմն՝ 55 տուփ բրինձով հաւ, Նինա Թապուրեան՝ 48 քիլօ միս, 2 պարկ գետնախնձոր, 5

տուփ իւղ, 3 տուփ եւ 2 շիշ լոլիկի խիւս, 4 քիլօ սուրճ, 36 քիլօ պանան, 25 քիլօ բրինձ, 10

սնտուկ պտղահիւթ, 3 սնտուկ ոլոռն։

Անուշեղէն Հ.Մ.Ը.Մ. Պուրճ Համուտի սկաուտներ՝ 4 կաղապար կարկանդակ եւ 8 տուփ

ճէլօ, Հորիզոն Գրասենեակ՝ 1 պնակ քրուասան, Ռոզա Թիլպեան՝ 40 պրիոշ, Սօսի

Համալեան՝ 150, Հայ Աւետ. Ա. Եկեղ. Տիկնանց Միութիւն՝ 60 հատ կարկանդակ, Պաշիր

Պաժալի՝ 2 տոպրակ պրիոշ, Յակոբ Շողիկ Գոնտոզեան՝ 50 պրիոշ, Գարիթաս (Անի

Գալուստ)՝ 14 սնտուկ պիսքուի։

Page 6: ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ - ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2016

10 Սեպտեմբեր - Հոկտեմբեր 2016 ԻԷ. Տարի, Թիւ 9 - 10 11

Սեպտեմբեր եւ Հոկտեմբեր ամիսներու ընթացքին մեր կոչին ընդառաջած են հետեւեալ ազգայինները՝ նուիրելով 300 ամերիկեան տոլար.

• Րաֆֆի եւ Սեւան Պաղճեան - $ 300 - 25 Հոկտ.

(Իրենց հօր՝ Մինաս Մարթայեանին յիշատակին)

• Վահէ Հալլաճեան - $ 300

(Ուխտի մը առիթով)

• Փոքրիկն Սէրուժ Ազնաւուր - $ 300 - 7 Հոկտ.

(Մեծ հօր՝ Սարգիս Ազնաւուրեանի յիշատակին)

• Միսաք Միսաքեան - $ 300

• Սօսի Մէնտիլեան - 500,000 Լ.Ո. - 18 Հոկտ.

(Արամ, Պերճուհի եւ Ճիւլի Պէզիկեաններու յիշատակին)

• Անդրանիկ Մսըրլեան - $ 300

• Սարգիս եւ Արփի Մահսէրէճեան (U.S.A.) - $ 300

• Ռազմիկ Մինասեան - $ 300

• Էօժենի Պոյաճեան - 16 Սեպտ.

(Ամուսնոյն՝ Յարութիւն Պոյաճեանի մահուան 11-րդ տարելիցին առթիւ եւ համայն Նորիկեան

գերդաստանի ննջեցեալներու յիշատակին)

• Հայ Կաթողիկէ Սբ. Փրկիչ Եկեղ. Տիկնանց Միութիւն - $ 300

• Սիրանոյշ Եողուրթճեան - $ 300 - 18 Սեպտ.

(Քրոջ՝ Նազելի Եողուրթճեանի մահուան քառասունքին առթիւ)

• Նորա Նէրնէքեան - 500,000 Լ.Ո. - 25 Սեպտ.

(Ամուսնոյն՝ Վարուժան Նէրնէքեանի մահուան քառասունքին առթիւ)

• Ոմն - $ 300

• Անթուան Ասատուրեան - $ 1000

• Վեր. եւ Տիկ. Մկրտիչ եւ Սեդա Գարակէօզեան - $ 300 - 3 Սեպտ.

(Պատուելով իրենց ծնողաց Տէր եւ Տիկ. Լեւոն եւ Հռիփսիմէ Գարակէօզեանը

եւ Տէր եւ Տիկ. Մելքոն եւ Ովսաննա Մելքոնեանը)

• Մարիէթ Իզմիրլեան - $ 300

(Ուխտի մը առիթով)

• Ֆելիքս եւ Անի Ցիկլըր (Զուիցերիա) - $ 300

• Սիլվա Կիրակոսեան - $ 400

(Քրոջը տղուն Ժան Փօլին առողջութեան համար)

ՄԻԱՅՆ ՄԷ՛Կ ԳԻՐ

Միայն մէ՛կ գիր, հայերէ՛ն գիր՝Եւ մենք եղանք լոյսէ՛ երկիր։

Լոկ մէ՛կ հայ բառ՝Եւ մենք դարձանք հրաշքի դար Ոսկեբարբառ։

Միայն մէ՛կ էջ՝ Եւ ունեցանքՄէկ օրուան մէջ Լոյսի՜չափ կեանք։

Միայն գրի՛չ մը հայաշունչ՝Եւ հա՛յ դարձուց ու խօսեցուց Ան սիրտ մը մունջ։

Լոկ մէ՛կ հայ գիրք մագաղաթեայ՝Եւ ունեցանք ազգի հսկա՛յ Միտք ու հասակ,Արեւուն տակ Անո՛ւն դարձանք։

Միայն Մաշտո՛ց մը - Հրա՛շք մարդ՝Եւ ունեցանք մենք Արարա՛տ Ոսկեգագաթ։

Միայն մէ՛կ գիր, Գի՛ր Մեսրոպեան՝Եւ մենք եղանք լոյսի՜ երկիր - Մե՛ծ Հայաստան։

(«Հրաշադար» , 1978) ԺԱԳ Ս. ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Նուիրատուութիւններ՝ Այնճարի 67-րդ Հունձքի Տօնին առթիւ

Այնճարի ժողովուրդ

12 սնտուկ լոլիկ, 8 սնտուկ պղպեղ, 40 ղափամայ, 3 սնտուկ սալոր, 1

սնտուկ սխտոր, 1 սնտուկ iceberg, 2 սնտուկ անանուխ, 2 շիշ մեղր, 0,5

տոպրակ կարմիր լուբիա, 7 քիլօ ընկոյզ, 15 տոպրակ հաց, 2 տոպրակ

չոր քահքէ, 7 կաղամբ, 4 տոպրակ արմաւով քահքէ, 16 սնտուկ խնձոր, 2

սնտուկ գետնախնձոր։

Այնճարի Հայ Աւետ. Եկեղ. պնակներէն եւ Այնճարի ժողովուրդէն՝

2.535.500 Լ.Ո. + $ 200 ամերիկեան տոլար

Page 7: ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ - ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2016

12 Սեպտեմբեր - Հոկտեմբեր 2016 ԻԷ. Տարի, Թիւ 9 - 10 13

Սեպտեմբերի եւ Հոկտեմբերի Նուիրատուութիւններ

Վեր. Պշարա Մուսա Օղլի $ 300

Ոմն $ 200

Մակի Իլանճեան $ 200

Վարդան Լերանեան $ 200

Ռազմիկ Կարապետեան $ 200

Յակոբ Առաքելեան $ 200

Կէրի Լերանեան $ 200

Սիւզի Լերանեան $ 100

Սարգիս Պալապանեան $ 100

Ֆալաֆէլ Արաքս $ 100

Ոմն $ 100

National Sport $ 100

Մամբրէ Սեդիկեան $ 100

Պերճ Սարաֆեան (Մ.Ն.) $ 100

Paul Yaxell Kuradar $ 100

Կարինէ Այնթէպլեան $ 100

Սուրէն եւ Սոնիա Սարգիսեան $ 100

Ծիլա եւ Ալիք Ահարոնեան $ 100

Ժոզէֆ Միքայէլ $ 100

Յասմիկ Սահակեան $ 100

Յարութիւն Քէօսէյեան $ 100

Նշան եւ Վիքթորիա

Ասատուրեան Հիմնադրամ$ 67.72

Սարգիս Գանտարեան $ 50

Վարուժան Պօղոսեան $ 50

Յարութ Օհաննէսեան $ 50

Սեպուհ Պուպուշեան $ 50

Յակոբ Պետրոսեան $ 50

Ոմն $ 50

Ռիթա Զորօղլեան $ 25

Ճիւնիի Սբ. Յարութիւն Եկեղ.

Տիկնանց Միութիւն300,000 Լ.Ո.

Թամար Ադամեան 150,000 Լ.Ո.

Յասմիկ Պապահէքեան 150,000 Լ.Ո.

Սիմոն Ալեքսանտրեան 100,000 Լ.Ո.

Սոնա Նագգաշեան 50,000 Լ.Ո.

Գէօրօղլեան ընտանիք 50,000 Լ.Ո.

Էլի Լուիսեան 50,000 Լ.Ո.

Վրէժ Օհաննէսեան 50,000 Լ.Ո.

Աւետիս Քէօֆթէեան 30,000 Լ.Ո.

Պօղոս Գազանճեան 20,000 Լ.Ո.

Մարալ Հարպոյեան 20,000 Լ.Ո.

Գէորգ եւ Անի Թաթոյեան 20,000 Լ.Ո.

Նայիրի Պուսույեան 20,000 Լ.Ո.

Զարուհի Թոփճեան 10,000 Լ.Ո.

Կարուճ Թաշճեան 10,000 Լ.Ո.

� � �

Արփի Լաջինեան $ 100

Սեդա Տէր Ադամեան $ 100

Համօ Մոսկոֆեան $ 100

Մարիա Եահեէեան $ 100

Գրիգոր Տագէսեան $ 100

Յակոբ Կիւլուճեան $ 100

Կարօ Ֆրէնկիչեան $ 100

Արա Տագէսեան $ 100

Ֆարիտա Ղաթթաս $ 100

Կարպիս Գրիգորեան $ 100

Ժագ Իրատեան $ 100

Մարի Ռոզ Կարապետեան $ 100

Գրիգոր Հաւաճեան $ 100

Սարգիս Գարավարդանեան $ 100

Ապպուտ Թումա $ 100

Կոստանդին Տիմիթրի $ 100

Սոնա Մուլաճեան $ 100

Նուհա Լուքա $ 100

ՔԱՀԼ-ի Պատսպարեալներու Ցուցակ (Սեպտեմբեր - Հոկտեմբեր)

Պատսպարեալ Մուտք Ելք Մահացած Գումար

1 Սեպտեմբեր 113

Վարդեվառ Մարկոսեան 2 Սեպտ. 20 Սեպտ. 113

Սիւզան Սարգիսեան 2 Սեպտ. 114

Մարի Պաղտատեան 24-8-2016 3 Սեպտ. 113

Մանուշակ Թաշոյեան 17-8-2016 4 Սեպտ. 112

Մարի Խարբութլեան 5 Սեպտ. 113

Ռոզ Հաշիշօ 5 Սեպտ. 114

Սոնա Մկրտիչեան* 6 Սեպտ. 15 Սեպտ. 114

Յարութիւն Սունկուլեան 11-4-2016 10 Սեպտ. 113

Սիրարփի Սանդուրեան 11-12-2015 10 Սեպտ. 112

Արշալոյս Սանճեան 12 Սեպտ. 113

Լեւոն Իրատեան* 15 Սեպտ. 11 Հոկտ. 113

Հռիփսիմէ Այվազեան* 16 Սեպտ. 28 Սեպտ. 113

Յարութիւն Լաջինեան 17 Սեպտ. 114

Յարութիւն Տէր Ադամեան 17 Սեպտ. 115

Մարիամ Եագուպեան* 24 Սեպտ. 10 Հոկտ. 115

Կարապետ Ճիլպէթէքէրեան 2-5-2013 29 Սեպտ. 114

Ագապի Պասմաճեան 26-7-2014 26 Սեպտ. 113

Մարի Պաղտատեան 1 Հոկտ. 114

Խազուն Սալիպի 1 Հոկտ. 115

Արմէն Եահեէեան 3 Հոկտ. 116

Արեգա Պոյաճեան* 5 Հոկտ. 18 Հոկտ. 116

Արմինէ Ամատունի 23-4-2016 5 Հոկտ. 115

Քնարիկ Խամիսեան 28-4-2016 6 Հոկտ. 114

Եղիսաբեթ Գասարճեան 7 Հոկտ. 115

Վիոլէթ Ապտալլա 11-4-2016 9 Հոկտ. 114

Ովսաննա Տէր Կարապետեան 6-5-2015 10 Հոկտ. 113

Եղիսաբեթ Շապոյեան 14 Հոկտ. 114

Արմենուհի Գոճայեան 19 Հոկտ. 115

Մարլէն Փամպուքեան 25 Հոկտ. 116

Նաամէթ Հատտատ 26 Հոկտ. 117

* Աստղանիշ կրող պատսպարեալները ծերանոց մուտք գործած են շատ տկար եւ հիւանդ վիճակի մէջ:

Page 8: ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ - ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2016

14 Սեպտեմբեր - Հոկտեմբեր 2016 ԻԷ. Տարի, Թիւ 9 - 10 15

Լուրեր ՔԱՀԼ-ի Ներքին Կեանքէն՝ ՆկարներովՀորիզոնական

Միկէլ Սերվանթէսի ստեղծած գրական տիպարը (երկու տառ)։

Խոպան - Պաղեստինեան լրատու գործակալութիւն։

Հսկայ - Նետ, փքին։

Շրջուած՝ երկսայրի տապար։

Յետոյ - Յետմիջօրէ։

Կորնթարդ, գմբեթաձեւ - Կրկնուած բաղաձայններ։

Բրինձ - Հաստ պարան։

Խենթ, բախուկ - Էգ թռչուն։

Ստացական ածական - Վրձին։

Վաղեմի - Ախտ, հիւանդութիւն։

Ակնոց - Այբուբենէն - Ածականակերտ մասնիկ։

Իտալիոյ քաղաքներէն։

Զ. Մ. Որբունիի երկերէն՝«Վարձու...»։

Այբուբենէն - Երկբարբառ մը - «Ակնոցաւոր» օձ։

Գոյանալ - Հայկական ըմբշամարտ։

Ուղղահայեաց

Ա. Կոստան Զարեանի երկերէն (երկու բառ):Բ. Սեւ ագռաւ - Փոթոթահամ - Թէ որ:Գ. Մանրագիր - Համանման:Դ. Պարկ, տոպրակ - Տհաս խաղող -

Հոլովակերտ մասնիկ:Ե. Նմանապէս - Համատարած քաղց

- Կեդրոնական Ամերիկայի բնիկ ժողովուրդներէն:

Զ. Իրերայաջորդ տառեր - Նուաստ - Մուկերու թոյն:

Է. Մարմնի մասերէն - Առարկայ - Իգական անուն:

Ը. Եւրոպական մայրաքաղաք - Ափրիկեան լրատու գործակալութիւն - կարող:

Թ. Ձայնանիշ - Անձնական նուրբ զգացումներ արտայայտող - Գրաբար՝ ո՞ւր:

Ժ. Սահմանային տուրք - Կոկորդի գեղձ - Կարծր փայտով մշտադալար թուփ:

Ա Բ Գ Դ Ե Զ Է Ը Թ Ժ

1

2

3

4

5

6

7

8

9

10

11

12

13

14

15

Թիւ 237 Խաչբառին Լուծումը

Ա Բ Գ Դ Ե Զ Է Ը Թ Ժ

1 Խ Ա Լ Ա Ն Ջ Ի Մ Ս

2 Ղ Ր Ո Ւ Շ Խ Ր Ա Տ

3 Ճ Ա Ր Ա Կ Ի Լ Շ Ո

4 Մ Մ Ն Ա Ր Ե Կ Ր

5 Տ Ո Լ Հ Ա Լ Ո Ղ Ի

6 Ա Ւ Ա Ր Ե Կ Կ Ա Ն

7 Ն Ն Ն Լ Ա Կ Ո Ս

8 Ք Կ Հ Ն Ա Ն Ս Ի

9 Ի Ր Ա Ն Ի Ճ Ա Լ

10 Ձ Ա Խ Ո Ր Դ Ա Ն Ի

11 Ա Մ Ց Օ Տ Ր Ա

12 Յ Օ Դ Ք Ա Ն Դ Ա Կ

13 Ն Ր Ա Ն Հ Ա Ն Ն Ա

14 Ե Է Ն Ռ Ո Ն Ե Ն

15 Ր Ն Ս Ա Տ Կ Ի Լ

Խաչբառ Թիւ 238

1.

2.

3.4.5.6.

7.8.9.10.11.

12.

13.14.

15.

Խաչվերացի տօնին առթիւ Սուրբ Պատարագի մատուցում՝ ՔԱՀԼ-ի

մատրան մէջ

Հ.Մ.Ը.Մ. Պուրճ Համուտի սկաուտներու այցելութիւնը

Գերմանիայէն, Ա.Մ. Նահանգներէն եւ Դանիայէն պատուելիներու

այցելութիւնը ՔԱՀԼ-ի տնօրէնութեան

Օրդ. Սիլվա Կիրակոսեան կը ստանձնէ օրուան մը ճաշը Քրոջ տղուն՝ Ժան Փօլի

ապաքինման առթիւ

Տիկ. Սօսի Մէնտիլեան կը ստանձնէ օրուան մը ճաշը (Արամ, Պերճուհի եւ Ճիւլի Պէզիկեաններու յիշատակին)

Ճիւնիի Սբ. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութիւնը կը ստանձնէ

օրուան մը ճաշը

Page 9: ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ - ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2016

Ò»áù»ñª áñáÝù ù»½ ËݳٻóÇÝ ...

Des

igne

d &

Prin

ted

by:

Kord

ahi

Est.

- Tel

.: 03

/565

185